Ֆրէզնօ, Կալիֆ. 8 սեպտ.
Երէկ երեկոյ, Ֆրէզնոյի Հայոց Արարատ գերեզմանոցէն վերադառնալէ անմիջապէս յետոյ հեռագրեցի Ազգային հերոս Անդրանիկի յուղարկաւորութեան մասին՝ խոշոր գծերով: Այս նամակով կը մտնեմ մի քիչ աւելի մանրամասնութեանց մէջ:
Հանգուցելոյն հիւանդութեան եւ մահուան մասին արդէն գրած էք բաւարար չափով: Կրկնութիւնները այդ մասին անտեղի են:
Անդրանիկի մահը տեղի ունեցած էր օգոստոս 30ի գիշեր, Կալիֆորնիոյ Րիչըրդսըն յոջորջուող Հանքային Ջուրերուն մէջ: Մարմինը անմիջապէս փոխադրուած էր Ֆրէզնօ, ուր զմռսուած կը մնար ամբողջ շաբաթ մը:
Յուղարկաւորութենէն առաջ զմռսուած մարմինը դրուեցաւ Հայոց Առաքել. Եկեղեցին, երկու օրուան համար, որու ընթացքին փափաքողները կ'երթային վերջին անգամ տեսնելու Սասնոյ սարերու առիւծը իր հանգստին մէջ:
Կ'ըսուի, որ աւելի քան 15,000 անձեր այցելած են այդ երկու օրուան ընթացքին:
Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ երէկ, վերհսկողութեամբ հանգուցեալ հերոսի քսան տարուան զէնքի ու գաղափարի ընկերներէն Տարօնցի հրամանատար Սմբատի, որ Լոս Անճէլըսէն փութացած էր իր վերջին յարգանքն ընծայելու իր վարպետին ու երէց ընկերոջ:
Հրամանատար Սմբատ հագուած էր զինուորական տարազ – մայորի աստիճանով, իրեն կը հետեւէին գլխապետներ Շիշմանեան եւ ՊՈնափարթեան, նոյնպէս զինուորական տարազով: Ապա՝ կուգային երկու տասնեակ մը զինուորներ, հերոս հանգուցելոյն նախկին կամաւորներէն եւ մեծ ապտերազմի վերտերաններէն: Ամենէն առաջ կ'ընթանար զինուորական նուագախումբը ղեկավարութեամբ պ. Պօղոս Պօղոսեանի:
Կրօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայ Առաքելական Ս. Երրորդութիւն եկեղցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ շրջանիս երեք քահանաներուն եւ երկու վարդապետներուն, գլխաւորութեամբ Ֆրէզնոյի եկեղեցւոյ հովիւ Վարդան վրդ. Գասպարեանի: Եկեղեցական երգերը տպաւորիչ կերպով երգուեցան քառաձայն՝ պ. Ռուբէն Տիգրանեանի խմբի կողմէ:
Արարողութիւնը սկսաւ առաւօտեան եօթի ատենները: Դագաղակիրներն էին զինուորներ՝ Զօրավարի մէկ քանի կամաւոր տղերքը եւ մեծ պատերազմի ծառայողներ: Ասոնք կողքին կը քալէին պատուոյ դագաղակիրները, որոնց շարքին կը գտնուէին Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, յանձին ընկերներ Յաբէթ Կ. Մշիկեանի, եւ Մ. Գ. Ֆէրահեանի: (Վերջինը յատկապէս եկած էր Լոս Անճէլըսէն):
Աննախընթաց բազմութիւն մը լեցուած էր եկեղեցիէն ներս ու դուրս, ինչպէս նաեւ հանդիպակաց կողմը գտնուող «ԱՍպարէզ» շէնքին ներսն ու դրսի հրապարակը: Կրօնական արարողութենէն անմիջապէս յետոյ պատեհութիւն տրուեցաւ, որ ցանկացողները վերջին անգամ տեսնեն հանգւոցեալ հերոսի դիմագիծը:
Այս տեսութենէն յետոյ, որ տեւեց մօտ ժամ մը, յուղարկու թափօրը նուագախումբի առաջնորդութեամբ յառաջացաւ դէպի Հայ գաղութի «Արարատ» գերեզմանատունը:
Մօտ հազար օթօմօպիլներ կը հետեւէին դագաղին, մեծ մասով զարդարուած հայկական ու ամերիկեան դրօշակներով:
Երբ հերոսի մարմինը հասաւ հանգստավայրը, օդանաւ մը երեք անգամ շրջան ըրաւ հերոսի դագաղին վրայ, ուրկէ Ֆրէզնոյի երիտասարդ սերնդի կողմէ պ. Գէորգ Չէխօեան ծաղիկներ թափեց հերոսին վրայ:
Այս յարգանքի գեղեցիկ ցոյցը կազմակերպուած էր Տրիպլ Էքս (Triple X) կոչուող երիտասարդներու կողմէ, որ կը բաղկանայ հայերէ:
Գերեզմանոցին մէջ, կրօնական կարճ ընթերցանութենէ մը եւ արարողութենէ մը ետք, հրամանատար Սմբատ ստանձնեց հանդէսին մնացեալ մասը, յայտարարելով, որ Ադրանիկը իբրեւ յեղափոխական ու զինուորական կը պատկանի անոնց, որոնք կը յարգեն անոր յեղափոխական դաւանանքը եւ կը ճանչնան անոր մարտական անցեալի մեծ նշանակութիւնը: Այդ հիմքերով հանգուցելոյն կեանքի, գաղափարի ու զէնքի ընկերներն են, որ ամենէն աւելի իրաւունք ունին վերջին խօսքն ըսելու:
Կարճ, ու շինականի պարզ եւ զգայուն շեշտերով Սմբատ հրաժեշտի խօսք ուղղեց Անդրանիկին, ուխտելով իր ու անոր ընկերներուն հետ լինիլ առաջին իսկ առիթով, երբ հայրենիքը զինք կրկին կանչէ: Ապա՝ իր ու հանգուցելոյն զէնքի ու գաղափարի ընկերներուն անունով վերջին անգամ համբուրեց Անդրանիկի սառ ճակատը, եւ թոյլ տուաւ, որ իր օրինակին հետեւին հերոսի մէկ քանի կամաւոր տղերքը:
Հրամանատար Սմբատի զգայուն ու շեշտակի խօսքերը ժողովրդի աչքերէն արցունք հոսեցուցին ուղխօրէն:
Օր. Էլմասեանի «Իբրեւ Արծիւ սառանում ես» մեներգէն յետոյ, հրամանատար Սմբատ խօսք տուաւ գլխապետ Շիշմանեանի, որ ծանօթ դէմք մը դարձաւ Կիլիկեան վերջին ընդհարումներու ընթացքին իր ցոյց տուած քաջ ու կորովի գործունէութեամբ:
Գլխապետ Շիշմանեան, խօսեցաւ հետեւեալ կերպով.–
Ազատութեան Աստուածուհին իր զինուորները կ'ընտրէ ամէն վայրէ, ամէն ցեղէ: Իր երկար փնտռտուքին մէջ ան կը գտնէ արծուիկը, կը սնուցանէ, կը մարզէ այն, մինչեւ ան հասնի չափահասութեան, երբ Ազատութեան Աստուածուհին վերջապէս անոր կը վստահի իր պաշտպանած դատը եւ անոր զինուորները: Այդ արծիւներէն էր Անդրանիկ, որ դարձաւ հայ ժողովրդի Ազատութեան Արծիւը՝ միշտ պատրաստ, միշտ անձնազոհ, միշտ կամաւոր: Ծնած եմ այս երկրին մէջ,- ըսաւ բանախօսը,- քաղաքացի եմ այս երկրին, մէկ զինուորը անոր բանակին, եւ ոչ ոք կրնայ յանդգնիլ կասկածի տակ դնելու իմ հայրենասիրութիւնը: Գտնուելով այդ հանգամանքներուն մէջ, ես կը համարձակիմ յայտարարելու, թէ Անդրանիկ աւելի մեծ մարդ մըն էր քան Ուաշինկթըն: Այդ յայտարարութիւնը կ'ընեմ ես լաւ կերպով ուսումնասիրած լինելով երկու հերոսներու կեանքը, անոնց ստացած դաստիարակութիւնը, անոնց միջավայրը, բնական, ֆիզիքական, ցեղագրական, եւ այն անհաւասար կռիւները, զորս անոնք մղեցին: Կապիտանը շատ արդարացի եւ դառն նկատողութիւն մը ըրաւ իր ուղերձին մէջ, դիտել տալով, որ այն մարդը, որ կռուած էր մէկէ աւելի դրօշներու ներքեւ յանուն ազատութեան, յանուն ճերմակ քաղաքակրթութեան, չէր գտնուեր հայրենի հարազատ դրօշը մը հովանւոյն ներքեւ:
Ամփոփելով իր խօսքերը՝ գլխապետ Շիշմանեան թելադրեց հայ մայրերուն եւ հայրերուն, որ իրենց զաւակներուն սորվեցնեն Ադրանիկի պատմութիւնը, եթէ կ'ուզեն ամերիկեան լաւ քաղաղաքացիներ պատրաստել անոնցմէ, որովհետեւ ըսաւ բանախօսը, Անդրանիկ ամբողջ 35 տարիներ գործեց, կռուեցաւ յանուն այն սկզբունքներուն, որոնց համար այս երկրի նախահայրերը կռուեցան 15 0տարիներ առաջ, եւ որոնց պաշտպանութեան համար ան կը զինուի ու կը պատրաստուի ամէն օր անցնող օրուընէ աւելի: Ապա կոչ ըրաւ ներկաներուն, որ վերջ տան ներքին բաժանումներուն, ստեղծեն միացեալ ճակատ մը, հետեւին Անդրանիկի առած քայլերուն, շարունակեն անոր կիսատ ձգած գործը, մինչեւ վերջնապէս կանգնեցնեն Հայաստանի անկախութեան շէնքը:
«Ազատն Աստուած» երգէն յետոյ՝ խօսեցաւ պ. Պոնափարթեան, որ 1915-էն մինչեւ 1919 գործեց Անդրանիկի հետ կովկասեան ճակատին վրայ:
Պ. Պոնափարթեան ամփոփ կերպով ըրաւ հանգուցեալ հերոսի կենսագրականը: Տուաւ միայն այն գլխաւոր կէտերը, որոնք մղոնաքարերը կը կազմեն հերոսի կեանքի զարգացման: Ամենէն առաջ շեշտեց, որ Անդրանիկը ի բնէ օժտուած էր երեք առաւելութիւններով, որոնք հազուադէպօրէն այնքան գեղեցիկ կերպով կը միանան մէկ անձի վրայ. երկաթեայ մարմին մը, առիւծի սիրտ մը, եւ ռազմիկի մը ուղեղը: Ապա թուեց այն արտաքին ազդակները, որ նպաստեցին Անդրանիկի ապշեցուցիչ բարձրացման: Յիշեց Քիպարեան քահանան եւ պ. Պարոյրը, որոնք եղած են իր առաջին յեղափոխական ուսուցիչները Շապին Գարահիսարի մէջ, ապա՝ Պոլսոյ կեանքը, փախուստը դէպի Ռումանիա, ուր կը ծանօթանայ «Ազատութեան Ճանապարհի»ի զինուորներուն, կը միանայ անոնց, իբրեւ հասարակ զինուոր Վազգէնի խմբին հետ կը մտնէ Հայաստան, կ'անցնի Տարօն-Տուրուբերանի շրջանը, ուր կը հանդիպի այն օրերու սարերի առիւծ Աղբիւր Սերոբին:
Ապա՝ բանախօսը թուեց հանգուցեալի կեանքի ու գործունէութեան գլխաւոր գծերը, որոնք շատ ծանօթ են ընթերցողներուն, եւ այդ պատճառով անտեղի կը գտնեմ անոնց վերյուշը այս առիթով:
Խօսքը ուղղելով ներկաներուն, պ. Պոնափարթեան ըսաւ.
«Ձեզմէ շատ շատեր մեղադրած ու հայհոյած են հանգուցելոյն ու իր զէնքի ընկերներուն, զանոնք պատճառ բռնելով հայկական կոտորածներուն: Կոտորածները տեղի պիտի ունենային, Անդրանիկ ու իր ընկերները զէնքի դիմէին կամ ոչ: Ծրագրուաղ բան էր այդ. մենք չէինք թափանցեր այդ ծրագրի էութեան: Անդրանիկ ու իր ընկերներ զէնքի դիմեցին փրկելու այն,ի նչ որ կրնային այդ ծրագրի գործադրութենէն: Այդ ծրագիրը տակաւին կը մնայ՝ թուրքերու ծրագիրը: Հայերէ շատեր կ'ուզեն անգիտանալ այդ գոյութիւնը երբեմն յանուն քրիստոնէութեան, այժմ կոմունիզմի, բայց ես վստահ գիտեմ, որ եթէ թուրքը դաւանի քրիստոնէութիւնն ալ, զինուրագրուի կոմունիզմին ալ, ձեռք պիտի չքաշէ հայութիւնը բնաջնջելու ծրագրէն: Որքան կը վերաշինեն Հայաստանը թո՛ղ վերաշինեն, եթէ այդ վերաշինութիւնը պաշտպանուած չէ, հայ երկիրը դարձեալ քար ու քանդ պիտի լինի, հայ ժողովուրդը դարձեալ պիտի կոտորուի: Ջարդի ծրագիրը հրամայական է թւորք-թաթարներու համար: ԱՅդ ծրագրի գործադրութիւնը կրնայ արգիլուիլ միայն Անդրանիկի ընտրած ճանապարհով, հայ ժողովրդի ինքնապաշտպանութեան տալով անհրաժեշտ ուղադրութիւն. ինչպէս երէկ, նոյնպէս այս օր հայ ժողովրդի գոյութիւնը կը պահանջէ զինուորական պատրաստուլիւն, զինուորական պատրաստութիւն, դարձեալ զինուորական պատրաստութիւն:
Ապա՝ խօսքն անմիջապէս ուղղելով ներկաներուն, պ. Պոնափարթեան ըսաւ.-
«Ձեր ներկայութիւնը այստեղ կ'ենթադրէ, թէ դուք կը հաւատաք անոր գաղափարին, կը գնահատէք անոր կեանքի գործը. ուստի, պէտք է գիտնաք, որ եթէ Զօր. Ադրանիկը մեռած է, կ'ապրի անոր գործը, հայ ժողովրդի գոյութեան պաշտպանութեան գործը. եթէ կը հաւատաք զօրավար Անդրանիկին, դուք պէտք է այսօրուընէ իսկ լծուիք անոր կիսատ ձգած մեծ գործին, եւ այդ նպատակին համար ան առաջարկեց կազմել «Անդրանիկ Ֆոնտ» մը, որուն հասոյթով հերոսի անուան նուիրուած զինուորական վարժարան մը հիմնուի Հայաստանի մէջ»:
Պ. Պոնափարթեան վերջացուց իր խօսքերը, յայտարարելով, որ Անդրանիկի ուխտի ընկերները չեն կրնար ետ դառնալ իրենց ճանապարհէն. անոնք պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը մինչեւ հասնին մեծ օրուան, երբ Հայաստան վերջնականապէս կը դառնայ ազատ ու անկախ:
* * *
Բանախօսութիւններէն յետոյ ամերիկեան բանակի սպաներէն մէյճըր Լէյմըն զինուորական յարգանք ընծայեց:
Հանգիստի փողը փչեց պ. Պօղոս Պօղոսեան:
Արարողութիւններէն ետք, մարմինը վերադարձուեցաւ պահարանը, ուր պիտի մնայ մինչեւ լրանան անհրաժեշտ կարգադրութիւնները զայն Բուլգարիա, ապա Հայաստան փոխադրելու:
Հանգուցելոյն բաղձանքն է եղեր փոխադրուիլ Հայաստան, իսկ եթէ արգելքներ յարուցուին՝ Բուլգարիա կամ Երուսաղէմ:
Վրէժխնդիր հերոսի վերջին խօսքերէն մին եղած է հետեւեալը.-
«Մահուան համար ես չեմ ցաւիր, կը ցաւիմ որ անով թւորքերը պիտի ուրախանան»:
* * *
Յուղարկաւորկաան հանդէսին, համաձայն տեղական թերթի մը, կը մասնակցէին մօտ 10,000 հոգի, 1000-1500 օթօմօպիլներով:
Ի պատիւ գաղութահայութեան պէտք է յիշել, որ գրեթէ ամէն ոք ներկայ էր Ֆրէզնոյի եւ անմիջական շրջակայքէն:
Ֆրէզնոյի հայ առեւտրականները ու գործարանատէրերը դադրեցուցած էին իրենց աշխատանքները:
Սան Ֆրանսիսկոյէն, Լոս Անճէլըսէն հարիւրներով հայեր – ամէն հոսանքէ – եկած էին իրենց վերջին յարգանքն ընծայելու մեծ հերոսին:
Ֆրէզնօ քաղաքին կողմէ ներկայ էին քաղաքապետ Սըտըրլէնտ, ոստիկանապետ Ոսւսկըր եւ այլ պաշտօնատարներ:
Ներկայ էր Ամերիկեան Լիճընի մէկ ներկայացուցիչը եւ բրիտանական սպաներէն կապիտան Տոլթըն: Նիըր Իստ Րիլիֆի կողմէ ներկայ էր պ. Իընկլու, Սան Ֆրանսիսկոյէն:
* * *
Դագաղին վրայ դրուած էին բազմաթիւ պսակներ, որոնց մէջ աչքի կը զարնէին Սան Ֆրանսիսկոյի «Մասիս» ակումբի կոտրած անիւը, գիշերուան ժամը 11.30-ին կանգ առած ժամացոյց մը, Կարմիր Խաչ խորհրդանիշը: Բայց ամենուն կը տիրապետէր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Զինանշանը – դրուած հրամանատար Սմբատի կողմէ յանուն Հ. Յ. Դ. Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէի:
Զինանշան պսակը բանուած էր անթառած ծաղիկներով – ֆոնը՝ մուգ կարմիր, բահը՝ կանաչ, դաշոյնը՝ կարմիր, գրիչը՝ ոսկեգոյն, դրօշը սպիտակ:
Զինանշանին վերեւ՝ ոսկեգոյն տառերով բանուած էր «ԱՆՄԱՀ ՀԱՅԴՈՒԿԻՆ»:
«Հայրենիք», Պոսթոն. Թիւ 4674 |
Հ. Յ. Դաշնացկութեան դրած պսակը մեծ ուշադրութիւն գրաւեց բոլորէն, անգամ օտարներէն:
Քաղաքի թերթերէն Ֆրէզնօ Րիփըպլիքըն անոր նկարը հրատարակեց իր նոյն օրուան թիւով:
Հ. Յ. Դաշնակցութեան կողմէ՝ յուղարկաւորութեան կը մասնակցէին հրամանատար Սմբատ, իբր ներկայացուցիչ Հ. Յ. Դ. Ամերիկայի կեդր. կոմիտէին, («Հայրենիք»ի ներկայացուցիչը՝ ընկ. Մ. Համբարձումեան հարկադրուած էր մնալ Լ. Անճէլըս), Կալիֆ. շրջանի ընկերներուն կողմէ՝ Արսէն Միքայէլեան եւ Յաբէթ Նշիկեան, Լոս Անճէլըսի կոմիտէին կողմէ Ֆէրահեան, Ռշտունի, Խաչատրեան, Պ. Ճուլեան, Մ. Բորանեան եւ բազմաթիւ այլ ընկերներ, Սան Ֆրանսիսկոյէն Պարտիզեան, Մարտիկեան, Ալօեան, Մանուկեան եւ ուրիշներ, Րիալիէն Ասլանեան եւ ուրիշներ:
Ներկայացուցիչներ ունէին նաեւ Հ. Յ.Դ.-եան Թըրլաքի, Լոն Սթարի եւ միւս կոմիտէները:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը նոյն օրն իսկ լոյս ընծայեց բացառիկ թիւ սովորականէն 1500 թիւ աւելիով: Բոլորը ցրուեցան հասարակութեան ձրիաբար:
«Ասպարէզ»ի վարչութիւնը մեծ քանակութեամբ ամերիկեան եւ հայկական դրօշակներ բաշխեց յուղարկաւորներուն, որոնք անոնցմով զարդարեցին իրենք կառքերը:
* * *