Կարօ Սասունի եւ Սօսէ Մայրիկ |
Սօսէ մայրիկի մահով կ'անհետանայ կին ֆէտայի փայլուն տիպար մը, որու անունը միշտ պիտի յիշուի Աղբիւր Սերոբի դիւցազնական անունա հետ: Աղբիւր Սերոբը մեր մարտական յեղափոխութեան առասպելական հերոսն է: Անով կը սկսի ֆիտայական արծուային ճախրանքը Տարօնի շրջանին մէջ եւ կը ստեղծէ աննման սերունդ մը երկաթէ մարդերու, որոքն հայ ազատագրութեան փառաւոր դրօշակիրներն եղան, Սօսէն մէկն էր անոնցմէ:
1935ին, Քեսապ եղած միջոցին, Սօսէ մայրիկը յուշի այս պատառիկը պատմեց եւ ես գրի առայ ու այսօր կը յանձնեմ մամուլին:
Ես ծնած եմ Նիմրութի փէշերուն տակ, Թեղվուտ գիւղին մէջ: Հօրս անունը Մարգար էր, մօրս անունը՝ Ալտուզ: Մեր տունը կը կոչուէր Դրօ-Ասուանտուրի տուն: Ես ունէի հինգ եղբայր եւ երեք քոյր:
Հօրեղբայրներս միասին կը մնային մեր հայրենի օճախին վրայ: Անոնցմէ Տէր Գասպարը եւ Մլքէն Պոլիս ղարիպ գացած էին: Ու մենք ամէն տարի, աշնան, գիւղի հոտաղնոցը կը բարձրանայինք, դիմաւորելու մեր ղարիպները, որոնք Պոլսէն կը դառնային: Ու ամէն տարի սրտակոտոր՝ տուն կը դառնայինք: Մերինները չկային վերադարձողներուն մէջ: Եկողները կ'ըսէին.– Այս տարի չեկան, եկող աշնան կուգան...
Տարիներն այսպէս կ'անցնէին, ու մեր մանկական հոգու մէջ կարօտը կը շատնար մեր ղարիպներուն համար:
Տարի մըն ալ հօրեղբայր Տէր Գասպարը վերադարձաւ Պոլսէն: Վերադարձաւ այլեւս մշտականօրէն հայրենի օճախին մէջ ապրելու, Տէր Գասպարը եկած էր ձիու բեռով մը: Ղարիպի բերած բարիքներուն հետ, կային գօնեակի բազմաթիւ շիշեր: Տէր հայրը ուզած էր որ շատ չզրկուի գոնեակ խմելու հաճոյքէն:
Մեր գիւղի մեծ տէրհայրը վերի տանիքէն ձայնեց.
–Տէր Գասպա՛ր, եկար ու լա՛ւ եկար, համով հօտով բեռերով եկար:
Նոյն վայրկեանին, թուլցած բեռի չուանները քակուեցան եւ բեռը ձիու կռնակէն վայր ինկաւ. գոնեակի շիշերը կոտրեցան. Ձին խրտչեցաւ ու աքացի տուաւ: Հարուած մը դպաւ Տէր Գասպարի սրունքը եւ ոսկորը կոտրեց:
Մեր ուրախութիւնը մեր փորը մնաց:
Տէր Գասպարը 6 ամիս անկողնոյ մէջ մնաց: Երբ ոտքը լաւցաւ, բռնեց Պոլսոյ ճանապարհը երդում ընելով որ այլեւս ոտք չդնէ այս անիծած երկիրը:
Տէր Գասպարը Պոլիս վերադառնալէն յետոյ, երկար կը մտմտայ հայրենիքի լքուած տան մասին: Այդ ատեն հայրս ալ գացած էր Պոլիս: Տէր Գասպարը կը ստիպէ հայրս տուն դառնալու:
Հայրս եկաւ եւ օճախին գլուխը կանգնեցաւ: Եկաւ նաեւ Մլքէն եւ երկիր մնաց մինչեւ իր մահը:
Մեր սրտի կէսը Թեղվուտն էր, միւս կէսը Պոլիս:
Այդ ատեն, ո՞րու սրտին կէսը ղարիպութեան մէջ չէր: Այսպէս սահմանափակ անցան իմ մանկութեան օրերը: Ես մեծցայ մեր մեծ նահապետական տան մէջ, եղայ արտին ափը, տան վերն ու վարը վազեցի եւ չգիտեմ ի՞նչու, տան շփացած ու շատ սիրուած աղջնակն էի: Այդ կը զգայի ես եւ իմ համարձակութիւնն ալ ըստ այնմ կ'աւելնար: Որքան կ'աւելնար իմ համարձակութիւնն ու ճարպիկութիւնը, այնքան աւելի սիրելի կը դառնայի:
Դպրոց չտեսայ: Արդէն կը մօտենայի 12 տարեկան հասակին:
Իմ կեանքիս մէջ հիմնական փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ, երբ իմ կեանքը կապուեցաւ Սերոբին հետ:
Մեր հետագայ կեանքին չափ հետաքրքրական սկզբնաւորութիւն մը ունի իմ մուտքս գիտակցական կեանքին մէջ: Մանկական հասակէս սկսած վազք մը, որ անընդհատ հոսեցաւ գետի մը պէս, ու շատ հեղ հեղեղ դարձաւ, շատերը խեղդուեցան այդ հեղեղին մէջ, ու ես այսօր, այդ մեծ հեղեղին եզերքն ինկած, ծեծուած ու չորցած ծառի մը պէս, ետ կը նայիմ կէս դար առաջուան կեանքի ու եթէ կ'ապրիմ, յիշատակներն են որ ինծի կեանք կուտան:
Ինչպէ՞ս հանդիպեցայ Սերոբին եւ ի՜նչպէս սիրեցինք իրար... ծաղկաւէտ աշխարհ մը, ուր ամէն օր հրդեհ տեղի ունեցաւ, եւ այնքան ծաղիկներ վառեց:
Չխուրի շրջանի Քուրտերը Ահմատ աղայի եւ Զամախանի ղեկավարութեամբ մեր շրջանները կողոպտելու ելած էին: Այդ օրերը կ'ենթադրեմ որ 1880 թուականներն էին: Անոնց աչքը դարձած էր Սերոբենց տան վրան:
Սերոբենց տունը կը կոչուէր Մխօ-Խչոյի տուն: Անոնք հիմնուած էին Սօխուրդ գիւղը, որ կը գտնուէր Նեմրութի տակ: Բազմամարդ տուն մը, ուր Սերոբ իր երեք եղբայրներու, հօրեղբայրներու եւ անոնց որդիներու հետ շէն կը պահէին հարուստ ու նահապետական տունը, որուն գլուխը կանգնած էր Մախէն, Սերոբի մեծ եղբայրը, իսկ Սերոբը չորս եղբայրներու ամենէն փոքրը, իր երեք քոյրերուն սիրելին:
Այդ թուականներուն Սերոբը զինուած կը պտտէր եւ որսորդութիւն կ'ընէր: Ահմատ աղան, իր ուժերուն վստահ, ուզեց կողոպտել Սոխուրդի ոչխարները: Զէնքով դիմադրողը Սերոբն եղաւ: Ահմատ աղան պարտուած՝ հեռացաւ գիւղի սահմաններէն:
Սերոբի անունը բոլորի շրթունքներուն վրայ էր, բոլորին սիրելի: Անիկա շատ յաճախ կուգար մեր տունը եւ կ'ըլլայր եղբայրներուս հետ:
Սերոբը գեղեցիկ տղամարդ մըն էր, բարձրահասակ, հուժկու եւ արագաշարժ: Վարմունքի մէջ շատ լուրջ եւ խօսքի մէջ խելացի:
Ինչպէս ըսի, ես շատ երես առած աղջիկ մըն էի մեր տան մէջ եւ հետեւաբար միշտ կը գտնուէի տղամարդոց մէջ եւ համարձակութեամբ կը խօսէի բոլորին հետ:
Մեր գիւղէն քանի մը ընտանիքներ կ'ուզէին կանուխէն նշան մը կապել մեր տան հետ, որպէսզի զիս հարս տանին: Ես միշտ համարձակութեամբ կը մերժէի, եւ հօրեղբայրներս ալ իմ կամքը կը կատարէին:
Անգամ մը հօրեղբայրներս, նորէն կատակով ուզեցին գիտնալ թէ ես որո՞ւ հետ նշանուիլ կ'ուզեմ: Այդ օրը Սերոբն ալ եղբայրներուս հետ մեր տունն էր: Ես հօրեղբօրս ըսի.
–Եթէ նշանուիմ, Սերոբին հետ կ'ուզեմ նշանուիլ: Բոլորն ալ խնդացին: Սերոբն ալ խնդաց: Բայց քիչ յետոյ լրջացաւ, լռեց եւ հաց ուտելէն յետոյ՝ մեկնեցաւ:
Քանի մը ամիս հազիւ անցած էր այդ խօսքի վրայ, երբ Սերոբի տունէն Մըխէն եկաւ իմ նշանը դնելու, կատակը լուրջի փոխուեցաւ:
1881ին (եթէ չեմ սխալիր) ես եւ Սերոբ ամուսնացանք: Ես տասնեւերեք տարեկան էի: Երկու տարի յետոյ ունեցայ առաջին զաւակս, Յակոբը:
Քիւրտերը թշնամացած էին Սերոբին եւ կը հետապնդէին. ընդհարման մը ընթացքին երկու պէկէր ինկան իր հարուածէն: Սերոբ ստիպուած՝ գնաց Պոլիս եւ անկէ ալ անցաւ Ռումանիա: Ես աղջնակի մը պէս մնացի Սերոբենց տունը եւ Յակոբը մեծցուցի:
1895ին Սերոբ իր խումբով եկաւ Ախլաթի շրջանը: Իրենց տունը քարուքանդ ըրաւ եւ մենք ամբողջ տունով իր հետ Սասնոյ լեռները բարձրացանք: Մնացած պատմութիւնը արդէն յայտնի է: