Հոգեբաններ երկար տարիներ պիտի տքնին, բացատրելու համար հակադաշնակցական կոչուած հայկական երեւոյթը: Եւ երբ լրացնեն իրենց տաժանակիր աշխատանքը, տակաւին ապահով պիտի չկրնանք ըլլալ, թէ պիտի կարենա՞ն լուծել զիրենք շփոթութեան մատնող Կորդեան հանգոյծը: Որովհետեւ հակադաշնակցականը դաւաճանութենէն աւելի սեւ, եւ մութէն աւելի անթափանցելի է: Հակադաշնակցականը պիտի մնայ հայութեան յաւիտենական առեղծուածը:
Դիւրին է երեւակայել, օրինակի համար, որ մարդ մը իր կեանքին մէջ, քանի մը առիթներով, քանի մը մարդիկ իր ատելութեան նշաւակ դարձնէ: Կարելի է երեւակայել, որ ան իր զոհերէն մէկը ատէ երեք օր, կամ երեք շաբաթ, կամ առ առաւելն, երեք ամիս, ու յետոյ այդ ատելութիւնը փոխադրէ նոր զոհի մը վրայ: Սակայն ատելութիւնը կեդրոնացնել մէկ մարդու վրայ ու յամառօրէն տանջել զայն մինչեւ գերեզման՝ ոչ միայն արտառոց, հապա անբնական եւ անմարդկային երեւոյթ է: Բայց, այսքանով ալ չգոհանալով, երբ ան իր ատելութիւնը կը փոխանցէ իր երկրորդ եւ երրորդ սերունդներուն, այլեւս մենք կը թողունք բանականութեան սահմանները ու կը մտնենք բնազանցութեան աշխարհը:
Մենք յոգնեցանք լսելէն, բայց անոնք չյոգնեցան յեղյեղելէն: Մեր ականջները թմրեցան անոնց հայհոյուեթեան թամ թամներէն, բայց անոնք չյոգնեցան իրենց ժահրը պոռթկալէն: Կարծես թէ առաքինութիւն մը կայ այս անբացատրելի յամառութեան մէջ, յամառութիւն մը՝ որ շշմեցուցիչ է, ահաւոր եւ անդամալուծող:
Հոգեբաններէն ոմանք նկատած են որ հակադաշնակցականին մղիչ ուժը՝ իր նախանձն է: Դաշնակցականը գործեր կատարած է, պատմութիւն կերտած է: Ունի առաքինութիւններ եւ ուժեր, անձնական եւ կազմակերպչական, ինչպէս, կռուելու պատրաստակամութիւն, քաջութիւն, պատուախնդիր եւ խրոխտ նկարագիր, կարգապահութիւն, հաւաքական ուժ, հայրենասիրութիւն եւ անսահման զոհաբերութեան ոգի:
Հակադաշնակցականը չունի այս առաքինութիւնները, կը զգայ իր սնանկութիւնը, եւ հետեւաբար, կ'ատէ Դաշնակցականը, որ իրմէ հարուստ է, ճիշդ այնպէս ինչպէս չունեւորը կ'ատէ ունեւորը, աղքատը կ'ատէ հարուստը եւ տկարը կ'ատէ զօրաւորը:
Ասիկա ստորադասութեան բացատրութիւնն է:
Սարգիս Ադամեան, երիտասարդ ընկերաբանը, ուրիշ կերպով կը բացատրէ հակադաշնակցական երեւոյթը: Ըստ իրեն, հակադաշնակցականին ատելութիւնը, ընկերաբանական լեզուով, «տեղափոխեալ վրէժխնդրութիւն» է: Իրականին մէջ վրէժխնդրութիւնը ուղղուած չէ Դաշնակցականին դէմ: Ուղղուած է Թուրքին դէմ, որ հալածած է զինքը, հարուածած է, եւ վիրաւորած է իր արժանապատուութինը: Բայց, որովհետեւ Դաշնակցականին պէս հակահարուածելու եւ վրէժ լուծելու քաջութիւնը չունի, իր անկարողուեթան մէջ, պարտուած եւ յուսախաբ, քաւութեան նոխազ մը կը փնտռէ եւ իր կուտակուած զգացական պարտուողականութեան ժահրը կը թափէ Դաշնակցականին գլխուն վրայ:
Ասիկա ընկերաբանական բացատրութիւնն է:
Բացատրութիւնները շատ են, սակայն եթէ երբեք բացատրութիւնը արժէք մը պիտի ունենայ, պէտք է դարման մը ցոյց տայ ախտաբանական երեւոյթին: Սառն իրականութիւնը այն է որ, ցարդ, ատելութեան զոհը չէ կրցած թափանցել զինքը ատողին պատնէշները, իսկ ատողը ինքը չէ կրցած բան մը ընել ինքզինքին համար:
Ինչ որ ալ ըլլան բացատրութիւնները, եւ ինչ որ ալ ըլլան կիրարկուած կամ զանց առնուած միջոցները վերջ տալու համար անախորժ կացութեան, մէկ բան ստուգաբար գիտենք, եւ այդ է, հակադաշնակցականին ատելութիւնը վատառողջ երեւոյթ մըն է, որ քաղցկեղի նման կառչած կը մնայ հայ ժողովուրդին մէկ մասին մարմնին վրայ: Հակադաշնակցականը հիւանդ է:
Հիւանդ մը ունինք մեր ձեռքերուն մէջ եւ չենք գիտեր թէ ի՞նչ ընենք: Չենք կրնար բուժել, որովհետեւ հիւանդը չ'ուզեր բուժուիլ: Ոչ ալ կրնանք սպաննել զինքը, որովհետեւ սպանութիւնը մեղք է:
Օ, մի խեղաթիւրէք մեզ, եւ մի նախատէք մեր համբերատարութիւնը՝ թէ Դաշնակցականը դարձեալ սպանութեան մասին կը խօսի:
Այսպէս բռնուած ենք, անյուսալիօրէն կաշկանդուած օքթոփոսին (octopus) փաթոթյներուն մէջ: Ոչ կրնանք յառաջ երթալ, ոչ ալ նահանջել: Ոչ կրնանք աջ դառնալ, ոչ ալ ձախ: Ինչպէս Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ, «Աղքատները միշտ ալ մեզի հետ պիտի ունենանք», մենք ալ հակադաշնակցականը միշտ ալ մեզի հետ պիտի ունենանք: Հակադաշնակցականը մեր ջրաղացի քարն է, կախուած մեր վիզերէն, մեր խաչը՝ մեր ուսերուն վրայ պիտի կրենք մինչեւ գերեզման:
Սակայն, թէպէտեւ ոչ կրնանք վերլուծել, ոչ կրնանք դարմանել, ոչ ալ կրնանք ինքզինքնիս ձերբազատել անիծապարտ կացութենէն, գէթ կրնանք չափով մը մեր տառապանքը մեղմացնել, եթէ միայն հոգ մը ընենք ըմբռնելու համար հակադաշնակցականին իսկական բնոյթը:
Վերջ ի վերջոյ ամէն կուսակցութիւն կամ կազմակերպութիւն հոգեկան սեփականութիւն մը ունի – հաւատամք մը, կեանքի նպատակ մը, բարոյական դրամագլուխ մը, ապրանք մը վաճառելիք:
Ի՞նչ է հակադաշնակցականին վաճառելիք ապրանքը:
Դաշնակցութիւնը աւանդութիւն մը ունի. ի՞նչ ունի հակադաշնակցականը:
Դաշնակցութիւնը Անդրանիկ մը ունի, Սպաղանի Մակար մը, Աւրանի Արամ մը: Որո՞նք են հակադաշնակցականին հերոսները: Ռամկավարին Նուպար փաշա՞ն, որ Դաշնակցականին աիրւնով կերտուած անկախ Հայաստանը ուզեց կառավարել Փարիզի իր փարթամ ապարանքներէն: Ռամկավարին ուշացած առեւանգո՞ւմը Անդրանիկին – այն միեւնոյն Անդրանիկին, զոր, երբ իբրեւ Դաշնակցութեան զինուոր, Թուրքին դէմ կը կռուէր ու իր կեանքը կը վտանգէր, անպատկառօրէն աւազակապետ կոչեց:
Երջանկայիշատակ Նժդեհը յարգանք ունէր Տամատեանին, Համազասպին եւ Մուրատին, հաւատաւոր Հնչակեանին հանդէպ, իսկ անսահման արհամարհանք հաւատուրաց Հնչակեանին հանդէպ, որ փոխանակեց իր սքանչելի հերոսները Մարքսերու, Էնկէլսներու եւ Քարլ Կաուցքիներու հետ:
Դաշնակցականը կռուած է, արիւն թափած է հայրենիքին համար. պատմութիւն կերտած է:
Ի՞նչ ըրած է հակադաշնակցականը:
Դաշնակցութիւնը նպատակ մը ունի – ազատ, միացեալ եւ անկախ Հայաստան:
Ի՞նչ է հայ հակադաշնակցականին կեանքի նպատակը: Զուտ բացասականութի՞ւն:... Եւ ի՞նչ է այս յամառ, ախտաժէտ եւ անսուրբ խաչակրութեան նպատակը: Միթէ՞ Դաշնակցականը բարեկարգել է: Ի՞նչ է բարեկագրութիւնը: Պարտադրե՞լ Դաշնակցականին որ ուրանայ իր սրբութիւնները, որ հրաժարի իր միացեալ, ազատ եւ անկախ հայրենիքի գաղափարէն: Ա՞յս է բարեկարգութիւնը:
Եւ ո՞վ է որ դարձի պիտի բերէ Դաշնակցականը: Այն անկերպարան, անողնայար, պառաւախօս հակադաշնակցակա՞նը: Այս քսո՞ւն, այս ստախօ՞սը, այս բանսարկո՞ւն, այս անորակելի այլասերա՞ծը:
Որքա՞ն բթամիտ կրնայ ըլալլ մարդ կոչուած արարածը: Այս հակադաշնակցականը չտեսա՞ւ որ վերջին 67 (արդէն 133) տարիներու ընթացքին իր այժմու ընթացքով մէկ մատնաչափ յառաջդիմութիւն չըրաւ: Չտեսա՞ւ որ իր ատելութիւնը վնասակար է իրեն համար, իր հոգիին համար: Չտսեա՞ւ որ ատելութիւնը, թթուի նման կը լափէ ոչ միայն իր զոհը, հապա նաեւ զինքը պարունակող անօթը, նամանաւանդ երբ այդ անօթը մարդկային հոգի է:
Այս հակադաշնակցականներուն մէջ մէկ հատիկ խելօք մարդ չկա՞յ, մէկ հատիկ ուղեղ, մէկ հատիկ քաղաքագէտ, որ զգաստութեան հրաւիրէր իրենց մոլորած հետեւորդները: Որ տեսնէր թէ իրենց այժմու բռնած ընթացքը կը տանի զիրենք ստոյգ կորստեան: Որ իրենք շուներուն կ'երթան:
Երեւութապէս չկան, եւ մենք ստիպուած ենք ազատ թողուլ հակադաշնակցականը, մինչեւ որ չքանայ իր փտութենէն:
...
Եւ հիմա, Աստուած մի արասցէ, եթէ չարաշուք օր մը հակադաշնակցականը յանկարծ իր միտքը փոխէ, իր թեւերը Դաշնակցականին վզին փաթթէ ու համբուրէ զայն, ի՜նչ պիտի ընենք այն ատեն: Որքա՞ն անգոյն, անհրապոյր, տափակ եւ տաղտկալի պիտի դառնայ մեր կեանքը: Իսկապէս սահմռկեցուցիչ է հեռապատկերը:
Աստուած օրհնէ Հակադաշնակցականը: Մենք չենք ատեր զինքը այդ աստիճան: Սակայն, ինչպէս Յիսուս ըսաւ – աղքատները միշտ ալ մեզի հետ պիտի ունենանք:
Ի՜նչ պիտի ըլլար մեր կեանքը եթէ չըլլար հակադաշնակցականը...