Ծնած 1886-ին Վան-Քաղաքամէջ. հարուստ ընտանիքի զաւակ էր, իր կրթութիւնն առած էր Վանի Երամեան դպրոցին մէջ: Դաշնակցութեան յարկին տակ մեծցած ու դաստիարակւած՝ հարստութիւնը ոչ մէկ հրապոյր ունէր իրեն համար ու ան, իր առօրեայ կեանքին մէջ նոյնքան չարքաշ աշխատաւոր մըն էր, որքան հայ գեղջուկը. Աշխատանքի մարմնացումն էր ինք ու նաեւ իր ամբողջ էութեամբ ու խառնւածքով ռազմիկ հայրենասէր: Բնաւորութեամբ վերին աստիճանի անկեղծ, համեստ, բարեհամբոյր, հւիրասէր, զոհաբերող:
Մասնակցած ու գործնական աջակցութիւնը բերած էր Վանի ազգային-հանրային մարմիններուն ու աշխատանքներուն:
Վան-Քաղաքամէջի 1915-ի Ապրիլեան ահեղ գոյամարտի օրերուն, Միհրդատ մէկն էր այն քանի մը տասնեակ հերոսներէն, որոնք իրենց քաջութեամբ եւ աննկուն կամքով ամիս մը ամբողջ դիմադրեցինք բարբարոս թշնամիի տասնեակ հազարաւոր ուժերուն եւ փրկեցին Վանի հայութեան ռազմական պատիւն ու կեանքը:
Վանի նահանջին հետեւանքով Միհրդատ կորսնցուց իր ամբողջ հարստութիւնը եւ համեստ ու լռիկ աշխատաւոր մըն էր Երեւանի մէջ՝ պատրաստ ամենասեւ աշխատանքի: Ան շարունակեց մնալ իր պաշտած կուսակցութեան անդամ, միշտ զոհաբերող ու պարտաճանաչ: Ան նաեւ շարունակեց մնալ երդւեալ հակառակորդը Դաշնակցութեան ու հայութեան ամէն տիպարի եւ ամէն գոյնի թշնամիներուն:
Երեւանի կայարանին տակ փետր. 27-28-ին մղւած օրհասական կռիւներուն Միհրդատ առաջնորդներէն մէկն էր վանեցիներու այն հարիւրեակին, (բաղկացած մտաւորականներէ եւ անգրագէտներէ, ուսուցիչներէ եւ աշակերտներէ, բանւորներէ եւ գիւղացիներէ, հայրերէ եւ զաւակներէ) որու ուժին ու քաջութեանը ապաւինած էր, վերջին րոպէին, ե՛ւ Փրկութեան Կոմիտէն, ե՛ւ Երեւանի հայութիւնը:
Ու ժպտուն, խնդավառ, անձնուրաց Միհրդատը կը կռւէր թշնամիի գնդացիրներուն ու զրահապատի մահ ու աւեր սփռող գնդակներու տարափին տակ: Միհրդատ կը կռւէր կողք կողքի իր եղբօր եւ եղբօրորդու հետ: Վերջինը, 18 ամեայ պատանի, կռւի բորբոքուն վայրկեանին կը վիրաւորւի: Միհրդատի կատաղութիւնը կաճի եւ ան առաջ կը նետւի դէպի թշնամի գնդացիրը եւ գնդացիրին դեռ չհասած, ծանր վէրքերով բեռնաւոր՝ կ'իյնայ... 1921ի փետր. 28ի օրհասական ճակատամարտին Երևանի տակ, Շէնգաւիթի կռւի մէջ, Միհրդատը կը վիրաւորւի թէ թնդանօթի՝ շրափնելի գնդակով և թէ, փոխադրւած միջոցին, հրացանի կրակով:
Մահացու վիճակին մէջ կը ժպտէր տակաւին զինք դիմաւորող ու խնամող տխուր ընկերներուն: Բայց ժպիտը անզօր էր այլեւս. վէրքերը շատ էին ծանր եւ արեան թունաւորում ստանալով օր մը վերջ անմոռանալի Միհրդատը ընդմիշտ կը փակէր իր աչքերը 1921 մարտ 2ին...
Յօդուածին մէջ շեղակի գրուած բաժինները առած ենք «Դրօշակ»ի Նոյեմբեր 1931-ի, Թիւ 11 (314)էն