Հայաստանի հողային պահանջները բոլոր հայ հոսանքներու կողմէ Միջազգային Խորհրդաժողովներու մօտ արարծելու, ինչպէս եւ հայ մամուլին մէջ այդ հարցը քննելու ատեն, հիմ կ'ընդունուի Սեւրի դաշնագրով ստացուած հայրենիքը, նախագահ Ուիլսընի կողմէ գծուած սահմաններով:
Կուսակցական սնափառութեան պէտք չէ վերագրել, եթէ դարձեալ վերյիշենք թէ՝ պարզ զուգադիպութեան մը հետեւանքով չէր որ Սեւրի դաշնագրի համաձայն հողային առաջին պահանջը Սան Ֆրանսիսքոյի Խորհրդաժողովին, 1945 Մայիս 7-ին, ներկայացուց Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ Ամերիկայի մէջ կազմուած Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ որուն ի նպաստ աւելի կանուխէն մեր ընկերները ու համակիրները հաւաքած էին 165 հազար տոլարի գումար մը:
Վերջերս հակառակորդ մամուլը – համայնավար, հնչակ, ռամկավար – չենք գիտեր ի՞նչ նկատումներով եւ որո՞ւ թելադրանքով, զզուելի պայքար մը բացած է Դաշնակցութեան դէմ, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի մէջ, ուրկէ այս պահուն կը մեկնին ներգաղթի կարաւանները:
Փոխանակ իրենց նման թոյն սրսկելու, կամ սոփեստութիւններ ընելու, պատմական իրողութիւններ թուելով ցոյց տանք Դաշնակցութեան անկեղծութիւնն ու հետեւողականութիւնը՝ Թուրքիայէն մեր ունեցած պահանջներու եւ մասնաւորապէս Սեւրի նկատմամբ:
Նախ ճշդենք որ Սեւրը երկինքէն չեկաւ: Դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ մղուած ազատագրական պայքարն իր երեսնամեակին հասաւ յաղթանակի պսակումին, երբ 1920 Օգոստոս 10-ին, Խաղաղութեան Վեհաժողովին, հայ ժողովուրդի ազնւագոյն մէկ զաւակը ու Դաշնակցութեան ամենայայտնի դէմքերէն Աւետիս Ահարոնեան, մասնակցեցաւ ու ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը Դաշնակիցներու շարքին, եւ որ ստորագրեցին նոյնպէս Թուրքիոյ պաշտօնական ներկայացուցիչները:
Դաշնագիրը յստակօրէն ընդունեց հայկական պահանջները, ինչ որ պատմութեան մէջ երբեք պատահած չէր: Յօդ. 88-ը կ'ըսէ. «Թուրքիա կը յայտարարէ թէ ինքը կը ճանչնայ Հայաստանը իբր ազատ եւ անկախ պետութիւն մը, ինչպէս ըրած էին ասկէ առաջ Դաշնակից պետութիւնները»: Յօդ. 89. «Թուրքիա եւ Հայաստան, ինչպէս նաեւ միւս պայմանագիր կողմերը կը հաւանին Մ. Նահանգներու նախագահին յանձնելու Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանը ճշդելու խնդիրը եւ ընդունիլ նախագահին որոշումով Հայաստանի ծով իջնելուն եւ վերոյիշեալ սահմանին յարակից բոլոր օսմանեան հողերուն ապազինման մասին պատրաստուած բոլոր տրամադրութիւնները»: Յաջոր Յօդ. 90, 91, 92, 93 կը ճշդեն այլ մանրամասնութիւններ Հայաստանի նկատմամբ:
Սակայն, 1918 Մայիս 28-ին կազմուած եւ 1920 Օգոստոս 10ին Սեւրով ճանչցուած Հայաստանը թատր դարձաւ նոր արիւնահեղութիւններու, շնորհիւ ռուս եւ թուրք բարեկամութեան: Սովետներու զինակից քէմալական Թուրքիան գրաւեց Մանուկ Հայաստանէն մօտ 25 հազար ք. ք., իսկ մնացեալ 30 հազար ք. ք.ը ենթարկուեցաւ Խորհրդային իշխանութեան:
Այժմ տեսնենք թէ այդ օրերուն համայնավարները ի՞նչ վերաբերմունք ունէին Սեւրի հանդէպ: Հայաստանի խորհրդայնացումը յայտարարուեցաւ նախ քան Երեւանի գրաւումը 1920 Նոյեմբ. 29-ին Ղազախ-Քարավանսէրայ (Ազրպէյճանի սահմանին մօտ) Յեղափոխական Կոմիտէ անունով կազմուած նոր կառավարութեան կողմէ, ինչպէս կ'ըսեն իրենք համայնավարները: Այս առթիւ հրատարակուեցաւ «Տեկլարացիա» յայտարարութիւն մը, որ Սովտեներուն համար ունի այն արժէքը ինչ որ Մայիս 28-ը Դաշնակցութեան համար:
Ահա թէ այդ նշանաւոր «Տեկլարացիան» ի՛նչպէս կը յայտարարէր Հայաստանի խորհրդայնացումը եւ ի՛նչ կ'ըսէր Թուրքիոյ եւ Սեւրի նկատմամբ:
«Հաւատում ենք, որ իմպերիալիստական լծից ազատագրուող ժողովորդական Տաճկաստանը մեզ եւս իր հետ Սեւրի դաշնագրի հակառակորդ համարելով, մեզ եղբայրական ձեռք է մեկնելու այժմ, երբ մեն նրա հետ միասին կռիւ ենք մղում Անտանտայի գիշատիչների դէմ»:
Այս «Տեկլարացիան» ստորագրած են «Հայաստանի Սոցիալիստական Խորհրդ. Հանրապետութեան Յեղափոխական Կոմիտէ»ի նախագահ՝ Ս. կասեան, անդամներ՝ Աւ. Նիւրիջանեան, Ալեքսանդր Բէզգատեան, Իսահակ Դովլաթեան, Ասքանազ Մռաւեան, Իսահակ Տէր Գաբրիէլեան:
Թուրքիոյ հանդէպ բարեկամութիւն եւ ՍԵւրի հանդէպ թշնամանք Մոսկուայի քաղաքականութիւնն էր, որուն հաւատարմօրէն հետեւաց Հայաստան, սեղմելով Տաճկաստանի երկարած «եղբայրական ձեռք»ը:
Այս կէտէն մեկնելով է որ Հայաստանի վարչապետ եւ հայ բոլշեւիկներու ամենէն ականաւոր դէմքը՝ Ալ. Միասնիկեան, իր «Եռամեայ Խորհրդ. Հայաստանի առօրեայ խնդիրները» տպագրուած զեկոյցին մէջ, կ'ըսէ.
«Մենք շատ լաւ գիտենք, որ արտասահմանում պատսպարուած մարտական կուսակցութեան չարաբաստիկ զինակիցները պատրաստ են կոչելու.- ո՛չ, հայկական հարց կայ, Թիւրքահայաստանի խնդիրը մնում է»...
«...Տաճկաստանի խնդիրը – կ'աւելցնէ Ա. Միասնիկեան,- լուծուած է... Մեզ համար գոյութիւն չունի եւ սահմանների հարցը»...
Երկու տասնամեակ այս տեսակէտը արծարծեցին Խորհրդային մամուլը եւ գրականութիւնը՝ թէ Հայաստանի խորհրդայնացումով լուծուած է Հայ Դատը, չկայ թրքահայ հողերու պահանջ, մանաւանդ գաղութներու, հայութիւնը ո՛չ մէկ իրաւունք ունի նման խնդիրներով զբաղելու:
Ռամկավար, Հնչակ յօդուածագիրներ ինքնաժխտումի եւ ուրացումի գինով ինչքան մելան սպառեցին ապացուցանելու համար թէ՝ գաղութները եկեղեցիով եւ դպրոցներով միայն հետաքրքրուելու են, իսկ քաղաքական խնդիրներ մենաշնորհը կը նկատուէին Խ. Հայաստանի կառավարութեան:
Բ. Համաշխարհային Պատերազմի վերջերը, Ամերիկայի մէջ, մեր հակառակորդները կազմեցին «Ազգային Խորհուրդ» մը, որ իր պաշտօնական յայտագրի չորս կէտերուն մէջ չհամարձակեցաւ Հայ Դատի կամ թրքահայ հողերու անունն իսկ յիշատակել: Իսկ այդ մարմնի օրկան «Լրաբեր» 1944 Փետր. 24-ի խմբագրականին մէջ գրեց. «Անոնք (Դաշնակցականները) մինչեւ այսօր ալ կը ծառայեն Հիթլերի պատերազմական նպատակներուն, այսօր նոր դաւադրութիւն մը կը սարքեն, որուն անունը դրած են «Թրքահայ գաւառներու կցում Սովետ Հայաստանին»:
Նշանաբանները փոխուեցան, փակուած բերանները բացուեցան, երբ Խորհրդ. Իշխանութիւնը 1945 Մարտ 19-ին չուզեց վերանորոգել իր բարեկամութեան դաշինքը Թուրքիոյ հետ:
Ի՞նչ ըրաւ Դաշնակցութիւնը ռուսեւթուրք բարեկամութեան երկու տասնամեակի ընթացքին, երբ օրուան կարգախօսը պարտւողական ոգիէն կը բխէր եւ առնուազն անտեսումն էր Թուրքիայէն որեւէ պահանջի:
Հայ քաղաքական կեանքի լքումի եւ յուսահատութեան այդ օրերուն, Դաշնակցութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչները, մտաւորականները, գործիչները միակն էին որ Ամերիկայի ու Եւրոպայի բազմաթիւ կեդրոններուն մէջ դիմումներով կ'արծարծէին Հայկական Դատը՝ Թուրքիայէն մեր պահանջները, անհանգիստ կ'ընէին Թուրքիան՝ աջակցելով քրտական շարժումին, վերջապէս վառ կը պահէին մեր ժողովուրդի հաւատքը, քաղաքական իտէալը, դպրոցէն ու եկեղեցիէն աւելի կարեւորութիւն տալով անոր:
Դաշնակցութիւնը պայքարեցաւ նաեւ համայնավար քարոզչութեան դէմ, որովհետեւ ան իմպերիալիստներու մէկ խաղը կը նկատէր հայ ազատագրական պայքարը ու կ'անգիտանար թրքահայ հողերու պահանջը: Մինչ Դաշնակցութիւնը բազմութիւններու մէջ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարը միս ու ոսկոր դարձուց, հաւատաւոր այդ շունչով վարակեց սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւնները: Օտարացումը ինչ աւերներ պիտի գործէր, եթէ գոյութիւն չունենար Դաշնակցութեան գաղափարապաշտ գիր ու գրականութիւնը, տարածուն եւ որակեալ մամուլը:
Իսկ այսօր Խորհրդ. Միութեան արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութեան հետեւանքով երբ թոյլ կը տրուի Հայաստանի վարիչներու արտասահմանեան գաղափարակիցներուն, որպէսզի արծարծեն թրքահայ հողերու պահանջ եւ նոյն ատեն ներգաղթը կազմակերպուի, ամենէն առաջ Դաշնակցութիւնը գոհունակութիւն կը զգայ, որովհետեւ, իր 56 տարուան պայքարը կ'արդիւնաւորուի, հայ ժողովուրդը աստիճանաբար կը մօտենայ իր երազներու իրականացումին, ամբողջացումին: Ի զուր չէ որ թուրք մամուլը Սան Ֆրանսիսքոյէն ի վեր Հայ Դատի մասին խօսելու ատեն չի մոռնար Դաշնակ քօմիթահճիները:
Մենք միայն գոհունակութիւն կրնանք զգալ, երբ Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան ընդհ. քարտուղար Գրիգոր Յարութիւնեան 1946 Փետր. 3-ի կարեւոր մէկ ճառին մէջ, հերքելով թուրք մամուլի վերագրումները ռուս աշխարհակալական ծրագիրներու մասին, կ'աւելցնէր.
«...Թուրքիայի կողմից զաւթուած (գրաւուած) հայկական մարզերի վերադարձի հարցը դրուած է բուն հայ ժողովուրդի կողմից, ինչպէս Սովետական Հայաստանի բնակչութեան, այնպէս էլ Եւրոպայի, Ամերիկայի, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներում ապրող հայերի կողմից»:
Այժմ Մոսկուան եւ Երեւանը շատ լաւ կը գիտակցին թէ՝ Միջազգային Խորհրդաժողովներու առջեւ Հայաստանի հողային իրաւունքները պաշտպանելու համար արեւմտահայութիւնը քաղաքական արժէքաւոր ազդակ մըն է, որովհետեւ ան իրաւատէրն է հայրենի այն հողերուն, ուր հինգ հազար տարիներ բնակելէ ետք տեղահանուեցան Գերմանիոյ զինակից Թուրքիոյ կողմէ այնքան խժդուժօրէն:
Դաշնակցութիւնը ինչպէս անցեալին, նաեւ ներկայիս, հայ ժողովուրդի սեփական շահերէն բխած քաղաքական նոյն պահանջները կը ձեւակերպէ, առանց նկատի առնելու թէ մեծ պետութիւններէն ո՛ր մէկի շահերուն համապատասխան է եւ որո՛ւ դէմ է: Օտար պետութիւններէն ո՛չ մէկը ուրիշի մը համար զոհողութիւններ կ'ընէ, եթէ չունենար իր սեփական շահերը: Այսքան ծանր հարուածներու ենթարկուած մեր ժողովուրդը եւ անոր ազգային ձգտումներուն արտայայտիչ եղող կուսակցութիւնը եւս շատ բնականօրէն պիտի հետեւէին նման ուղիի մը, այն որ կ'ապահովէ վերադարձը կորսուած հայրենի հողերուն: Զինք չեն հետաքրքրեր ոչ Միջազգային յեղափոխութեան նշանաբանները եւ ոչ ալ Մակ-ի գեղեցիկ խօսքերը, համաշխարհային խաղաղութեան ի նպաստ, ինչքան ատեն որ այնքան մեծ անիրաւութեան մը ենթարկուած կը մնան մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը:
Դաշնակցութիւնը անկեղծ է ներկայիս իր հետապնդած քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ Սեւրի դաշնագրով Հայաստանի տրուած իրաւունքներէն ան ոչ մէկ ատեն հրաժարած է: Եւ իր պահանջները պարզապէս զուգադիպեացն Խ. Միութեան Թուրքիոյ հետ դեռ նոր ունեցած վէճերուն, որոնք ուղղակի առնչութիւն չունին հայ ժողովուրդի անկորնչելի իրաւունքներո հետ: