30 October, 2022

Կարսի Յանձնումը

Ոչ մէկ դէպք թերեւս այնքան վիրաւորիչ, աններող եւ չարակամ քննադատութեան ենթակայ եղած է հակադաշնակցական հայերու կողմէ որքան Կարսի անկումը:

Կարսը, ինչպէս յայտնի է, ինկաւ 1920-ի աշնան, երբ Կարսը պաշտպանելու կոչուած հայկական պահակազօրքը մերժեց կռուիլ Քեազիմ Քարապէքիրի բանակին դէմ եւ բերդը թշնամիին յանձնեց առանց դիմադրութեան:

«Դաշնակցականները Կարսը յանձնեցին առանց գնդակ մը արձակելու»,– ահա ծանրակշիռ ամբաստանութիւնը:

Բնականաբար անձնատուութեան նախատինքը չափազանց զօրաւոր պատճառաբանութիւն մը կը ներկայացնէ: Ապահովաբար աններելի է, որ բաւարար պահակազօրք մը, լաւ պարենաւորուած եւ դիմադրութեան ընդունակ (եթէ այդպէս է) ամենայն խոնարհութեամբ իր զէնքերը վար դնէ եւ առանց ճիգի իր բերդը յանձնէ թշնամիին:

Կը պատմուի թէ ատենօք, միջին դարերուն, Ռուս-Թաթար պատերազմներու միջոցին, գետի մը երկու կողմը երկու թշնամի բանակներ զիրար ճակատեցին ամբողջ շաբաթ մը. յետոյ առանց տեսանելի պատճառի երկու բանակները սարսափահատ սկսան նահանջել հակառակ ուղղութիւններով եւ կանգ չառին, մինչեւ որ տուն հասան: Ասիկա այն պարագան էր, երբ ամենէն առաջ տուն հասնող բանակը յաղթանակը շահեցաւ, պատմութեան մէջ արձանագրուած ամենէն ծիծաղելի յաղթանակը:

1913-ի Պալքանեան պատերազմին ամբողջ թրքական բանակը անփառունակ կերպով փախաւ յառաջացող պուլկարներու երեսէն եւ կանգ չառաւ, մինչեւ որ հասաւ Լիւլէ Պուրկազ, Պոլսոյ դռները:

Համաշխարհային պատերազմին Քափորէթթոյի մէջ ամբողջ կէս միլիոն իտալացի զինուորներ անարգաբար փախան ափ մը աւստրիացիներու ու գերմաններու առջեւէն, եւ օգնութեան հասնող անգլիացի եւ ֆրանսացի զօրաբաժիններ միայն արգիլեցին անոնց բացարձակ կազմալուծումը: 1917-ին ամբողջ ցարական բանակը, 18,000,000, վարակուեցաւ բոլշեւիկեան պրոպագանդէն, բարոյալքուեցաւ եւ թողելով պատերազմի ճակատը՝ անամօթաբար փախաւ դէպի տուն:

1921-ին ամբողջ յունական բանակը, հաշուուած 100,000-է աւելի, իր յաղթանակին ճիշտ գագաթնակէտին, յանկարծ երես դարձուց եւ պատմութեան մէջ նմանը չտեսնուած վախկոտութեամբ փախաւ իրմէ շատ սակաւաթիւ ափ մը թուրքերու երեսէն: Անգամ այն մեծ գերմանական բանակը, որ չորս տարի շարունակ ամբողջ աշխարհը դողացուց, վարակուեցաւ բոլշեւիկեան պրոպագանդէն եւ թուլացուց իր դիմադրութիւնը անձնատուութեան կէտին:

Բանակի մը քայքայումը որպէս այդ, հետեւաբար, զարմանալի բան մը չէ ինքնին: Այդպիսի բարոյալքումներ ազգերու պատմութեան մէջ յաճախ պատահած են: Սակայն, մենք չենք տեսներ, որ այդ ազգերու հայրենակիցները անդադար իրենց կառավարութիւնները կամ պատասխանատու կուսակցութիւնները քննադատեն ըսելով. «Դուք Կարսը առանց գնդակ մը արձակելու թշնամիին յանձնեցիք», ինչպէս կ'ըսեն մեր հայ հայրենակիցները: Ուրիշ ազգերու վարուելկապերը նման պայմաններու տակ բոլորովին տարբեր է: Եթէ դաւաճանութիւն է տեղի ունեցած, եթէ եղած են անհատներ կամ խմբակներ, որոնք պատասխանատու են տեղի ունեցած աղէտին, կը պատժուին իբր յանցաւորներ, եւ հոս խնդիրը կը վերջանայ: Իսկ եթէ ոեւէ յանցանք գոյութիւն չունի, անոնք պարզապէս կ'ողբան անցեալը եւ ազնուութիւնը կ'ուենան լռել եւ չյիշեցնելու իրենց հայրենակիցներուն աղէտի մը մասին, որ ամբողջ ազգինն է, ուրեմն նաեւ իրենցը:

Այժմ ասիկա կը բերէ մեզ ամբողջ հարցին փափուկ կէտին: –Ինչո՞ւ համար Կարսի պահակազօրքը անձնատուր եղաւ առանց դիմադրութեան:

Այս հարցումին պատասխանելու համար, անհրաժեշտ է գիտնալ իրարու դէմ կանգնած բանակներու բաղդատական ուժը, անոնց նիւթական միջոցները, եւ բարոյականը:

Արդ՝ 1920-ին հեղինակաւոր եւ պահպանողական գնահատումներու համաձայն, թրքական ուժը կը բաղկանար 25,000 հետեւակ զինուորներէ, 3000 հեծելազօրքէ եւ 300 թանդանօթներէ: Անոնց բանակը լաւ պարենաւորուած էր առատ պաշարով ուտեստի, ռազմանիւթի եւ հագուստի, որը կը հայթայթուէր իրենց իտալացիներու, ֆրանսացիներու եւ բոլշեւիկ ռուսերու կողմէ: Ասկէ զատ թուրքեր ունէին օժանդակ ուժեր, հազարաւոր պաշի-պօզուքներ, քիւրտեր, աւազակախումբեր, եւայլն, որոնք կը նեղէին հայ բանակները ամէն կողմերէն:

Այս ուժին դիմադրելու համար հայեր կը ներկայացնէին միմիայն 6000 մարզուած զինուորներ, զանցառելի հեծելազօրք մը եւ շատ քիչ թնդանօթներ: Ոեւէ ազգ անոնց պաշար չէր հայթայթեր: Այս թիւին 3500-ը կը պաշտպանէր Կարսը մինչդեռ մնացեալ 2500-ին յանձնուած էր Հայաստանի Մայրաքաղաքը Երեւան, եւ ամբողջ Արարատեան դաշտը պաշտպանելու Հերքիւլեան գործը: Դրօ յամառ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ Սուրմալուի մէջ եւ յաջողեցաւ ազատել ե՛ւ մայրաքաղաքը ե՛ւ Արարատեան դաշտը:

Հոկտեմբեր 30-ին Կարսի եւ շրջակայքի ուժեր պիտի սկսէին յարձակողականի իրենց նպատակակէտ ունենալով Վեզէնքէօյի վերագրաւումը, սակայն, երբ յառաջանալու հրամանը տրւեցաւ, զինուորները մերժեցին հնազանդիլ: Յուսախաբ, զզուած, եւ ճարահատ, գնդապետ Մազմանեան իր զինւորոներուն առջեւ անձնասպան եղաւ մաուզէրի երկու գնդակներով: Թուրքերը քաջալերուած՝ յառաջ քալեցին եւ հայկական պահակազօրքն ու քաղաքին ժողովուրդը նահանջի մատնելով՝ գրաւեցին Կարսը առանց դժուարութեան:

Արդ՝ Երեւանի բանակին դիմադրութիւնը տեւած էր քանի մը օրեր: Անիկա յամառօրէն դիմադրած ու յաջողած էր: Այս զինուորները Սուրմալուի մէջ կռուեցան այնպէս, ինչպէս կռուած էին Սարտարապատի եւ Կարաքիլիսէի մէջ: Անոնք հոյակապ էին: Ինչո՞ւ համար ուրեմն, Կարսի պահակազօրքը նման կերպով չը կռուեցաւ:

Պատասխանը պարզ է: Այս զինուորները չկռուեցան ոչ թէ որովհետեւ անոնք վախկոտներ էին: Պատճառը մատնութիւն կամ դաւաճանութիւն չէր հայ զօրավարներու կողմէ: Անոր համար չէր որ Դաշնակցական կառավարութիւնը Կարսը թուրքին ծախեց: Անհեթեթ է գաղափարը: Կարսի պահակազօրքը չկռուեցաւ այն միեւնոյն պատճառով, որով չկռուեցաւ 18,000,000-ի ռուս բանակը 1917-ին: Հայկական բանակը մասն էր այն հսկայ ռուս բանակին, որ քայքայուած էր: Անոր սպաները առնուած էին հին ռուս բանակէն: Անոր շարքերը լեցուած էին կամաւորներէ, որ ծառայած էին ռուս բանակին մէջ որպէս կամաւոր եւ ոչ-կամաւորներ: Այն միեւնոյն ազդակները, որոնք կազմալուծեցին ցարական բանակը, ներգործեցին նաեւ հայկական բանակի վրայ եւ պատճառ եղան անոր կազմալուծման: Հայ զինուորը խաբուեցաւ: Նենգաւոր պրոպագանդը քամեց անոր դիմադրական ուժը, եւ այդ պրոպագանդը ներարկուեցաւ իր մէջ՝ շնորհիւ բոլշեւիկ ռուսին եւ բոլշեւիկ հայուն:

Նշանակալից իրողութիւն է որ ուր բանակը, պաշտօնեաները, եւ պայքարի ընթացքը էապէս Դաշնակցական էին, ինչպէս Երեւանի բանակը Դրօի հրամանտարութեան տակ, հայկական դիմադրութիւնը յաջող էր: Իսկ ուր որ մեր զինուորներուն ու սպաներուն նկարագիրը անստոյգ էր, ինչպէս Կարսի պահակազօրքը, որ խառնիճաղանճ մըն էր՝ չճանչցուած ու չփորձուած կամաւորներու, եւ որոնց սպաները ոչ թէ Դաշնակցական, այլ նախկին ցարականներ էին, մեր դիմադրութիւնը ձախողանք մը եղաւ:

Ողբալի իրականութիւն է որ մեր բոլոր ճակատներու վրայ ալ մեր զինուորներն ու սպաները չէին բաղկանար այնպիսիներէ, որոնք գերազանցօրէն տոգորուած ըլլային Դաշնակցական ոգիով: Այլապէս պատմութիւնը բոլորովին տարբեր կ'ըլլար այսօր: Սակայն, հայկական կառավարութիւնը, հազիւ երկու եւ կէս տարեկան, շրջապատուած անսահման թշուառութեամբ եւ աղքատութեամբ, քաոսէն պետութիւն մը կերտելու հսկայ աշխատանքով ծանրաբեռնուած, ոչ ժամանակ ունեցած էր բաւարար զինուորական մեքենայ մը ստեղծելու եւ ոչ ալ հնարաւորութիւններ՝ զտելու ու կարգապահութեան ենթարկելու այն աննշան բանակը, որ հապճեպով կազմած էր:

* * *

Որպէսզի չպնդուի թէ այս ամէնը դաշնակցական բացատրութիւններ են, թէ Կարսի պահակազօրքը Դաշնակցականներ էին, թէ պրոպագանդը հոս գործ չունէր, եւ թէ բոլշեւիզմի վարակումը իսկական պատճառը չէր մեր զինուորներուն չկռուելուն, ես պիտի եզրակացնեմ հոս մէջ բերելով ամենէն հեղինակաւոր եւ պատմութեան մէջ ճանչցուած ամենէն զօրաւոր տեսակի ապացոյցը, այն է՝ թշնամիին վկայութիւնը, այս պարագային նոյն ինքն հայ բոլշեւիկներու խոստովանութիւնը, որոնք խելօք Դաւիթներու նման հաւատացին թէ թուրքեր կը յարձակէին Կարսի վրայ, որպէս իրենց փրկարարները առանց վնասելու իրենց: Հայ բոլշեւիկները իրենց կեանքի ցնցումը ունեցան, երբ տեսան որ քաղաքը գրաւելէ յետոյ իրենց կարծեցեալ թուրք «փրկիչները» սկսան ջարդել եւ բռնաբարել զիրենք: Մէջբերումը բոլշեւիկներու հայատառ թերթէ մըն է.– (Տե՛ս «Կոմունիստ», թիւ 42, հրատարակուած Բագուի մէջ):

«Հոկտ. 30-ին թրքական զօրքեր հայկական զօրաբաժիններու կողմէ դիմադրութիւն չտեսնելով գրաւեցին Կարսը: Մինչեւ թուրք զօրքերուն հայկական հող մտնելը, հայ զինուորները խորապէս համոզուած էին, թէ Կարսի վրայ յարձակող զօրքեր բոլշեւիկներ էին: Ատոր համար էր որ անոնք չը դիմադրեցին: Ասիկա էր կարծիքը նաեւ քաղաքին գործաւոր դասակարգին, որ ամրապէս համոզուած էին, թէ իրենց վրայ յարձակողը թուրք յեղափոխական բանակն էր կարմիր դրօշակի տակ: Սակայն, քաղաքը մտնելէ ետք, թուրքեր չխնայեցին ոչ կիներուն, ոչ մանուկներուն, ոչ ալ ծերերուն: Ամբողջ հինգ օր այս արիւնարբու զինուորները եւ քիւրտերը մարդու երեւակայութենէ դուրս ամէն տեսակի բարբարոսութիւններ գործադրեցին խաղաղ ժողովուրդին վրայ: Անոնք բացառաբար սպաննեցին հայերը»:

Այս խոստովանութիւնը վճռական պէտք է ըլլայ: Դաշնակցականները գիտեն ան, պատմաբանը գիտէ, աշխարհը գիտէ: Եւ հայ Ռամկավարները, վերջին տասնեւհինգ տարիներու անմիտ կրկնութիւնը թէ՝ Դաշնակցականներ Կարսը յանձնեցին առանց գնդակ մը արձակելու՝ ոչ այլ ինչ է եթէ ոչ պարզ զրպարտութիւն:

Հետաքրքրական է, որ հայ համայնավարներ երբեք չեն մեղադրած Դաշնակցականները՝ Կարսը յանձնած ըլլանուն համար: Անոնք չեն մեղադրեր, որովհետեւ անոնք շատ լաւ գիտեն թէ իրենք էին մեր բանակին բարոյականը եւ կարգապահութիւնը խորտակողները, եւ իրենք էին պատճառը մեր ազգային աղէտին:

Շատ աւելի տարօրինակ իրողութիւն մը եւս այն է, որ այն միակ հայ խմբակը, Ռամկավարը, որ այս առթիւ Դաշնակցութիւնը կը մեղադրէ, երբեք մաս եւ բաժին չունէր ոչ Հայաստանի ստեղծման, ոչ ալ անոր անկման մէջ: Երբ Դաշնակցականներ կը կռուէին Բագուի, Սարտարապատի եւ Կարաքիլիսէի մէջ՝ մեր ազգի գոյութիւնը փրկելու համար, Ռամկավարները հոն չէին:

Երբ անկախ հանրապետութեան ստեղծումէ ետք, Դաշնակցականներ տենդագին ճիգեր կը թափէին քաոսէն կարգ ստեղծելու համար, Ռամկավարները հոն չէին որ օգնէին իրենց նորաստեղծ հայրենիքին վերականգնումին:

Երբ 1920-ին Դաշնակցականներ ճարտարօրէն կ'աշխատէին փրկել հանրապետութիւնը ներքին եւ արտաքին թշնամիներէ, ռամկավարները չէին գտնուեր Հայաստանի ոչ մէկ անկիւնը: Մենք ոեւէ արձանագրութիւն չունինք, թէ Ռամկավար գնդապետ մը կամ զինուոր մը յուսահատութենէ անձնասպան եղաւ, երբ Կարսի մէջ տեսաւ իր դասալիք ընկերները:

Այս անճառելի տնօրէնները այդ օրերը շատ հեռու էին: Ապահով հեռաւորութեան մէջ, օտար երկիրներու մէջ հանգիստ տեղաւորուած անոնք հեռուէն կը դիտէին իրերու ընթացքը Հայաստանի մէջ, եւ նոյնիսկ իրենց ձեռքէն եկածը կ'ընէին՝ արգիլելու ու խափանելու համար իրենց հայրենակիցներուն՝ Դաշնակցականներուն ջանքերը, մահու եւ կենաց պայքարը ազգին մահացու թշնամիին դէմ:

Անոնք՝ Ռամկավարները հայ դասալիքներն էին: Եւ, տակաւին, այս վատասիրտերը քաջութիւն ունին այսօր հաշուետուութեան կանչելու մարդիկ, որոնք իրենցմէ անհունապէս աւելի անձնուիրութեամբ ծառայած են հայրենիքին: Աւելին. անոնք աններելի վատութիւն ունին այսօր փառաբանելու իբր Հայաստանի փրկիչներ այն դաւաճանները կամ հայ բոլշեւիկները, որոնք պատճառ եղան Հայաստանի աղէտին եւ Կարսի անկումին, այսինքն՝ ճիշդ այն չարիքներուն, որոնց համար կը մեղադրեն դաշնակցութիւնը:

Բոլոր հայերու մէջէն, հայ Ռամկավարը աշխարհի վրայ վերջին մարդն է որ իրաւունք ունենայ Դաշնացկականը հաշուի կանչելու Կարսի անձնատուութեան համար:

Յ. Կ. Մանտալեան
«Հայրենիք», Պոսթոն
38-րդ Տարի, Թիւ 7430
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 10, 1936