Հայոց Ազատագրական Յեղափոխութեան շքեղ կերպարանքն է, որ կը տեսնենք Դաշնակցութեան փոթորկալի անցքերուն մէջ, անցքեր ու արարքներ, որոնք հրաբուխի պէս ժայթքեցան ու ցնցեցին Հայ Աշխարհը:
Դարերով կուտակւած տառապանքը՝ միացած ազատութեան անհուն բաղձանքին զայրոյթով կը պայթէր 1890ին: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ազատութեան դրօշակակիրը կը հանդիսանար եւ կը համախմբէր հայութեան զայրոյթը մէկ բռունցքի մէջ: Կը կազմակերպէր ԿԱՄՔԸ հայ ժողովուրդին, Կամքը ազատութեան սրբազան ուխտին, Կամքը կամազուրկ հայ մարդուն: Դղրդելով հայ ժողովուրդի ստրկական անցեալը, մոխիրներու տակէն անմար կրակը կը հրահրէր եւ գետնատարած հայէն ՆՈՐ ՀԱՅԸ կը կերտէր:
Ու հիմնադրութեան առաջին օրէն, այս նոր հայը արիւնոտ դրօշակ մը կ'ունենար, որուն վրայ գրւած էր վճռական արհամարհանք մահւան հանդէպ եւ անձնանւէր զոհաբերում՝ Ազատութեան համար:
Ստրկական դարերու երկար ու տաօապագին երկունքէն ծնած է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը: Միամիտ դատում մը պիտի ըլլար, եթէ նորածին կազմակերպութեան գոյութիւնը կապւէր միայն ութսունական թւականներու շարժումներուն եւ պատահական բնոյթը շեշտւէր: Պատահականը միայն ժամանակի հետ կապւած է: Ազատագրութեան ձգտումը դարերէն կու գար եւ դարերու թաւալքին հետ կ'ապրէր ու կ'աճէր հայութեան հոգեբանութեան մէջ: Շատ յաճախ զգետնւած, բայց երբեմն կայծկլտուն այդ հոգեբանութիւնը տառապանքի արտայայտութիւնն էր հայ մարդուն, որ բռնակալութիւններու կրունկներուն տակ գետնատարած, տեւապէս կարօտն ունեցաւ ազատութեան, տեւապէ՛ս ողբաց հայրենիքի կքուն վիճակը, երազեց Թուրք Կեծակին, երբ հզօր օտարները իրենց արիւնոտ սուրը շաղացուցին խոնարհած գլուխներուն վրայ. հայու եւ մարդու իր արժանապատւութեամբ վիրաւորւած՝ իր հոգիին գաղտնածածուկ խորքին մէջ՝ ՄԷԿ ՕՐ միայն ազատ ապրելու եւ ապա մեռնելու անբուժելի բաղձանքէն տոչորւեցաւ:
Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի հաւաքական հոգեբանութեան մարմնացումը եղաւ: Հայութեան արիւնէն սաղմնաւորւած, ոսկորէն ու միտքէն շաղախւած՝ հարազատ զաւակի անձնավստահ քայլերով հայոց պատմութեան բեմին վրայ երեցաւ, հեքիաթային սպարապետը դառնալու գերեւարւած ազգին:
Ու զարմանալի չէ, որ Դաշնակցութիւնը առաջին օրէն իսկ ՄԱՐՏԱԿԱՆ կուսակցութիւն մը եղաւ եւ դիւցազնական խոյանքով խանդավառեց կքած բազմութիւնները, որոնք դարերով կարօտագին երազն ապրած էին, օր մը տեսնելու հայ մարդը, սուրը ձեռին, հայրենի հողին վրայ:
Հայոց պատմութեան հին առասպելական դէմքերը վերակենդանացան՝ կ'անցնէին Հայաստանի լեռներու վրայէն եւ հայ ժողովուրդը պատմութեան դատարակ անջրպետը երեւակայութեամբ կը լեցնէր, Վարդանները, Գայլ Վահանները եւ Առիւծ Մհերները տեսնելու Դումանի, Աղբիւր Սերոբի, Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի, Առիւծ Սերոբի ու իր կորիւններուն մէջ:
Անհաւասար այս գոյամարտին մէջ, Դաշնակցութեան մարտական ուժը հայ ժողովուրդի կողմէ բնազդօրէն հայոց հին սպարապետութեան տեղը բռնեց, ինքնապաշտպանութեան բնազդը, որ սուրը տեսնելէն ետք, ազատ պետութեան, ազատ հայրենիքի վերականգնումը մօտաւոր երազ մը կը նկատէր: Բնազդական կարօտը ազգային պետականութեան գիտակցական պահանջք մը կը դառնար, ժողովուրդը Հ. Յ. Դաշնակցութեան մէջ իր պետական կուսակցութիւնը կը տեսնէր:
Եւ իրօք, Դաշնակցութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն, պետական կուսակցութեան մը լիակատար պատասխանատուութեամբ հրապարակ եկաւ: Ազգ մը, ամբողջ ազգ մը կը տրոփէր անոր սրտին ու մտքին մէջ: Կուսակցութիւնը յեղափոխական արար կատարելու համար չէր որ հայոց պատմութեան բեմը ելած էր, այլ ազգ մը ազատելու, հայրենիք մը կերտելու, պետութիւն մը հիմնելու մարդկային լայն ազատութիւն մը իրականացնելու առաքելութեամբ է որ Ազատ Կեանք կամ մահ նշանաբանով ասպարէզ կ'իջնէր:
Եւ յաջողեցաւ իր բոլոր առաջադրութիւններուն մէջ, ազատեց ազգը, կերտեց հայրենիքը եւ ունեցաւ իր ստեփական պետութիւնը:
Այսօր, հայ հայրենիքը կայ, բայց ազատութիւնը մեր ձեռքէն բռնի խլած են: Դաշնակցութիւնը, սակայն կը մնայ հայ ժողովուրդի պետական կուսակցութիւնը, պետական՝ Հայկական Դատով, պետական՝ իր լայն ըմբռնողութեամբ եւ պատասխանատւութեան գիտակցութեամբ, պետական՝ իր կազմակերպութեամբ եւ վճռական ԿԱՄՔՈՎ: Այդ կամքը անբեկանելի է, տկարութիւն չի ճանչնար, այս ու այն մարմնէն ու անհատէն կախեալ չէ, այլ գոյութիւն ունի: Այդ կամքը միշտ պատրաստ է հրապարակ գալու, երբ հայ ժողովրդի գերագոյն շահը պահանջէ: