01 August, 2022

Ողբացեալ Ընկեր Համօ Օհանջանեան. Յուղարկաւորութիւն, Համաժողովրդական Սուգ եւ Մեծաշուք Ցոյց

Ընկեր Համօ Օհանջանեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է Օգոստոս 1-ին՝ մեծաշուք հանդիսութեամբ եւ համաժողովրդական սուգի եւ յուզումի մէջ: Այդ տխուր հանդիսութիւնը յուղարկաւորութիւն մը չէր միայն, այլ սիրոյ եւ համակրանքի սրտայոյզ արտայայտութիւն մը:

Օհանջանեանի մահուան լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուած էր հասարակութեան մէջ, որ շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր յուզումի մատնուած էր արդէն եւ սրտագին կերպով կը սպասէր փրկութեան մը հրաշքին:

Ճակատագրական հարուածը եկած էր այս յուզումը սուգի փոխելու եւ բոլորվին սիրտը արցունքով լեցնելու:

Ժամը ճիշդ 4-ին, երբ ընկ. Օհանջանեանի դագաղը եռագոյնով պատուած՝ եկեղեցիին մէջ դրուած էր, սկսան ղօղանջել եկեղեցիին զանգակները, տխուր եւ տրտմագին: Բազմութիւնը, երկու սեռէ, լեցուցած էր եկեղեցին, ծայրէ ի ծայր, եւ տեղ չըլլալով, շատեր բարձրացած էին վերնատունը:

Բազմութեան մէկ կարեւոր մասն ալ կեցած էր եկեղեցիի դուրսը, սանդուխներուն վրայ եւ բակին մէջ:

Ներկայ էր աւելի քան 2000 հոգի, աննախընթաց թիւ մը յուղարկաւորներու, ժողովրդական բոլոր խաւերէն:

Եկեղեցիին մէջ, դագաղը շրջապատուած էր Հայ Արիներէն եւ Մխիթարեան Վարժարանի Արիներէն, աշխոյժ, տրտում եւ կարգապահ:

Եկեղեցւոյ բեմին երկու քովերը, զոյգ զոյգ շարքերով սգակիր կեցած էին ՀՅԴ Երիտ. Միութեան անդամներն ու անդամուհիները, իրենց կուրծքին վրայ եռագոյն երիզներով եւ իրենց թեւերուն՝ սուգի նշանակներով:

Մասնաւոր կարգադիր յանձնախումբ մը կը հսկէր կարգապահութեան, առաջնորդելով պաշտօնական անձնաւորութիւնները իրենց յատկացուած տեղերը:

Ներկայ եղած են Ազգ. Իշխանութեանց ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Թեմ. Ժողովի ատենապետ Պր. Ճանիկ Չագըրի, Հոգաբարձութիւններէն, Կրթական հաստատութիւններէն, հանրային ու մշակութային կազմակերպութիւններէն:

Ներկայ եղած են Հայ Կաթողիկէ համայնքէն Հայր Գարեգին եւ Պօղոս վարդապետները, եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւը վերապատուելի Համբարձումեան:

Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան կողմէ Պր. Պ. Տէփոյեան, Մ. Գույումճեան եւ Ա. Սարուխան: Հնչակեան կուսակցութեան կողմէ Պ. Մ. Պալայեան եւ Տոքթ. Տէմիրճեան:

Հայ Մշակոյթի Բարեկամներու Միութեան կողմէ Պր. Ա. Օրագեան: Հայ Լէգէոնականներու կողմէ Պր. Յ. Արեւեան:

Պատուիրակութիւններ ղրկած են նաեւ հայ եւ օտար թերթերը:

Աղեքսանդրիայէն բազմաթիւ հայրենակիցներ, որոնց մէջ ՀՅԴ Կոմիտէին եւ »Յառաջդիմասէր»ի ներկայացուցիչները:

Յատկապէս յուղարկաւորութիեան մասնակցելու համար ԱՂեքսանդրիայէն եկած էր Արժ. Տ. Վարդան քհն.յ. Գարակէօզեան:

Ներկայ եղած են «Համազգային» եւ Հ. Կ. Խաչի Գահիրէի Վարչութեանց անդամները եւ պարզ անդամները. Աղէքսանդրիոյ Վարչութեանց կողմէ մասնաւոր ներկայացուցիչներ: «Նաւասարդ» Ակումբի, «Նաւասարդ» Մարզարանի անդամները: ՀՅԴ Երիտ. Միութեան անդամները, ՀՅԴ Կեդր. Կոմիտէի անդամները եւ վերջապէս բոլոր Դաշնակցական ընկերներն ու ընկերուհիները:

Ներկայ եղած են նաեւ բազմաթիւ օտարներ, ռուսեր մանաւանդ, եւ բժշկական դասէն շատեր, հայ եւ օտար:

Հանդիսութիւնը սկսած է խոր եւ տպաւորիչ լռութեան մէջ, ուր շատեր կ'արտասուէին ու կը հեկեկային:

Արարողութիւնները կատարուած են անթերի, խորազդեցիկ եւ տրտմալի նոր յուզումով լեցնելով եկեղեցին, ուր հանգուցեալ ընկերոջ այրին, սքանչելի Ռուբինան, սեւերու մէջ, շրջապատուած իր հարազատներէն, ընդհանուր գուրգուրանքի եւ տրտում համակրանքի առարկայ կը դառնար:

Արարողութեան ընթացքին, Եգիպտոսի Առաջնորդ Սրբազանը՝ Մամբրէ Արքեպիսկոպոս Սիրունեան՝ եկեղեցւոյ բեմէն խօսած է իր լաւագոյն ու սրտայոյզ դամբանականներէն մէկը, որ յառաջ բերած է խոր տպաւորութիւն:

«Ասպարէզ», Ֆրեզնօ
Խ. Տարի, Թիւ 2305
Հինգշաբթի, Օգոստոս 14, 1947