Շաւարշ Միսաքեան

Ծնած է 1884 Օգոստոսին, Աստուածածնայ տօնին, Սեբաստիոյ Զիմառա գիւղը:

Վեց տարեկանին ընտանեօք փոխադրուած է Պոլիս:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գում Գափուի Մայր վարժարանը, որուն շրջանը աւարտելէ ետք տարի մը յաճախած է Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանը:

1896ի դէպքերուն պատճառով, այս վերջինը փակուած ըլլալով ծնողքը զինք կը ղրկեն Մարզուանի քոլեճը իբրեւ գիշերօթիկ: Բայց հազիւ քանի մը ամիս կը մնայ եւ կը փախչի, չհանդուրժելով մթնոլորտին. «Այնտեղ կը չորցնեն մարդուն հոգին», կը գանգատի իր ծնողքին՝ արդարացնելու համար իր փախուստը:

Պոլիս վերադառնալով կը յաճախէ Կէտիկ Փաշայի Կարկուրեան վարժարանը:

Շատ կանուխէն՝ 16 տարեկանին ընդգրկած է լրագրական ասպարէզը, 1900ին կատարած է իր առաջին փորձերը իբր խմբագիր Սուրհանդակի, որուն աշխատակցած է տարիներով, մինչեւ արտօնատիրոջ՝ Տիգրան Ճիվէլէկեանի մահը:

1908ին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումէն վերջ, հրատարակեց Ազդակ գրական շաբաթաթերթը՝ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի, եւ Վահրամ Թաթուլի հետ միասին: Միաժամանակ կ'աշխատակցէր «Ազատամարտ»ին:

Նոյն օրերուն Լեւոն Ղարիպեանի հետ բացաւ «Արծիւ» գրատունը՝ Պոլիս, Ֆինճանճըլար Եօգուշու, տարածելով յեղափոխական գրականութիւն, մանաւանդ կովկասահայ հրատարակութիւններ (Ահարոնեան, Րաֆֆի, Գամառ Քաթիպա, եւն.), որոնք արգիլուած էին Ապտիւլ Համիտի օրով:

1911ին մեկնեցաւ Կարին, ուր մնաց մէկ տարի, վարելով «Յառաջ»ի խմբագրութիւնը, Եղիշէ Թոփչեանի սպանութենէն վերջ: Այդ շրջանին այցելած է Մուշ եւ Սասուն՝ Ռոստոմի գլխաւորութեամբ խումբի մը հետ:

Պոլիս վերադարձին, մտաւ Ազատամարտի խմբագրութեան մէջ որպէս քարտուղար, վարելով Ազատամարտ գրական շաբաթաթերթը:

1915 Ապրիլ 11/24-ին Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի այդ մեծ պաշտօնաթերթը խափանուեցաւ ոճրագործ իթթիհատական կառավարութեան կողմէ եւ աւելի քան 200 մտաւորականներ մէկ գիշերուան մէջ ձերբակալուելով սպանդանոց ղրկուեցան:

Շաւարշ յաջողեցաւ խուսափիլ ձերբակալութենէ եւ շուրջ տարի մը պահուեցաւ Բերա: Այդ շրջանին կարեւոր վաւերաթուղթեր կը հաւաքէր Մեծ Եղեռնին մասին, զորս կը հասցնէր արտասահման՝ գաղտնի միջոցներով:

Թուրք կառավարութիւնը չկրնալով Շաւարշի հետքը գտնել, կը ձերբակալէ իր հայրը՝ Ալեքսան Միսաքեանը, որ մերժած էր յայտնել տղուն թաքստոցը, ու զայն կ'աքսորէ Գոնիա՝ 1915ի ամառը: Ատեն մը իր աքսորավայրը մնալէ վերջ, հայրը կը յաջողի գաղտնաբար Պոլիս դառնալ:

1916ին Շաւարշը կը փորձէ հեռանալ Պոլսէն եւ անցնիլ Պուլկարիա: Զինքը ազատելու կոչուած Պուլկար Վլատիմիր Տիմիթրիէֆը պարզապէս թրքական լրտես մըն է եղեր որ կը մատնէ զինքը՝ շոգենաւ նստելու ատեն: (Պուլկար Վլատիմիր Տիմիթրիեւ իր այս եւ նման յանձաւոր արարքներուն համար, իր արժանի պատիժը ստացաւ ՀՅԴ «Նեմեսիս» շարժման շրջանակներուն մէջ եւ ահաբեկուեցաւ Արշակ Մուշեղեանի (Եզտանեան, Եզիտ Արշակ) գնդակով):

Շաւարշ կը ձերբակալուի 1916 մարտ 26ին եւ կը տարուի Քըսմի Սիասիի բանտը: Իր վրայէն բռնուած վաւերաթուղթերը կը յանձնուին նախ լրտես Յարութիւն Մկրտիչեանի, ետքէն հայագէտ Սիւրէյքա պէյի: Ամբողջ երեք ամիս ձեռնակապերու մէջ զանազան տանջանքներու կ'ենթարկուի այնտեղ Շաւարշ, որ յամառօրէն կը մերժէ որեւէ գաղտնիք դուրս տալ:

Յետոյ կը ղրկուի Պատերազմական Ատեանի Գօվուշը (Ինշաաթ), ուր նոյն չարչարանքները կը կրէ, բայց կը շարունակէ կղպած պահել բերանը՝ արհամարհելով ամէն տեսակ խոշտանգում եւ դանակոծում: Եւ օր մըն ալ՝ չհանդուրժելով չարչարանքներուն կ'որոշէ անձնասպան ըլլալ՝ դատարանի երրորդ յարկի բազրիքէն վար նետուելով: Այս հերոսական քայլին հետեւանքով կը վիրաւորուին սրունքն ու դաստակը, ինչպէս նաեւ գլուխը:

Մահապարտի վճիռը կը վերածուի 5 տարուան բերդագալութեան եւ Շաւարշ 1917 Յունուար 9ին կը փոխադրուի Պոլսոյ Կեդրոնական Բանտը, ուր կը մնայ մինչեւ Օսմանեան մայրաքաղաքին գրաւումը դաշնակիցներուն կողմէ: Ազատ կ'արձակուի 1918 Նոյեմբեր 27ին: Բանտէն կ'աշխատակցէր պոլսահայ թերթերու, Շատերէն Մէկը ծածկանունով:

Բանտին մէջ փորձած է բանաստեղծութեան նոր սեռ մը, անչափ եւ անյանգ, խորքին միայն հոգ տանելով:

Համիտեան վարչաձեւի շրջանին գաղտնաբար աշխատակցած է Ռուբէն Զարդարեանի Ռազմիկին (Պուլկարիա) եւ Բագուի Արեւին: Իսկ Պոլսոյ իր թաքստոցէն յօդուածներ կը հասցնէր Սօֆիայի Հայաստանին:

Թարգմանած է Անաթոլ Ֆրանսի Թայիսը որ իբրեւ թերթօն հրատարակուելէ վերջ Ազատամարտի մէջ, լոյս տեսաւ իբրեւ առանձին գիրք:

Թարգմանած է նաեւ կարգ մը ուրիշ գրքեր.- Փիէր Միլի Միւրիքան, Կուպրինի Սուլամիթը եւ «Մտերիմ Զրոյցներ»ը, Փղշտացի ծածկանունով:

1918ի Զինադադարէն վերջ, երբ Ազատամարտի տեղ սկսաւ հրատարակուիլ Ճակատամարտ-ը Շաւարշ դարձաւ անոր գլխաւոր խմբագիրը՝ Յ. Ճ. Սիրունիի հետ, մինչեւ Քէմալականներու կողմէ Պոլսոյ գրաւումը:

Կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ վարած է Պոլիս: Եղած է գործավար Վիշապի Կեդր. Կոմիտէին:

1919ին գնաց Երեւան՝ իբրեւ պատգամաւոր Հ. Յ. Դաշնակցութեան Թ. ընդհ. ժողովին: Այս առթիւ բանակցութիւններ վարեց Պօղոս Նուպարի ներկայացուցիչներ Վահան Թէքէեանի եւ Նշան Տէր Ստեփանեանի հետ:

1921ի գարնան ճամբորդեց Եւրոպա, Իտալիա, Աւստրիա, Անգլիա եւ Ֆրանսա:

Վերը ձախէն աջ՝ Լ. Գեւոնեան, Շաւարշ Միսաքեան, Սահակ Տէր Թովմասեան
Նստած ձախէն աջ՝ Գերասիմ ԲալայեանՍիմոն Վրացեան
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին
1922ի նոյեմբերին Պոլսէն անցաւ Սոֆիա, ուսկից ամբողջ երկու տարի օրը օրին Պոլիս կը հասցնէր Ճակատամարտի (ետքէն Մարմարա) խմբագրականները: Պուլկարիայէն եկաւ Փարիզ 1924ին, ուր մնասկցեցաւ կուսակցութեան Ժ. Ընդհ. ժողովին եւ ընտրուեցաւ Գերագոյն Մարմնի Բիւրոյի անդամ, վերընտրուելով 1929ին:

Փարիզի մէջ 1925 Օգոստոսի սկիզբը իբրեւ երկօրեայ սկսաւ հրատարակել «Յառաջ»ը- որ 1927 Յունուար 1ին դարձաւ օրաթերթ, մեծ ծաւալով:

Այդ թուականէն մինչեւ իր յանկարծական մահը՝ զաւկի մը պէս գուրգուրաց իր ստեղծած թերթին վարյ, դիմակայելով ամէն կարգի դժուարութեանց եւ կանգ չառնելով որեւէ զոհողութեան առջեւ:


Ֆրանսայի գրաւման շրջանին, զրկուած իր սիրական ասպարէզին նուիրուելու հաճոյքէն, լոյս ընծայեց քանի մը գրական հաւաքածոներ՝ Հայկաշէն եւ Արածանի անունով:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն վերջ, երբ բնականոն պայմաններ ստեղծուեցաւն, «Յառաջ» վերսկսաւ հրատարակուիլ իբրեւ օրաթերթ, աւելի փոքր ծաւալով (1945 Ապրիլ 8):

1947ին, 1951ին եւ 1955ին ճամբորդեց դէպի արեւելք (Եգիպտոս, Լիբանան, Սուրիա, Պաղեստին), մօտէն ծանօթանալով այդ շրջանի հայութեան կեանքին:

Պատերազմէն առաջ քանի մը անգամ այցելած էր նաեւ պալքանեան երկիրները, մասնաւորապէս Պուլկարիա, Յունաստան եւ Ռումանիա:

Իր ծածկանուններն էին՝ Շատերէն Մէկը, Վահէ, Վարազ, Շարմաղ եւ Փղշտացի:

«Յառաջ»ի 30 տարուան հոյակապ հաւաքածոները կը կազմեն անմահ կոթողը իր գրական թանկագին վաստակին:

«Յառաջ», Փարիզ
33րդ Տարի, Թիւ 7794
Նոր Շրջան, 13րդ Տարի, Թիւ 3605
Երեքշաբթի, 29 Յունուար 1957






Comments

Popular posts from this blog

ԱՂԲԻՒՐ. Սերոբ Վարդանեան

Նիկոլը. գրեց՝ Ս. Վրացեան

ՔԵՌԻ ԹԱԴՕ. Յարութիւն Սարգիսեան