17 January, 2023

Յայտարարութիւն ՀՅԴ 10-րդ Ընդհանուր Ժողովի

ՀԱՅՐԵՆԱԿԻՑՆԵՐ,

1924 Նոյեմբեր 17-ին, գումարուեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Ժ. Ընդհ. Ժողովը, արտասահմանի մէջ:

Որքան ոգեւորիչ էին պայմաններ 1919-ին, երբ տեղի կ'ունենար Դաշնակցութեան Թ. Ընդհ. Ժողովը, Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ, նոյնքան դժնդակ է պատկերը, հինգ տարի յետոյ, իբրեւ հետեւանք զարհուրելի վերիվայրումներու, որոնք հիմնովին շրջեցին մեր պատմութեան ընթացքը:

Աւելորդ է պարզել շարքը այն պատմական դէպքերուն, որոնք սկսան 1920-ի կարմիր-կանաչ դաւադրութեամբ, հարաւէն եւ հիւսիսէն Հայկական Հանրապետութեան դէմ սարքուած դժոխային խաղերով, պսակուեցան յաղթական պետութեանց անլուր խաբէութիւններով եւ յանգեցան Փոքր Ասիոյ աղէտին, խորտակելով մեր նորածին Հանրապետութիւնը եւ կրկնապէս թափառական ու ցիրուցան դարձնելով Թիւրքիոյ հայ ժողովուրդին վերջին մնացորդները: Կը բաւէ միայն յիշել որ, այդ ամբողջ ողբերգութեանց ընթացքին, հայ ժողովուրդը երբէք չկորսնցուց իր պայծառատեսութիւնն ու կորովը եւ իր գոյութեան գերագոյն պայքարը մղեց քանի մը ճակատներու վրայ միանգամայն, Ղարաբաղէն մինչեւ Կիլիկիա, իսկ ինչ որ փորձեց 1921 Փետրուար 18-ին, հերոսական պոռթկումով մը եւ բոլորովին մինակ, իր անկախութիւնը վերահաստատելու համար, պիտի մնայ ներշնչումի ու պարծանքի էջ մը մեր ազատագրական պատմութեան մէջ: Չարաչար խաբուած, լքւած եւ արիւնաքամ, հայ ժողովուրդը այսուհանդերձ կրցաւ ձեւ ու մարմին տալ Հայրենիքի մը որ, թէեւ ենթակայ օտար լուծի եւ խորթ ձեռքերու տակ, կը կազմէ կորիզը իր պետական գոյութեան:

Հայրենակիցներ,

1919-ի Ընդհ. Ժողովէն յետոյ, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը ունեցաւ երկու խորհրդաժողովներ, առաջինը Պուքրէշ, 1921 Ապրիլին, երկրորդը՝ Վիէննա, 1923 Մայիսին, գծելու համար այն ուղին, ուրկէ պէտք է ընթանար, մինչեւ կուսակցութեան Գերագոյն ժողովին գումարումը: Գործնական հնարաւորութեանց եւ ուժերու տնտեսման ուղին էր այդ, իրատես քաղաքականութիւն մը, որ դարձաւ առանցքը Ժ. Ընդհ. Ժողովի աշխատանքներուն:

Վերջին տարիներու աղէտներն ու պարտութիւնները բնականօրէն պիտի անդրադառնային մեր կազմակերպական կեանքին վրայ: Տեղատւութիւններ եւ մակընթացութիւններ, վարանումներ եւ նոր համախմբումներ պակաս չեղան Պուքրէշէն մինչեւ Վիէննա: Այստեղ արդէն վերջ գտած էին անստուգութիւնները, իսկ Ժ. Ընդհ. Ժողովը եկաւ հանդիսաւորապէս վկայել մտածողութեան եւ ձգտումներու այն ամուր ներդաշնակութիւնը, որ երաշխիքն է կուսակցութեան եւ անոր դաւանանքին կենսունակութեան: Ժ. Ընդհ. Ժողովը հաստատեց թէ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը, անցնելով փորձութեան շրջանը, կը մնայ կուռ եւ անյաղթ ամբողջութիւն մը, ուր տեղ չունին պառակտումներ եւ վէճեր՝ հիմնական հարցերու մասին: Այս իրողութիւնը անշուշտ դառն յուսախաբութեան պիտի մատնէ բոլոր այն կարճատես եւ պարզամիտ հակառակորդները որոնք, անկարող՝ Դաշնակցութիւնը դուրսէն քայքայելու, կ'երազէին պառակտուած տեսնել զայն ներսէն: Պատգամաւորները բաժնուեցան իրարու հաղորդելով իրենց խոր հաւատքը հայ ժողովուդի ապագայի եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան քաղաքականութեան մասին, եւ վերադարձան իրենց շրջանները, նոր ոգեւորութեամբ գործելու:

Հ.Յ. Դաշնակցութեան Ժ. Ընդհ. Ժողովը, իր ամբողջ կազմով եւ առանց բացառութեան, կանգնած կը մնայ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի տեսակէտին վրայ, ամուր եւ աննահանջ: Հիմ ունենալով ներկայ փոքրիկ Հայրենիքը, Դաշնակցութիւնը կը ձգտի ստեղծել Հայաստան մը այն սահմաններով որ անհրաժեշտ են մեր երկիրը դարձնելու քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս կենսունակ միաւոր մը:

Այս նպատակին հասնելու համար, Ժ. Ընդհ. Ժողովը ամուր կառչած կը մնայ հայ ժողովուրդի համրանքին պահպանման, Հայրենիքի վերաշինութեան, ցիրուցան բազմութիւններու համախմբման ծրագրին:

Հայրենիքին մէջ՝ ստեղծագործ աշխատանք, պայքար՝ ազգային այլասերման դէմ, պայքար՝ քաղաքացիական իրաւունքներու վերահաստատման եւ անկախութեան գաղափարի տարածման, ինչպէս եւ յանուն հայ աշխատաւորութեան ոտնահարուած իրաւունքներուն, իսկ Հայրենիքէն դուրս համերաշխ ոգի հարեւան ժողովուրդներու հանդէպ, ձգտում եւ ջանք՝ յաջողութեամբ լուծելու Հայկական Դատը:

Ահա՛ մեր ուղեգիծը Երկրէն ներս, հարազատ ժողովուրդի ծոցին մէջ, եւ Հայրենիքէն դուրս, օտար ուժերու հանդէպ:

Մեր երկու անմիջական դրացիներէն Թիւրքիոյ հանդէպ, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը կը մնայ աննկուն, ամէն պատեհութեամբ հետապնդելով հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն ճանաչումը. Իսկ ռուսական ճակատին վրայ կը պահէ գաղափարական անհաշտ պայքարողի դիրքը հանդէպ պօլշէվիկեան դիկդատորութեան եւ աշխարհակալութեան:

Միաժամանակ, Դաշնակցութիւնը միշտ տրամադիր է լեզու գտնելու Հայաստանը շրջապատող բախտակից ժողովուրդներու հետ, որպէսզի ստեղծուի փոխադարձ բարեկամութեամբ հզօր ընտանիք մը Անդրկովկասեան ազգերու միջեւ:

Այս աշխատանքներուն հետ զուգընթաց, Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ իր պայքարը միջազգային գետնի վրայ, մասնաւորապէս կրթնելով ընկերվարական ճակատին, իբրեւ մէկ անդամը Աշխատաւորական Միջազգայինի, որուն վերապահուած է ազդեցիկ դեր մը ժողովուրդներու ճակատագրին տնօրինման մէջ:

Դաշնակցութեան գործունէութիւնը, սակայն, չի կրնար սահմանափակուիլ բացառաբար Երկրի մէջ, քանի որ հայ ժողովուրդի խոշոր մէկ զանգուածը կ'ապրի այսօր, Հայրենիքէն դուրս, ցիրուցան եւ երերուն:

Փրկել տարուբեր բազմութիւնները կորուստէ եւ այլասերումէ, մասնաւոր ուշադրութիւն դարձնելով նոր սերունդի դաստիարակութեան, կազմակերպել ներգաղթը դէպի Երկիր,– ահա ծանր աշխատանք մը, որուն իր բաժինը պիտի բերէ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը: Այս աշխատանքի ընթացքին, մենք պիտի ձգտինք զարկ տալ տարագիր զանգուածներու քաղաքական դաստիարակութեան եւ տնտեսական զարգացման, որպէսզի անոնք ըլլան մշակոյթով հասուն եւ նիւթապէս ապահով: Այդ ճամբուն վրայ, Դաշնակցութիւնը պիտի ըլլայ գաղութի այն բոլոր կենսունակ տարրերուն հետ, որոնց մտքին եւ սրտին մօտ են այս նպատակները:

Հայրենակիցներ,

Քանի մը կէտերով պարզեցինք այն հիմնական սկզբունքները որոնք պիտի կազմեն Հ.Յ. Դաշնակցութեան յառաջիկայ գուծունէութեան ուղեգիծը:

Այս բոլորէն կը հետեւի թէ՝ հիմնական նպատակները հետապնդելով հանդերձ, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը յառաջիկայ տարիները կը նկատէ ինքնամփոփումի, ուժերու համախմբման եւ տնտեսման իր գաղափարներուն տարածման եւ խորացման, իր շարքերուն դաստիարակութեան շրջան մը:

Դէպի գործ, ուրեմն: Գօտեպնդուինք մեր ժամանակներու ամենէն հզօր զէնքերով, հեռատեսութեամբ եւ յարատեւութեամբ, պատրաստուելով մեր երազած լաւագոյն օրերուն: Կրկնապատկենք մեր եռանդն ու զոհողութիւնները, աւելի խանդավառութեամբ եւ վստահութեամբ փարելով մեր աշխատանքներուն: Չմոռնանք երբէք, որ լուսաշող օր մը, նման Մայիս 28-ի, յաղթանակով պիտի պսակուին մեր անհամար ողջակէզները, մեր ազատագրական հոյակապ դիւցազնամարտն ու խանդավառ յոյսերը:

Այս առթիւ, Ժ. Ընդհ. Ժողովը իր ընկերական ջերմ ողջոյնները կ'ուղղէ իր բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ ընկերներուն, որոնք իրենց աշխատանքով եւ զոհողութեամբ վառ կը պահեն Հ.Յ. Դաշնակցութեան իտէալները հայ ժողովուրդին մէջ. եւ երկիւղածօրէն կը խոնարհի իր այն ընկերներուն առջեւ, որոնք ինկան ազատութեան ճամբուն վրայ, կամ կը տառապին բանտերու եւ աքսորավայրերու մէջ, իրենց անձին օրինակովն իսկ ներշնչելով շարքերը եւ խտացնելով զանոնք:

Հ.Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՏԱՍՆԵՐՈՐԴ ԸՆԴՀ. ԺՈՂՈՎ
1925 Յունուար

«Հայրենիք», Պոսթոն
26-րդ Տարի, Թիւ 3892
Չորեքշաբթի, Փետրուար 18, 1925