Թալէաթին՝ ցեղիս դահճապետին
Ո՜վ անճառելի պահ երանութեան,
անվերարտադրելի բերկրանք անխառն,
Քնաբեր աւետիսը մեռելներուն
անքուն եւ խրախճանքը ողջերուն սգաւոր,
Մահապատգամը անտեսուած
Իրաւունքին եւ պատասխանը անպաշտպան կարծեցեալ Նահատակութեան.
Հրեղէն բռունցքը սատակեցնող
եւ մահաշեփորումը բոլոր Ոսոխներուն...
Ու Ան, որ պիտի գար
անխուսափելիօրէն վաղ թէ անագան... եկաւ...
Եկաւ, ինչպէս ամպրոպը
մրրկաբօթ, որպէս երկրաշարժը մահագոյժ,
Եկաւ բոլոր մեռելներուն
անունով ու ամէն վերապրողներուն յուղարկաւոր:
Ու քեզի գտաւ, հեգնելով
ծպտումները անունիդ եւ հեռաւորութիւնը թաքստոցիդ...
Իշխանաւորութեանդ ոճրախոկում
օրերուն, առհաւական կոչումէդ մղեալ,
Աւերակել ըղձացիր մեր
ոստանները շէն ու մեր գիւղերը բերրի,
Նախամարդերու բռնագրաւումին
տակ հանճարն ու ազատութիւնը չը հանդուրժելով,
Ցեղս բնաջնջել հրամայեցիր,
որ հինաւուրց Ռահվիրան էր ամայի Արեւելքին...
Ու անտառ առ անտառ,
բողբոջներէն մինչեւ կաղնիները հաստաբուն,
Մայր հողերէն մտրակուեցան
դէպի տրտում գետեզերքներն ու անապատները դաժան,
Տապարներով ու մահակներով
պատարագուելու միահամուռօրէն՝
Թշուառութեան բոլոր
լեղիներն ու բոլոր ունայնութիւններու կսկիծները մի առ մի ճաշակած...
Դուն վագր անագորոյն
եւ իժ մահառիթօրէն բազմաթոյն
Մահատարաժամերու հանճար
դիւային, յորովայնէ ոճրագործ,
Յուդա եւ Կայէն միանգամայն,
նախատինք մայրական արգանդին,
Խարանը մարդկային կոչումին
եւ բիրտ հերքումը խղճի գոյութեան...
Եւ սակայն դուն ալ
ապրեցար ողբալի վախճանը անկումին ու պարտութեան,
Ու հալածական բորեանի
մը պէս մուրացիր ասպնջականութիւնը երէկի ոճրակից Հեռուին,
Ու լսեցիր Յաղթանակի
նզովքը անունիդ, ինչպէս խարանումը ոճրապարտ ցեղիդ,
Սահմռկած վկայելով
Յարութիւնը ցեղիս, քու բնաջնջումէդ իսկ վերընձիւղած...
Բայց աւա՜ղ, դուն նաեւ
վկան եղար Յաղթանակի ապականութեան,
Դատախազ եւ մարդասպան
եղբայրացան ցեղիդ աղջիկներուն կամրջումով,
Ու արդէն ճիւաղային
ճակատդ նոր Դժոխքներ ու նոր Գողգոթաներ կ'երկնէր,
Մօտալուդ վերաշինութեան
թուականը վայելչօրէն յաւերժացնելու,
Երբ կերպարանքդ ի վեր
աշտարակուեցաւ ցլազարմ զաւակը մահերուն ու մոխիրներուն՝
Շանթահարելով քեզի
քայլիդ վրայ, որպէս շեշտ հարուածը վրէժխնդիր Աստծուն.
Ուսուցանելով քեզի,
դեռ անպատիժ դահճակիցներուդ ու հրէացած տիեզերքին հանուր,
Թէ հայ Ահաբեկիչը գիտէ
հաշուեյարդարել, եթէ Յաղթանակն է յուդայացած...
Սակայն, ափսո՜ս, բիւր
ափսո՜ս, դուն պէտք չէիր որ սատակէիր այդկերպ.
Ամէն Հայ պէտք էր որ
բաժին մը ունենար քու անշնչացումիդ մէջ տօնական,
Ինչպէս որ անոնց ամէն
մէկը ուրոյն ոխ մը եւ վրէժ մը ունէր Ոսոխիդ դէմ...
Փոյթ չէ՛, դուն այլեւս
ափ մը գարշահող ես մեր գարշապարներուն տակ,
Եւ Հայաստանը յարուցեալ
զինամբարձ կը տօնէ յուղարկաւորութիւնդ այսօր:
Արամ Վտարանդի
(«Մասիս», Պուքրէշ)
«Հայրենիք», Պոսթոն
23-րդ Տարի, Թիւ
2738
Շաբաթ, Ապրիլ
30, 1921