31/12 մարտ 97
Վերջերս եւրոպական թերթերը հաղորդեցին հեռագրով, թէ Բաղէշի մէջ յեղափոխականներ երևան եկած և խառնակութիւններ տեղի ունեցած են: –Ահա այդ դէպքին մանրամասնութիւնները:
* * *
Դեռ 1895 թ. աշունին լիրբ սուլթանի զինւորներուն եւ համիտականներուն սարսափ ազդող եւ Խլաթի քանի մը գիւղերը փառաւոր կռիւներով փրկող, պահպանող Աղբիւրը՝ իր «Դաշնակցական» փոքրիկ խմբով կը մնար այդ կողմեր, ժողովրդի մէջ: Այդ խումբի նշանաւոր կռիւներու մասին շատ քիչ բան դուրս եկաւ լոյս աշխարհ եւ գրեթէ ոչինչ:
Թողնելով այդ մասին գրել մանրամասն ուրիշ անգամ, կը պատմենք այժմ վերջին դէպքերու մասին:
Աղբիւրին ծանօթ, յանդուգն եւ համարձակ գործունէութիւնը ժամանակի պահանջներու համաձայն՝ ստեղծած էր իրեն համար բարեկամներ եւ թշնամիներ. քիւրտերն իրենց ատամները կը կրճտէին եւ կառավարութիւնը պատրւակ մը կը փնտռէր իր աչքի փուշը դուրս քաշելու: Աղբիւրի ընկերներէն ուխտազանց Պօղոս եւ Վարդանեան Գրիգոր նպաստեցին կառավարութեան այդ միտումներուն: Երկու-երեք անյաջող փորձերէն ետքը քիւրտերու եւ կառավարութեան կատաղութիւնը վերջին աստիճանի հասած էր, երբ յանկարծ մէջտեղ ելաւ Վարդանեան Գրիգորը եւ ծանօթ մարդոց ցանկ մը ներկայացուց Խլաթի գայմագամին, ցոյց տալով, որ անոնք բռնելու ամենայարմար ժամանակն էր արդէն:
97 փետրւար 27-ին, հինգշաբթի գիշեր, պաշարւեցաւ Թեղուտ գիւղը եւ անցուդարձը կտրւեցաւ: Հարիւրապետը կանչեց Գրիգորի ցոյց տւած մարդիկը եւ ամենախիստ կերպով ծեծելով՝ պահանջեց Աղբիւրը յանձնել իրեն, սպառնալով այրել եւ քանդել ամբողջ գիւղը: Այդ փորձը անյաջող անցաւ, սկսան խուզարկել գիւղը, բայց նորէն իզո՜ւր. որովհետեւ Աղբիւրը քիչ առաջ արդէն մեկնած էր գիւղէն:
Քանի մը մարդոց ձեռք ու ոտք կապելով՝ զինւորներուն մեծ մասը Թեղուտ մնացին եւ քանի մը հոգի անցան Սոխորդ գիւղը, հրահանգ ստանալով հարիւրապետէն՝ պէտք եղած ատեն հրացան արձակել, որ իրենք անմիջապէս հասնին:
Բայց Աղբիւրի անկեղծ սէրը դէպի ժողովուրդը, փրկեց զինքը: Թեղուտի ընկերներէն ազնիւ երիտասարդ մը մահը աչքն առած, յաջողեցաւ գիշերով դուրս ձգել ինքզինք շղթայի մէջէն եւ հասնիլ Սոխորդ գիւղը, ուր հանգիստ, անտարբեր կը քնանար Աղբիւրը: Զինւորներէն առաջ գիւղը կը հասնի այդ անձնւէր տղան:
Արշալոյսին դեռ խոր քունի մէջ էր Աղբիւրը, երբ իր սենեակի դուռը զարկին ողբաձայն կանչելով. «Արթնցի՛ր, սիրելի եղբայր իմ, արթնցի՛ր, զէնքերը վրադ ա՛ռ, թշնամիներդ քեզ բռնելու եկան»:
Քաջասիրտ Աղբիւրը զէնքերը կապեց եւ առիւծի նման մռնչելով դուրս թռաւ կատաղութեամբ: Զինւորները վրայ հասան առաջին հրացանի ձայնէն Թեղուտի զինւորներն ալ պատրաստ էին Սոխորդի մէջ: Սկսաւ կռիւը, երկու կողմէն կարկուտի նման գնդակներ սկսան թափւիլ իրարու վրայ: Հսկայ Աղբիւրի բազուկները չյոգնեցան եւ երբեք երես չդարձուց իր թշնամիներէն: Արշալոյսին ժամը 1½-էն (ը. թ.) մինչեւ գիեշրւան ժամը 2-ը տեւեց կռիւը: Աղբիւր մէն-մինակ կը խրոխտար ու կը ծփար Նեբրովթի բարձունքներուն վրայ, ուր ձմեռ ժամանակ թռչունն իսկ չկրնար անցնիլ. Ձիւնը 5-6 արշին թանձրութեամբ կը ծածկէ այդ լեռը: Անօթութիւնը, ցուրտը, եւ սարսափելի ձիւնը, որու մէջ խրւած էր գրեթէ մինչեւ գլուխ. ասոնց հետ եւ սոսկալի կռիւը բազմաթիւ զինւորներու դէմ ուժասպառ ըրին Աղբիւրը. մինչեւ որ ստիպւած եղաւ իր շալվարն ու վերարկուն ալ վրայէն ձգել: Այդ ժամանակ կարծես գերբնական ուժ մը օգնութեան հասաւ այդ մինաւորիկ հերոսին եւ վճռելով այնուհետեւ ուղղակի սպաննելու նպատակով կռւիլ, դարձաւ եւ յանդիմանելով պոռաց զինւորներուն. «Ամօ՛թ ձեզ, որ այդչափ բազմութեամբ ետեւէս ինկած էք: Տեսա՛ք, թէ որքա՜ն փամփուշտներ վառեցի ձեր դէմ, բայց նպատակ չունէի սպաննելու ձեզ, սակայն քաջ գիտցէ՛ք, մինչեւ վերջին շունչս, ցորչափ արիւնը կը դառնայ երակներուս մէջ, ճիգ պիտի թափեմ ալ սպաննելու ձեզ. տեսնենք ձեզմէ ո՞րը պիտի կրնայ ազատւիլ իմ գնդակներէս»:
Այդ ատեն թանձր ամպ մը եկաւ ծածկեց Նեբրոբթը եւ իր թեւերուն տակ առաւ հայրենիքի հարազատ զաւակ հայ հերոսը:
Թշնամին տեսնելով, որ այս անգամ այլեւս պիտի չխնայէ իրենց եւ իր խօսքերու համեմատ կըսկսի սաստիկ կրակ տեղալ անշեղ կերպով, հարիւրապետը կը պոռայ իր զինւորներուն. «Դարձէ՛ք, դարձէք, այս մարդը մեզմէ մէկը չթողուր»: Զինւորները թուլցած՝ ետ կը դառնան ամօթաբար:
Իսկ առիւծասիրտ Աղբիւրի աչքերը ձմէթ (ձիւնահար) դառնալով քրտինքի մէջ կը լեցւի եւ կը գոցւի գրեթէ: Ամպերու մէջէն Աղբիւրը սլացաւ ու անցաւ, ազատ է այժմ, ի մեծ սփոփանք իր բոլոր ընկերներուն, որոնք իր հոգու չափ սիրելի են իրեն:
Կառավարութիւնը Բաղեշէն եւ Խլաթէն զօրքեր քաշեց եւ սկսաւ ամէն կողմ խուզարկութիւններ ընել: Նաւերը խիստ հսկողութեան տակ դրւեցան, որպէսզի Աղբիւրը չկրնայ անցնիլ ուրիշ կողմեր: Ճանապարհները բռնւեցան, սակայն այդ բոլորը կ'ոչնչանան ժողովրդի ուժի առջեւ: Ժողովուրդը գիտէ պահպանել իր զաւակը:
Յիմա՜ր զինւորներ, Դատւանէն Նեբրովթ կը նային եւ անոր բարձունքներուն վրայ սեւ կէտեր նշմարելով՝ սարսափահար ցոյց կուտան իրարու ըսելով՝ «Պագ, կեավուր նէ՞րէտէ տուրշումտուր» (նայէ՛, անհաւատը ո՞ւր կեցած է):
Աղբիւրէն պարտւած զինւորները գիւղ դարձած ատեն հերոսաբար (՞) կը յարձակին անոր տան վրայ, Աղբիւրի մեծ եղբայրը՝ Մխիթար եւ եղբօր տղան՝ Սօղօն կը բռնեն եւ սաստիկ ծեծելով բանտ կը տանին, տանն ալ ահագին վնաս կը հասցնեն:
Վարդանեան Գրիգորի մատնութեան զոհ գնացին նաեւ քանի մը թեղուտցիներ եւ դատւանցիներ: