14 October, 2022

ՍԷԹՕ. Սեդրակ Ջալալեան (1884 Դեկտ. 3-1961 Հոկտ. 14)

Սէթօն մեր հանրային – կուսակցական ջերմօրէն հաւատաւոր գործիչներէն եղաւ, որուն ձգտումն էր միշտ ծառայել իր ժողովուրդին, պարտաճանաչ կարգապահ զինուորի նման: Ուժեղ կամք ունէր, եւ մինչեւ կեանքին վերջը, հակառակ իր վշտահար կացութեան, հաւատաց իր ժողովուրդին պայծառ ապագային:

Իր կեանքը լեցուն է ազգային գործունէութեան դրուագներով, որոնցմէ ոմանք պիտի յիշեմ, օգտուելով իր յուշերէն եւ թուղթերէն:

Սէթօն Ապարանցի-Չամուռլու գիւղացի էր. կը սերէր Բասենցի գաղթական նահապետական ընտանիքէ մը: Հայրը՝ Սարգիս աղան, ազդեցիկ դէմք եղած է:

Ծնած էր 1884 թուին. 1892-96 թուականներուն յաճախած է ծախական վարժարանը: 1896-ին մտած է Երեւանի ռուսական գիմնազիայի նախապատրաստական դասարանը:

Պատանի հասակին Դաշնակցական էր: Գիմնազիայի հայ ուսանողութիւնը կը հիմնէ «Բորիաս» մարտական խումբը, որ իր մէջ ընդգրկեց Երեւանի հայ եւ ռուս միջնակարգ վարժարաններու լաւագոյն պատանիները: «Բորիաս»ը Թրքահայաստանի ազատագրական պայքարին նւիրուած ռազմական ուժեղ կազմակերպութիւն մը դարձաւ, Դաշնակցութեան դրօշին նետքեւ, Գալուստ Ալոյեանի շունչով, իսկ Սէթօն՝ անոր հիմնադիրներէն եւ ղեկավարներէն մէկը հանդիսացաւ: Աշակերտական սեղանի վրայ զբաղած է մարտական գործերով ու պայթուցիկներու պատրաստութեամբ: Գիմնազիայի մէջ «Բորիաս»ը պայքարած է կայսերապաշտ եւ հայատեաց ուսուցիչներու դէմ, նոյնիսկ սպառնալիքներէն զատ, ահաբեկչական ակտի դիմած է:

1905 թուին, հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ Բորիասը առաջին գծի վրայ կռուեցաւ թշնամու դէմ: Այգեստանի (Երեւանի) Կ. Կոմիտէն Բորիասի թռուցիկ խումբը կ'ուղարկէ Նախիջեւան, ուր յանդուգն ու խիզախ յարձակումներով թշնամին կը ջախջախեն ու կը վերադառնան Երեւան: Հոս, Մեծ Դումանի ղեկավարութեան տակ, փայլուն ճակատամարտեր կը մղեն թուրքերու դէմ, միշտ յաղթական:

Դումանը Բորիասի անդամներէն ոմանց կուտայ խմբապետի կոչումը, անոնց կարգին՝ Սէթօն «Յեղափոխական բանակի ձիաւոր խումբի հարիւրապետ»ի աստիճանը կը ստանայ:

Երեւանէն յետոյ, Դումանը, Սէթօն և Ա. Մելքոնեանը իրենց խումբերով կ'ուղարկէ Ղազախի շրջանը, Սեւքարեցի Սաքոյի տրամադրութեան տակ, ուր իրենց խմբապետական կոչումը լիովին կ'արդարացնեն: Վերադարձին, Դումանը Սէթօն կ'ուղարկէ Էջմիածնի գաւառը՝ փոխարինելու «Խենթ»ի տղան՝ Արսէն աղային: Ան կը կազմակերպէ գաւառի ինքնապաշտպանութիւնը. ունեւորներէն հարիւր հոգինոց ձիաւոր խումբ մը կը կազմակերպէ, իրենց միջոցներով:

Սէթօն, 1906-1908 թուերուն կ'ուսանի Պետերբուրգի Ֆիզիքօ-մաթեմաթիկական ֆակուլտետի մէջ: 1908-ի ամառը կը վերադառնայ ծննդավայրը, ուր իրեն կը յանձնւին կարգ մը վտանգաւոր գործեր, որոնք ձեռնհասութեամբ գլուխ կը հանէ: Բայց վերջ ի վերջոյ կ'ընկնի կառավարութեան ձեռքը, եւ հինգ տարով (1908 – 1913) կ'աքսորուի Սիպիր: Եակուտսկ նահանգի թունտրային շրջանին մէջ հինգ տարին լրացնելով, կրկին կուգայ Պետերբուրգ: Սակայն, ներքին գործոց նախարարութիւնը անոր արգիլած էր Կովկաս եւ մայրաքաղաք երթալը, եւ որոշած էր պահել յետամնաց անկիւն մը՝ Ռուսաստանի մէջ, որպէս ահաբեկիչ եւ հակամիապետական մէկը: Եակուտսկի տէր ու տիրական զօրավար Սիկիվեանովի հետ տեսակցութիւն մը յաջողցնելով, իր ճարպիկութեամբ Պետերբուրգ կուգայ եւ ուսումը շարունակելու իրաւունք կը ստանայ:

1913ի Սեպտեմբերին կը հասնի Պետերբուրգ, հետը բերելով Մամութի հսկայ կմախք մը, իբրեւ նուէր իր համալսարանին: Սակայն, համալսարանի քարտուղարը, որ ցարական լրտես մըն էր, արգելքներ կը յարուցանէ: Ան ստիպուած կը հետեւի իրաւաբանութեան, եւ 1917ին կը ստանայ վկայականը: Դեռ հայրենիք չվերադարձած, տեղի կ'ունենայ Փետրուարեան յեղափոխութիւնը: Էսէռներու ցանկով Սէթօն կ'ընտրուի Պետրոգրատի ռայոնական Միլիցիայի կոմիսար, մեծ դեր կը կատարէ Փետրուարէն մինչեւ Հոկտեմբեր:

Սէթօն կը կանչուի Հայաստան:

Ինչպէս բազմաթիւ նուիրեալ յեղափոխականներ, նոյն շարքէն եւ Սէթօն, երբեք իր մասնագիտութեամբ չզբաղեցաւ, նւորիուելով ազգային-յեղափոխական կեանքին:

Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման եւ անոր երկու եւ կէս տարուան գոյութեան ժամանակամիջոցին, կատարած գործերը հանրածանօթ են: Այդ տարիներուն, իր ամբողջ ուժն ու եռանդը ի սպաս դրաւ հայ ազգային պետութեան ամրացման, որպէս խմբապետ, Էջմիածնի գաւառապետ եւ Երեւանի ոստիկանապետ: Ան սիրուած էր Արամի կողմէ, եւ ինքն ալ կը խոնարհէր անոր հեղինակութեան առջեւ:

Սէթօն, 1919 Մայիսին, Արարատի շրջանին մէջ 1200 հոգինոց ընտիր զօրագունդ մը կազմած էր եւ յաջողապէս կը կռուէր թուրքերու դէմ, մինչեւ որ Դրօն եկաւ Մայիսի վերջին տասնօրեակին, իբրեւ ճակատի ընդհանուր հրամանատար. ան շահեցաւ յաղթական դիւցազնամարտը, թրքական գերազանց բանակի դէմ:

Սէթօն, Հայաստանի Հանրապետութեան հայացման գործին մէջ խոշոր մասնակցութիւն ունեցած է, թրքական ապստամբութիւնները ճնշելով եւ ոչնչացնելով, ուրիշներու հետ:

Սէթոյին յանձնուած էր մաուզէրիստներ ճնշելու գործը, զոր իր ձեռքով գլուխ հանեց:

Մայիսեան բոլշեւիկեան ապստամբութեան ժամանակ, ան էր որ պահանջեց խստագոյն պատիժ հայրենադաւներու համար. Խորհրդ. Իշխանութեան կողմէ ան դատապարուած էր մահուան, իր բացակայութեան... եւայլն:

Խումբ մը վտանգուածներու հետ արտասահման անցնելէ ետք, ան եւս կը նշանակուի հայկական Եղեռնի գլխաւոր ջարդարարներու ահաբեկիչ: Այդ գործով Բերլին կ'երթայ: Հոնկէ ետ կը կանչուի Էնվէրը հետապնդելու, սակայն անոր սպանութեան լուրը կը հասնի Միջին Ասիայէն:

Ան կը հաստատուի Բուլգարիա, իբրեւ տեսուչ եւ հանրային – կուսակցական գործիչ, կը մնայ մինչեւ Բ. համաշխարհային պատերազմը: Պատերազմի սկիզբը, Սէթօն Նժդեհի հետ Գերմանիա կ'երթայ: Հոն սակայն, անհամաձայնութիւնը կը ծագի իրենց միջեւ, եւ Սէթօն կը վերադառնայ Բուլգարիա: Եուկոսլաւիոյ սահմանէն անցնելու պահուն, կը ձերբակալուի եւ Բերլին կը տարուի: Ան մատնուած էր իբրեւ Դաշնակիցներւ լրտես: Հազիւ գլուխը կ'ազատէ եւ տաժանակիր աշխատանքի մէջ կ'անցնէ պատերազմի տարիները: 17 ամիս ան Համբուրգի մէջ ստորերկրեայ գործարանի մէջ որպէս կայանաւոր աշխատած է: Անոր փրկարարը կը լինի Դրօն: Այդ գործի մէջ կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը եւ մինչեւ կեանքին վերջը կը մնայ կիսակոյր վիճակի մէջ:

Պատերազմը վերջանալէն ետք, Գերմանիոյ մէջ հաւաքուած շուրջ 4 հազար հայ տարագիերնւո ազգային կոմիտէի միակ նախագահը եղաւ, մինչեւ անոնց Ամերիկա մեկնումը: Սէթոյի գործունէութիւնը Գերմանիոյ մէջ, 1945-1950. շատ կարեւոր ու բազմաթողմանի նիւթ մըն է, որ առանձին պիտի գրուի ապագային:

1950ի Սեպտեմբեր 12ին, Սէթօ այս երկիրը մտաւ եւ հաստատուեցաւ Տիթրոյթ: Անոր եւ իր նմաններուն գործ գտնելը անհնարին ըլլալով, ընկ. Լիւթվիկը զայն պահեց իբրեւ հայր: Իսկ երբ Փօլ Մարանեան ընդունեց Սէթօն իր գործին մէջ, ան դարձաւ ինքնաբաւ:

Սէթօն ոչ ոքի օգնութեան դիմեց, այլ, այդ կէս-կոյր վիճակի մէջ, 77 տարեկան հասակին աշխատեցաւ մինչեւ վերջին շաբաթը: Պ. Մարանեան սիրով պահեց զայն, չնայած որ ինք պատրաստ էր շաբաթական շահած 20-25 տոլարը տալու, որ ձգէ աշխատանքը: Սակայն, հպարտ Սէթոյին ո՞վ կրնար նման առաջարկ մը ընել: Ան ոչ ոքի գանգատեցաւ իր թշուառ կեանքի մասին. ոչ ոքի բացաւ իր սիրտը եւ իր դառնութիւնները: Բացարձակապէս մենաւորի կեանք մը ապրեցաւ, բայց բնաւ չկորսնցուց իր կորովը, լաւատեսութիւնը, մանաւանդ հայ ազգի ապագայի վերաբերմամբ: Ան աչքերը փակեց այն հաւատքով թէ Հայաստանը պիտի տեսնէր տաւկաւին իր աչքերով...

Սակայն, իր կեանքի վերջին շաբաթը, քանի մը օր մեր տանը անձայն ու աչքերը գոց պառկեցաւ. ան այլեւս աւելորդ կը գտնէր իր ապրիլը, որովհետեւ ոչ ոքի օգտակար կրնար ըլլալ... Նոյնիսկ կը մտածէր կերպով մը վերջ տալ իր կեանքին: Չորս օր ետք, հիւանդանոցին մէջ կաթուածահար եղաւ, այդ ուժեղ կամքով հայրենապաշտ մարդը:

Յ. Յովակիմեան
«Հայրենիք», Պոսթոն
63-րդ Տարի, Թիւ 15,059
Կիրակի, Նոյեմբեր 5, 1961