Այսպէսով Նատալիան զրկուելով լուսաւոր կեդրոնէն, կը դառնայ գաւառական գործիչ: Սակայն ապրելով հանդերձ մէկ այդպիսի խուլ եւ յետամնաց վայրի մէջ, ինչպէս էր Ղարաքիլիսան, ան երբեք ինքզինք մինակ կամ դժբախտ չզգաց, որովհետեւ կրցաւ իրեն կապել Ղարաքիլիսայի եւ շրջակայքի զգայուն հայ տարրերը, զորս կը մղէր գաղափարական աշխատանքներու:
Նատալիան միշտ մնաց Հ. Յ. Դ. Ղարաքիլիսայի կոմիտէի անդամ. ստեղծեց եւ կազմակերպեց կանանց խումբեր եւ այդ բոլորը կապեց ժամանակուայ Կարմիր Խաչերուն: Նատալիայի տունը եղաւ միշտ կեդրոն Ղարաքիլիսէ ապաստանող կամ այնտեղէն անցնող յեղափոխական եւ առհասարակ գաղափարական գործիչներու համար...: Այսպէս շարունակեց անոր կեանքի ընթացքը մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հաստատումը եւ անկումը, մինչեւ բոլշեւիկներու խուժումը Ղարաքիլիսէ:
Հայ բոլշեւիկներ, որոնք չէին կրնար ոչ մէկ հեղինակութեան հանդուրժել, դժգոհութեամբ տեսան, որ Նատալիան Ղարաքիլիսէի մէջ դեռ եւս կը վայելէր ժողովրդականութիւն...: Այդ հանգամանքը բաւական էր, որ բոլշեւիկները անմիջապէս բանտ նետէին Նատալիան, յարմար առիթով հաշիւը մաքրելու համար...:
Ապօրինի կերպով Հայաստանի տէր դառնալէ ետք բոլշեւիկները հրէշային որոշում էին տուած – ոչնչացնել անխնայ կերպով Հայաստանի բոլոր աչքի ընկնող դաշնակցականները...:
Եւ 1921ին սկսան, Հայաստանի բոլոր բանտերու մէջ, կացինահար եւ գնդակահար իյնալ բազմաթիւ դաշնակցական գործիչներ... Որքան այդ գազանային սպանդը կը շարունակուէր, այնքան աւելի կը կատղէին հայ բոլշեւիկները...:
Ղարաքիլիսէի աւանի բոլշեւիկեան Ռեւկոմը (յեղափոխական կոմիտէն) եւս եռանդուն կերպով գործի էր լծուէր...:
Ղարաքիլիսէի փոքրիկ բանտը եւս լեցուած էր Ղարաքիլիսէի եւ շրջակայ գիւղերէն բերուած դաշնակցականներով...:
Ղարաքիլիսէի բանտարկեալները տեղեկութիւններ ունէին այն սոսկալի ջարդերու մասին, որոնց զոհ էին գացած կամ պիտի երթային Դաշնակցականները Հայաստանի միւս բանտերուն մէջ. գիտէին նոյնպէս, թէ ինչպէս երիտասարդ դաշնացական Արծուիկ Աբովեանը փողոցի մէջ գնդակահարուած էր, բանտ երթալ չուզելուն համար:
Բանտի ճանապարհին ան կանգ առնելով պոռացեր էր իր դահիճներուն վրայ – Է՜յ, սրիկայ բոլշեւիկներ, ես գիտեմ, որ դուք բանտի մէջ պիտի զիս չարչարէք եւ յետոյ մեռցնէք, ես հհամոզուած դաշնակցական եմ եւ պիտի մնամ. զարկեցէք ինձ շնե՛ր...: Եւ կանգնելով փողոցի պատի տակ անխռով կերպով, առանց աչքերն իսկ թարթելու ընդունէր էր մահը...:
Այս բոլոր լուրերը Ղարաքիլիսէի բանտարկեալներու վրայ թէ ոգեւորիչ եւ թէ վհատեցուցիչ տպաւորութիւն էր թողած. Սակայն բոլորն ալ խորապէս համոզուած էին, որ մտօալուտ է իրենց վախճանը...:
Համարիա վաթսուն տարիքին հասած Նատալիան որ բանտարկեալներու մէջ հաւանօրէն ամենէն աւագն էր, եւ միակ կինը, ոչ միայն իր կորովը չէր կորսնցներ, այլ եւ պահած էր ինքզինք բանտի մէջ ամենաարժանաւոր կերպով, սիրտ տալով բոլոր յուսալքուածներուն, քաջութիւն ներշնչելով թոյլերուն...: Եւ երբ 1921, Փետրուարի 16ին դահիճները մտան բանտարկեալներու խուցը եւ սկսան խողխողել բանտարկեալները, դաշնակցական ուսանող Գ. Կիրակոսեանը եւ Նատալիա Մուրադխանեանը՝ երիտասարդ եւ հին սերունդի երկու ներկայացուցիչները ինկան միասին միեւնոյն դահիճի գնդակներէն մեծ սառնասրտութեամբ եւ դաշնակցականի վայել կեցուածքով...:
Նատալիան առաջին յեղափոխական կինն էր, որ զոհ գնաց հայ բոլշեւիկներու նողկալի ոճիրին...:
Ա. Գիւլխանդանեան