Վերջին շրջաններուն միայն Սօսէն դարձած էր «Տայօ» – Տատիկ:
Տարիներ առաջ փարթամ, երիտասարդ լեռնային մարալ մըն էր՝ կրակոտ, համարձակ եւ յանդուգն:
1904ի ամրան վերջերուն, պարտուած Սասունէն եւ Դուրանէն (Մշոյ դաշտը) խումբ խումբ դէպի Վասպուրական կուգային «ծպտեալ»ներու խումբեր:
«Ծպտեալ» անունը կուտային, որովհետեւ մեծ մասը անոնցմէ, կռւողներ եղած էին եւ ֆէտայիներ, որոնք այժմ գեղջկական հնամաշ հագուստներով՝ մեր քով ապաստանած էին՝ հոգեպէս ընճուած, շատերը վիրաւոր եւ տառապած:
Մեր քով եկող շատերուն Կովկաս ղրկեցինք, որոշ մաս մը սակայն չուզեց հեռանալ Վասպուրականէն, որովհետեւ իրենց աւեր երկրին մօտ էր ու կը յուսային թէ օր մը կրկին կրնան դառնալ իրենց մոխրացած օճախին:
Գիշեր մը ե՛ս ընդունեցի զիրենք, Վան-Այգեստանի հեռաւոր թաղերէն մէկուն մէջ, հին տունի մը թոնրատունը:
Լուռ եւ գլխահակ ընդունեցին ինծի... մեղաւորի մը պէս. դժբաղդ հերոս մարդիկ. չէին գիտեր թէ որքա՜ն ծանր հոգեկան վիշտ ունէի եւ անսահման գուրգուրանք իրենց հանդէպ: Երկար երկա՜ր ամիսներ հրացաններու կրակէն եւ իրենց օճախներու բոցերէն՝ շշմած աներկիւղ դէպի մահը քայլող կենդանի նահատակներ էին:
–Պարո՛ւն, եսա քուլֆաթն մըր Սերոբ փաշի կնիկն է – ըսին չորս կողմէ... Մինչ այդ, յոխորտ կանգնած եւ իր կրակ-աչքերը դէմքիս ուղղած Սօսէն, շիկնեցաւ, հայեացքը վար՝ երկու ձեռքերու մատերը իրար աքուցած՝ ջղաձգօրէն սեղմել եւ տրօրել սկսաւ:
Մօտեցայ իրեն. բաժնեցի ձեռքերը եւ լռելեայն դուրս բերի:
Որքա՛ն բան ունէր պատմելու ինծի՝ Սերոբ-Աղբիւրէն, անոր մահուան դէպքէն ու անկէ յետոյ տեղի ունեցած ողբերգութենէն...:
Կը պատմէր ու արտասունքը հեղեղի պէս կը թափէր գոգին մէջ որոնք, աւելի պերճախօս էին քան իր խօսքերը:
Դժբաղդ կին, որ զարհուրելի դէպքերէն վերջ որ բաժնած էր իր ամուսնուն հետ մեծ վիշտ մը ունէր, վէրքի մը պէս՝ բացուած իր սիրտին մէջ:
–Իմա՞լ թորկեմ հսնի՜
չիմ Սերոբի եթիմ գերեզմանը.
–Իմա՞լ թորկեմ տուշմընի ձեռքը... Աստուած կը վերցո՞ւ կը կրկնէր անդադար:
Ջանացի հանդարտեցնել զինքը. ըսի թէ որբ մը ունի, որ Սերոբի ժառանգութիւնն է իրեն թողած, պէտք է անոր մասին մտածէ, տանի արտասահման, դպրոց դնէ, մարդ դարձնէ որ վերադառնայ ու իր հօր վրէժը լուծէ:
–Չըմ էրթայ, չըմ էրթա՛ - զայրացած ճիչով մը կը կրկնէր շարունակ:
Գրեթէ ուժով զինքը դուրս ղրկեցինք միւս ծպտեալներու հետ, միշտ յոյսեր տալով թէ՝ օր մը պիտի վերադառնայ իր Սերոբի գերեզմանին քովիկը:
Եւ ահա՛ հեռու շա՛տ հեռու, «եօթ սարերէն այն կողմ», Սօսէ Մայրիկ փակեց իր աչքերը:
Տեսնես ի՞նչ էին իր վերջին միտքերը... Սօխուրդ, Նէմրութ թէ՞, գոնէ վայրկեան մը հոգիով սլացաւ իր Սերոբի գերեզմանին քովը, հոն, անոր քովիկ հանգչելու անհուն բաղձանքով...:
Դժբա՛ղդ, դժբա՛ղդ Սօսէ: