Ձախին՝ Դրոյի հետ Լիբանան. աջին՝ Ռուբէն Տէր Մինասեանի հետ, Ֆրանսա, 1938 |
Արդէն քառասունքն է այն օրուան, երբ իր մահուան անակնկալ գոյժը տուաւ երէց ընկեր մը, լիբանանեան լերան մը բարձունքին, և, տակաւին, չեմ հաշտուած իր մահուան գաղափարին հետ:
Դեռ վերջերս, կուսակցական գործով Աղեքսանդրիա այցելած էր, և զինք գտած էի բարձր տրամադրութեան մէջ, կեանքով և եռանդով լեցուն: Մեզի հետ ապագայի ծրագիրներ կը մշակէր, և պատրաստակամութիւն կը յայտնէր ամէն ձեւով մեզի օժանդակելու:
Ո՞վ կրնար երեւակայել, որ ջղուտ ու թիկնեղ այդ մարդը՝ որ առանց յոգնութեան երկու ժամ անընդհատ ոտքի վրայ մնալով զեկուցում տուած էր մեզի, ազգային-կուսակցական բազմաթիւ հարցերու մասին, և հաճոյքով գոհացում տուած՝ մեր հետաքրքրութեան, պատասխանելով մեր բոլոր հարցումներուն, յանկարծ զոհ պիտի երթար հիւանդութեան մը՝ որ հազուադէպօրէն միայն մահացու է:
Գաբրիէլ Լազեանի կանխահաս մահը կը սգայ մասնաւորաբար հայ գաղափարական երիտասարդութիւնը, որուն թանկագին ուսուցիչն ու բարեկամն էր անիկա: Ան, հայ երիտասարդութեան մէջ կը տեսնէր մեր միակ յոյսն ու ապաւէնը, և ասոր համար կը ջանար անվհատ նուիրումով դաստիարակել ու կազմակերպել զայն՝ բոլոր հայ գաղութներուն մէջ, ուր առիթը կ'ունենար գործելու: Հայ ժողովուրդի գոյատեւման և Հայ Դատի հետապնդման տեսակէտով՝ անհրաժեշտ կը դատէր հասցնել գաղափարապաշտ սերունդ մը, որ երէցներու ձեռքէն առնէր հայրենիքի ազատութեան սրբազան ջահը, և ջերմեռանդութեամբ ու հաւատքով զայն փոխանցէր գալիք սերունդներուն: Այս նպատակին կը ձգտէին իր երկասիրութիւնները, նուիրուած՝ յեղափոխական դէմքերու, Հայաստանի և հայ դատին:
Գիտէինք, որ կարեւոր դեր խաղացած էր յունահայ երիտասարդութեան կազմակերպումին մէջ, բայց իր անդուլ ճիգերուն ականատես եղանք մասնաւորաբար Եգիպտահայ գաղութին մէջ: Իր ջանքերով վերակազմուեցան Հ. Յ. Դ. Երիտասարդական միութիւնները 1938ին Գահիրէի և Աղեսանդրիոյ մէջ, և անկէ ետք՝ մինչեւ այսօր յարաճուն վերելքի մէջ են: Մեր ողբացեալ ընկերը մինչև իր վերջին ժամը իր յարատեւ խնամքին ու գուրգուրանքին առարկայ դարձուց զանոնք:
Եգիպտոսի շրջանին մէջ, ուրիշ հեղինակաւոր երէցներ ալ կային՝ որոնցմէ երիտասարդութիւնը կ'ակնածէր. սակայն, յաճախ չէր համարձակեր անոնց մօտենալ: Երիտասարդութիւնը ընկեր Լազեանին կապուած էր ամէնէն աւելին: Եւ իրմէ ակնածելով հանդերձ, չէր քաշուեր երբեք իրեն դիմելու և ներկայացնելու իր դժուարութիւնները: Անվերապահ՝ կը գնահատէր և կը քաջալերէր բոլոր անոնք, որ հանրային գործին դրական նպաստ մը կը բերէին. չէր սիրեր երբեք պոռոտախօսներն ու բանբասողները:
Անսահման հաւատք ունէր հայ երիտասարդութեան վրայ, միշտ կը ջանար գործի լծել ընդունակ տարրերը, և չէր վարաներ երբեք անոնց պատասխանատու պաշտօններ վստահելու:
Անկախ իր պատասխանատու դիրքէն Հ. Յ. Դ. բարձրագոյն մարմնին մէջ, կարելի է ըսել՝ որ մեր հանգուցեալ ընկերը Եգիպտոսի շրջանի կազմակերպութեան հոգին էր և անոր մղիչ ոյժը: Իր ներկայութիւնը բաւական էր, որպէսզի մոռցուէին անձնական քինախնդրութիւնները, և տարակարծութիւնները լուծուէին հաւաքական շահի հալոցին մէջ: Իր ազնիւ եւ արդար խօսքը կը ջրդեղէր կամքը վարանոտ հոգիներուն, զանոնք հաւատքով կը լեցնէր ու կը լծէր եռանդուն աշխատանքի:
Գաբրիէլ Լազեան անզիջող էր գաղափարական գետնի վրայ սայթաքումներու հանդէպ. սակայն, անսահմանօրէն ներողամիտ էր ու բարի՝ մարդկային տկարութիւններու հանդէպ. կը ջանար ուղղել թոյլ նկարագիրները կամ իրենց անձնական կիրքերով առաջնորդուղ հոգիները:
Երբ կ'անդրադառնանք այն դերին, զոր Գաբրիէլ Լազեան կատարեց եգիպտահայ գաղութին մէջ, կարելի չէ մոռնալ նաև այն հսկայական վաստակը, որ ի՛րը եղաւ՝ իբրեւ «Յուսաբեր»ի վարչութեան գլխաւոր պատասխանատու: Հմուտ էր տպագրական գործին և գլխաւորաբար իր ջանքերուն շնորհիւ է, որ «Յուսաբեր»ի Հրատարակչականը մէկը միւսին ետեւէ բազմաթիւ արժէքաւոր գործեր լոյս ընծայեց:
Գաբրիէլ Լազեան (աջին) «Յուսաբեր»ի տպարանին մէջ, Գահիրէ |
Հարկ է ըսել, որ մեր ողբացեալ ընկերը վարչական և կազմակերպական բացառիկ ձիրքերով օժտուած էր, և բոլոր այն գաղութներուն մէջ՝ ուր առիթը ունեցաւ գործելու, բացառիկ իր նպաստը ընծայեց հանրային կեանքի կազմակերպումին մէջ: Եգիպտոսէն զատ՝ Յունաստան, Ֆրանսա և ուրիշ գաղութներ, ուր որ հայ կեանքը կ'ալեկոծի, Լազեան իր կառուցողական աշխատանքը կատարեց՝ պարզութեամբ, համեստութեամբ, լուռ և անշահախնդիր կերպով, միշտ մտասեւեռում ունենալով հանրային շահը:
Գաբրիէլ Լազեան այն նուիրեալներէն էր, որոնք, մոռցած՝ անձնական շահ, տուն և ընտանիք, հայ ժողովուրդին ծառայելու տենդէն միայն վարակուած են: Իր մեծութիւնը՝ իր նուիրումին մէջ էր: Եւ այդ նուիրումը սահման չէր ճանչնար: Հանրային գործի հետապնդումին մէջ որ և է աշխատանք չկար (որքան ալ համեստ ու անվայել՝ իր դիրքին) որ խրտչեցներ զինք, եթէ միայն համոզուած ըլլար՝ թէ այդ աշխատանքէն հանրային գործը օգուտ պիտի ապահովէ: Մեր քոյր միութիւններէն որ և է մէկուն պարզ մէկ անդամը կրնար հեռաձայնով ոևէ յանձնարարութիւն ընել իրեն և ինք սիրով զայն կը կատարէր:
Գաբրիէլ Լազեան, իբրև հանրային գործիչ՝ մօտ քառասուն տարի ծառայեց հայ ժողովուրդին, ծառայեց հոգիո՛վ և սրտո՛վ, խօսքո՛վ և գրչո՛վ. և հրապարակագրի իր վաստակը նոյնքան արժէքաւոր է՝ որքան իր կատարած դերը, իբրև կազմակերպող ու գործիչ:
Հայ մամուլը ընդհանրապէս, մասնաւորաբար՝ Աթէնքի «Նոր Օր»ը, ապա՝ Գահիրէի «Յուսաբեր»ը, լայն տեղ տուին իր կշռուած, փաստացի և հայու խոր ապրումով գրուած յօդուածներուն:
Ազգային-կուսակցական մեր կեանքի այլազան երևոյթներու մասին իր դատումները միշտ առարկայական էին և փաստերու յենած: Աժան հռետորութեան կամ կրքոտ հրապարակագրութեան մարդ չէր երբեք:
Պարզ, անսեթևեթ ոճով կը ներկայացնէր իր գաղափարները, աշխատելով իր ընթերցողները համոզել տրամաբանական տուեալներով վերլուծելով միշտ դէպքերն ու երևոյթները՝ հայկական շահերու լոյսին տակ:
Անվերապահ ջատագովն էր քաղաքականութեան մը, որ առաջին գծի վրայ նկատի կ'ունենար հայ ժողովուրդի անխախտ հաւատարմութիւնը՝ ասպնջանական արաբ ժողովուրդներու և անոնց կառավարութեանց հանդէպ, և կ'առաջարկէր գործնապէս օժանդակել անոնց վերելքին:
Այդ ուղղութեամբ բազմաթիւ յօդուածներ գրեց, խարանելով գաղթի շարժումը՝ դէպի հեռաւոր երկիրներ և յորդորելով հայ երիտասարդութեան՝ հաստատ մնալ արաբական երկիրներու մէջ և գործօն մասնակցութիւն բերել այդ երկիրներու կառուցողական ճիգերուն:
Լազեան անհաշտ պայքար մղեց նաև համայնավարութեան դէմ, որովհետև համայնավարութեան մէջ կը տեսնէր այն ճիւաղը՝ որ ստրկացուցած էր մեր հայրենիքը և անոր թոյլ չէր տար շնչելու. նաև՝ այն ճիւաղը, որ կ'աշխատէր ոգի ի բռին պառակտել մեր գաղութները և զանոնք վերածել խայտաբղէտ խուժանի մը:
Քառասուն տարի, Գաբրիէլ Լազեան մղեց այդ պայքարը՝ հայ ժողովուրդի ներքին և արտաքին թշնամիներուն դէմ: Անոր խիզախ ոգին չվախցաւ երբեք բոլոր սադրանքներէն:
Համայնավարութեան և անոր վարձկան ուղեկիցներու յուսահատ ճիգերը՝ իր անձը վարկաբեկելու՝ անկարող եղան իր հոգիին խաղաղութիւնը պղտորելու: Գիտէր, թէ հայ իրականութեան մէջ պայքարը՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի սրբազան իրաւունքներուն՝ տատասկոտ և արիւնոտ ճամբայ մըն է, որ իր զինուորեալներուն կը բերէ տաժանք և դառնութիւն: Գիտէր, թէ հայ իրականութեան մէջ հանրային մարդը պարտի տոկալ թէ՛ նիւթական զրկանքին և թէ՛ բարոյական հալածանքին: Բայց, Գաբրիէլ Լազեան – Անձնուէր գործիչը – սիրով յանձն առած էր ամէն զոհողութիւն, և մեռաւ պարտականութեան գլուխ, երբ տակաւին շատ պէտք ունէինք իր նուիրուած ու մեթոտիկ աշխատանքին. իր նկարագրի զօրութեան և իր փորձառութեան:
Հայ ժողովուրդը և Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իրմով կորսնցուցին իրենց երախտաշատ զաւակներէն մին:
Ինծի համար ցաւ եղաւ, որ հեռաւորութեան պատճառաւ առիթը չունեցայ իր դագաղին հետևելու և յարգանքի վերջին տուրքս տալու՝ իր անշունչ մարմնին:
Թող այս քանի մը կցկտուր խօսքերը բուռ մը խունկ ըլլան անձնուէր գործիչի անթառամ յիշատակին: