05 December, 2022

Փա՜ռք Ահաբեկիչներուն. Սիամանթօ


Եւ այսպէս, ձեր արդարակշիռ եւ երկաթեղէն ձեռքերն անպարելի,
Ձեր զինավառ ու կրակոտ կուրծքերէն կատաղաբար մեկնելով՝
Դաւադրութիւնն ու Ոճիրը անողորմ հարւածով մը դէպի հողը կը մխրճեն...

Ո՜հ, ի՞նչպէս մօտենալ ձեր Սարսափին, ի՞նչպէս երգել, ի՞նչպէս ջատագովել, ի՞նչպէս շեփորել զձեզ,
Դուք ինքնիշխան եւ գերագոյն դատաւորներդ բոլոր արիւնբերան բռնապետներուն...
Ու նոյնիսկ չեմ գիտեր ձեր զարհուրանքի եւ պակուցումի անուններն ահաւոր,
Որովհետեւ ձեր յաղթական անցքը Ճշմարտապետութեան ճամբուն վրայէն,
Այնչա՛փ արագ է, այնչա՛փ խորտակիչ, այնչա՛փ կուրցնող եւ այնչա՛փ աւերիչ
Որչա՛փ անցքը խաւարակուռ անտառները մոխրացնող վայրկենական կայծակներուն...

Դուք մեր տառապանքին եւ մեր կռիւին երկարատեւ տարիներէն ի վեր,
Աննուաճելի պարիսպները հանդիսացաք մեր քայլերը կոտրտող բոլոր թշնամիներուն հանդէպ՝
Եւ բռնակալութեան քաղաքներուն եւ անոնց հրապարակներուն վրայ,
Երբ մեր դիակը փոշոտուելէն մեր տաք արիւնը կը հոտոտուէր...
Ահաւասի՛կ որ ձեր խրոխտ հասակները միսմինակ եւ հերոսաբար աշտարակուեցան...
Ձեր քայլերը մեռելապատ փողոցներուն մէջ Վրէժին աղաղակը գոռացուցին,
Ձեր սուրերուն հալածանքէն բոլոր դաւաճանները եղբայրադաւներուն հետ գերեզմանուեցան
Ու ձեր ճակատ ճակատի եւ անվեհեր ու անվախ ու հպարտ երեւումէն,
Ծնրանդիր խուժանը վատերուն՝ ձեր ոտքերուն կառչելով իրենց կեանքը հայցեցին...
Ու դեռ երէկ, ձեր ահաբեկչի ռումբերը մարդասպաններու թափօրներ մոխրացուցին...
Բարբարոսներու այդ խելացնոր վոհմակներուն մէջ վար թաւալող արեգակներու նման պայթելով...

Այսպէս, ձեր արդարախոյզի արիւնասեւեռ լապտերները ձեր ձեռքերէն առկախ,
Բոլոր խաւարչտին եւ եղեռնակշան հոգիներուն գոցուած դուռներէն ներս խուժեցիք,
Ինչպէս Խղճմտանքը, որուն ճշմարտագէտ նայուածքը վախճան մըն է միանգամայն...
Դուք Օրէնքը եղաք եղեռնապաշտ Չարիքին ուսերուն վրայ հսկող,
Եւ հայրենի ամեն յուզում, ամեն խռովք, ամեն հեռ ու ամեն վրէժ,
Ձեր նժարին մէջ կշռուեցաւ եւ ձեր արդարասպաս ատեանին սեղանին վրայ յայտնուեցաւ...
Դուք ո՛չ զինակիցներ ունեցաք եւ ո՛չ ձեր հաւատքին վրայ իշխողներ,
Դուք, – դուք ձեր անձն էիք անսահմանօրէն եւ ձեր արփաթեւ հոգին,
Ձեր Եսը գերագոյն–մարդուն եսն է ամեն զօրութենէ գերիվեր,
Ձեր վճիռը ամեն վճռի մահավճիռն է անողոք,
Եւ վա՜յ անոնց, որոնք ձեր կարմիր եւ մահացու կնիքովը կը խարանուին...

Եւ մինչեւ այսօր մեր բոլոր թշնամիները տեսա՛ն որ ձեր վրէժաձայնը զարհուրաբերի,
Արդարութեան ձայնն էր աստուածագոչ՝ ինչպէս ձայնը Ազատութեան,
Տեսա՛նք որ ձեր դաշոյնները, մեղապարտ վիզերու ի խնդիր, նորէն կը շողան,
Տեսա՛նք որ ձեր բռունցքին հարուածներուն տակ մատնիչներուն կզակները կը կափկափեն...
Տեսա՛նք որ ձեր կապարէ գնդակները մարմինէ մարմին եւ ուղեղէ ուղեղ կ'անցնին...
Տեսա՛նք որ իրենց ծոծրակներէն եւ սրտերէն, մեր ծարաւի աչքերուն առջեւ, իրենց արիւնն է որ կը ժայթքի,
Հեղեղօրէն, հեղեղօրէն, իրենց հեռաւոր գահակալներն ու մահադէմ թագակիրները թրջելով...
Տեսա՛նք որ իրենց ոսկորները կը ջախջախուին եւ իրենց ողնաշարները կը սղոցուին,
Տեսա՛նք որ այն գլուխները որ գիշերներով մեր ցեղին անէացումը յղացան,
Տեսա՛նք որ ձեր պղինձէ կրունկներուն զօրութեանը տակ է որ կը խմորուին...
Տեսա՛նք որ այսպէս, քաղաքէ քաղաք եւ հրապարակէ հրապարակ,
Ձեր յանկարծական երեւումը, ձեր բազկահարուածը եւ ձեր յարուցած խռովքը անմեկին,
Բոլոր դաւաճանները դիակնացուց, բոլոր վասակները հողեց եւ մարդակեր ամբոխները քարացուց...

Բայց դեռ մա՛հ պէտք է որոտանք, մա՛հ պէտք է համասփռենք, մա՛հ պէտք է մրրկենք,
Այն ատելութեան եւ ամբարշտութեան չարաշուք պալատներուն վրայ,
Որոնց զանգուածներուն տակ իբր հիմնաքար մեր ցեղին մտածումը եւ մարմինը եւ հոգին է որ կը հեւայ...
Որոնց որմերը մեր արիւնովն է շաղախուած եւ մեր ոսկորներովը կառուցուած...
Որոնց աղբիւրները մեր անօգուտ արցունքներէն են առատ,
Եւ գինովութեան ու եղեռնի բաժակները, ձեռքէ ձեռք շրջող, մեր արիւնովն առլցուած...
Մա՛հ պէտք է համասփռենք հոն, ուր մեր ստրուկի ծնրադիր պաղատանքները չի հասան.
Բայց ուր ձեր սուրերուն բոցը մարդասպանները սառեցուց եւ անոնց ակռաները զահանգանքէ կրճտել տուաւ...
Մա՛հ այդ թագակիր, բայց արդէն ահաբեկեալ եւ կիսամեռ դահճապետներուն,
Վասն զի, իրենք, այդ արիւնկզակ եւ դիւահար բռնաւորները վախճանաւոր,
Զարհուրանքով լսեցին ձեր ձայնը, ձեր բարկութիւնը, ձեր ցասումը, ձեր զայրոյթը ահաւոր...
Եւ իրենց խորտակեալ եւ դագաղակերպ գահերը շարժեցան,
Ուժանակներու գոռումէն, ինչպէս գոռումէն փրկարար ռումբերուն,
Ձեր վերահաս երեւումը իրենց սրտերը կը մահազանգէ եւ իրենց ոճրագործի ուղեղները կ'արիւնէ,
Իրենց կմախաձեւ ձեռքերը այլեւս մահուան սարսուռովն է որ կը դողդոչեն...
Իրենց գիշերասարսափ երազներուն մէջ ձեր անձը իր երկաթէ քինայոյզ քայլերովն է որ կ'արշաւէ...
Եւ ահաւասիկ իրենց դարաւոր դուռները ահագնաբար պատէ ի պատ կը ծեծուին
Եւ ահաւասիկ իրենց պատուհաններուն բոլոր փեղկերը յառաջացող վտանգէն իրենց վրայ ահեղութեամբ մը փակուելով
Դուրսէն եկող ամեն յոյս կը չքանայ իրենց համար եւ խաւարին մէջ Մահն է որ անոնց հոգիէն ի վեր կը կառչի...
Ուրեմն ոտքի՛ նորէն ոտքի՛, Հայորդինե՛ր, Դիւցազուննե՛ր, Ազատաբերնե՛ր,
Ոտքի՛, եւ օդերուն մէջ, օդերուն մէջ թո՛ղ ցնդին, օդերուն մէջ թո՛ղ մոխրանան,
Մեր բռնաւորներուն սա՛ պատժապարտ պալատներն արիւնաթոր՝ Եըլտըզ-Քէօշք եւ Ձարըսք է Սէլօ...

«Հայորդիներ» շարքէն
1905, Ժնև

«Դրօշակ» - Օգոստոս 1905
Թիւ 8 (161)