10 November, 2022

ԽԱՄԱՍ. Համասփիւռ Միրզոյեան

Պոլսոյ «Ազդարար» թերթը իր նոյեմբեր 20-ի թիւի մէջ կ'արձանագրէ մահը օր. Համասփիւռ Միրզոյեանի, որ տեղի է ունեցած նոյեմբեր 10-ի գիշեր Ազգային հիւանդանոցին մէջ:

Օր. Համասփիւռ իբրեւ ուսուցչուհի 1921-էն ի վեր կը պաշտօնավարէր Պոլսոյ ազգային վարժարաններու մէջ: Երեք տարիէ ի վեր թոքախտէ կը տառապէր ու կը դարմանուէր Ազգային Հիւանդանոցին մէջ, ուր եւ մեռած է:

Համասփիւռ Միրզոյեան այն բացառիկ հայ կիներէն էր, որ իր երկար տարիներու ագզային հասարակական գործունէութեամբ, մեծ ծառայութիւններ մատուցած է եւ ունի բազմաթիւ գաղափարակից ընկերուհիներ այն տեղ: Դժբախտաբար Պոլսոյ մամուլը հնարաւորութիւն չունի իր մահուանէն վերջ անոր անցեալ գործունէութեան մասին խօսիլ: Արտասահմանի ազատ մամուլի պարտականութիւնն է այդպիսիներու յիշատակը յաւերժացնել՝ հասարակութեան ներկայացնելով անոնց անցեալ գործունէութիւնը:

Համասփիւռ ծնած է Վան-Այգեստան: Համեստ ընտանիքի մը զաւակ էր: Իր միջնակարգ կրթութիւնը ստացած էր Սանդխտեան Օրիորդաց վարժարանը: Իր ուսանողութեան շրջանը եղած է չափազանց փոթորկալից: Ունէր պայքարող ոգի, ըմբոստ եւ ուժեղ նկարագիր: Շատ յաճախ կ'ըմբոստանար դպրոցի կաշկանդող պայմաններու դէմ:

Ունէր հրաշալի կազմակերպչական ընդունակութիւն: Իր համեստ եւ լուրջ բնաւորութեան պատճառաւ իր հետ կապուած էին իր դասընկերներէն շատերը, որոնց կը ներշնչէր ազատական գաղափարներ: Մօտէն շփման եւ յարաբերութեան մէջ էր Հ. Յ. Դ. գործիչներու հետ: Իր շուրջ համախմբած էր գաղափարական օրիորդներ, որոնք իրենց բաժին աշխատանքները կը կատարէին:

Դաւօի դաւաճանութեան շրջանին, երբ Վանի երիտասարդութեան մեծ մասը ծեծի ու բռնութեան տակ բանտեր լեցուած էր, իսկ զինեալ ուժերը լեռ ապաստանած էին, Համասփիւռ եւ իր ընկերուհիներն էին միակ կապ ու յարաբերութիւն պահողը՝ քաղաքի մէջ պատսպարուած գործիչներու եւ լեռ ապաստանած խումբերու միջեւ:

Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն յետոյ, Համասփիւռ նուիրուեցաւ ուսուցչական ասպարէզին եւ հրաւիրուեցաւ պաշտօնի Քաղաքամէջի աղջկանց վարժարանին մէջ, ուր կը պաշտօնավարէին նաեւ Ալէքսանեան քոյրերը: Անոնց հետ միասին կազմակերպեց եւ իր շուրջ համախմբեց գիտակից ու գաղափարական օրիորդներ: Կազմեց Օրիորդաց Միութիւն մը, որ իր շուրջ մեծ աղմուկ հանեց, որովհետեւ Վանի մէջ նորութիւն էր:

1908-ի Սահմանադրութեան հռչակումով Վանի երիտասարդութեան համար նոր ասպարէզ բացուած էր: Օգտուելով երթեւեկութեան ազատութենէն, ուսումնածարաւ երիտասարդներ խումբ խումբ դէպի Պոլիս կը մեկնէին՝ աւելի բարձր ուսում ստանալու համար:

Մեր կարաւանին, որ կը բաղկանար 7-8 երիտասարդներէ, ընկերացաւ նաեւ Համասփիւռ իր երկու ընկերուհիներուն հետ: Պոլիս հասնելով 1910-ին Համասփիւռ եւ իր մէկ ընկերուհին իբրեւ ազգային ուսանող ընդունուեցան Դպրոցասիրաց Տիկնանց վարժարանը: Շնորհիւ իր ընդունակութեան եւ արտակարգ ուշիմութեան, ան շատ շուտով ամբողջ դպրոցի ուսուցչութեան եւ խնամակալութեան ուշադրութիւնն իր վրայ հրաւիրեց:

Իր խառնուածքին ու ստացած դաստիարակութեան անհարազատ ու խորթ էին Դպրոցասիրացի խնամակալ տիկիններու կաշկանդումները եւ այն խիստ ռեժիմը, որով կը ջանային ուսանողուհիները հեռու պահել ազգային-քաղաքական կեանքէ եւ այդ պատճառաւ ամենախիստ արգելք դրած էին, դպրոցէն դուրս ոեւէ ազգային ու կուսակցական բնոյթ կրող աշխատանքի մասնակցելու: Համասփիւռ իր հետ կապուած գաղափարակից օրիորդներու հետ միասին պայքարեցաւ այդ կաշկանդումներուն դէմ: Խնամակալութիւնը սպառնաց արտաքսել զայն դպրոցէն, բայց չյաջողեցաւ, որովհետեւ Համասփիւռ մինակ չէր. անոր հետ կապուած էր դպրոցի բարձրագոյն կարգի ուսանողուհիներէն մեծ մասը:

Հակառակ իր դէմ եղած այդ հալածանքներուն, Համասփիւռ յամառօրէն եւ մեծ զրկանքներով նուիրուեցաւ իր ուսման եւ փայլուն կերպով աւարտեց դպրոցական շրջանը, 1913-ին:

Առաջին տարին Համասփիւռ հրաւիրուեցաւ պաշտօնավարելու իբրեւ ուսուցչուհի Ռումանիա, Պուքրէշի ազգային վարժարանին մէջ, որ մնաց մէկ տարի: 1914-ին վերադարձաւ Պոլիս եւ մասնակցեցաւ Ջունդ սանուհիի կտակի համար բացուած մրցման եւ ընդունուեցաւ իբրեւ երկրորդ սան: 1914-ին հրաւիրուեցաւ Էսկիշէհիրի ազգային վարժարանը:

Համաշխարհային պատերազմի հետեւանքով դպրոցը փակուեցաւ, եւ Համասփիւռ վերադարձաւ Պոլիս: Խումբ մը օրիորդներու հետ ան անցաւ Պուլկարիա, ապա Թիֆլիս, ուր մնաց պատերազմի ամբողջ շրջանին:

Թիֆլիսի մէջ Համասփիւռ անգործ չէր: Տիկ. Իսկուհի Խրիմեանի հետ գործակցաբար բացին արհեստանոց որբանոց մը, ուր հաստատեցին գուլպայի մեքենաներ՝ որբերու գուլպայագործութիւն սորվեցնելու համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն վերջ, Համասփիւռ անցաւ Հայաստան՝ գուլպայ հիւսելու մեքենաները հոն փոխադրելու նախապատրաստական աշխատանքներ կատարելու համար: Դժբախտաբար վերահաս հայ-թրքական կռիւներու եւ բոլշեւիկներու Հայաստան մտնելու հետեւանքով՝ ան չկրցաւ իրագործել իր այդ ծրագիրը:

Փետրուարեան սպտամբութեան յաջորդող նահանջին, Համասփիւռ խումբ մը օրիորդներու հետ Զանգեզուրի վրայով անցաւ Թաւրիզ, ուր մնաց մօտ 6 ամիս, ապա Երեւանի վրայով անցաւ Պոլիս, ուր նուիրուեցաւ իր սիրած ասպարէզին ու պաշտօնավարեց Պոլսոյ ազգային վարժարաններու մէջ:

Ան կը սիրուէր բոլորէն, որովհետեւ իր բնաւորութեամբ եւ ստացած լուրջ դաստիարակութեամբ իրապէս օգտակար կ'ըլլար: Համասփիւռի համար, սակայն, շատ նեղ էր այդ միջավայրը: Պոլիս կորսնցուցած էր իր նախկին հրապոյրը: Հայ մտաւորականութիւնը հեռացած էր: Չկար այլեւս իր սիրած գաղափարական շրջանակը:

Համասփիւռ մեծ փափաք ունէր Ամերիկա փոխադրուելու: Վերահաս հիւանդութեան պատճաաւ իր այդ փափաքը չիրականացաւ:

Այդ գաղափարական եւ գործունեայ աղջիկը, ինքն իր մէջ հալեցաւ եւ մաշեցաւ, մինչեւ որ անողոք հիւանդութիւնը զինք գերեզման առաջնորդեց:

Դժբախտ Համասփիւռի վերջին փափաքն եղած է թաղուիլ Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ,– հանգստավայր մը, ուր ամփոփուած են նշխարները ազգային մեծ դէմքերու՝ Ռ. Պէրպէրեան, Պետրոս Դուրրեան եւ ուրիշներ: Համասփիւռ կը գիտակցէր որ իր տանջուած ու մաշուած ոսկորները այդ մեծ դէմքերու հովանիին տակ միայն հանգիստ պիտի առնեն:

Գալուստ Էյնաթեան
«Հայրենիք», Պոսթոն
38-րդ Տարի, Թիւ 7511
Երեքշաբթի, Յունուար 19, 1937