Եւ յանկարծ վերէն, լսւեցաւ կառքի մը դղրդիւնը: Մէկէն մարմնէս անծանօթ սարսուռ մը անցաւ, երբ տեսայ հսկայ ձիերը, որոնց բաշերը հովէն կ'ալեծփէին: Կառքին մէջն էր Սայիտ Հալիմ փաշան՝ իր թիկնապահին հետ: Փողոցին միւս ծայրը նայեցայ. Մ. դեռ հասած չէր: Վարկեանապէս «ցտեսութիւն» ըսի Հելենային, պատւիրելով որ շուտ ներս մտնէ, քանի որ «հայրս» կուգար...
Անմիջապէս քալեցի միւս մայթը, որպէսզի լաւագոյն դիրքով մը ահաբեկումը կատարեմ. բայց քանի մը ակնթարթ ուշացած ըլլալուս, քիչ մնաց ձիերու տակ մնայի: Ձեռքս վերցուցի, բռունցքս ցցած. ձիերը խրտչեցան եւ ծառացան: Այդ իրարանցումին մէջ, արագ ոստումով մը անցայ եւ ցատկեցի կառքին վայ, կոխելով ոտնատեղին: Մէկ ձեռքով բռնեցի կառքին յենարանը, քիչ մը երերացի բայց հաւասարակշռութիւնս կրցայ պահել: Մինչ թիկնապահը կառապանին կը նայէր ու բաներ մը կ'ըսէր, երեւի հասկնալու համար ձիերու խրտիչլը, Սայիտ Հալիմ փաշային աչքերը հանդիպեցան աչքերուս: «Երէն» ըսաւ թիկնապահին: Այս եղաւ Սատրազամին վերջին բառը: Աչքերը սարսափով լեցուն էին՝ երբ ատրճանակիս փողը ուղղեցի աջ քունքին եւ կրակեցի: Երկրորդ փամփուշտի մը հարկ չմնաց: Խռպոտ ձայն մը եւ Փաշան նստած տեղէն տապալեցաւ կառքին մէջ, գլուխը իմ կողմս, գրեթէ ոտքերուս տակ: Կառքը դեռ կարշաւէր:
-Աթ աշաղը, կեպերթիրիրըմ.- Նետէ՛ զէնքդ, կը սատկեցնեմ...
Հնազանդեցաւ եւ ատրճանակը կառքէն դուրս նետեց, ահաբեկ դէմքով: Ատրճանակից կոթովը այս անգամ սկսայ հարւածել կառապանին կռնակին, պոռալով, իտալերէն, «Ասբեթա, Ասբեթա». «կեցի՛ր, կեցի՛ր»: Խեղճ կառապանը վախէն կը դողար եւ յուսահատական ճիչերով զիս վկայութեան կը կանչէր ըսելով ուզելով.- Տե՛ս, կեցնել կ'ուզեմ, բայց ձիերը չեն կենար:
Կը վերյիշեմ տակաւին. Տարօրինակ ու անհաւատալի տեսարան մըն էր: Ձիերուն խելակորոյս վազքը, Փաշային կախ ինկած գլուխը, որ կը ճօճէր կառքէն դուրս, սարսափահար թիկնապահը, որ ձեռքերը վեր՝ նստած կը մնար մոմի պէս, խուճապահար կառապանը. եւ ես, մէ՛կ ոտքս կոխելիք տեղին վրայ եւ միւսը ներս ու ատրճանակը ձեռքս: Ուժգին հովէն վերարկուս կը ծածանէր կռնակիս վրայ, հսկայ թչունի մը ձեւը տալով ինծի: Այս պատկերը, որ կ'ամբողջացնէր դէմքից իջած սեւ գլխարկս, անցորդներէն ոմանց երեւակայութիւնը րգռած էր եւ հետագային ոստիկանական հարցաքննութեան ընթացքին, առիթ տւած էր անոնց ըսելու թէ սպաննողը ուրւական մըն էր – ֆանթօմա: