Դժբախտաբար Հաճընի անկումը իրականութիւն մըն է այսօր: ԱՅդ հերոսական քաղաքը մարտ 7-էն ի վեր պաշարւած մնաց Քէմալիստանի ոյժերուն կողմէ եւ հոկտեմբերի կիսուն, 15-ին կամ 16-ին՝ քաջաբար պաշտպանուելէ ետք, ինկաւ թշնամի գերակշիռ ոյժերու յարձակման տակ:
Հաճընը կիլիկեան 1920-ի հայ ինքնապաշտպանութեան մեծագոյն խորհրդանշանը կը կազմէր եւ մեր գլխաւոր մտահոգութեան առարկան եղած էր երկար ատնէ ի վեր:
Քաղաքին պաշարումէն յետոյ, ֆրանսական կիլիկեան վարիչներու հաւանութիւնովը կամաւորական գունդեր կազմուեցան Ատանայի մէջ, որոնք ուղղուեցան Սիսի վրայ, անկէ դէպի Հաճըն արշաւանքը ղեկավարելու համար: Դժբախտաբար ֆրանսական իշխանութիւնները պէտք եղած ուղղամտութեամբ չվարուեցան կամաւորական ոյժերու հետ, զանոնք վար դրին Սիս զանազան պատրուակներով եւ չթոյլատրեցին կամ դիւրութիւններ չտուին խումբերու մեկնումին: Անարժան հրամանտարներու ցաւն ալ ուրիշ խնդիր մը եղաւ զոր ֆրանսացիները իրենց պատրուակներէն մէկը նկատեցին: Ի վերջոյ 7-800 կամաւորները, Սիսի պարպումէն յետոյ յունիսին, վերադարձան Ատանա ֆրանսական զօրասիւնին հետ եւ այնուհետեւ Հաճընը բոլորովին թողուեցաւ իր բախտին:
Մինչեւ այն ատեն ֆրանսացիները մէկ երկու անգամ օդանաւ ուղարկած էին Հաճըն, բայց այնուհետեւ հակառակ Հաճընի Հայրենակցական Միութեան, պ. Շշաւոն Փոսթոեանի, Պետրոս Եպ.-ի եւ Հաճընի բողոքական պատուելիին – որոնք Հաճըն քաղաքի պատուիրակներն էին – կատարած դիմումներուն, ֆրանսացիները միշտ խոստացան օդանաւ ուղարկել, սակայն, բնաւ չկատարեցին իրենց խոստումը, որովհետեւ , ինչպէս գնդակպետ Պրէմօն յայտարարած է առիթով մը, «խոստանալը ուրիշ բան է, կատարելը ուրիշ բան»:
Հաճընցիները ունէին 7-800 հրացան եւ 250,000 փամփուշտէն աւելի: Հաճընի վրայ սաւառնող ֆրանսական օդանաւը անգամ մը յջաողեցաւ նիւթեր ձգել քաղաքին մէջ փամփուշտ եւ վառօրդ շինելու համար: Դժբախտաբար այս կերպ օգնութիւնը զլացուեցաւ ի վերջոյ ֆրանսացիներու կողմէ, որով քաղաքին անկումը աւելի փութացուեցաւ:
Վերջերս, Յուլիսին, Ատանայի, Հաճընի Հայրենակցական Միութիւնը խիստ եռանդուն ջանքերով սկսաւ կամաւորներ արձանագրել եւ արշաւախումբ մը կազմակերպել, մինչեւ օգոստոս զինական օգնութիւն մը հասցնելու մտահոգութեամբ: Յոյս կար մինչեւ 800 հոգինոց ոյժի մը առաքման: Այս խումբը սեպտ. 15-էն յետոյ Ատանայի քաղաքական իրադարձութիւններու, հայ մատնիչներու ընթացքին եւ ֆրանսական քաղաքականութեան յոռի դարձուածքին հետեւանքով՝ ֆրանսական զօրքերու գունդ մը թնդանօթներով, գնացիրներով եւ մեծ պատրաստութեամբ պաշարեց Ագարճայի մօտ Ալի Պէյ ագարակը կեդրոնացած Հաճընի արշաւախումբը եւ զինաթափ ըրաւ զայն: Հրամանատարը Դաշնակցական ընկեր Լէգէոնական Ատժիւտան Գէորգ Դաւիթեան ուրիշ սպաներու հետ ձերբակալուելով, դուրս քշուեցաւ Կիլիկիայէն: Մինչ Ատանայի մէջ հայերը կը ջաանյին տարաբախտ Հաճընի օգնութիւն հասցնելու, անդին իրենք՝ հաճընցիները սուրհանդակներ կը ղրկէին Ատանա կացութեան ծանրութիւնը ներկայացնելով:
Հաճընցիները երկու բանէ կը նեղուէին. Նախ՝ պարէնի եւ յետոյ ռազմանիւթի պակասէն: Նախ քան քաղաքին պաշարւիլը շրջակայ գիւղերէն մեծ քանակութեամբ ցորեն ամբարուած էր հոն, սակայն, այդ պաշարը հետզհետէ նուզեցաւ եւ ատեն մը եկաւ որ, մանաւանդ վերջին ամիսներուն, հաճընցիները ստիպուեցան ուտել իրենց բոլոր գրաստները, շուները, կատուները եւայլն: Այս միջոցին էր այն արշաւանքը, զոր անոնք կատարեցին սեպտեմբերի վերջերը 400 հոգիով Ռումլուի վրայ, պաշար ներս առնելու գլխաւոր նպատակով: Ռումլու պաշարուեցաւ հայերու կողմէ, բայց շատ ուժեղ դիմադրութիւն մը տեղի ունենալով, Ռումլուն այրուեցաւ ամբողջովին եւ հայերու ձեռքը անցաւ միայն թնդանօթ մը եւ ռազմանիւթի ու պաշարի փոքրիկ մաս մը:
Այս յուսահատական արշաւանքէն յետոյ է որ թուրքերը մեծ ոյժեր կեդրոնացուցին պաշարման թնդանօթներով եւ մօտակայ կիրճի մը մէջ խոշոր կռիւ մը ունենալէ յետոյ, յաջողեցան քաղաք մտնել եւ կոտորել անոնք, որոնք ի վիճակի չէին փախչելու կամ լեռ բարձրանալու:
Հոկտ. 23ին Ատանա հասնող գուժկաններ ծանօթացուցին դժբախտ իրականութիւնը եւ Կիլիկիոյ թերթերու յաջորդ օրուան թիւերը սեւ շրջանակներով հրատարակուած կը գտնենք:
Հաճընի ինքնապաշտպանութեան մէջ մեծ դեր կատարած է մեր ընկերներէն Ճէպէճի, որուն մասին իրենք հաճընցիները մեծ գովեստներով կը խօսին եւ հիացում կը յայտնեն: Ընկեր Ճէպէճիի կ'ընկերանային ուրիշ երկու Դաշնակցական զինուորական ղեկավարներ եւս, որոնք վարեցին գործը Ճէպէճիի վիրաւորուելէն ետքը: Հաճընի մտաւորականութիւնը Դաշնակցական էր:
Այս հերոս ժողովրդին վերջին օրերը երկայացնելու ժամանակ չենք կրնար չյիշել նոյնքան Հերոսական Գարը, ուր 80 հայերը 4-5 ամիս շարունակ դիմադրեցին եւ ի վերջոյ կտրելով պաշարման շղթան, յաջողեցան հասնիլ Հաճըն, սակայն, հաճընցիներու կողմէ թնամի նկատուելով իրենց կէսը կորսնցուցին եւ հազիւ 45 հոգի ողջ կրնցան մտնել քաղաք:
Հաճընի անկումը մեծ արատ մըն է թէ քաղաքակիրթ մարդկութեան համա եւ թէ մասնաւորապէս Ֆրանսայի, որ Կիլիկիոյ շրջանակի քրիստոնեաներու պաշտպանութիւնը ստանձնեց: Ատեն մը, յունիսի սկիզբը մասնաւոր սուրհանդակներ, երկար ու տաժանելի ճամբորդութենէ յետոյ, եկան պատմեցին մայիսի վերջերը տիրող քաղաքին կացութիւնը: Այն ատեն օդանաւի հարցը դարձել մէջտեղ դրուեցաւ եւ ֆրանսական հրամանատարութիւնը զանազան պատրուակներով մերժեց օդանաւի մը առաքումը, իսկ այսօր, փախտսականները ազատելու համար օդանաւ կը ղրկէ միայն 15 քիլօմէթր հիւսիս եւ անոնցմէ խումբ մը կը հասնին Ճիհուն:
Արդարեւ դժուար է վերապրողներու մասին ստոյգ լուրեր առնել, սակայն, նորագոյն տեղեկութիւնները ցոյց կւոտան թէ կռուողներէն զատ ժողովուրդէն կարեւոր մաս մըն ալ պիտի փրկուի:
Զրոյց կայ թէ Սիսը գրաւուած է դարձեալ ֆրանսական ոյժերու կողմէ: Այս բանը պէտք է տեղի ունենար ամիսներ առաջ: Տամատեանը, ի՜նչ դիմումներ, ի՜նչ պաղատանք եւ լեզու ի գործ չդրաւ համոզելու համար ֆրանսացիները Հայաստանի վերջին մայրաքաղաքը՝ Հաճընի օգնութեան յենարան ծառայեցնելու համար:
Ամէն ինչ անցաւ անյաջող եւ ի վերջոյ ֆրանսական հանրապետական կառավարութիւնը, Արեւելքի կաթոլիկներու պաշտպան Ֆրանսան՝ զինաթափ ըրաւ Հաճընի օգնութեան հասնող վերջին զինական խումբը:
Հաճընի անկումը՝ պետութիւններու եւ մանաւանդ Ֆրանսայի կիլիկեան քաղաքականութեան պախարակելի ընթացքին ամենացայտուն ապացոյցներէն է. իցիւ թէ վերջինն ըլլար...: