Օղակ մը եւս կը փրթի Հ. Յ. Դաշնակցութեան «միջին» կոչուած սերունդի շղթայէն: Սերունդ, որուն վիճակուեցաւ դժբախտ ճակատագիր մը:
1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան վաղորդայնին վերածնունդի նոր շրջան մը բացուած էր հայութեան առջեւ:
Ուսման ծարաւի հարիւրաւոր երիտասարդներ գաւառի խորերէն կը փութային դէպի թոյսի վառարանները, գիտութեան զէնքերով զրահուելու եւ հայրենիքին ու ազգին լաւագոյնս ծառայելու գաղափարով:
Շատեր անոնցմէ չէին աւարտած տակաւին իրենց ուսման շրջանը եւ չէին թեւակոխած չափահասութեան տարիքը, երբ պայթեցաւ 1914ի ահաւոր փոթորիկը, տակնուվրայ ընելով ամէն բան, խանգարելով ամէն ծրագիր, խորտակելով ամէն երազ:
Այդ սերունդի արդէն իսկ նոսրացած շարքին կը պատկանէր մեր ողբացեալ ընկերը, Վահան Համբարձումեան, որ իր աչքերը կը փակէ օտար երկինքի տակ:
–Քազապլանքա -, հեռու հայրենիքէն, ուսկից եկած էր Փարիզ ուսանելու՝ շուտով վերադառնալու յոյսով: Սակայն դժխեմ ճակատագիրը այլ կերպ տնօրինած էր:
Վահան Համբարձումեան ԺԹ. Դարու վերջին տարիներուն ծնած էր Սեբաստիոյ Կովտուն գիւղը,- ծննդավայրը մեծ Մուրատի, որուն հանդէպ պաշտամունք ունէր:
Նախնական կրթութիւնը աւարտելէ վերջ գացած էր Էջմիածին եւ մտած Գէորգեան Ճամարանը: Պատանի Վահան մտաւորական ու գաղափարական սնունդ պիտի ստանար Արարատի հովանիին տակ եւ Մայր Աթոռի կողքին կանգնուած լոյսի այդ վառարանին մէջ, որ հայ ազգին պիտի պարգեւէր բազմաթիւ ազգային դէմքեր, հանրային գործիչներ,- ուսուցիչ, գրագէտ, բանաստեղծ, հոգեւորական, նախարար: Այնտեղ իբրեւ դոպցական ընկեր պիտի ունենար ի մէջ այլոս, Անաստաս Միկոյեանը:
Մեծ եղեռնը ցնցած էր սահմանին միւս կողմը ապրող մեր եղբայրներու հոգին: Կազմուած էին կամաւորական գունդեր՝ կռուելու համար մեր դարաւոր թշնամիին դէմ, որ ծրագրած էր բնաջնջել հայութիւնը:
Ճեմարանի իր ընկերներուն պէս, դպրոցական գրասեղանը ձգելով կամաւոր արձաանգրուեցաւ ուսանող Վահան, որ հայկական զօրագունդերուն հետ մասնակցեցաւ կռիւներուն, տեսաւ թուրքերու պարտութիւնը եւ առիթ ունեցաւ լուծելու իր հարազատներու վրէժը, Թրքահայաստանի գրաւեալ հողերուն վրայ:
Հայաստանի անկախութեան շրջանին իր մասնակցութիւնը բերաւ հայրենիքի կառուցման ու վերելքի աշխատանքներուն:
Հայրենիքին լաւագոյնս ծառայելու բաղձանքը զինքը մղեց բարձրագոյն ուսման հետեւելու լոյս-քաղաքին մէջ:
1920ի ամառը Փարիզ եկաւ Երեւանէն դիւանագիտական անցագրով՝ իբրեւ սուրհանդակ՝ Հայաստանի կառավարութեան հրահանգները բերելով Հ. Հ. Պատուիրակութեան:
Նոյն տարին մտաւ Փարիզի իրաւաբանական վարժարանը, զոր աւարտեց 1923ին, նիւթական դժնդակ պայմաններու մէջ:
Հայաստան խորհրդայնացած էր եւ ամուր փակած դուռները: Այդ շրջանին Ֆրանսայի մէջ մասնագիտական ուսման հետեւող ուրիշ ուսանողներու պէս Վահան եւս զրկուած էր հայրենիք երթալու եւ ազգին ծառայելու հնարաւորութենէն: Ու ինչպէս իր բախտակիցները, ինք եւս նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ, ի խնդիր ապրուստի: Փորձեց այնպիսի գործեր, որոնց համար անհրաժեշտ չէր համալսարանական ուսումը:
Փարիզի ուսանողական թաղամասին մէջ բացաւ փոքրիկ ճաշարան մը, որ պահ մը ժամադրավայրը դարձաւ ընկերներու եւ ուսանողներու:
Երկար չտեւեց փորձը: Տնտեսական տագնպաի օրեր էին: Ուրիշ գործեր ծրագրեց: Իրաւագիտական գրասենեակ բացաւ: Յաջողութիւն չգտաւ: Գրաշարութիւն սորվեցաւ եւ ատեն մը աշխատեցաւ «Յառաջ»ի տողաշար մեքենային վրայ:
Հուսկ ուրեմն լքեց փարիզը, ուր բախտը չէր ժպտած իրեն ու վերջնապէս հաստատուեցաւ Հիւսիսային Ափրիկէ,- նախ Ալժերիա, յետոյ Մարոք, իբրեւ պաշտօնեայ հայ առեւտրական տուներո:
Մեր ողբացեալ ընկերը Փարիզի մէջ բնակութեան իր ամբողջ շրջանին գործօն մասնակցութիւն բերած է հանրային կուսակցական աշխատանքներու:
Տարիներով եղած է անդամ Հ. Յ. Դ. Փարիզի Կեդր. Կոմիտէին, պահ մը նաեւ գործավար այս վերջինին: Օժտուած խօսելու շնորհքով, յաճախ բանախօսած է Փարիզի եւ գաւառի մեր հանդէսներուն մէջ:
1934-1938 անդամակցած է Հ. Յ. Դ. Ընկերվարական Միջազգայինի պատուիրակութեան:
Աշխատակցած է Յառաջի, Հայրենիք Ամսագրի, Յուսաբերի, եւ այլ Դաշնակցական թերթերու՝ ազգային, ընկերային, քաղաքական, գրական ու պատմական հարցերու շուրջ գրութիւններով եւ յօդուածաշարքերով: Ատեն մը իր ստորագրութիւնը կ'երեւար նաեւ Յառաջի խմբագրական սիւնակին տակ:
Իբրեւ գիրք լոյս տեսած է իր մէկ ուսումնասիրութիւնը իր ծննդավայրի մասին՝ Գիւղաշխարհ անունով:
Վերջին տարիներուն իր մէկ աչքին լոյսը կորսնցուցած էր եւ շատ կը տառապէր, մանաւանդ անոր համար, որ ատիկա արգելք կ'ըլլար իր գրական աշխատանքներուն:
Իր մահով Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը
կը կորսնցնէ իր մտաւորական, հաւատաւոր եւ անձնազոհ ընկերներէն մէկը: Յարգա՜նք իր յիշատակին: