07 September, 2022

Հերոսին Մահը եւ Մեր Հակառակորդներուն Անվայել Ընթացքը

Հայ կեանքի բոլոր դէպքերն ու դէմքերը, ինչպէս յայտնի է, այնքան միայն արժէք ունին մեր հակառակորդ Ռամկավարներու աչքին, որքան որ այդ դէպքերը կամ դէմքերը կրնան առիթ տալ կամ միջոց ծառայել իրենց ատելի Դաշնակցութեան դէմ պայքարելու համար:

Տարբեր չէր կրնար ըլլալ հարկաւ Ռամկավարներու ընթացքը նաեւ Անդրանիկի մահուան պարագային: Փոխանակ հանգուցեալին գործերը անաչառօրէն հայ հասարակութեան ներկայացնելու՝ ատով լաւագոյն կերպով յարգած ըլլալու համար մեծ հերոսին յիշատակը, Ռամկավար խմբագիրները, մասնւաորապէս Պոսթընի մէջ նստածները, չամչցան Անդրանիկին յիշատակը անարգել՝ ջանալով հրապարակ բերել միայն անոր ամենէն ձախող, անարդար ու կիրքէ միայն թելադրուած խօսքերը Դաշնակցութեան դէմ:

Ո՞վ չի գիտէր, թէ Անդրանիկ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հոգեւոր ու մարտական զաւակն է եւ թէ տասնեակ տարիներու ընթացքին իր կեանքի բոլոր հերոսական գործերը կատարած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան դրօշին ու հովանիին տակ: Եւ ո՞վ չի գիտեր, թէ այն վայրկեանէն, երբ Անդրանիկ լքած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը, ապրած է միայն անկումի տխուր եւ հիւանդագին շրջան մը, որու ընթացքին ըրած իր կարգ մը քայլերն ու արտասանած իր խօսքերը, յոգնածութեան, կոյր կրքի եւ հիւանդութեան արդիւնք ըլլալով, բան մը չեն աւելցներ երբեք Անդրանիկի փառքին վրայ:

Եթէ Ռամկավար խմբագիրները չեն գիտեր, հայ ժողովուրդը, սակայն, շատ լաւ գիտէ, որ Անդրանիկը ազգային մեծ հերոս մըն է ոչ թէ անոր համար, որ իր կեանքի վերջին տարիներուն լքեց Դաշնակցութիւնը եւ նոյնիսկ Դաշնակցութեան դէմ ելաւ, այլ անոր համար, որ Դաշնակցութեան ծոցին մէջ տասնեակ տարիներ հերոսական պայքար մղեց հայութեան դարաւոր թշնամիին դէմ:

Ռամկավարները հերոս Անդրանիկը չէ որ կը սիրեն ու կը փառաբանեն, որովհետեւ հերոս Անդրանիկը անբաժանելիօրէն կապուած է Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետ: Ռամկավարները կը սիրեն ու կը փառաբանեն պայքարէ յոգնած ու հիւանդբ Անդրնաիկը, այն ալ միայն անոր համար, որ յոգնաբեկ ու հիւանդ Անդրանիկը Դաշնակցութենէն հեռացաւ եւ Դաշնակցական ղեկավար դէմքերու դէմ թշնամական դիրք բռնեց:

Ռամկավար խմբագիրները ի վիճակի ալ չեն իրապէս յարգելու հերոս Անդրանիկի յիշատակը, որովհետեւ այդ ընելու համար անոնք պարտաւորուած են քրքրել մեր վերջին քանի մը տասնամեակներու պատմութիւնը, ուր Անդրանիկի դիւցազնական գործը անբաժանլի է Հ. Յ. Դաշնակցութեան դիւցազնական մէկ ամբողջ սերունդի գործէն. Այսինքն՝ Անդրանիկը փառաբանելու համար Ռամկավարները պարտաւորուած են փառաբանել ե՛ւ Դաշնակցութիւնը ե՛ւ Դաշնակցութեան միւս մեծ դէմքերը, որոնց աշակերտը կամ զինակիցն է եղած ան:

Ահա թէ ինչու Ռամկավար խմբագիրները հարկադրուած են նորէն թէ՛ իրենք զբաղիլ եւ թէ՛ իրենց հետեւորդները զբաղցնել հակադաշնակցական խծբծանքներով ու պառաւական զրոյցներով՝ ստուերի մէջ ձգելու համար հերոս Անդրանիկը, որ Դաշնակցական է, եւ հանրային ուշադրութիւնը շեղելու համար մահկանացու Անդրանիկին վրայ, որ իր տկարութեան օրերուն վայր դրաւ զինքը հերոսացնող զէնքը եւ երես դարձուց իր հոգեւոր ու մարտական ծնողքէն:

Իրենց այս անվայել ընթացքով, սակայն, Ռամկավար խմբագիրները ոչ թէ կը վարկաբեկեն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, այլ կ

Անարգեն Անդրանիկի յիշատակը եւ աւելի եւս վար կը ձգեն ինքզինքնին հայ պարկեշտ հասարակութեան աչքին...

«Հայրենիք», Պոսթոն
29-րդ Տարը, Թիւ 4685
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 1927