Չոլօն ծնած է 1878, Սասնոյ Շէնիք գիւղը: Բուն անունով Յարութիւն Աբրահամեան:
Բոլովին անգրագէտ երիտասարդը՝ չհանդուրժելով խուժդուժ վերաբերումը, զոր ունէր թուրքը մասնաւորաբար իր հայրենակիցներուն հանդէպ, կը մեկնի Կովկաս 1894-ին: Հոն կը ծանօթանայ Ազատութեան պայքարի վաստակաւոր գործիչներ Արամ Արամեանի (Թաթուլ) եւ Արմենակ Ղազարեանի (Հրայր) ու անոնց հետ կը վերադառնայ երկիր:
1898-ին, Չոլոն արդէն իսկ կը տեսնենք Սպաղանաց Մակարի խումբի մէջ: Սերոբի մահէն ետք, թուրք կառավարութիւնը կ'ուզէր ձերբակալել նաեւ Մակարը, որ ֆետայական խումբերու ականաւոր առաջնորդերէն էր:
1899-ի նոյեմբեր ամսուն երբ թրքական 200 զինւած ուժեր Պշարէ Խալիլի եւ Բակալցի աշիրէթապետի գլխաւորութեամբ կ'երթան Սպաղան, գիւղը հրոյ ճարակ դարձնելու նպատակով, Մակար, իր շուրջ ունենալով Չոլօն, Սպաղանաց Գալէն, Ակէն, Յակոն, Մանուկը, Ղազարը, Յարօն եւ շարք մը ուրիշ յեղափոխականներ, որոնք ուխտած էին Սերոբի վրէժը լուծել, անցան յարձակողականի եւ թշնամին չկարենալով դիմադրել կը դիմէ նահանջի, եւ Խալիլի խումբը կ'անցնի գետին ձախ կողմը. թշնամին կը ձգէ տասնէ աւելի սպանեալ եւ վիրաւոր: Այս կռւին մերինները զոհ տւին երկու լաւ զինւորներ՝ Պօղոսն ու Զաքարը:
Այդ օրերուն Սասունի մէջ շատ դժւարացած էր ֆեդայիներու կեանքը: Սասնոյ ժողովուրդը գիտէր, որ իր մէջ կան դաւաճաններ, որոնք դաւադրօրէն սպանել տւին Սերոբը եւ անոր ընկերները: Կը կասկածւէր մասնաւորապէս Գեղաշէնցի Աւոյէն: Ուստի, օր մը, ապրիլ ամսուն, Գէորգ Չաւուշ քանի մը ընկերներով կ'երթայ ուղղակի Գեղաշէնի Աւոյի տունը և սպառնալիքով խօստովանութիւն կը կորզէ անկէ: Ասկէ վերջն է, որ Գէորգ անխնայօրէն կը կոտորէ բոլոր անոնք՝ որոնք որևէ ձևով մասնակցած էին դաւաճանական գործերու: Ամբողջութեամբ կը քանդէ Աւոյի տունը եւ բնաջինջ կ'ընէ զայն իր ընտանիքին հետ: Ամբողջ Սասունին կը տիրէ սոսկում եւ ուրախութիւն: Ֆետայիները կը պտըտին ազատ ու համարձակ:
Սպանւելէ առաջ, Գեղաշէնի Աւօն խոստովանած էր Սասնոյ մէջ եղած բոլոր դաւաճաններու անունները:
Շէնիք գիւղը առաջին անգամն է որ դաւաճան մը ունէր իր մէջ: Այդ իրողութիւնը կը վիրաւորէր Շէնիքի Չոլոյի, Մանուկի եւ Ղազարի ինքնասիրութիւնը: Նոյն գիւղացիները երկրորդ օրն իսկ կը սպաննեն դաւաճան Կարապետը, որ Սերոբի մատնիչներէն էր:
Չոլօն ներկայ էր 1901-ի Շէնիքի պատմական ժողովին, որուն կը մասնակցէին նաեւ Անդրանիկ, Համբարձում, Մակար, Արմենակ (Հրայր), Կարնինու Մկրտիչ եւ ուրիշներ:
1904 թւին արդէն այլեւս անհնար կը դառնար խուսափիլ կռիւներէ ու շուտով կը սկսին բախումներ: Չոլօն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Կուռթիկ-Անտոք կարճ գծի շրջանին մէջ: Այս ճակատի ընդհանուր ղեկավարն էր Հրայրը, իր անմիջական հրամանատարներն էին Կորիւնը, Մուրատը, Քէատիպ Մանուկը, Աբրէն, Շէնիքէն՝ Պետրոսը, Ղազարը, Մանուկը եւ ուրիշներ:
Զինւորական Խորհուրդի որոշումով Գէորգ Չաւուշ, կ'որոշէ անգամ մը եւս դաս տալ թշնամիին, Մշոյ աշխարհին էջ: Ու ան կ'ելլէ լեռներու ծոցէն հաւաքելով իր շուրջը իր ամենէն ընտիր զինւորները՝ Սպաղանաց Մակարը, Գալէն, Չոլօն, Թարփաթողը, Ղազարը, Մանուկները, Ախօն, Աւրանայ Արամը, Մօրուք Կարօն եւ շարք մը ուրիշներ, մօտ 50 հոգի, քանի մը շեշտակի հարւածներ տալէ ետք քիւրտերու խուժանին ետ կը մղեն զանոնք:
Դուրան Բարձրաւանդակի Կեդրոնական Կոմիտէն եւ շրջանի պատասխանատու վարիչները կը մտածեն վերջ տալ կռիւներուն եւ ֆետայիները հեռացնել Տարօնէն, շրջանի վէրքերը բուժելու մտադրութեամբ. շուտով պատասխանատու վարիչները եւ ֆետայիները կը հաւաքւին Բերդակի լեռը, խորհրդակցութեան համար:
Սասունցի ֆետայիները կը պահանջեն, որ բոլորը մնան եւ կռիւը շարունակւի: Անդրանիկ կ'ենթարկւի Դուրան-Բարձրաւանդակի Կեդր. Կոմիտէի որոշման: Այդ պատճառով Սասունցի ֆետայիները ժողովը կը թողուն եւ կը մեկնին դէպի Սասուն:
Անդրանիկի եւ Գէորգի ստորագրութեամբ, յանուն Հ. Յ. Դ. Դուրան-Բարձրաւանդակի Կեդր. Կոմիտէի, կը պատրաստեն պահանջագիր, զայն հիւպատոսներուն հասցնելու մտադրութեամբ եւ 80 ֆետայիներով կը բռնեն Վանի ճանապարհը:
Կռիւ մը կ'ունենան Շամիրամի մէջ, ուր Սեպուհ իր խումբով կը միանայ Անդրանիկին, եւ Վանի ծովակի ափին նաւակներ գրաւելով՝ կը հասնին Աղթամար:
Այսպիսի փոթորկումներով կը վերջանան Սասունի ապստամբական կռիւները 14 յուլիս 1904-ին:
1914-ին պայթած առաջին համաշխարհային պատերազմը անակննկալ մը եղաւ ամբողջ հայութեան համար: Նոյն թւի փետրւար 10-ին Ռուբէն Տէր Մինասեան եւ Իսոյ Կորիւն, իրենց հետ առնելով Գոմս գիւղի կռւող ուժերը (Գեմսոյ Մելիքի եւ Մոսոյի խումբերը) Մշեցի Պզտիկ Արամը, Աւրանի Արամը եւ իր խումբը, Ալիճանի փախստական Տիգրանը, մարտական լաւ խումբով մը կը հասնի Սասուն:
Ռուբէն հոն կը հրաւիրէ Սասունցի խմբապետները, պատասխանատու գործիչները եւ իշխանները՝ կացութեան մասին զեկուցում տալու եւ կռիւներու կարգադրութիւնները հաղոդելու համար զանազան ճակատներու վրայ գործողներուն:
Այդ պատմական ժողովին, ըստ խմբապետ Սասունցի Մուշեղի յուշերուն, ներկայ եղած են Ռուբէնը, Կորիւնը, Մճօն, Փեթարայ Մանուկը, Սեմալցի իշխան Մանուկը, Կէլեկիւզանի Կիրակոսը, Ահրոնքցի Գալուստ Սասունին, Սասունցի Մուշեղը, Շէնիքցի Խուլբէն, Ղազարը եւ Չոլօն:
Կացութիւնը քննելէ ետք, ժողովը կը դասաւորէ ինքնապաշտպանութեան աշխատանքները եւ զանազան ճակատներու պատասխանատու վարիչները կ'որոշւին:
Չոլօ եւ Շենիքի Ղազարը կը ստանձն Շենիքի խումբերու ղեկավարութիւնը:
19 յուլիսին, թրքական բանակը եւ քրտական բազմահազար աշիրէթները ընդհանուր յարձակողականի անցան: Նոյն օրը եւ նոյն ժամուն Տալւորիկի, Աղբիի, Շենիքի եւ Սեմալի ուղղութեամբ ներխուժում տեղի ունեցաւ:
Թուրք կառավարութիւնը կը յուսար առաջին հարւածով խորտակել դիմադրութիւնը եւ անցնիլ դիւրին կոտորածներուն: Սակայն ճակատամարտի ելքը անորոշ մնաց առաջին օրւան արիւնալի բախումներէն ետք:
1915-ին, Սասունի երկարատեւ հերոսամարտէն եւ Անտոքի կռիւներէն ետք, շարք մը կռւողներու հետ Չոլօն ապաստանեցաւ իրենց ծանօթ լեռներուն եւ ձորերուն մէջ: Երբ աշնան ամէն ոք կը կարծէր թէ այլեւս որեւէ շունչ մնացած չէր Սասունի աշխարհին մէջ, անդին՝ Չոլօն, Մորուք Կարոն, Կէլեկիւզանի Ղազարները, Աւէն, Սեմալի եւ Շէնիքի, Սպաղանի եւ Աղբի կռւող երիտասարդները, մօտ չորս հարիւր հոգի, խմբակներու բաժնւած և զանազան ապաստարաններու ապաւինած, վեց ամիս ձմեռ ձիւնի եւ սովի ամէնօրեայ վտանգի ենթակայ, կը պահւէին լեռներու մէջ:
Դրօն հրաման ստցաւ այդ ճակատի հրամանատար Զօր. Նազարբէգեանէն, շարժւիլ դէպի Մանազկերտ եւ այստեղէն Խնուս: Հինգ օր ետք հասանք Խնուս, որտեղէն առողջական պատճառներով Դրօն պարտաւորւեցաւ վերադառնալ Կովկաս:
Ես այստեղ գրաւոր առաջարկ ներկայացուցիչ Զօրավար Նազարբէգեանին, խնդրելով թոյլ տալ մեզ շտապ մտնենք Մուշ քաղաքը: Զօրավարը բաւական դժւարութեամբ, արտօնեց մեզ, խիստ հրահանգելով, որ ձեռք առնենք բոլոր նախազգուշական միջոցները թշնամու դէմ:
Ստանալով Զօրավարի հրամանը ամբողջ գունդով անսահման ուրախալի պատրաստակամութեամբ, առաջ շարժւեցանք, անցանք Եփրատի պատմական կամուրջը եւ ոտք դրինք Մշոյ պատմական դաշտը: Ի տես ահաւոր ողբերգութեան, մեր բերկրանքին խառնւեցաւ ցաւի ու մրմուռի կսկիծը: Առաջանալով առանց կռւի, մտանք Մուշ քաղաքը, ամայի, մասամբ հրկիզւած:
Մշոյ մէջ դասաւորեցինք մեր զինւորական ուժերը, յետոյ հետախոյզներ ուղարկեցինք առաջ, թէ որոնելու թրքական-քրտական ուժերը եւ թէ փնտռելու նոր փաստական կամ թաքնւած հայերը:
Իմ թոյլտւութեամբ, խմբապետ Դալի Ղազար, բաշգեառնեցի խմբապետ Մարտիրոս Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ Քաչալ Ղազար, իրենց զինակիցներով 1916-ի փետրւար 12-ին մեկնեցան մինչեւ Սուրբ Յովհաննու վանքի շրջակայքը: Անոնք բաւական հեռուները կը նկատեն 4 հետիոտն զինւածներ: Մեր հետախոյզները, ենթադրելով, որ զինւած քիւրդեր կարող են ըլլալ, շուտով կը թաքնւին ու կը սպասեն առաջ եկողներուն: Երբ 4 հոգին արդէն հասած են թաքնւածներու սահմանը, անմիջապէս դուրս կուգան իրենց թաքստոցէն, հրացանները շիտակ բռնած կ'ազդարարեն չշարժւիլ, անձնատուր ըլլալ:
Հետախոյզները հասկնալով, որ անոնք հայեր են առանց կասկածի կը շրջապատեն չորսը: Անոնք սասունցիական տարազով էին: Հետախոյզները կը խօսէին հայերէն: 4 զինւորները անմիջապէս կ'ուղարկւին Մուշ քաղաք գրաւոր զեկոյցով: Ես բախտ ունեցայ, կ'ըսէ գնդապետ Եգորը, որ ընդունեցի Սասունցի այդ չորս զինւած ժողովրդական մարտիկները:
Այս չորս գլխաւորներէն մէկը Մօրուք Կարօն է, իսկ միւսը Չոլօն, որոնց առաջին անգամ տսեայ: Ճշմարիտ ժողովրդական հերոսներ, որոնք իրենց կեանքը անբաժան մասն էին համարած նոյն ժողովուրդի դաժան ճակատագրի:
Երբ փոքր ժամանակ մը հանգստացան ու սնունդով կազդուրւեցան, անցաւ յուզման պահը: Վեր կեցան եւ յայտնեցին – պրն. գնդապետ, եթէ կարելի է առէք այս մեր հրացանները եւ մեզ տւէք մօսին ու քիչ մըն ալ փամփուշտներ: Մենք պիտի վերադառնանք Սասուն, մերոնց մօտ»:
Ահա երկու օր չանցած, Մուշ քաղաքը կու գային 62 հոգի զինւած և իրենց հետ փրկւածներու խումբ մը, Չոլոյի եւ Մօրուքի գլխաւորութեամբ:
Թրքական բանակը Մուրատ գետի (Արածանի) կողմը, իսկ ռուսականը՝ միւս կողմը, ամբողջ ձմեռը անցուցին առանց լուրջ բախումի: Այդ ժամանակամիջոցին «մէկ հայ մէկ ոսկի» վարձատրութեամբ քիւրտերու միջոցաւ զանազան վայրերէն փրկեցին մօտ 4-500 հայեր, որոնց Փեթարցի Մանուկի գլխաւորութեամբ, Չոլօն եւ Կարօն կը փոխադրեն Խնուս եւ կը յանձնեն Բարեգործականին: Չոլօն եւ Կարօն միշտ կը մնան ժողովուրդին հետ:
1917-նէ, Չոլօն կը գործէր Խնուս-Մուշ ճակատին վրայ, Մանուկի, Արմէն Սասունիի, Մօրուք Կարոյի եւ Ղազար Պետոյեանի հետ: Այս զօրամասին մէջ կը մտնէին խնուսցի ձիաւորները Աբրոյի եւ իր օգնականներու խմբապետութեամբ: Այն ժամանակ Խնուս կը գտնւէր Գնդապետ Սամարցեանը, որ Սիլիկեանի հին գունդէն կը մնար հոն եւ դէպի տուն կարգախօսին չէր ենթարկւած: Այս հայրենասէր եւ քաջ գնդակժպետը իր վաշտերէն խնդրած էր որ մնան եւ պաշտպանեն հայրենիքը:
Թրքական հրամանատարութիւնը երբ տեսայ թէ Ռուսերը քաշւած են ընդհանուր ճակատներէն, դէպի Սուլուխ յարձակողական փորձերու անցաւ, բայց Չոլոյի խումբը կը դիմադրէր թուրքերուն, որոնք չկրցան քայլ մը առաջանալ մինչեւ 1918 փետրւար 26, Էրզրումի անկումը:
Էրզրումի անկումէն ետք Խնուսի եւ Ախլաթի ճակատները կը վտանգւէին: Փետրւար 26-ին, Զօրավար Անդրանիկ եւ Տօքթ. Զաւրիեւ, Կ. Սասունիին կը յայտնէին Էրզրումի անկումը եւ կը թելադրէին նահանջել դէպի Բասէն:
Տարօնի ժողովուրդը շարժեցաւ Խնուսէն, Մալազկերտէն եւ Պուլանուխէն փետրւարեան ցուրտերուն եւ անցնելով Ղըլըճ-Կետուկէն, հասաւ Ալաշկերտի Ղարաքիլիսէն: Բագրեւանդի դաշտին մէջ հաւաքւած էին Սասունի վերապրող կտրիճները: Չոլօն, Մօրուք Կարօն, Ղազար Պետոյեանը, Արմէն Սասունին, Տէրքանի Ադամը, Սասունցի Մուշեղը, Խնուսցի Աբրոն, Արամ Խոջայեանը, Արտաշէս Միրզոյեանը, Մխիթար Դարմանեանը, Սասունցի Մարգէն, Փոլոսը իրենց զինւորներով հոն կը գտնւէին:
Հոն էին հին ֆետայական անցեալ ունեցող մարտիկները: Հոն էին Գնդ. Սամարցեան, Կարօ Սասունի եւ Ալաշկերտի շրջանի գործիչները՝ Բ. Աբոյեան, Հ. Ասատուրեան, ճարտարագէտ Անտոն Մսրլեան եւ ուրիշներ: Հոն՝ տեղւոյն վրայ նոր համակարգում մը կ'ըլլար: Այս երեք գունդերը պահելով հանդերձ իրենց ամբողջական միաւորը, կը մտնէին ընդհանուր հրամանատարութեան մը տակ: Գնդապետ Սամարցեան որպէս Խնուսի ընդհանուր հրամանատարը, զօրավար Սմբատ Ախլաթի ճակատի հրամանատար եւ Կարօ Սասունի որպէս զինւորական լիազօր կոմիսար:
Սարը Ղամիշի անկումէն ետք, հայկական բոլոր ուժերը հրահանգ կը ստանային քաշւիլ դէպի կարս եւ Այրարատեան դաշտ:
1918 Փետրւարին Վանէն, Սասունէն, Մուշէն, Խնուսէն եւ Ալաշկերտէն հայ ժողովուրդը սկսաւ քաշւիլ դէպի Այրարատեան աշխարհը: Ռուս Բոլշեւիկեան բանակը լքած էր բոլոր ճակատները, ստորագրած էր Պրեսթ-Լիթովսքի ամօթալի դաշնագիրը. բանալով բոլոր ճանապարհները թուրքերուն առջեւ: Նա նահանջելով հանդերձ դէպի Այրարատեան աշխարհ, քայլ առ քայլ կը կռւէին թրքական ներխուժող բանակներու դէմ, որոնք կ'ուզէն կտրել նահանջող ժողովուրդի ճանապարհը:
Արդէն Սարդարապատի եւ Ապարանի ճակատամարտներու նախօրեակն էր: Ամբողջ հայութիւնը լարւած էր մէկ մարդու պէս եւ զանգւածօրէն կը նետւէր դէպի Սարդարապատ, Բաշ-Ապարան եւ Ղարաքիլիսէ:
Չոլօն Սասունցի Մանուկի հետ միասին, կը մասնակցէր Բաշ-Ապարանի ճակատամարտին, ուր Դրօն ճակատի ընդհանուր հրամանատարն էր:
Թուրքերու հետ հաշտութիւն կնքւելէն ետք, յունիսի 5-6-ին Ազգային Խորհուրդի որոշմամբ սասունցիները կ'անցնին Պայազիտի եւ Լեռնահայաստանի ճանապարհը, թուրք պետութեան գրգռութենէն հեռու մնալու համար:
Նոյն թւի (1918) գարնան վերջերը, թուրք քոչւորները պատրաստւեցան իրենց հօտերով բարձրանալ Զանգեզուրի սարերը: Յաջողութեան պարագային, պիտի նշանակէր ստոյգ մահ՝ Զանգեզուրցիներու համար: Եւ ահա, ինքնաբերաբար, իրարմէ անկախ, Սիսեանի, Գորիսի, Ղափանի ու Մեղրիի մէջ կազմւեցան տեղական մարմիններ, որոնք իրենց ձեռքն առին ինքնապաշտպանութեան գործը: Նշանակեցին շրջանապետներ եւ անցան կազմակերպչական աշխատանքի:
Յունիսի սկիզբներուն, հազարաւոր զինւած քոչւորներ խռնւեցան Հագարի գետի ափին՝ պատրաստ զէնքի ուժով բանալու սարերու ճամբան: Անոնց օգնութեան եկած էին Հաջի Սամլուի ու Մուսուլմանլարի թուրքերը:
Չոլօն իր զինակիցներով կրցաւ փախուստի մատնել թուրքերը, որոնք բազմաթիւ դիակներ ձգեցին կռւի դաշտը, ու անցան Օրդուբաթի կողմերը:
1919ի գարնան Չոլօ իր զինակիցներով վերադարձաւ Արագածի շրջանը, ուր իրենց արիւնով գնւած էր: Չոլօն ալ իր ընտանիքով կը հաստատւէր հոն ու կը լծւէր խաղաղ աշխատանքի, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան շրջանին:
1920-ին բոլշեւիկեան մայիսեան ապստամբութեան Չոլօն, Մօրուք Կարօն իր զինւած ուժերով, Սասունցիներու եւ Տարօնցիներու հետ կը տեսնենք Ալեքսանդրապոլը վերագրաւելու կռւին մէջ:
1921-ին Փետրւարեան ապստամբութեան ատեն, Չոլօն եւ Մօրուք Կարօն դէպի Էջմիածին եւ Աշտարակ խուժող զինւած ուժերուն հետ էին: Անկէ ետք մասնակցեցաւ բոլոր կռիւներուն, մինչեւ ապրիլ 1-ը, երբ հայկական կառավարութիւնը կը ստիպւէր թողուլ Երեւանը, անցնիլ Զանգեզուր եւ մէկ քանի ամիս ետք մօտ 1200 զինեալ ուժերով կ'անցնէր Պարսկաստան:
1922ին Չոլօն եւ Կարօն անցան Համադան, ուր մնացին մօտ 10 ամիս, երկուքը միասին գրեթէ ամեն օր կը մեկնէին քաղաքամիջի «Մուսալլա» ., ժամերով նստած կը խօսէին, վերիյշելով հին օրերը, ոգեկոչելով նահատակ ընկերներ, ախ քաշելով եւ երանի տալով անուշ երկրի հողին վրայ նահատակւած զինակիցներուն, եւ այդ տեսակէտով իրենք զիրենք, որբ ու ղարիբ, թեւատ արծիւի նման կը համարէին:
Չոլօն ու Մօրուք Համադանէն անցան Պաղտատի վրայով՝ Հալէպ, անկից Յունաստան, Դէդէաղաջ եւ զբաղւեցան այգեգործութեամբ, երկուքն ալ հասակ առած ու տանջւած, միանգամայն անծանօթ օտար երկրի տեղական պայմաններուն եւ լեզւին, յուսահատ ու յուսալքւած: Չոլօն, Եւրոպան թողնելով ետ կուգայ Պարսկաստան, անցնելու Հայաստան, իսկ Կարօն 1924-ին Յունաստանէն ներգաղթողներու հետ կ'անցնի Խորհրդային Հայաստան, ուր կը գտնւէին երկուքին ալ հարազատները:
1923-ին Չոլօն կը մտնէ Հայաստան, կը միանայ իր ընտանիքին եւ կը լծւի խաղաղ աշխատանքի: Սակայն միշտ հետապնդւեցաւ բոլշեւիկներէն:
Չոլօն տարին Թիֆլիսի բանտը, ուրկէ 1928-ին կը տանին Մոսկւա: Իր հետ էին նաեւ Վաղարշապատի շրջանէն Յովհաննէս Աւետիսեանը եւ ուրիշներ, Հայաստանի զանազան շրջաններէն: Նոյն թւին զինք կը ղրկեն Մետեխի բանտը:
Չոլօն երբ բանտ մտաւ, այնքան փոխւած էր այդ խիզախ, կտրիճ հայդուկը որ տեսակ մը փետրաթափ էր եղած: Մազ ու մօրուքի մէջ դէմքը կորած էր. Լեռներու արծիւը վանդակի մէջ էին դրած: Կարճ մորթի մուշտակ մը հագած, հնամաշ կօշիկ մը ոտքերուն, միայն աչքերին էին, որ խիտ մազերու ու յօնքերու մէջ չէին կորսնցուցած իրենց փայլը:
«Շատ յուզւած էր Չոլօն, երբ Մետեխի բանտ մտաւ: «Չոլօ, Չոլօ» ըսելով շրջաատեցին զինք: «Թողէ՛ք, նստիմ հանգստանամ, լաօ», ըսաւ բարկացկոտ ձայնով մը:
Երբ հարցուցին իրեն, թէ ինչո՞ւ բանտարկեցին քեզ:
-Չըմ գինա, հակայեղափոխական
կ'ըսեն, էրսուն տարի գոմշի պէս կռւեցի:
-Չկրցայ արտասահման կենալ: Ընտեղ օդ ու ջուր չկայ: Մըր օդ ու ջուր ուրիշ ա:
Չոլօն Մետեխի բանտէն ազատ արձակեցին 1936-ին: Ան շուտով վերադարձաւ, իր հարազատներու մօտ:
Իր աչքին առջեւ պատկերացաւ երեսուն տարւան յեղափոխական չարքաշ կեանքը՝ լեռներու վրայ, ձորերու մէջ, բուք-բորանին, օր մը կուշտ, մի քանի օր անօթի: Իր կեանքին մէջ անկողնի երես գրեթէ չէր տեսած: Հայրենիք գնաց երկրորդ Սասունի՝ Արագածի օդը շնչելու, անոր անուշ ջուրը խմելու: Շրջան մը, որ իրենց արիւնով կրցած էին ձեռք բերել, եւ այդ շրջանը մաքրագործել թուրք-թաթար ժողովուրդէն: Փափաքն էր նստիլ ծալլապատիկ իր հայրենակիցներուն հետ, խօսիլ եւ վերյիշել անցեալի դէպքերը, Առաքելոց վանքի կռիւները, Մշոյ դաշտի եւ ձորերու կռիւները, իր զինակից ընկերները, Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի, Մուրատի, Սեպուհի, Գալէի, Մուշեղի ու իր անբաժան Մօրուք Կարոյի եւ ուրիշներու հետ: Այս բոլորին փոխարէն բոլշեւիկեան անգութ բանտը բաժին ինկաւ իրեն:
Բայց Չոլօն վերադարձաւ սրտի հիւանդութեամբ. հազիւ մէկ տարի եւս ապրեցաւ, երբ մահը զինք դիմաւորեց 1937ին: Ու այդ հերոսը թաղեցին Լուղտաւրէշ (Ոսկեթառամ) գիւղը: