Լեւոն Շաղոյեան եւ Ռուբէն Տէր Մինասեան |
Լեւոն Շաղոյեան՝ «ՓԱՇԱ»:
Այսպէս որակուած էր ան իր ժողովուրդին կողմէ: Ժողովուրդ մը, որ գիտէ իր զաւակներուն հանդէպ ցոյց տալ գուրգուրանքի, գանահատութեան եւ սիրոյ ամէնէն անկեղծ զգացումները:
Փաշան արժանացած էր ժողովրդական այս տիտղոսին, իր աշխատանքով, եւ աւելին՝ իր աշխատանքին արդիւնքով:
Անձով թէ գործով, ժողովուրդ կը բուրէր: Ժողովուրդէն էր սերած եւ ժողովուրդը կը խորհրդանշէր:
Հայրենի բոլոր գեղեցիկ յատկութիւններով՝ Փաշան ժողովուրդին հետ էր ու ժողովուրդին մէջ:
Այդպէս եղած էր անոր կեանքը: Սկիզբէն հասկցա՛ծ էր մեր ժողովուրդը եւ հաւատացած՝ անոր իտէալներուն: Այդ իտէալներու իրագործման համար ոչ՛ինչ խնայած էր: Ընդհակառակն, զոհա՜ծ էր: Զոհա՛ծ էր իր անձնական հաճոյքը ու մարդկային իր իրաւունքները: Աւելի շիտակ՝ գտած էր իր ժողովուրդին մէջ մարդկային իր իտէալները: Գերազանցօրէն ժողովրդասէր, գերազանցօրէն անձնուէր, գերազանցօրէն հայ:
Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ ՓԱՇԱ:
Լայնախոհ էր: Դիւանագիտական աշխարհի անցուդարձերուն հմուտ հետեւող: Քաղաքական աշխարհի հարցերը կը վերլուծէր պարզութեամբ: Կը սիրէր ո՛չ թէ դասախօսել, այլ՝ զրուցել: Ո՛չ թէ ճառել, այլ՝ պատմել: Ո՛չ թէ բարդացնել, այլ՝ պարզացնել: Ատոր համար կը կենար ժողովուրդին մէջ, ու դէմ դիմաց, աչք-աչքի՝ իր իսկ պաշտած ժողովուրդի զաւակներուն հետ, կը զրուցէր:
Աշխարհի զօրաւոր եւ տկար պետութիւններու փոխյարաբերութեան մասին խօսած ատեն կ'ըսէր. «Մենք՝ հայերս, կը նմանինք այն պզտիկ տղոց, որոնք կը կառչին անցնող մեծ կառքի մը ետին ու կառքին հետ կ'երթան, մինչեւ որ կառքը մեզ վար ձգէ: Կառքերը՝ մեծ պետութիւններն են. իրենց շահերուն համար անոնք որեւէ պզտիկ ազգ ճամբուն վրայ կը նետեն»: «Պզտիկ ազգերը իրենց շահերը մեծ ազգերու շահերուն պիտի կցեն՝ լուծման մը յանգելու համար»: Կը խօսէր ժողովուրդին բարբառով, ժողովուրդի շունչով: Եւ ժողովուրդը, եւ մեզի պէս մանուկներ, կուչ եկած, Փաշան կը լսէինք: Իր այցելութիւնները՝ Պասրայի տաքուկ հայութեան համար հոգեկան ու ազգային ոգեւորութիւն պահեր էին:
Խոնարհ էր ու ինքնամփոփ: Բեմէն խօսիլ չէր սիրեր: Կը խօսէր սրահին մէջէն: Իր այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին, երբ զինք ներկայացնողը շռայլ ածականներ գործածեց, Փաշան իր սովորական ձեւով «շա՜տ ասիր» ըսաւ: Արդարեւ, իր սերունդին պէս՝ խօսքէն աւելի գործի՛ մարդ էր:
Դեռ պատանի, արդէն իսկ Խարականց գիւղին մէջ ճանչցուած էր իր լրջութեամբ եւ արիութեամբ: Այդպէ՜ս կը խօսուէր իր մասին: Մասնակցած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ իր կուսակցութեան միջոցաւ ծառայած էր իր ժողովուրդին: Առասպելներ կը հիւսուէին իր կեանքի զանազան փուլերու մասին ու անկունակ մեր ուղեղները կը լեցուէին համակ նուիրում դարձած այս պատկառելի մարդուն կեանքի դրուագներով:
«Հայրենիք», Պոսթոն. Շաբաթ, Օգոստոս 10, 1974 76-րդ Տարի, Թիւ 18761 |
Վանէն՝ Պարսկաստան, ապա՝ Իրաք: Իրաքի մէջ, Պաքուպայէն՝ Նահրումար, ապա՝ Հաւրէզք: Վեց ամիսներու այդ տքնաջան, այդ դժւարին պայմաններուն մէջ ժողովուրդը ղեկավարած էր: Մտահոգուած էր ժողովուրդի թէ ֆիզիքական ապահովութիւնով, թէ անոր հոգեկան ու առօրեայ մտահոգութիւններով: Կազմած էր ժողովրդական ատեան մը, լսելու համար ժողովուրդի այսինչ ու այնինչ գանգատները, ցաւերը: Պատսախանատուութեան կանչած էր Վարագի շրջանաւարտները եւ հիմնած, գաղթականութեան մէջ, հայկական դպրոցը: Որմնադիրներուն տուած էր մատուռ մը կառուցելու պարտականութիւնը: Թաղային բաժանումներով ու առողջապահական միջոցներով՝ կարողացած էր նոր հաւաքավայրին մէջ կեանք մշակել:
Փաշայի մեծագոյն մտահոգութիւնն էր ու կը մնար սակայն «Երկիրը»: Եւ այդ մտահոգութեամբ, ան Վասպուրականցիներէն մօտ հինգ հարիւր ընտանիքի հետ գնաց հաստատուեցաւ Իրաքի հիւսիսային նահանգներէն՝ Մուսուլի հիւսիսային շրջանի Հաւրէզք գիւղը: Վասպուրականցին նորէն մօտիկ էր իր պապենական հողերուն: Հարկ եղած պարագային, ան պիտի կրնար քալելո՜վ երթալ, վերականգնելու իր տոհմական տունն ու տեղը:
Սկզբնական շրջաններուն, Հաւրէզքի բարգաւաճ կեանքը նախանձը կը շարժէ շուրջի գիւղերուն: Դպրոց կը կառուցեն. դաշտերը նորէն նորէն ցորեն կը բուրեն. այգիները պտուղ կ'արտադրեն ու գիւղացին իր նախկին կեանքի՝ նոր զարթօնքի արշալոյսի երազով կ'ապրի: Ջրաղաց մը կը կառուցուի... Եւ Փեսան Դաշտի հերոս Լեւոն Փաշան այդ ջրաղացով իր ղեկավարած ժողովուրդի մշակներուն ցորենը կ'աղայ քառասուն երկար տարիներ:
Ինչպէս որ նաւապետ մը վտանգի պահուն իր նաւուն մէջ կը մնայ ամենավերջին անհատին հետ, այդպէս ալ Լեւոն կ'ըսէր, որ իր ժողովուրդի վերջին պառաւին հետ պատրաստ էր մնալու:
Տարիներ անցան, քաղաքի զարգացումը ու պահանջը Հաւրէզք գիւղը քանդեց: Բլուրի մը վայրէջքին նստած այդ գիւղը նուազեցաւ, պզտիկցաւ, պզտիկցաւ...: Իսկ բլուրի գագաթին թառած այդ մենակեաց տունը, ուր անգամ մը հայկական բոլոր գրքերը գրադարանի մը մէ ջ էին, ուր Լեւոն Փաշան իր անսահման առանձնութեան մէջ մեր ժողովուրդի իղձերը կ'օրօրէր, մենա՜կ է... պարա՜պ է... Փաշան չկա՜յ:
Բայց կա՛յ ու կը մնայ Լեւոն Փաշայէն ԲԱ՛Ն մը՝ բոլոր անոնց մէջ, որոնք զինքը տեսնելու, լսելու եւ ճանչնալու պատիւն են ունեցեր:
Մեր ժողովուրդի հերոսամարտներու պատմութեան մէջ Լեւոն Փաշա փայլուն հերոս մը կը մնայ: