02 April, 2023

Արգելափակ Անմահը

Ցեղիս մեծ զաւկին՝ Սողոմոն Թէհլիրեանին

...Ու գիշերը դարձեալ եկա՜ն, եկա՜ն, դժնէ մղձաւանջները անհատուցում վրէժին
Ու դուն ընդոստ ծնար չարչարանքի անկողնէդ, որպէս շանթը մրրկահար ամպրոպներէն
Այն առաւօտ ծագող արեւը եղերական քու կեսարական հոգիիդ պատգամեց,
Երբ հեթանոս Քուրմի մը պէս, Գերագոյն բաժակդ էիր իրեն ամբարձուցած...

Ու սուրացիր... որպէս հուսկ լրումը ժամանակին, որպէս անողոք բազուկը ճակատագրին
Անկընկճելի ու աննուաճ, ինչպէս դատաստանը ահեղ եւ ցասումը Եվհովային:
Ու բռունցքովդ ուսերը ցնցեցիր, որոնց վրայ այնքան ոճիրներ էին յարկուած՝
Քեզի նայելու, քեզի՛, որ Հայ Ազգն էիր հաշուեպահանջ, Հայ Ազգը արիւններէն վերածին:

Ըղձացիր, որ մեծ ոսոխը նախ քան գիշերանալը իր նայուածքին ու բանականութեան,
Ճանաչէր քեզի, ու պայծառացեալ աչքերուդ պատուհաններէն ներաշխարհդ թափանցէր
Ուր այդ վսեմ պահին կ'անցնէին՝ բնաջնջումին կարաւանները դիակնացած եւ եղերերգակ,
Եւ ուր Յարուցեալ Հայաստանը կը պատգամէր՝ իր պատրանքները դրօշակի այլափոխան:

Ո՞ր արցունքներուն մէջ կուրացած մայրերուն եւ ո՞ր արիւններուն մէջ մորթուած մանկանց,
Սա օծեալ կապարներդ թաթախեցիր, այնքան անվրէպ ու շեշտահարուած...
Ո՞ր բռնամահ քոյրերդ գիշերը քեզի լացին, կամ ո՞ր հայրերը թօպամահ խօսեցան,
Ո՞ր ցուլերը տարագոմուած, կամ ո՞ր աղբիւրները մանկութեանդ քեզի այցի եկան...

Որ փլուզուեցաւ հարուածիդ տակ դժոխքը ոճիրներու այլազան մռունչներով սատակող ճիւաղին
Ու դուն աճապարեցիր ամպամած ճակատները արեւաշողելու՝ ճամբուդ վրայ փառապահակ սպասող,
Երբ ամբոխը շնազարմ, որ սուրբերը կը քարկոծէ եւ փրկիչները ի խաչ կ'ոռնայ,
Ետեւէդ հեղեղեց զքեզ յօշոտելու, որ այլեւս Սկիհն էիր տիեզերական պատարագին... 

Ու հիմա վիրահատ ես ու մենաւոր փառքիդ հետ՝ անմահօրէն արգելափակ,
Այրի է խցիկդ արեւէն ու շուրջդ մահը կը սողայ օձի մը պէս անշշուկ...
Եւ սակայն, ի՜նչ կ'ըսեմ, դո՛ւն արեւ մըն ես անմար եւ խցիկդ անհուն մը աստուածընկալ,
Վրէժին հունձքերը քեզմով կը հասուննան, մահին աղջամուխջները քեզմով կ'առաւօտին,
Բովանդակ ցեղդ, ծագէ ի ծագ, Քեզի հետ է, զՔեզ կ'երգէ, Քեզմով կ'ապրի...
Ու բոլոր մեր մանկիկները ջրամոյն ու մեր կոյսերը մինչ ի բռնամահ պատուախնդիր
Քու խշտիկդ կը պարուրեն, որպէս հրեշտակները տիեզերք մը անանցութեան...

Դուն աւետարանիչը պատգամախօս, դուն նորանշան Սուրբը մեր բոլոր ապառնիներուն
Դուն Առաքեալ ահրի, դուն Ռահվիրայ լուսաշաւիղ, դուն Արեւը մեր բոլոր արշալոյսներուն,
Փառք, Փառք, Ովսաննա եւ երկրպագութիւն քու Մօրդ Արգանդին...

Արամ Վտարանդի
«Հայրենիք», Պոսթոն
Շաբաթ, Մայիս 7 1921
23-րդ Տարի, Թիւ 2743