Թրոյ-Ութրվլիթ – Հ. Յ. Դ. Կոմիտէս դժբախտութիւնն ունեցաւ կորսնցնելու իր վեթերան ընկերներէն Յակոբ Խոզիկեանը (Հաճի) Հոկտ. 2-ին: Ծնած էր 1865-ին Տիվրիկի Օտուռ գիւղը (Սեբաստիոյ նահանգ): Ան Պանք Օթթօմանի գրաւման մասնակցող հերոսներէն միակ վերապրողն էր: 1896ին Կ. Պոլսոյ մէջ անդամ էր Հ. Յ. Դաշնակցութեան եւ մասնակից եղած էր կուսակցական այն նիստերուն, որոնց մէջ 1896 Օգոստոսին որոշուեցաւ կատարել Պանք Օթթոմանի ցոյցը ստիպելու համար օտար պետութիւնները, որ ազդեցութիւն բանեցնէին Սուլթան Համիտի վրայ, որպէսզի վերջինս իրագործէ հայկական բարենորոգումները:
Երբ Պանք Օթթոմանի վրայ յարձակումը որոշուեցաւ ընկ. Յակոբ Խոզիկեան մէկն էր այն հերոսներէն, որոնք պատրաստ գրնուեցան զոհուելու հայկական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Հայերու համար Պանք Օթթոամանը եղաւ ու մնաց իբրեւ ազգային բողոքի եւ կուտակուած ցասումի խիզախ մէկ պոռթկում:
Ինչպէս ծանօթ է, այդ հերոսական դէպքին մասնակցող յեղափոխականները Եւրոպական կառավարութեանց հովանաւորութեան տակ Թուրքիայէն հեռացան. Ոմանք գացին Արժանթին (Հար. Ամերիկա) ուրիշներ՝ Եւրոպա եւ ոմանք ալ՝ հայրենիք՝ ընկ. Յակոբ Խոզիկեան կ'ըլլայ վերջիններէն մէկը:
1909-ին կուգայ այս երկիրը եւ կը հաստատուի Ուոթրվլիթ, Նիւ Եորք: Ամուսնացած էր եւ ունէր զաւակներ երկիրը: 1915-ի տարագրութեան օրերուն կորսնցուց իր ընտանեկան բոլոր պարագաները: Տոգորուած ազգային վրէժխնդրութեամբ նոյն տարին կամաւոր գնաց Կովկասի ճակատը: Իսկ իր փոքր եղբայրը Խաչիկ Խոզիկեան 1917-ին կամաւոր էր Կիլիկիա Հայկական Լէգէոնին եւ նահատակուած է Մարաշի կռիւներուն մէջ:
Թաղման ծաղկեպսակներ ղրկած էին ազգականներ եւ բարեկամներ նաաեւ Հ. Յ. Դ. Թրոյ-Ութրվլիթ Կոմիտէն: Իր հողակոյտին առջեւ Կոմիտէիս կողմէ դամբանական խօսեցաւ ընկ. Մանուկ Տիրացեան:
Արարողութիւնը կատարուեցաւ Հայ. Առաք. Ս. Պետրոս եկեղեցին (Թրոյ), ձեռամբ Գերշ. Բաբգէն Վրդ. Վարժապետեանի: Մարմինը ամփոփուեցաւ Ալպիոնի Էլմվուտ Հիլ գերեզմաննոցը, Թրոյ:
Պանք Օթօմանի Հերոսներէն Վերջինը Ընկ. Յակոբ Խոզիկեան Կը Մեռնի
Պանք Օթօմանի գրաւման մասնակցող յեղափոխականներէն վերապրողներու վերջինն ալ մեռաւ:
Մեռաւ ընկ. Յակոբ Խոզիկեան, Հոկտ. 2-ին, Թրոյի (Ն. Ե.( հիւանդանոցին մէջ: 85 տարեկան էր: Թաղումը կատարուած է Հոկտեմբեր 5-ին՝ ազգականներու, ընկերներու եւ բարեկամներու ներկայութեան:
Իր մօտիկ ազգական՝ Գէորգ Խոզիկեան, ինչպէս միշտ, հիւանդութեան ընթացքին ալ, ջերմ ու հոգածու վերաբերում ցոյց տրուած է: Գէորգի կինը՝ Սառան, հիւանդութեան վերջի երեք շաբաթներուն Նիւ Եորքէն գացած է Թրոյ, որպէսզի կարենայ օրական երկու անգամ հիւանդանոց այցելել: Գէորգ եւս ամէն շաբաթավերջ գացած ու այցելած է իր ազգականին, կարենայ քաղցրացնելու համար հիւանդին վերջին օրերը:
Ընկ. Յակոբ Խոզիկեան ծնած է շուրջ 85 տարիներ առաջ Օտուռ գիւղին մէջ, Տիվրիկի շրջան, Սեբաստիա:
1896-ին, Պոլիս, ծառայած է բժիշկի մը տան մէջ:
Այս շրջանին է որ, իբր հաւատաւոր ու գործօն Դաշնակցական, կը մասնակցի Պանք Օթօմանի գրաւման համար կատարուած նախապատրաստական ժողովներուն եւ, վերջն ալ, բուն իսկ գրաւման:
Դեսպանական երաշխաւորութեամբ Պանքէն դուրս գալէ վերջ, իր ընկերներուն հետ կը տարուի Մարսիլիա: Անկէ ալ՝ Արժանթինա եւ, յետոյ, Երկիր ու Ամերիկա:
1915-ին Ամերիկայէն կ'անցնի Կովկաս, իբր կամաւոր Քեռիի բանակին: Կը դառնայ Ամերիկա 1917-ին:
Իր դարձէն վերջ, նոյն թուականին, իր եղբայրը՝ Խաչիկ կ'երթայ Կիլիկիա, իբր կամաւոր ու կը նահատակուի Արարայի կռիւներուն:
«Հայրենիք» օրաթերթի թիւ 12345-ին մէջ կարդացի թղթակցութիւն մը ընկ. Խոզիկեանի մահուան առթիւ. այդտեղ ըսուած էր, թէ մեր ողբացեալ ընկերը վերջին վերապրողն է Պանք Օթթօմանի դէպքին հերոսներէն:
Ապահովաբար թիւրիմացութեան մէջ է թղթակիցը, որովհետեւ նոյն դէպքի հերոսներէն երկուքը ողջ են բարեբախտաբար՝ ընկերներ Վարդան Շահպազ (Լիբանան) եւ Միսակ Թոփչեան (Ֆրէզնօ):
Թերեւս, այլ երկիրներու մէջ ալ կան դեռ վերապրողներ: