Իր Մկրտութեան անունը Ովսիա էր, մականունը՝ Սաղտըճեան, բայց ժողովուրդն ալ, ինքն ալ, հաւասարապէս, մոռցած էին այդ անունները. մատեր չէին գիտեր իսկ թէ այս խոնարհ մարդը երբեմն Ովսիա կոչուած է: Քեսապցին փաղաքշական անուն մը տուած էր իրեն, Տայի (քեռի), որ այնքան յարմարած էր իրեն, դարձած էր հարազատ արտայայտութիւնը իր անսահման բարութեան, անձնուիրութեան, քաջութեան եւ ազնուական ու լայն սրտին:
Մտերիմները, իր տարեկիցներն ու գործակիցները, «Գարա Տայի» կը կոչէին զինքը, ի նկատի ունենալով, անշուշտ, իր թուխ դէմքը, իր սեւ ու խորունկ աչքերը: Քեսապէն Անտիոք, Պայըր Պուճախէն Ճէպէլ Մուսա, Արաբ, Թուրք, Ալեւի եւ Հայ, բարեկամ թէ թշնամի, բոլորը անխտիր կը յարգէինք զինքը ու կը կոչէին «Գարա Օղլան»:
Տային Քեսապցի էր, ծնած է Գարատուր գիւղը (1887ին): Հազիւ երիտասարդ, գացած էր Մ. Նահանգներ երեւի նոր երկիր տեսնելու եւ բախտ փնտռելու համար: Չեմ գիտեր քանի տարի մնացած էր նոր աշխարհին մէջ, բայց համայնակուլ այդ միջավայրը ոչինչ կրցած էր առնել իրմէ, բացի իր բողոքականութենէն, որ միակ ժառանգութիւնն էր իրեն՝ հօրմէն մնացած:
Առաջին համաշխարհային պատերազմին, հսկայ Ամերիկան նեղ եկած էր իրեն, չէր կրցած պարփակել իր մեծ սիրտը, հայրենասէր հայու իր յորդ զգացումները, ձգած էր գործ ու ապագայ, ձգած էր հօրենական միակ ժառանգութիւնը՝ բողոքականութիւնը նոր աշխարհին մէջ եւ կամաւոր արձանագրուած էր հայկական Լեգէոնին եւ եկած էր Արեւելք:
1919-1920ի փոթորկոտ օրերն են: Փոքր Ասիան, Կիլիկիան եւ Սուրիան ալեկոծ վիճակի մէջ էին. ամէն կողմ խնդիր, անիշխանութիւն եւ կռիւ. Ճիշդ է, վերապրող Հայութիւնը վերադարձած էր կրկին նորոգելու իր քանդուած օճախը, բայց անստուգութեան մէջ էր, չարիքը դամոկլեան սուրի պէս կախուած էր իր գլխուն: Վերադարձած էր նաեւ Քեսապի եւ Ճէպէլ Մուսայի վերապրող Հայութիւնը, բայց օրերը կը դժուարանային, անիշխանութիւնը հետազհետէ կը շեշտուէր մասնաւորաբար Սանճագի մէջ: Ամըգի շրջանն ու Որոնդէսի հովիտը թատր կը դառնային հրոսակային կռիւներու:
Քեսապ վերադարձած ընկերները ծւարած էին Կասիոսի ստորոտը: Սովի ու մահուան սպառնալիքը կրկին կը սաւառնէր իրենց գլխուն վերեւ:
Կը սկսի իր հերոսական կեանքի շրջանը: Այդ օրէն անհետ կը կորսուի Գարատուրանցի Ովսիա Սաղտըճեանը, ու երեւան կուգայ Տային, Քեսապի սիրելի Տային:
Անիշխանութիւնն ու կռիւները երկար կը տեւեն այդ շրջանին մէջ, բայց շնորհիւ Տայիի եւ իր ընկերներուն, վերապրող Հայութիւնը կը փրկուի սրախօղխող ու սովահար ըլլալու սպառնալիքէն: Քեսապցին շունչ կ'առնէ եւ կը վերաշինէ իր քանդուած օճախը, կը հերկէ իր պապենական հողը:
Այդ շրջանին, Տայիի բեղուն կեանքին ամէնէն գեղեցիկ գործերէն մէկն ալ որբանոցի մը հաստատումն է անկասկած: Փոքր Քեսապի մէջ տասնեակներով որբեր հաւաքուած են զանազան շրջաններէ: Տային պատսպարան մը կը հիմնէ այդ որբերուն համար, առանց արտաքին օժանդակութեան, ասկէ անկէ հագուստ եւ սննդեղէն կ'ապահովէ, կը մուրայ պարզապէս եւ կը պահէ ու կը կերակրէ այդ ծնողազուրկ փոքրիկները, միեւնոյն ատեն աշխատելով տեղաւորել զանոնք հայ ընտանիքներու քով, Անտիոքէն սկսած մինչեւ Ճէպէլ Մուսա, այն տեղերը ուր կրնար հասնիլ իր ձեռքն ու ձայնը:
Աղբալեան՝ Քեսապի Ուսումնասիրաց Ընկերութեան վարչական պատասխանատուներուն եւ դպրոցի ուսուցիչներուն հետ Կեդրոնը՝ Նիկոլ Աղբալեան, իր աջին՝ Տային, կողքին՝ յօդուածագիրը Արմէն Անոյշ (Մարաշլեան) |
1928ի աշնան ես առաջին անգամ հանդիպեցայ Տայիին՝ Քեսապի մէջ. որբերու վերջին մնացորդները հոն տեղաւորուած էին. ինք փախստական կը մնար դեռ. Իշխանութեանց կողմէ քանի մը անգամ ցկեանս բանտարկութեան եւ մահուան դատապարտուած էր քանի մը ընկերներու հետ, իր «մեղքերուն» համար: Բայց հակառակ իր փախստական վիճակին, Տային ամէն տեղ էր, ոչ միայն Քեսապի շրջակայքը, այլ եւ Անտիոք եւ Ճէպէլ Մուսա: Իր «գործեր»ու ընթացքին չէր մոռնար նաեւ իր որբերը, իր զաւակները եւ յաճախ այցելութիւններ կուտար անոնց:
Խաղաղութիւնը հաստատուած էր այս շրջաններուն մէջ, իշխանութիւնները ամրացած էին, սկսած էր բնականոն կեանքը: Նոյն տարին, ընկերներու աշխատանքով, Ֆրանս. Բարձր Քոմիսէրը ներում շնորհեց Տայիին եւ իր ընկերներուն:
Ազատ կեանքը նոր կացութիւն ստեղծեց Տայիին համար: Անիկա անոք մարդ մըն էր, մինակ ու անտուն. կը գիշերէր ուր որ ըլլար, ուր որ գտնէր եւ մանաւանդ թոնրատուները, բայց ոչ ոքի տունը:
Ճիշդ է, որ նոր կացութիւն մը ստեղծուած էր Տայիի կեանքին մէջ, բայց անշուշտ դեռ շատ գործեր ունէր կատարելիք, ապահովելու համար ժողովուրդի կեանքն ու աշխատանքը, թէեւ համեմատաբար խաղաղ էր շրջանը: Ընկերները այս նոր կացութեան մէջ որոշեցին ամուսնացնել Տային, տուն տեղ ընել, արդէն քառասունը անց էր: Բայց ժողովուրդի մարդը ոչինչ ունէր. կարելի է անվարան ըսել որ ֆրանք մը անգամ չունէր գրպանը, որովհետեւ ինչ որ ձեռքը անցնէր իրենը չէր, աղքատին էր, չքաւորին, հիւանդին. ինք կ'ապրէր երկնքի թռչուններուն պէս: Ընկերները հաւաքուեցան տուն մը շինեցին իրեն համար, փոքրիկ տնտեսութիւն մը ստեղծեցին, պարտէզի կտոր մը, երկու այծ, քանի մը հաւ, քիչ մը պարէն եւ Տային ամուսնացուցին:
Անկէ վերջ յաճախ հանդիպած են Տայիին, հետեւած եմ իր անձնուրաց ժողովրդական գործիչի կեանքին, ծանօթացած եմ իր ծրագիրներուն եւ մտահոգութեանց:
Չորս տարի առաջ կաթուած մը ունեցաւ. սկիզբները դեռ կը քալէր, թէեւ դժուարութեամբ, կը խօսէր ծանր: Անկէ վերջ տագնապը կրկնուեցաւ քանի մը անգամ, եւ ի վերջոյ գամեց զինքը իր մահճաթոռին: Վերջին անգամ տեսայ զինքը անցեալ Սեպտ.ին: Քանի մը երիտասարդ ընկերներով այցի գացինք իրեն: Երկարած էր իր մահճաթոռին մէջ, ապքերը նոյնն էին, ժպիտը միշտ կար իր դէմքին, միայն չէր խօսեր: Խօսեցանք մենք, պատմեցինք հինէն ու նորէն. Տային ուրախացաւ, յուզուեցաւ ու լացաւ: Մեր վերջին տեսակցութիւնն էր ասիկա: Տայիին տառապահար մարմինը ի Տէր հանգեաւ Յունուար 1953ին