Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին |
Ինձ մօտիկ ազգական Արշակ Թորլաքեանը ծնած է 1879 Սեպտ.ին: Մեծցած է ծնողքին խնամքին տակ, աւարտած է իրենց Ապիոն գիւղի դպրոցը և լծուած գիւղական աշխատանքի: Ան իր մեղք և բարի բնաւորութեամբ կը դառնայ տան բոլոր անդամներուն թէ հարեւաններուն սիրելին:
1904-5 թիւերուն կը լծուի հասարակական աշխատանքներու, կը մտնէ Դաշնակցութեան ահաբեկչական կազմի մէջ, Բէկօ կեղծանունով, պայքարելու համար թուրք պէյերու, աղաներուն բռնակալութեան դէմ: Այս վերջինները ամէն կերպով կը նեղէին հայերը, թշուառութեան կը մատնէին զանոնք, տուները գրաւելով, ոչնչացնելով և Հայերը ստիպուած կ'ըլլային պանդխտութեան դիմելու, Ռուսաստանի Սեւ Ծովի եզերքները:
Թէեւ 1903 թուին Դաշնակցութիւնը սկսած էր պայքարիլ այդ բռնակալութեան դէմ, եւ երկու թուրք կեղեքիչներ ճամբած «միւս աշխարհ»ը, բայց երիտասարդները, այդքանով չէին բաւարարուեր: Թշնամիին աւելի մեծ հարուածներ տալու համար, կ'ուզէին իրենք ստանձնել այդ աշխատանքը և ստանձնեցին: Քանի մը ամսուան ընթացքին, ամբողջ շրջանի մարտական ուժը ի մի բերին, կազմակերպեցին, և իրենց որդեգրած նոր ձեւերով, քարուքանդ ըրին այդ վաշխառու աւազակապետներուն բոյները, շատերը ճամբելով «անդի աշխարհ...»:
Այս աշխատանքներուն ամէնէն եռուն գործակիցներէն էին Արշակ Թորլաքեանը եւ իր անբաժան ընկերը՝ Աբգար Չէփնեանը: Անոնք մեր շրջանի գիւղերու թէ դպրոցներու քայքայուած վիճակը բարելաւելու նպատակով, Սոչիի շրջանին մէջ, Սիւրմենէցի Արմենակ Սաւուլեանի և «Սեւ Կարապետ»ի հետ կը զարնեն ռուսական թղթատարը, բայց փոխանակ դրամի, չէքեր կը գտնեն միայն:
Կազմակերպիչ մարմնի խորհուրդով, Արշակ և Աբգար գաղտնի կերպով կը վերադառնան Տաճկաստան: Անոնք նոյն տարին, Սուլայի սարին մէջ աւազակներու բոյն մը եւս քանդեցին: Ուրիշ քանի մը հոգիներու հետ հայոց վրէժը լուծեցին հայահալած խմբակէն, անոնց խմած հայկական արիւնները կաթիլ կաթիլ դուրս բերին, հողը ներկեցին:
Բռնակալները արդէն իրենց կեղեւը մտած էին, առանց 10-20 զինուած ուժի մը, իրենց շրջաններէն դուրս չէին գար: Անոնց մէջ մինակ Աշըգ Ալի Օղլի Րէճէպը, իր տասնոց մաուզէրին ապաւինած կը պայքարէր այդ գաղտնի ուժերուն դէմ: Ատոր համար ալ հրահանգուած էր շրջանի բոլոր մարտական ուժերուն, հանդիպած տեղը ճզմել, խորտակել զայն:
Օրին մէկը, Արշակ բախտ կ'ունենայ Րէճէպին հանդիպելու, իրենց գիւղին մէջ: Իբրեւ նոր դէմքի մը, կը ծանօթանայ հետը, կը զբաղեցնէ զայն, որ ժամանակ ունենայ իր եղբայր՝ Վաղարշակը և Յակոբ Թորլաքեանը ուղարկելու, որպէսզի կտրեն անոր ճամբան:
Այդպէս ալ կ'ըլլայ: Կալաֆկայի սարին մէջ, Րէճէպ անշունչ գետին կ'իյնայ, կը սատկի:
Արշակ Թորլաքեան մասնակցած է նաեւ Կէօմրիւգճի Օղլի Օսման աղայի տէրորի ձեռնարկին:
Մեր սուրը յաղթած էր այլեւս. թուրք կապալառուներուն, վաշխառուներուն թէ աւազակներուն ճնշումէն ազատած էր շրջանի հայութիւնը: Նոր շրջան մը կը սկսէր: Գաղթողներէն ոմանք ետ կուգան, իրենց լքած բոյները շէնցնելու:
Արշակ և Աբգար գործերնին աւարտած նկատելով, ամբողջովին կը լծուին հասարակական թէ շինարարական աշխատանքին, դպրոց, եկեղեցի, հոգաբարձու, թաղական. հողային սահմանային հարցերը լուծող կը դառնան, շրջանին Դաշնակցութեան ենթակոմիտէի անդամ եւայլն:
Այդ երկու անբաժան ընկերները Ապիոնի դպրոցը օժտեցին վաստակաւոր ուսուցիչներով, ուսումը պարտադիր դարձուցին և չունեւոր ընտանիքներու երեխաներէն դրամ չգանձեցին: Օժանդակեցին անոնց, նիւթապէս թէ բարոյապէս, աշխատող ձեռքեր չունեցողներուն վարուցանը ըրին, բերքերը հաւաքեցին, հաւաքաբար եւ ձրի:
1910 Սեպտեմբերին, Արշակ կը սպաննուի չարագործի գնդակէ մը, ամբողջ շրջանի հայութիւնը թողնելով լացի ու սուգի մէջ:
Արշակ Թոռլաքեան.
Պէկօ(ծնւած 1879-ին–Սպանւած 1910-ին)
Արշակ բնիկ Ապիօն գիւղացի էր: Իր պատանեկան տարրական կրթութիւնը ստացած էր գիւղին ազգային վարժարանը: Շնորհիւ դպրոցի այն ժամանակւայ անբարեկարգ վիճակին, նա չկարողացաւ իր ուսումը երկար շարունակել, հազիւ սորվեցաւ կարդալ եւ հասկնալ: Իսկ դպրոցի պակասը լրացուց ինքնաշխատութեամբ:
Գիւղական պարզ, քիչ-շատ բարեկեցիկ ընտանիքի մը զաւակն էր: Այդ վառվռուն, սրամիտ և ճարպիկ երիտասարդը շուտով իրեն վրայ կը հրաւիրէ տեղւոյն դաշնակցական ընկերներու ուշադրութիւնը:
Ընկերները կը գրաւեն զինքը և Արշակ «Դաշնակցութեան» դպրոցին մէջ կը ստանայ իր բարոյական դաստիարակութիւնը:
Համիդեան սեւ ռէժիմի օրով կատարւած կարգ մը անիրաւութիւններէն սիրտը խոցւած, շուտով կը մտնէ «Դաշնակցութեան» կամաւոր անձնւէրներու բանակին մէջ և կը մասնակցէ զանազան յեղափ. ձեռնարկներու:
Մօտ 10 տարի նա «Դաշնակցութեան» շարքերու մէջ էր և եղած էր տեղւոյն ղեկավար ուժերէն մին. իսկ վերջերը շրջանի կօմիտէի անդամներէն էր: Օր մը իսկ չէ դաւաճանած իր ընդունած ծրագրին ու սկզբունքներուն: Զոհաբերութեան տիպար օրինակ մը լինելով, յաճախ նա իր անձնական շահը զոհած է ընդհանուրին:
Սահմանադրութեան յայտարարումէն յետոյ լծւեց ժողովրդի շինարար գործին և իր մաքուր ու հմայիչ յատկութեամբը մօտեցուց իրեն գիւղին լաւագոյն ուժերը և ատոնցմով զարկ տւաւ կազմակերպութեան գործին հետ միասին՝ նաև կրթական-կուլտուրական գործերուն: Նա յաճախ անդամակցած էր գիւղին թաղական և հոգաբարձուական ժողովներուն, իսկ վերջերը գիւղին թաղապետն էր. և այդ պաշտօնն ևս վարած է պարտականութեան գիտակցութեամբ:
Յիշատակութեան արժանի է, մասնաւորապէս, նրա վերջին բուռն պայքարը ընդդէմ միւլթէզիմներու: Թիւրք եւ հայ մուխթարներու հետ մաքառած է այդ վերջիններու շահատակութեան դէմ: Բացի այդ, պայքարած է նաեւ իրենց գիւղի միւլթէզիմ Ալի աղային դէմ, որը աշարի տուրքը կրկնապատկելով սկսած էր գիւղացիները անխղճաբար նեղել: Այն աստիճան նեղը ձգած է Ալի աղային, որ սա ճարահատեալ խնդրած է, «Արշա՛կ, քեզմէ տասանորդ չվերցնելէս զատ՝ քեզ ալ բան մը կուտամ, ինձ դէմ մի կռւիր»... բայց անկաշառ երիտասարդը պատասխանած է.– «մէթալիկներու համար ժողովուրդը չեմ ծախեր քեզի»:
Բայց ժողովուրդի մէջ գտնւեցան ապերախտ իժեր, որոնք դաւաճանօրէն կտրեցին նրա բեղուն կեանքի թելը...
1910 թ. սեպտ. 20, գիշերանց Արշակ գիւղի ազգայինները ժողովի կը հրաւիրէ դպրոցական խնդրոց համար: Անձրևի պատճառաւ ժողովականները կը բացակային ժողովէն: Իսկ ինքը իջնելով դպրոցը, երբ կը տեսնէ, որ մարդ չկայ, կը վերադառնայ խանութ և կը մնայ հոն:
Գիշերւայ ժամը 1½-2-ի ատենները, երբ խանութին մէջ նստած գուլպա կը գործէր, դաւաճանը դրան ճեղքւածքէն կը պարպէ հրացանը և Արշակ կը զարկւի ձախ աչքի մօտէն...
Սպանութենէն 2 օր յետոյ կը կատարւի յուղարկաւորութեան հանդէսը: Դագաղին կը հետևէր խուռն երկսեռ բազմութիւն մը, իսկ առջևէն կը տարւէին պսակները...
Հանգուցեալը կը թողու ծերուկ հայր մը, այրի մը և փոքր աղջիկ մը:
Հանգի՜ստ քո աճիւնին, ազնիւ ընկեր...