Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ատրպատականի կազմակերպութեան մէջ յիշատակութեան արժանի եւ պատւաւոր տեղ մը կը գրաւէ Խանասորցի Մեսրոպը՝ Մեսրոպ Տէր-Յակոբեանը: Ծնած է Թաւրիզի Ալչամիւլք գիւղին մէջ 1897-ին: Այս գիւղին մէջ յայտնի էր Տէր Յակոբեան գերդաստանը, որուն շառաւիղներէն մէկուն՝ Տէր-Յակոբ քահանայի որդին էր Մեսրոպը:
Նախնական ուսումը գիւղական դպրոցին մէջ ստանալէ յետոյ կուղարկւի Թաւրիզ, ուր երկու տարի ալ Լիլաւայի Հայոց Ազգային դպրոցին մէջ ուսում կը ստանայ:
Ուսման սէրն ու ծարաւը այնքան ուժեղ էին Մեսրոպի մէջ, որ երեք օր կամովին սոված կը մնայ պահանջելով ծնողներէն, որ իրեն ուղարկեն Էջմիածնի Ճեմարանը՝ միջնակարգ կրթութիւն ստանալու համար: Ծնողները կը կատարեն իրենց զաւակի խնդրանքը: Մեսրոպը 1890թ. սեպտեմբերին Թաւրիզէն կանցնի Էջմիածին, ուր ի յայտ կուգայ իր ընդունակութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ՝ վայելելով ուսուցիչներու եւ ընկերներու համակրանքը: Կը ստանայ միջնակարգ կրթութեան դասարանական բաժնի վկայականը, աչքի զարնելով «գերազանց վարուք» եւ «յոյժ գովելի» յառաջադմութեամբ: Էջմիածնէն կը վերադառնայ Թաւրիզ, ապա կանցնի Ղազվին իր Եղիա եղբօր մօտ, անկից կը ստանայ 500 թուման դրամ ու կը դառնայ Թաւրիզ: Առանց ո՛եւէ մէկին բան մ'ըսելու կը գնէ ձի մը, հրացան, փամփուշտներ եւ գաղտնի հեռանալով Թաւրիզէն՝ կուղղւի դէպի Սալմաստ, ուր 1894-ի վերջերը կը մտնէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ, դառնալով անոր անձնւէր եւ ուխտեալ անդամներէն մէկը: Սալմաստի մէջ կը լծւի կուսակցական բազմատեսակ աշխատանքներու եւ ամէն տեղ կը վայելէ յարգանք եւ համակրանք: Իր պարզ ու համեստ բնաւորութիւնը, մատչելի եւ ընկերասէր վերաբերմունքը խոր տպաւորութիւն ձգած են զինքը մօտիկէն ճանչցողներուն սրտի եւ յիշողութեան մէջ:
Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը 1897ի ամրան կը կազմակերպէր Խանասորի պատմական արշաւանքը, որուն աշխատանքներուն լծւեցաւ նաեւ Մեսրոպը՝ Սալմաստի մէջ:
Երբ հայդուկային խումբերը Սալմաստէն ճամբայ ելան դէպի Խանասորը,
Մեսրոպն ալ իբր պարզ հայդուկ մտած էր Շատախցի Փոխիկի հարիւրեակին մէջ:
Յուլիսի 25ի արշալոյսին՝
Կատաղի կռիւներու ընթացքին Մեսրոպն ալ քանի մը տեղով վիրաւորւեցաւ: Արշաւանքէն յետոյ, երբ հայդուկային խումբերը ցրիւ եկան, Մեսրոպը վերադարձաւ Թաւրիզ եւ 2 տարի Լիլաւայի դպրոցին մէջ ուսուցչական պաշտօն վարեց: Ապա մտաւ առեւտրական ասպարէզը: 1903-ին ամուսնացաւ եւ դարձաւ հայր չորս զաւակներու: Թաւրիզի մէջ ի յայտ եկաւ իր կուսակցական եւ հասարակական գործունէութեամբ, որ լի է գնահատութեան արժանի բազմաթիւ փաստերով:
Պարսկական յեղափոխական շարժումներու ժամանակ (1909-1912) նա վարեց բազմատեսակ պատասխանատու գործեր: Ընտրւած է անդամ Ատրպատականի Հայոց Թեմական Խորհուրդի եւ Կենտրոնական դպրոցի հոգաբարձութեան: Իբրեւ շիտակ մարդ եւ ուխտեալ դաշնակցական կը վայելէր լայն ժողովրդականութին՝ Ատրպատականի մէջ: Այժմ դեռ ողջ է անոր մայրը՝ 90 տարեկան տիրուհի Նազլուն:
Մեսրոպ Տէր Յակոբեանը մեռաւ 1915 նոյեմբերի 15ին Թաւրիզի մէջ, հազիվ 40 տարեկան: Գերեզմանը կը գտնւի Ազգային Հանգստարանում: