Պուլանուխի մեր Դաշնակցական լաւագոյն եւ ամբասիր գործիչ երիտասարդ ընկերներէն մէկն էր Ղազոն: Նա ծնուել է Պուլանուխ գաւառի Հարտոնկ գիւղում 1891 թուին, համեստ եւ նահապետական ընտանիքի մը ծոցին մէջ:
Գեղացու մը համար, գառ ու այծ արածելը աւելի յարգի է, քան զաւկի դպրոց յաճախելը, ուստի Դէլի Ղազոն մեծցեր եւ հասակ նետեր է տաւար եւ ոչխարներու ետեւէ վազելով:
Հակառակ ատոր եւ ըստ երկրի սովորութեան, պատանի տարիքէն կը մտնէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շարքերը: Ղազոն անգրագէտ էր, հազիւ թէ կարողանար իր անուն-ազգանունը ստորագրել:
Սկզբնական շրջանին պատանի Ղազոն կուսակցական սուրհանդակի պաշտօն կը կատարէ Պուլանուխ-Խնուս շրջաններուն մէջ:
Յիշեալ դէպքից ետք, քրդու կնքահայրութեամբ տղու անունը կը մկրտուի՝ Դէլի Ղազո եւ այդպէս ալ կը մնայ:
1913ի սկիզբներից, թուրք կառավարութիւնը ռազմական մեծ պատրաստութիւններ կը տեսնէ, երկրի մէկ ծայրէն միւսը եւ ամէնուրեք՝ իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ գլխաւորապէս հայ զանգուածին վրայ:
Մի կողմից զինակոչը, միւս կողմէ ալ վերոյիշեալ դէպքի պատճառաւ Դէլի Ղազոն ստիպուած կ'ըլլայ թողնելու երկիրը եւ իր սիրելիները ու հեռանալ:
Գտնելով քանի մը հոգի իր խելքով ու գաղափարին համապատասխան երիտասարդներ, Պուլանուխէն փախչելով, Ալաշկերտի վրայով սահման կ'անցնեն, կու գան Կաղզուան, հոնկէ ալ կ'անցնին հիւսիսային Կովկասի ծովափնեայ քաղաքներէն Օթոթիի նաւահանգիստը, ուր բեռնակրութեամբ զբաղում են, իրենց օրապահիկը ապահովելու համար:
Ա. ընդհանուր պատերազմին (1914) երբ կը կազմակերպուէին հայ կամաւորական գունդերը, մեր Դէլի Ղազոն թողնելով նաւահանգիստն ու իր աշխատանքը, կը փութայ արձանագրուելու հերոս Անդրանիկի բանակում, մտնելով անոր Ա. վաշտի շարքերում (վաշտ Արտաշէս Սուճեանի) որպէս պարզ ու համեստ զինուոր:
Դէլի Ղազոն «ակտիվ» իր մասնակցութիւնը բերած է պատկան գունդի կողմէն մղուած բոլոր կռիւներուն՝ Կովկասեան ճակատում՝ թուրք բանակին դէմ որոնցմէ նշանաւորներն են.- Դիլմանին (Իրան), Սուրբինը, Դատւանին, Բիթլիսի գրաւումը եւայլն:
Երբ ոչ բարեխնամ ցարի կառավարութիւնը լուծուած յայտարարեց հայ կամաւորական գունդերը (1916) մեր Դէլի Ղազոն ալ մի խումբ տարագիր հայրենակիցներու գլուխը անցնելով եւ յաջս իր եղբայր Աբգարին (մահացած 1964-ին)՝ միասին կու գան երեւանգաւառի Կոտայքի շրջանում, ու կը հաստատուին հոն «Ղարաղալա» կոչուած եւ թաթարներէ լքուած գիւղում ու կը սկսեն խաշնարածութեամբ եւ գիւղատնտեսութեամբ զբաղուել:
Կարճ ժամանակամիջոցում, ընկ Ղազոն իր ժրաջան եւ խաղաղ աշխատանքներում կարողացաւ «առասպելական» տնտեսութեան տէր դառնալ ու ամուսնանալով պարկեշտ ընտանիք կազմեց:
Արդեօք, Երեւանի նահանգո՞ւմ կա՞յ ու կը գտնուի՞ մարդ մը, որ Դէլի Ղազոյին չճանչնայ եւ կամ անունը լսած չըլլայ:
Մեր Դէլիին դուռն ու սեղանը՝ եկող գնացողին առջեւ միշտ բաց է եղէր:
Հ. Հանրապետութեան անկումէն ետք, խաբեբայութեամբ համայնավար աւազակներն ու կողոպտիչները տէր դարձան մեր երկրին:
Դանակը հասեր էր հայ ժողովուրդի ոսկորին, այլ եւս համբերել, տոկալ ու տանել անկրելի էր այդ բոլոր կատարուածները յայտնի ու անյայտ Հայաստանի մի ծայրէն միւսը պոռթկալով հայ հասարակութիւնը, յառաջ բերաւ արար աշխարհին ծանօթ համահայկական եւ Փետրուարեան 18ի արիւնալի ապստամբութիւնը (1921ի):
Այդ օրերուն, ոչ թէ ղեկավարներէն մէկն էր Դէլի Ղազոն, այլ ամբողջ գերդաստանով եւ տնտեսութեամբ միասին նետուած էին պայքարի մէջ, կարմիր բորենիներուն դէմ՝ նիւթապէս, բարոյապէս ու ֆիզիքապէս:
Ինքը՝ քաջարի Ղազոն, ճերմակ նժոյգին վրայ նստեր զէնն ի ձեռին, դիրքէ դիրք սլանալով կռուող տղոց կը քաջալերէր եւ թէ փամփուշտ ու պարէն կը մատակարարէր յեղափոխականներուն:
Այդ բոլորէն ետք դժբախտաբար կարմիր Ռուսաստանէն աւազակային կարմիր բանակը վրայ հասաւ:
Ուստի յաւելեալ արիւնչ թափելու համար, Հայաստանի Փրկութեան Կոմիտէն հրաման տուաւ յեղափոխական իր մարտական կռուող ուժերին, յետ քաշուելու դէպի Բաշգեառնի ու այնտեղից ալ խիստ կարգապահ ու աստիճանաբար նահանջելու Լեռնահայաստան:
Այդ փառայեղ պայքարը, որ մօտաւորապէս տեւեց 65-70 օր եւ ինչպէս շատերը, նա էլ որպէս քաղաքական տարագիր ընտանիքով միասին եւ ամէն բանէ զուրկ, գաղթականի ցուպը ձեռքին կը հետեւի նահանջողներուն եւ Մեղրիի վրայով Արազ գետը կ'անցնեն ու կ'ապաստանեն Շահն-շահերու երկիրը: Նախ Թաւրիզ եւ ապա՝ Թեհրան բնակութիւն կը հաստատեն:
Թեհրան գալով, Դէլի Ղազոն կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք, 2 մարտ 1956ին իր մահկանացուն կը կնքէ 65 տարեկան հասակի մէջ: Հանգուցեալը իր ետին կը թողնէ երկու մանչ ու մի աղջիկ զաւակներ, բոլորն ալ ամուսնացած:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, մեր բոլորի սիրելի Ղազո:
Ղազարի թաղումը տեղի կ'ունենայ նոյն օրը, Դուլաբի գերեզմանատան մէջ