30 August, 2022

ԱՆԴՐԱՆԻԿ

«Կը մարին մէկ-մէկ, հեռու հայրենիքէն եւ անոր փոթորիկներէն, ինչպէս հասարակ մահկանացուներ...

Օգոստոս 30-ին անդարձ բաժնուեցաւ Անդրանիկն ալ, օտար ափերու վրա, հեռաւոր Կալիֆորնիոյ մէջ:

Ամիսը լրացաւ, եւ սակայն ամէն շրթունք իր անունը կը թոթովէ խոր կսկիծով, Խաղաղականի ափերէն մինչեւ Միջագետքի աւազուտքը, Բալկանեան լեռներէն մինչեւ Փարիզի շքեղաշուք պողոտաները:

Շատ ենք ունեցեր հերոսներ եւ հերոսական մահեր: Աւելի մեծ դէմքեր քան Անդրանիկը, որ բաղդատաբար նոր էր ամբողջ փաղանգի մը մէջ: Բայց մինչեւ ուրիշները ինկան հայրենի լեռներու անմատչելի բարձրունքներուն վրա, գրեթէ անծանօթ աշխարհին ու ամբոխին, Անդրանիկ պատեհութիւն ունեցաւ իր ամեհի կերպարանքը ցուցնելու եւ իր փառքը պտտցնելու երկրէ երկիր: Իր անունը արձագանգեց ամէն երկնքի տակ, ինչպէս իր կռիւներուն որոտը: Աննման եւ հերոսական սերունդի մը մէջ, թերեւս միակ բախտաւորն էր որ «աշխարհ տեսաւ», հայհոյելով հանդերձ աշխարհի բոլոր երջանիկներուն:

Ծնած 1865-ին, Շապին Գարահիսարի մէջ, որուն քարաժայռերէն ըմբոստութիւն եւ յանդգնութիւն կը ծորի, Անդրանիկ Օզանեան պատանեկան հասակէն կը նետուի յեղափոխութեան ալիքներուն մէջ: Թուրքի մը անարգանքին առթիւ հօրը վրէժը լուծելով, կը դառնայ փախստական, կանցնի Պոլիս, յետոյ Կովկաս, Հայաստան մեկնելու եւ «հայդուկ»ներուն միանալու հաստատ առաջադրութեամբ: Զանազան արկածներէ յետոյ, կը յաջողի Սասուն բարձրանալ, ուր իբրեւ զինւոր կը մտնէ Աղբիւր Սերոբի խումբին մէջ:

Ա՛յդ օրէն կը ծագի իր աստղը: Իբրեւ յանդուգն յեղափոխական եւ բնածին ռազմավար, շուտով կը դառնայ տիրական դէմք մը: Երբ Աղբիւր Սերոբ կը մատնւի եւ կը նահատակւի, երիտասարդ Անդրանիկ անլուր ցասումով լեցւած, կիջնէ դաւաճանին գիւղը, Գեղաշէն, եւ մինչեւ եօթը պորտը կոչնչացնէ մատնիչին ընտանիքը:
Այնուհետեւ կը դառնայ ռազմական վարիչը յեղափոխական խումբերուն, եւ կը մղէ կռիւներ, որոնք ճշմարիտ ահաբեկման ենթարկեցին շրջանի թուրքերն ու քիւտերը.

«Քիւրտ եւ Տաճիկ երբ լսեն քո անունը...»

Ֆէտայիներու սարսափը կը տարածուի լեռ ու ձոր, և կառավարութիւնը կը հարկադրւի ամբողջ զօրագունդեր շարժման մէջ դնել, գտնէ Անդրանիկը գերի բռնելու համար: Դաշնակցութեան շունչը և ազատութեան ծարաւը կը տասնապատկէին հայդուկներուն կորովը: Ինըհարիւրական թւականներուն, Մուշ, Առաքելոց վանքին մէջ, Անդրանիկ իր ընկերներով կը պաշարւի քանի մը հազարնոց բանակէ մը, որ բռնած էր ամբողջ ձորը: Ձիւն-ձմեռը, համաճարակն ու ափ մը «ֆէտայի»-ներուն ռազմական խաղերը կը յոգնեցնեն և կը հնձեն թշնամի բանակը: Թուրքը ճարահատ բարձրաստիճան սպայ մը կը ղրկեն վանքին մէկ խցիկը, «Անդրանիկի ղուլէ»-ն: Սպան ծունկի կուգայ հերոսին առջև և կը խնդրէ հեռանալ երկրէն»...

Մեղքնալով վանքին մէջ պատսպարւած որբերուն, որոնք սնունդէ պիտի զրկւէին, և տեղի տալով վանահօր աղաչանքներուն, Անդրանիկ սաւաններ փաթթել կուտայ իր բոլու զինւորներուն, որպէսզի ձիւնին հետ շփոթւին, և գիշերանց, թուրք բանակին ցանցը ճեղքելով, բոլորն անվնաս կը չւեն դէպի Սասուն: Առտուն, թշնամին ի զուր որսին կը սպասէր...

Պատահաբար կը յիշենք այս դրւագը, հազարէն մէկը, այն ալ առաջին շրջաններէն:

Անկարելի է, այսպէս թռուցիկ, քանի մը հարեւանցի տողերու մէջ, պատկերացնել այն երեսնամեայ դիւցազնամարտը որ սար ու ձոր թնդացուց եւ ամբողջ երիտասարդութիւն մը ներշնչեց: Իր անդարմանելի կորսուստին առթիւ, կուզէինք ըսել թէ, Անդրանիկ մինչեւ վերջ մնաց անողոք ըմբոստ մը եւ արի արանց ռազմիկ մը, որուն միակ դաւանանքը կռիւն էր: Միշտ պատրաստ՝ կուսակցութեան հրահանգին, յանդուգն եւ անվհատ, ան չէր հաւատար Թուրքերու բարեկամութեան եւ տեսակ մը դառնութեամբ էր որ զէնքը վար դրաւ 1908-ին, Օսմ. Սահմանադրութեան առթիւ: Բալկանեան պատերազմին, նորէն առաջին գիծերուն վրա էր. իսկ 1914-ին, Մեծ Պատերազմին, մէկ հրամանի վրայ, Պուլկարիայէն կանցնի Կովկաս, իր տեղը գրաւելու կամաւորական գունդերուն մէջ:

Տարիներու դառնութիւնն ու իր ֆիզիքական տառապանքները, աստիճան մըն ալ՝ իր անզուսպ եւ կրքոտ խառնւածը եւ անարժան խորհրդատուներու փսփսուքները, վերջին շրջանին, զինքը մղեցին կարգ մը սայթաքումներու, այն աստիճան որ, ինքն իրեն քէն ըրաւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հետ, եւ նոյնիսկ ի խորոց սրտի վիրաւորեց իր զէնքի եւ գաղափարի ընկերները, որոնց գլխաւորները նոյն ճամբուն վրա մեռան, իրմէ շատ առաջ... Բայց մինչեւ վերջն ալ, իր ծանր վրիպումները քննադատելով հանդերձ, ոչ մէկ ընկեր ինքն իրեն թոյլ տւաւ վիրաւորել զինքը կամ ուրանալ իր արժէքը: Գրեթէ մինակ էր, 1919-էն ի վեր, շրջապատւած օտարոտի տարրերով, որոնք ոչինչ կը խօսէին իր հոգիին: Եւ երբ իր մահւան գոյժը հասաւ, ամէնէն առաջ իր ընկերներն էին որ լացին իրենց սրտին խորէն, որովհետեւ, ամէնէն աւելի անոնք զգացին կորուստին ծանրութիւնը: Ա՛յդ կապացունեն իր վերջին խոսքերն ալ:

-«Կը մեռնիմ կիսատ ձգած իմ գործս»:

* * *

Հերոսին յուղարկաւորութիւնը կատարւեցաւ Սպետ. 7-ին, Ֆրէզնոյի մէջ, մասնակցութեամբ տասը հազար ժողովուրդի: Հ.Յ.Դ. Ամերիկայի Կենդր. Կոմիտէն ոչ միայն պաշտօնական ներկայացուցիչներ ղրկած էր, այլ և ամենշքեղ ծաղկեպսակը: Հայ և ամերիկացի սպաներու կողմէ զինւորական պատիւներ եղան այս առթիւ:

Անդրանիկի մարմինը առ այժմ թաղւած է Ֆրէզնոյի գերեզմանատունը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ փոխադրել Հայաստան, համաձայն իր բաղձանքին:

«Դրօշակ» - Հոկտեմբեր 1927
Թիւ 10 (269)