21 February, 2023

Գաբրիէլ Հացագործեան

Հայկական ազատամարտի նահատակները հազարներով են ու բիւրերով: Հազարները ծանօթ են մասամբ: Իսկ բիւրերը, անոնք որոնց ամէնօրեայ համեստ գործի ու մտածումի, խոնարհ կեանքի ու յօժար զոհաբերութեան փափաքին գնով է միայն, որ կանգուն ու կենսունակ է այսօր Դաշնակցութիւնը՝ մոռացւածներ են, տարաբախտաբար:

Այդ բիւրաւոր մոռացւածներու շարքին կը պատկանին Գաբրիէլ Հացագործեան, Միհրդատ Միրզախանեան, Լեւոն Շալճեան եւ Աղասի Կզարթմեան, որոնք բոլորն ալ հերոսական մահւամբ ինկան Փետրւարեան Ապստամբութեան օրերուն: Չորսն ալ վանեցի երիտասարդ, խոնարհ ու արի հոգիներ, որոնք իրենց գիտակցական կեանքի ամբողջ ընթացքին լուռ ու անտրտունջ, բայց գիտակից ու հաւատաւոր, կատարեցին կուսակցութեան հրահանգները իբր անոնք ըլլային Աստուծմէ տրւած պատգամներ: Եւ այդ աստւածը, անոնց համար, երկնքի ու եկեղեցիի մէջ չէր, այլ հայութեան անհուն տառապանքին ու պայքարին մէջ մարմնաւորւող Ազատութեան ու Անկախութեան իտէալն էր՝ հզօր ու աննւաճ, դիւթական ու պաշտելի...

Գաբրիէլ Հացագործեան, ծնած 1890ին, Վան-Այգեստան. համեստ ընտանիքի մը զաւակ, երկրորդական կրթութիւնը ստացած ծննդավայրին մէջ, պարզ արհեստաւոր մըն էր: Իր պատանութեան օրերէն մտած կուսակցութեան շարքերը, անկէ չը բաժնւեցաւ մինչև իր եղերական մահը, մնալով միշտ պարտաճանաչ, համոզւած ու զոհաբերող կուսակցական: Վանի եւ Երևանի մէջ անգամ եղաւ տեղական կոմիտէներուն եւ կուսակցական թէ հանրային բոլոր գործերուն իր աշխոյժ մասնակցութիւնը բերաւ: Վերին աստիճանի գործնական՝ նաեւ յախուռն էր յաճախ, երբ խնդիրը կը վերաբերէր յեղափոխական ակտի մը: Հազւագիւտ ու մինչեւ կատարեալ անձնազոհութեան հասնող այդ գիծը սիրելի ու բացառիկ կը պահէր Գաբրիէլը իր ընկերներուն մէջ:

Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, Գաբրիէլ Այգեստանի ամէնէն վտանգաւոր դիրքերէն մէկուն խմբապետն էր: Հաւատարմութեամբ, քաջութեամբ ու արտակարգ զոհաբերութեամբ տարաւ ան իր ծանր ու պատասխանատու պարտականութիւնը, ամբողջ երեսուն օր իր ընկերներուն հետ դիմադրելով թշնամու բոլոր կատաղի յարձակումներուն:

Նոյն քաջութիւնն ու անձնազոհութիւնը Գաբրիէլը հանդէս բերաւ Հայկական վերջին ազատամարտի-Փետրւարեան Ապստամբութեան հրեղէն օրերուն:

Ղամարլուի մօտ, Իւվա գիւղին վրայ եղած յարձակման միջոցին, Գաբրիէլ տասնեակ մը մարտիկներով առաջ անցաւ եւ հետապնդեց թշնամին մինչեւ գիւղի վերջին ծառաստանները: Իրեն ընկերացող մարտիկները առաջխաղացումը վտանգաւոր համարելով, յորդորեցին Գաբրիէլը որպէսզի ետ դառնայ: Ան չլսեց իր ընկերներու յորդորը եւ նետւեցաւ առա՛ջ, աւելի՛ առաջ: Իրիկնամուտին մեր ժողովրդական զօրամասերը ետ էին նահանջած, մինչ Գաբրիէլ, միս մենակ, թշնամիի գիծերուն մէջ մնացած էր: Ամբողջ երեք օր բոլորս հաշտւած էինք սիրելի Գաբրիէլի թանկագին կորուստին հետ, մինչ անոր ծերուն մայրը իր որդու գէթ դիակը կ'աղերսէր մեզմէ... Քիչ վերջ սուրհանդակ մը Գաբրիէլի ստորագրութեամբ նամակ մը կը բերէր մեր ռազմաճակատէն: Ամբողջ երեք օր Գաբրիէլ թաքնւած մնացեր էր թշնամիի բանակատեղին մէջ ու ապա յաջողած ազատիլ: Բայց սուրհանդակը ուշացեր էր եւ ծերունի մայրիկի ու մեր բոլորիս ուրախութիւնը հազիւ քանի մը վայրկեան տեւեց... Ճիշտ նոյն ժամին մեր ռազմաճակատէն ստացւած հեռախօսագիր մը կը գուժէր Գաբրիէլի հերոսական մահը:

Երեք օրւայ գերութենէ ազատւելով եւ հազիւ քանի մը ժամ մեր ռազմաճակատին վրայ հանգստանալով, յախուռն, անձնուրաց, բոլշեւիկեան դաժան կարգերուն դէմ անսահման ատելութեամբ լեցւած Գաբրիէլը, հակառակ հրամանատար Սմբատի եւ միւս ընկերներու յորդորներուն, ձին կը թամբէ նորէն եւ առաջ կը նետւի դէպի թշնամին: Անհաւասար ու կատաղի այդ կռւին ու առաջխաղացումին մէջ է որ ճակտէն գնդակ ստանալով կը նահատկւի մեր սիրելի ու աննման Գաբրիէլը:

«Փետրւարեան ապստամբութեան զոհերէն»
Ա. Արշակունի
«Դրօշակ» - Օգոստոս-Հոկտեմբեր
Թիւ 8-10 (255-257)