Նկարները՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Այս բառն ինքնին կը բաւէր յատկանշելու այդ քաջը, եթէ պատմութիւնը մթութեան քօղով գար պատելու այդ անունը, ինչպէս ըրաւ կռւի դաշտին վրայ ինկած մեր այնքա՛ն քաջերուն:
Իր հանրային կեանքի սկզբնաւորութիւնը, իր առաջին քայլերն այնչափ սովորական են իր միջավայրին համար, որ ակամայ հիացում մը կըզգաս այդ ոգեւորուն ու պայծառ դէմքին առջեւ, երբ անգամ մը աչք կը նետես անոր բախտակիցներուն վրայ:
Ղզլարցի այգեգործ ծնողներու զաւակ՝ իր մանկութեան տարինրուն կը յաճախէ իրենց քաղաքի երկդասեան դպրոցը, մինչեւ 1885-ի չարագուշակ մարտը, երբ ռուս կառավարութիւնը գոցել տւաւ Կօվկասի հայոց բոլոր դպրոցները: Ընթերցողներուն ծանօթ է թէ ի՜նչ անամօթ լրբութեամբ, դասի ատեն, ոստիկանները ներս խուժեցին այդ շէնքերէն եւ բռնի դուրս նետեցին տղայ ու աղջիկ...
Արցունքի, անէծքի եւ նոր ուխտի օր մըն էր ատ:
Այդ օրը չմոռցան եւ չպիտի մոռնան 1885-ի մանուկները՝ այսօրւան երիտասարդութիւնը...
Այդ օրը չմոռցաւ նաեւ Կրէտացին: Դառնացած սրտով կը հեռանայ 14 տարեկան պատանին, բայց իր ուխտն ըրած էր իր հայրենի դպրոցի սեղանին վրայ – վրէժի ուխտը բռնակալութեան դէմ:
Իր այդ կիսատ-պռատ ուսումով կը մնայ մէջտեղ. հայրը անկարող էր ուրիշ տեղ խրկել զինքը ուսումը շարունակել տալ, եւ լաւագոյն կը համարի գործի դնել:
Եօթը անգո՜յն տարիներ կ'անցնին այդպէս խանութպանութեան մէջ:
Կը հասնի վերջապէս զինւորագրութեան ժամանակը. կ'իյնայ վիճակը եւ 1882-ին Կրէտացին զինւոր կ'երթայ:
Կեանքի այդ փոփոխութիւնը կը ցնցէ իր ջղերը. խանութի փոշին կը ցնդի, եւ Կրէտացին աւելի մօտ կըզգայ ինքզինքը վճռական վայրկենի մը: Նոր եռանդ մը կուգայ վրան:
Իր ընդունակութիւններու շնորհիւ եւ մանաւանդ իր ճշդապահութեամբ շատ շուտով կը գրաւէ իր մեծաւորներու համակրանքը: «Ինչ գործ ալ որ յանձնենք անոր, վստահ ենք որ օրինակելի կերպով պիտի կատարէ» կ'ըսէին յաճախ անոնք: Դեռ տարի մը չանցած, քանի մը ուրիշ ընտրւածներու հետ, զինւորական ստորին կրթարանը կը խրկւի: Ինն ամսէն կ'աւարէ եւ կը վերադառնայ Ղզլար, ուր կը շարունակէ իր զինւորութիւնը, կըստանայ խաղաղութեան ատեն հասարակ զինւորին մատչելի բարձրագոյն աստիճանը՝ աւագ ենթասպայութիւն, եւ միանգամայն հրամանատար կը կարգւի կիսադասակի մը:
1896 դեկտ. 24-ին Կրէտացին կ'աւարտէ զինւորական ծառայութիւնը: Բայց միայն երկու ամիս իր հայրենիքը մնալով, 1897-ի մարտին հրաժեշտ կուտայ իր զառամած ծնողներուն եւ գործ գտնելու պատրւակով կ'երթայ Բաքու:
Ազատւեր էր վերջապէս. ազատւեր էր խանութի սպանիչ մթնոլորտէն, ազատւեր էր զինւորի դժնդակ կեանքէն, որուն միակ քաղցրութիւնն էր մէկ թշնամիէն սորվածը միւս թշնամիին դէմ գործածելու գիտակցութիւնը:
Ազատ էր հիմա: Ականատեսները սքանչացումով կը պատմեն թէ ի՛նչ ոգեւորութեամբ, ի՛նչ անյողդողդ կամքով եկած էր Կրէտացին իր կեանքի վճռական վայրկեանը որոշելու: Կը բաւէր որքան համբերած էր, որքան ճկւած էր կեանքի «անողոք հանգամանքներու» տակ: Գործի ատենն էր ալ: 96-ի Վանի եւ Պօլսի ծանօթ դէպքերը, եւ վերջապէս Կրէտէի նորոգ ապստամբութիւնը ոգեւորութեան շունչ մը փչած էր իր վրան ալ, ինչպէս շատերուն: Դիմած էր մեր ընկերներուն. «կռիւ եմ ուզում, կռիւ, եթէ Հայաստանում գործ չկայ ինձ համար, կ'երթամ Կրէտէ, այնտեղ էն նոյն բռնակալն է»:
Կռւելու երթալ Հայաստան կամ Կրէտէ, ատ էր իր սեւեռուն գաղափարը: Այդ օրէն ընկերները Կրէտացի մակդիրը տւին իրեն. Փառաւո՜ր մակդիր մը ազատութեան զինւորի մը համար:
Բայց Կրէտացին պէտք չունէր այնքան հեռու երթալու. գործը կար, Խանասօրի կռիւը վճռւած էր արդէն, եւ ինքը գրկաբաց ընդունւեցաւ:
Շատ չանցաւ զօրախմբի հաւաքման տեղն էր արդէն եւ իր գործի գլուխն անցած: Ցերեկները զբաղւած էր համբակ զինւորներուն զինավարժութեան դասեր տալով, գիշերները՝ մօտալուտ կռւի պատրաստութիւններով. փամփուշտանոցներ լեցնել եւ այլն: Ընկեր - զինւորները շատ շուտով սիրեցին այդ հեզ երիտասարդը, որ աշխատանքի ատեն միայն գիտէր փայլիլ եւ ոչ պարծանքի:
Մօտ էր տենչալի օրը. զինւորական պետերու ընտրութիւնները կըսկսին: Կրէտացին տասնապետ կ'ընտրւի եւ տասնապետներու ժողովին մէջ կ'առաջարկւի իրեն հարիւրապետի պաշտօնը: Կրէտացին չ'ընդունիր. «Ինչ անենք որ ենթասպայ եմ. 100 ոչխար արածացնելու շնորքս գիտէ՞ք, որ ուզում էք յանձնել ինձ 100 զինւոր վարելու պատասխանատւութիւնը պատերազմի դաշտում»: Հազիւ համաձայնեցաւ առաջին յիսնապետի օգնականի պաշտօնն ընդունիլ:
Եկաւ վերջապէս օգոստոս 7, ամէնուն օրերո՛վ երազած մեծ օրը: Կրէտացին առաջին շարքերուն մէջն էր, կրակի եւ վառօդի մէջ...
Իրիկունը, նահանջի ատեն, վերջիններէն էր ինքը, անմոռաց Կարօյի հետ, յաղթական բանակի թիկունքը պաշտպանելու, եւ հո՛ն ալ ինկաւ ինքը. Կարօյին հետ քաջի մահով...
«Եթէ մեռնեմ, – ըսած էր կռւէն քանի մը օր առաջ ընկերներու շրջանի մը մէջ, – եթէ մեռնեմ, ասացէք այս մատանու տիրոջ (մատանի մը ունէր մատը), որ ես այն ճանապարհով եմ գնացել, որով պարտաւոր են գնալ մեր բոլոր հայ երիտասարդները»:
Մեռնողին այդ կտակը անապատի մէջ կորսւող ձայն մը չէ ժողովրդի հարազատ զաւակներուն համար:
Քա՜նի քանիներ օգոստոս 7-ի այն անմոռանալի առտուն, երդւեցին Արաուլի Մայր-դրօշին, եւ երա՛նի հեռու չլինէր այն օրն ալ, երբ այդ յաղթական դրօշին տակ խմբւած տեսնէինք մեր «երիտասարդութեան» ահարկու գնդերը...
Այդ օրը միայն պիտի լուծւի Կրէտացիներու մահւան վրէժը...