01 June, 2022

ԵԳԻՊՏԱՑԻ. Արտաշէս Մ. Դեւեան (1868-1897)

Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

(ԵԳԻՊՏԱՑԻ, ՅՈՎՍԷՓ, ՀԱՅԿ, ՄՈՒՍՏԱՓԱ)

Միջին, թիկնեղ եւ կորովի հասակ մը. լայն ուսերու վրայ գեղեցիկ գլուխ մը առատ մազերով զարդարուն. խրոխտ դէմք մը, որուն ժպիտն ու ծիծաղը անչափ յանկուցիչ, որուն զայրոյթի ու կատաղութեան արտայայտութիւնը՝ ահարկու. խոշոր, գեղեցիկ, բոցավառ աչքեր՝ իրենց խտրութեան մէջ խոհուն իմացականութիւն մը թաքցնող.- ահա՛ արտաքինը այն անմոռաց ընկերոջ, որ անջնջելի անուն մը կը թողու հայ յեղափոխական տարեգրութեան մէջ:

Հրացանը ձեռքը չմեռաւ Եգիպտացին կռւի դաշտին վրայ. բախտը չկապեց իր անունը հերոսական դէպքի մը հետ. բայց իր կեանքը արդէն ամբողջ հերոսութիւն մը եղաւ, իր յեղափոխական 7 տարւան կեանքին ամէն մէկ ժամը, բառի բուն առումով, ծիւրեցաւ, մաշւեցաւ իր պաշտած գործին համար:

Շատ անձուկ են այս էջերը այդ անօրինակ գործունէութիւնը նկարագրելու համար. Պօլսի Դաշնակցական կազմակերպութեամ ամբողջական պատմութիւնն ընել հարկ պիտի ըլլար, այնքա՜ն սերտ հիւսւած է Եգիպտացիի կեանքը այդ ամբողջին հետ:

Ժողովուրդի տառապագին ընդերքէն ելած՝ անոր ցաւերուն ո՛չ ականատես, այլ մասնակից, մարդկային արժանապատւութեան ծայրագոյն աստիճան զարգացած զգացումով մը օժտւած՝ ամէնէն կատաղի թշնամիներէն մէկն եղաւ թիւրք բռնակալութեան:

Իր քաղքցիք «դիւածին» մակդիրը տւած էին իր ընտանիքին. Արտաշէսը չդաւեց այդ անունին. իր գործունէութեան եօթը տարիները – առասպելներու սիրելի թիւ մը – բարի դեւերու երեսը ճերմակ հանեցին: Արտաշէսը վրէժի մարմնացեալ դեւ մը եղաւ իր ազգին թշնամիներուն, դեւի մը ճարպկութիւնն ու յանդգնութիւնը ունեցաւ, բարի դեւ մը հանդիսացաւ իր ընկերներուն համար:

Յեղափոխական գործին համբակ մը չէր Արտաշէսը, երբ 92-ին վերջնապէս կը հաստատւէր Պօլիս. երկու տարի շարունակ գործած էր իր ծննդավայրին խումբերուն մէջ եւ փորձառութեան պաշարով մը կուգար սուլթաններու մայրաքաղաքը Դաշնակցութեան տեղական կազմակերպութեան տռաջին քարերը դնելու:

Եթէ «անկարելին» շատերու համար պատրւակ մըն է նախաձեռնող ոգիի պակասը վարագուրելու, Եգիպտացիին համար յամառ, անվհատ կռւի նշանաբանն եղաւ: Այդ բառը չլսւեցաւ իր բերնէն: Իր գործնական խելքը, իր սուր դիտողութիւնը միշտ կրնար ելքի ճամբայ մը գտնալ առաջադրածին հասնելու համար: Իրեն յանձնւած գործ մը կիսովին արդէն կատարւած կարելի էր համարել: Ընկերներու համոզումն էր այդ եւ չսխալեցան երբեք: Անսասան կամք մը անվրդով պաղարիւնութիւն մը, կշռող քաջութիւն մը ամենէն վտանգաւոր ձեռնարկներու եւ պարագաներու մէջէն անվնաս հանեց զինքը:

Կազմակերպութեան առաջին օրերուն երբ դեռ գործի բաժանում անհնար էր ուժերու սակաւութեան պատճառով, Եգիպտացին ամէն բան եղաւ:

Քարոզիչ պէտք էր եւ Եգիպտացին եղաւ, հոդ ալ դնելով իր նկարագրին բաժինը: Տեսակ մը հոտառութիւն ունէր գտնելու անոնք, որոնցմէ գործի մարդիկ կրնար պատրաստել: Ուսեալներու հետ գործ չունէր, անոնք չէին կրնար զինքը հասկնալ, ինքն ալ անոնց պէտք չունէր: Ինքը հաւատքով մտած էր այդ գործին մէջ՝ հաւատքի մարդիկ կը փնտռէր: Յանդգնօրէն նետւած էր այդ ճամբան եւ կը պահանջէր որ նոյնն ընէին եւ իր հաւատակիցները: Խօսելու ձիրքէն զուրկ չէր. իր ոգեւորութեան վայրկեաններուն մէջ – գործի մը կատարումէն անմիջապէս առաջ – Եգիպտացին իր սեփական բառերն ու դարձւածքներն ունէր ընկերներուն հոգին կրակ ձգելու: Բայց երկար վիճաբանութիւններ «շան-քարոզ» էին իրեն համար:

92-էն 97 զէնքերու մեծագոյն մասը ինքը գնեց կամ փախցուց լրտեսներու քթին տակէն. փոխադրեց, թաքստոցներ գտաւ: 95 Սեպ. 18-ի շաբթուն, երբ Դաշնակցութիւնն իր բոլոր տրամադրելի զէնքերը ցրւելէ ետք, հարկ դատեց նորերն ունենալ, Եգիպտացին էր որ այդ տագնապալի վայրկեաններուն՝ գնեց զինավաճառներէն ռէվոլվէրներ, լրտեսներու աչքին առջեւ, եւ փոխադրեց Երրորդութեան եկեղեցին, արդէն պաշարւած ոստիկաններով: Օգոստոս 14-էն ետք – աւելի մեծ խստութիւններու ատեն – սնտուկներով ռումբեր փոխադրեց մէկ տեղէն միւսը, դարձեալ նոյն յաջողութեամբ:

Տէրրօրական գործերու պատրաստումի եւ վարումի համար իրմէն աւելի ճարպիկը դժւար էր գտնել: Անգամ մը իր հետախուզումներն սկսելէն ետք՝ ալ զոհը իր ճանկերուն մէջն էր: Գաղտնի ոստիկանի մը նման կրնար հաշիւ տալ իր զոհին անցուցած կեանքի ամէն մէկ վայրկենի մասին. գիտէր արդէն անոր սովորոյթները, անցած փողոցը՝ ժամը: Ահաբեկիչները իր առաջնորդութեան տակ վստահ էին յաջողելու. կ'առներ ատոնք, կ'իյնար իր զոհին ետեւէն, կը սորվեցնէր «կարգը կատարելու» եղանակը, փախուստի ճամբաները, թաքստոցները, եւ երբ ապահով էր թէ «դասերնին աղէկ գիտեն», ինքը կուտար նշանը... Վարանումը վայրկեան մը միայն ահաբեկիչին հոգին խռովէր թերեւս. Եգիպտացիին հմայիչ, բայց խիստ նայւածքը անոր ձեռքին տէրն էր այդ միջոցին... Եգիպտացին հո՛ն էր մինչեւ զոհն իյնար, մինչեւ տղաքը փախչէին. քառորդ մը ետքը դարձեա՛լ հոն էր, զոհին մահը հաստատելու՝ հետաքրքիր անցորդի մը շշմած դիմակին տակ:'

Եթէ գործադրութեան տրւած վճիռներու անվրէպ աջողանքին մէջ կը տեսնւի իր հրաշալի պաղարիւնութիւնը, այլ եւ այլ պատճառներով յետաձգւած գործերու ուսումնասիրութիւնը իվեր կը հանէ իր մտքին զարմանալի կորովը: Կը բաւէ յիշել Մարդասպանը ռումբով սատկեցնելու գործը, որ Եգիպտացին ինքն առաջարկեց անձամբ գլուխ բերել 96-ի ռամազան 15-ին: Յատակագիծը եւ պատրաստութիւնները տեսնւած էին, երբ Կեդ. Կօմիտէն հարկ դատեց վճիռը փոխել: Եկաւ ռամազանի այդ օրը եւ հրէշը անցաւ ճիշդ այն կէտերէն ուր պիտ պայթէին իր գլխուն Եգիպտացիին ռումբերը...

Իր քովը՝ ձեռբակալւելու վախ չկար. ոստիկանութիւնը երբե՛ք չկրցաւ ո՛ր եւ է ընկեր մը անոր ձեռքէն ճանկել առնել: Պահապան հրեշտակ մըն էր որ կ'առաջնորդէր վտանգւած ընկերոջը դէպի թաքստոցը – ուր ամիսներով կրնար մնալ – կամ իր ձեռքով Պօլսէն դուրս կը հանէր: Ծովը նոյնքան ընտանի էր իրեն, որքան ցամաքին փողոցները. Պօլիս մտնող կամ անկէ փախչող ընկերներուն մեծ մասը դեռ երկա՜ր ատեն անհուն խանդաղատանքով պիտի յիշեն Եգիպացին, որ ցուրտին ու բուքին մէջ՝ չարագուշակ հազը բերնին՝ իր մնաք բարովը չէր ըսեր մինչեւ ապահով ձեռքերու չյանձնէր զիրենք:

Չորսուկէս տարի ամբողջ գործեց Պօլսի մէջ, գտնւեցաւ ամէնէն վտանգաւոր ձեռնարկներու մէջ, փնտռւեցաւ իր կեղծ անուններով, բայց ո՛չ ոստիկանները եւ ո՛չ ալ լրտեսները խորհեցան պահ մը կասկած ունենալ այդ մարդուն վրայ, որ գրեթէ շարունակ իրենց աչքին առջեւն էր: Զինավաճառները անդօրացի Մուստաֆա կը ճանչնային զինքը. տանտիկնոջ համար զէվզէկ հայ կաթոլիկ մըն էր, ուրիշներուն համար ղարամանցի յոյն մը: Լրտեսնէրէն, ոստիկաններէն ոմանք իր ֆէսին ու հագուստին, քալւացքին ու նայւացքին նայելով՝ զիրենք հսկելու պաշտօն ունեցող լրտեսի մը տեղ դրած էին զինքը: Աւելի անծանօթներ՝ մալթացի սրիկայ մը կամ քէֆալօնիացի աւազակ յոյներէն կը համարէն եւ կը զգուշանային մօտենալ:

Երեք անգամ ոստիկանութեան ճանկն ընկաւ պատահական կերպով. երկու անգամին օձիքն ազատեց զարմանալի ճարպկութեամբ, երրորդին՝ երկրէն դուրս հանւեցաւ իբր օտարական, այնքան վարպետութեամբ խաղաց այդ դերը:

Իր բոլոր այդ մեծ յատկութիւններուն հետ՝ համեստ ալ էր. հազւագի՜ւտ արժանիք մը իր դիրքն ունեցող մէկու մը համար: Ընկերները կը սիրէին ու կը յարգէին զինքը, Կեդ. Կօմիտէն հոգի կուտար անոր վրան, գաղտնիք մը չունէր անկէ, բայց Եգիպացին նոյն մարդը մնաց ինչ որ էր՝ գործի մարդը: Յաւակնութիւններ չունեցաւ, չպարծենցաւ իր ըրածներով, գիտցաւ իր տեղը եւ ջանաց իւրաքանչիւրին իր տեղը ճանչցնել:

Յեղափոխական դպրոցի մը հայրն եղաւ ինքը. Պօլսի դաշնակցականներու մեծ մասը անոր աշակերտն եղան եւ ամէնէն փայլունը անոնց մէջ՝ սիրելի դէմք մը Բաբկէն Սիւնին:

.... Բայց այդ անդադրում կեանքը, ձիւնի, անձրեւի ու ցուրտի ատեն Պօլսի մէկ ծայրէն միւսը վազելը, ասոր հետ միացնելով իր ծայրայեղ խնայողութիւնը, որով կը վերաբերէր հանրային դրամին՝ իր առողջութիւնը քայքայեցին: Եգիպտացին թոքախտէ բռնւեցաւ: Երբե՛ք, սակայն, տրտունջի ձայն մը չլսւեցաւ իր բերնէն. հազալով, տնքալով, արիւն թքնելով իր գործին գլուխն էր դարձեալ: Ընկերները հազիվ կարողացան 94-ի ձմեռը բռնի Եգիպտոս խրկել զինքը, քիչ մը կազդուրւելու համար գէթ: Քանի մը ամիսէն նորէն երեւցաւ Պօլիս. գործ կ'ուզէր, իր ըսելով գործ չընելն էր որ պիտի մեռցնէր զինքը: - «Գերեզմանիս մէջ հանգստանալու շա՜տ ժամանակ պիտի ունենամ», կը պատասխանէր իրեն եղած յորդորներուն: 96-ի ամառը իր ծննդավայրը խրկեցին զինքը գործի պատրւակի տակ՝ բայց իրապէս հանգիստ տալու համար: Յանկարծ ականջը կը հասնի օգոս. 14ի պատրաստութիւններու շշուկը: Վայրկեան մը չի կորսնցներ, առանց անցագրի կը վազէ Պօլիս, Պանքի գրաւումէն 2 ժամ առաջ կը հասնի հոն եւ կը գտնէ իր ընկերները:

Ականատեսի մը պատմելով՝ «կարծես Քրիստոս ինքն էր եկած իր աշակերտները յորդորելու»: Իր ուրախութիւնը անսահման էր, ռումբերը կը համբուրէր, վերջապէս մօտ էր իր ուխտին կատարումը... Բայց բախտը ա՛լ երեսը դարձուցած էր անկէ. Եգիպտացին չուզեց մինակ թողնել 20 քիլօնոց ռումբերը փոխադրող իր մէկ ընկերը, ընկերացաւ անոր, բայց մինչեւ հասան, պանքի դռներն ալ գոցւած էին եւ ռումբերը կը տեղային...

Կատաղութենէն ամբողջ օրը լացաւ խե՜ղճը...

Օգոս. 14էն ետք՝ վերջին վեց ամիսը հազւագիւտ անձնւիրութեան, ընկերասիրութեան եւ ինքնամոռացութեան օրինակը տւաւ: Նախկին եռանդով աշխատեցաւ այդ շա՜տ դժնդակ օրերուն մէջ, բայց առաջւան ուժը ա՛լ չկա՜ր... ծնկները կքոտ, հիւծւած, իր վերջին ճիգերն էին ատոնք... Բայց այդ ազնիւ հոգին օր մը չբացաւ բերանը հանգիստ խնդրելու: Պարտքի դաշտին վրայ որոշել էր մնալ մինչեւ վերջին շունը...:

Վերջին անգամ ընկերները դարձեալ Եգիպտոս խրկեցին զինքը. իր վիճակը հետզհետէ վատթարացաւ. զգաց Եգիպտացին որ ա՛լ անկարող էր ո՛ր եւ է օգուտ տալու, չուզեց ա՛լ բեռ մը ըլլալ ընկերներուն... եւ յիշեց իր մայրը՝ բայց աւա՜ղ ալ ուշ էր...

Յունիս 1-ին բուրգերու դարեւոր հովանիին տակ հանգչեցաւ այդ վեհ ոգին, իր ամէնէն աւելի ատած մահովը՝ հիւանդութեան անկողնին մէջ:

Յեղափոխութիւնը պիտի պահէ իր այդ հարազատ զաւկին՝ փառաւոր տեղ մը իր պատմութեան էջերուն մէջ, իսկ իր ընկերները պիտի ունենան միշտ աղի արցունքի շիթեր անզուգական ընկերոջ մը անփառունակ մահը ողբալու...

 «Դրօշակ» – 15 Հոկտեմբեր 1897
Թիւ 13