19 September, 2022

Արարա

Անծանօթ անուն մը աշխարհագրութեան մէջ, փոքրիկ հողաբլուր մը՝ ինկած Պաղեստինի խորքը, որու գոյութիւնը, ասկէ քսան տարի առաջ ոչ միայն քաղաքակիրթ մարդկութիւնը կ'անգիտանար, այլեւ բիբլիական աշխարհի բնակչութիւնը:

Բայց այսօր պատկերը բոլորովին ուրիշ է:

Արարա անունը ունի իր փառաւոր անցեալը, ան դարձեր է մեծ պատերազմի կարեւոր մէկ էջը, օսմանեան կայսրութեան փլուզումը աւետող: Ան Մերձաւոր Արեւելքի ժողովուրդներու վերածնունդի եւ քաղաքական ու ազգային անկախութեան խորհրդանշանն է: Վերջապէս Արարան՝ քաղաքակիրթ մարդկութեան յաղթանակն է ասիական բարբարոսութեան դէմ:

Ի՞նչ է պատճառը, որ հայ ժողովուրդը ամէն տարի կը տօնէ Արարայի յաղթանակը:

Համաշխարհային պատերազմը առ երեսս մղուեցաւ յանուն արդարութեան եւ ճնշուած ժողովուրդներու ազատագրութեան:

Ոչ մէկ ժողովուրդ այնքան իրաւունք չունէր արդարութեան եւ ազատութեան, որքան հայ ժողովուրդը, որ դարեր շարունակ պաշտպանած էր եւրոպական քաղաքակրթութիւնը ընդդէմ ասիական վանդալներու, եւ այդ անհաւասար պայքարի մէջ, զոհ էր տուեր իր բարձր քաղաքակրթութիւնը եւ ազգային անկախութիւնը: Եւ հայ ժողովուրդը հաւատաց աշխարհի մեծերու պղատոնական խոստումներուն եւ առանց դրական երաշխաւորութեան՝ գլխովին ու անվերապահ կերպով նետուեցաւ կռուի դաշտը:

Հայ արիւնը սկսաւ հոսիլ Դաշնակիցներու բոլոր ճակատներուն վրայ: Ըստ օրէնքի տրուած զինուորներէն դուրս, հայ ժողովուրդը տուաւ նաեւ հազարաւոր կամաւորներ կովկասեան ճակատին եւ ֆրանսական բանակին: Ամէն հայ բռնուած էր ազատութեան սրբազան տենդէն: Եւ մեր ժողովուրդը իր ողջակիզումի մէջ ոչ մէկ չափ ու սահման ուզեց ճանչնալ:

Կռիւը ճակատագրական էր մեր եւ մեր յաւիտենական թշնամու միջեւ: Բայց, դժբախտաբար, այդ օրհասական պայքարին մենք պարտուած ու յուսախաբ դուրս եկանք:

Յանցանքը մերը չէր: Անբարոյացած Եւրոպան մեզ խաբեց. ան գերադասեց իր տնտեսական ճղճիմ շահերը, իր մարդկային բարձր իտէալներէն: Յետոյ բախտն ալ մեզ չժպտաց, բոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը եկաւ անսպասելի կերպով եւ տակնուվրայ ըրաւ մեր բոլոր հաշիւները:

Անցեր են քսան տարիներ այդ սարսափելի օրերէն, եւ երբ յետադարձ ակնարկ մը ձգենք այժմ մեր այդ մօտաւոր անցելի վրայ, մեր սիրտը հպարտութեամբ կը լեցուի, որովհետեւ դարեր շարունակ մեր ճակատին նետուած վախկոտի եւ ստրուկի սեւ մուրը սրբեցինք, իսկ անոր տեղ ստեղծեցինք հերոսամարտի սքանչելի շղթայ մը, որ անջնջելի կը մնայ:

Վան, Ուրֆա, Սուէտիա, Սասուն, Գարահիսար, Դիլիման, Սարտարապատ, Բագու, Արարա, Գարաքիլիսէ ու ի վերջոյ փետրուարեան ապստամբութիւնը:

Չորս-հինգ տարուայ մէջ այսքան հերոսամարտը ոչ մէկ ժողովուրդ տուած է մեր պայմաններու մէջ:

Եւ երբ մենք կը ոգեկոչենք ամէն տարի այդ հերոսմարտերը, այդ կ'ընենք ոչ թէ անոր համար, որ ցոյց տանք թէ հերոսամարտերը իրենց նպատակին միայն կիսով չափ հասած են, թէ մեր պայքարը չէ վերջացած, թէ միայն քաղաքական պայմաններու աննպաստ դասաւորութեան հետեւանքով ստիպուած ենք դադար տալ, թէ այդ աննման խոյանքներ ունեցող ժողովուրդը ամէն վայրկեան պատրաստ է նոր պայքարներու իր ազգային թշնամիներու դէմ, մինչեւ որ հայ ազգը ապահովէ իր հայրենիքի ազատութիւնն ու անկախութիւնը:

Էջմիածնեցի
«Հայրենիք», Օրաթերթ
38-րդ Տարի, Թիւ 7412
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 1936