Անմահ յեղափոխական Անդրանիկը մեռաւ: Իր մահուան քառասունքը դեռ չեղած, մեր հակառակորդներն սկսան իրենց սովորական վայնասունը բարձրացնել: Այդ տարրերը, որոնք երբեք Անդրանիկի գաղափարականութեան չեն հաւատացած, որոնք մեծ հերոսի կռիւներն ու խոյանքները միշտ ալ դատապարտած են, քարեր կը նետեն մեր հասցէին:
Անդրանիկի անունը կը շահագործէք, կը յայտարարեն անոնք:
Անդրանիկի համար ձեր թափած արցունքները կեղծ են, կը զառանցեն ուրիշներ:
Անդրանիկի մահն ու յուղարկաւորութիւնը դաշնակցականներու մօտ դարձած է պորպագանդայի անսպառ նիւթ, զանազան մութ անկիւններու մէջ կը փսփսան մեր հակառակորդները:
Տեղի ունեցած է շատ պարզ եւ բնական դէպք մը:
Հայ ժողովրդի լաւագոյն զաւակներէն մին մեռած է հոս, այս օտար երկնքի տակ: Այդ հերոսը, սկսած 1897 թուէն մինչեւ 1917 թուականը եղած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան անդամ եւ կռուած է վերջինիս դրօշակին տակ եւ դաշնակցական ընկերներու կողքին: Անդրնաիկ ղեավարած է դաշնակցական կռիւներէն եւ հերոսական պայքարներէն շատեր: Դաշնակցութեան դրօշին տակ կռուած է Սասնոյ լեռներուն մէջ, վարած է Սասնոյ ապստամբութիւնը, ղեկավարած է Առաքելոց Վանքի, Շամիրամի եւ այլ բազմաթիւ ընդհարումներ: Ան մասնակցած է Դաշնակցութեան գերագոյն ժողովներուն: Անոր առաջարկով Պուլկարիոյ մէջ հիմնուած է զինուորական վարժարան մը: 1914 թուին, երբ ան մեկուսացած էր քաղաքական կեանքէն, Հ. Յ. Դաշնակցութեան Արեւելեան Բիւրօի մէկ հեռագրի հիման վրայ կը շտապէ Կովկաս եւ կ'ստանձնէ կամաւորական առաջին բանակի հրամանատարութիւնը՝ Սեպուհի, Սմբատի, Քեռիի եւ շատ մը ուրիշ հին ընկերներու հետ միասին:
Անդրանիկը, ինչպէս ըսինք, մեռաւ այս օտար հորիզոններուն տակ: Իր նախկին ընկերները փափաք յայտնեցին իրենց վերջին յարգանքը տալ այդ մեծ հերոսին: Դաշնակցականները բաղձացին՝ Հայ ժողովրդի բոլոր խաւերուն հետ միասին, լալ այդ սիրելի հերոսի մահը: Մեր այս շատ տարրական եւ բնական պահանջը մերժուեցաւ: Պահպանողական եւ հակադաշնակցական տարրերն ամէն կերպ ջանացին հեռու պահել մեզ թաղման եւ յուղարկւորութեան արարողութիւններէն: Անոնց յայտնի եւ գաղտնի գործունէութեան ամբողջական պատկերը երեւան հանելու ատենը չէ այսօր: Երբ ատենը գայ, մենք պարտաւորուած պիտի ըլլանք խօսելու:
Դաշնակցութիւնը Անդրանիկի յուղարկւորութեան ներկայացուցիչ չպէտք է ունենայ, եղաւ մեր հակառկորդներու նշանախօսը: Անոնք մոռցան մեռելն ւո անոր յիշատակը, անոր անունն ու գործունէութիւնը եւ իրենց ամբոջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին Դաշնակցութեան վրայ:
Մեր հակառակորդներու նպատակն էր Անդրանիկի յուղարկւորութիւնը կատարել պատուելիներով եւ աղաներով, առանց քաղաքական եւ զինուորական պատիւներու: Անոնք կամեցան երկրորդ անգամ մեռցնել Անդրանիկը:
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կրկին անգամ բողոքեց: Իր պահանջն էր Անդրանիկի յուղարկւորութեան տալ համազգային, յեղափոխական եւ զինուորական բնոյթ: Տեղի ունեցաւ Անդրանիկի անուան համապատասխան յուղարկաւորութիւն մը: Անգամ ամերիկացիները պատկառանք ունէին իրենց դէմքերուն վրայ՝ հայ զօրավարի մը յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուելով:
Անդրանիկն ու իր գաղափարները նորէն վերապրեցան: Իր սիրելի կամաւորներն ու մեծ պատերազմին մասնակցող հայ զինուորները եղան իր դագաղակիրները: Կացութիւնը փրկուած էր: Ատոր համար հայ հասարակութիւնը երախտապարտ պիտի ըլլայ Տարօնցի հրամանատար Սմբատին: Այսօր ալ մեր հակառակորդ մամուլը սկսած է արշաւանք: Ռամկավարներու պաշտօնաթերթ Պայքար, փոխանակ Անդրանիկի կեանքի եւ գործունէութեան շուրջ գրելու, եւ հայ հերոսի կենսագրութիւնը տալու, արտատպումներ կ'ընէ Անդրանիկի Դաշնակցութեան դէմ գրած յօդուածներէն:
Հոս ալ, Քալիֆորնիոյ այս հեռաւոր ափերուն վրայ թառած քանի մը փետրաթափ կարմիր հաւեր, Սեպուհի, Սմբատի, Պօնափարթեանի թափած արցունքները կեղծ կ'անուանեն, իբրեւ թէ իրենք աւելի շատ կը սիրեն եղեր Անդրանիկը, քան տասնեակ տարիներ իր կողքին կռուող հերոս զինակիցները:
Մեր հակառակորդները ճէնթըլմէններ չեն, այդ մենք գիտէինք: Անդրանիկի մահը եկաւ հաստատելու մեր կարծիքը:
Երբ Ամերիկայի մեծագոյն նախագահներէն մին՝ Ուիլսըն, մեռաւ, իր բոլոր հակառակորդները՝ Րիփըպլիքըն թէ Տեմոքրաթ, իրենց գլխարկները վար առին՝ իրենց վերջին եւ անկեղծ յարգանքը մատուցանելու Ամերիկեան ժողովրդի մեծագոյն զաւակներէն մէկուն մահուան առթիւ: Յարգանք մատուցանողներուն մէջ շատերը կային, որոնք խորագոյն քննադատութեան ենթարկած էին Ուիլսընի վարած քաղաքականութիւնը, բայց անոր շիրիմին առջեւ, բոլորն ալ ծնկաչոք՝ ընդունեցին անոր մեծութիւնը:
Այս ասպետական ոգին, կը խոստովանինք, կը պակսի մեր հակառակորդներուն մէջ: Հ. Յ. Դաշնակցութեան դրօշին տակ գնտուած բոլոր ընկերները՝ Քալիֆօրնիայէն մինչեւ Իսթ, Ֆրանսայէն մինչեւ Եգիպտոս եւ մինչեւ Պարսկաստան ու Հայաստան, պահ մը մոռցած իրենց եւ Անդրանիկի միջեւ եղած տարակարծութիւններն ու անհամաձայնութիւնները, գլխարկ վերցուցին իրենց սիրելի ընկերոջ թարմ շիրմին առջեւ եւ իրենց անկեղծ յարգանքը տուին անոր յիշատակին: Այս յարգանքը սրբազան պարտականութիւն մ'է բոլոր կրթուած եւ լաւագոյն զգացումներ ունեցող մարդկանց համար... եւ ոչ թէ շահագործում:
Մենք, որ վեց-եօթ տարի ընդհարուած ենք եղեր Անդրանիկի մտածողութեան եւ գաղափարներուն հետ, իրաւունք չունինք յարգանք մատուցանելու հերոսի յիշատակին, իսկ անոնք որոնք քսան եւ աւելի տարիներ հայհոյած են Անդրանիկի կռիւներուն, ասպետական մաքառումներուն եւ հերոսական մարտնչումներուն, աւելի իրաւունք ունին եղեր ողբալու ու լալու՝ յեղափոխական Անդրանիկի մահը:
Իբրեւ վերջին խօսք կը յայտարարեն որ մեր անկապտելի իրաւունքն էր եւ ընկերական պարտականութիւնը՝ ողբալու մեր ընկերոջ մահը եւ մեր յարգանքը մատուցանելու Հայ ժողովրդի մեծագոյն հերոս Անդրանիկի յիշատակին: