Մեր մեծ ու ողբացեալ ընկերը, բոլորովին քաջառողջ, երբ կը պատրաստուէր Լիբանան մեկնիլ, Յուլիս 17ին, յանկարծակի թեթեւ անհանգստութիւն մը զգալով տունը կը մնայ: Այս վիճակը կը շարունակուի մէկ-երկու օր, իբրեւ պատահական տկարութեան մը արդիւնքը, մինչեւ որ բժիշկներու յանձնարարութեամբ կը փոխադրուի Վիքթորիա հիւանդանոցը, ուր կը ճշդուի վերջնապէս իր հիւանդութիւնը – միզարգելութիւն:
Հիւանդանոցին մէջ անցուցած իր օրերուն, ընկ. Համօ Օհանջանեան կը շրջապատուի բացի իր ընտանիքի անդամներէն, ընկերներէ եւ բազմաթիւ հայ բժիշկներէ, որոնք անձնուիրաբար, գիշեր ցորեկ կը հսկեն մեր թանկագին ընկերոջ վրայ:
Կարգադրութիւններ կ'ըլլան եւ հերթով բժիշկներ Պ. Միսաքեան, Ն. Սերոբեանց, Եր. Խաթանասեան, Ն. Պաղտիկեան եւ Գ. Գապատայեան կը մնան հիւանդին սնարին վերեւ՝ հսկելու համար եղած դարմանումներուն: Բացի հիւանդանոցին բժշկական անձնակազմէն, գլաւորութեամբ Տոքթ. Շլէզինկերի, քննութեան եւ խորհրդակցութեան կը կանչուին փրոֆ. Եուսէֆ Փարատա, փրոֆ. ՊՈւլկակով, փրոֆ. Կորկի Սուպհի պէյ, Տոքթ. Նիքոլաիտիս, Տոքթ. Անասթասիատիս, որոնք քանի մը անգամ, սիրայօժար եւ ամենայն բարեխղճութեամբ կուգան, կը քննեն եւ իրենց խորհուրդները կուտան:
Բացի բժիշկներու այս սրտագին հոգածութենէն, ողբացեալ ընկերոջ խնամք կը տանին հիւանդանոցին Քոյրերը եւ դուրսէն կանչուած հիւանդապահուհիներ, որոնց մէջ մասնաւոր յիշատակութեան արժանի է Օր. Վարդանոյշ Այրանճեան: Նոյնպէս շնորհաւորութեան արժանի է տարրալոյծ Պր. Զարեհ Խաչատուրեան, որ չի խնայեր իր օժանդակութիւնը սիրայօժար կերպով:
Մեր սիրելի ընկերոջ սնարին վերեւ կը մնան իր ընտանիքի բոլոր անդամները եւ յատկապէս տարաբախտ ու սքնաչելի Ռուբինան, որ կը պահէ իր արիութիւնը, որքան հնար էր մարդկօրէն:
Մեր երիտասարդութենէն խումբեր, ինքնաշարժերով պատրաստ կը մնան հիւանդի սենեակին շուրջն ու վարը, պարտէզը, տրուած հրահանգները վայրկեանը վայրկեանին գործադրելու համար:
Բազմաթիւ այրեր եւ կիներ խումբ խումբ հիւանդանոց կուգան, տեղեկութիւն ուզելու եւ մաղթանքներով կը հեռանան: Կիրակի օր այցելութեան կուգայ Առաջնորդ Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Մեսրոպ քհնյ. Ամրիկեանի: Մխիթարեան Հայրերէն՝ Հայր Գարեգին վրդ. Գաբանֆիլեկան մէկէ աւելի անգամներ որպիսութիւնը կը հարցնէ Տոքթ. Օհանջանեանի, չկրնալով այցելել հիւանդանոց, բժշկապետին արգելքին պատճառով:
Մեր սիրելի ընկերը տառապագին օրեր կ'ապրի իր հիւանդութեան ընթացքին եւ շուրջ շաբաթ մը կը կորսնցնէր իր գիտակցութիւնը: Բազմապիսի ներարկումներ կ'ըլլան իրեն առանց իր գիտակցութեան:
Վերջին երկու օրերը բարձր տաքութիւն կ'ունենայ մինչեւ 40 ու կէս (սանթիկրատ), եւ ի վերջոյ հինգշաբթի ժամը 5.40-ին, կը շիջի խաղաղօրէն, շրջապատուած իր սիրելիներէն, եւ անհուն վիշտ պատճառելով իր ընտանիքին, իր կազմակերպութեան, իր բարեկամներուն եւ բովանդակ հայութեան:
«Ժուրնալ Տ'էժիփթ» իր Ա. էջին վրայ հրատարակելով ողբացեալ ընկերոջ նկարը, կուտայ հետեւեալ կենսագրական տեղեկութիւնները.-
«Ծնած Հայաստան, 1873-ին, Տոքթ. Համօ Օհանջանեան ականաւոր պետերէն մէկն էր հայ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան: Ան աքսորուած է Սիպերիա եւ բանտարկուած բազմաթիւ անգամներ ցարական կառավարութեան կողմէ, իր յեղափոխական գործունէութեան պատճառով: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք, ան մասնակցեցաւ Վերսայլի Խաղաղութեան Խորհրդաժողովին, իբր պատուիրակ Հայաստանի Հանրապետութեան: 1920-էն ետք, վարչապետ նշանակուեցաւ յիշեալ Հանրապետութեան: Հայաստանի համայնավարացումէն ետք, ան հաստատուեցաւ Եգիպտոս, ուր նուրիուեցաւ Հայ Դատին, ինչպէս նաեւ մշակութային գործունէութեանց»:
Իսկ Եգիպտոսի «Ահրամ» թերթը կը հաղորդէ ընկ. Օհանջանեանի մահուան լուրը, տալով քանի մը տողով անոր կատարած դերը, իբրեւ յեղափոխական, պետական դէմք եւ բժիշկ:
Ծաղկեպսակներ ղրկուած էին հետեւեալ կազմակերպութիւններէն.- ՀՅԴ Բիւրօ, ՀՅԴ Եգիտոսի Կոմիտէի, ՀՅԴ Հիւս. Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի, ՀՅԴ Հարաւ. Ամերիկայի Մեկուսի Կոմիտէի, ՀՅԴ Եւրոպայի Կեդր. Կոմիտէ, ՀՅԴ Յունաստանի Կեդր. ԿՈմիտէ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէ, ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդր. Կոմիտէ, ՀՅԴ Իրանի Մարմիններ, ՀՅԴ Վեթերաններու Յանձնախումբ, ՀՅԴ Իրաքի Կեդր. Կոմիտէ, ՀՅ Պատուիրակութիւն, Ընկերվար Միջազգային Դաշնակցական Ֆրակցիա, ՀՅԴ Դիւան Թանգարան, ՀՅԴ Գահիրէի ԿՈմիտէ, ՀՅԴ Աղեքսանդրիոյ Կոմիտէ, ՀՅԴ Պաղեստինի Կոմիտէ, «Համազգային»ի Կեդր. Վարչութիւն, Հայ Կարմիր Խաչ, «Յառաջդիմասէր» Ակումբ, «Նաւասարդ» Ակումբ, «Յուսաբեր», ինչպէս նաեւ բազմաթիւ անհատներ եւ ընտանիքներ, որոնց գլուխը՝ հանգուցեալ ընկերոջ կինը՝ Ռուբինա եւ զաւակները՝ Վիգէն եւ Հեղինէ:
Ցաւակցական հեռագիրներ ղրկած են բազմաթիւ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, որոնց կարգին Նիկոլ Աղբալեան, Հրաչ Փափազեան, Գերասիմ Բալայեան, Սահակ Տէր Թովմասեան, Գասպար Իփէկեան, Կարօ Մարտիրոսեան, «Յառաջ», «Ակօս», «Արեւելք», Լեռնավայրի Կոմիտէ, Հայկաշէն Միութիւն, Իրանի Կազմակերպութիւն, ՀՅԴ Ներ Սերունդի Կեդր. Վարչութիւն, եւայլն: