03 April, 2023

ՏԷԼԻ ՂԱԶԱՐ. Միքայէլ Բադալքէոխեան

Ղարաբաղի վերջին կռիւներուն մէջ, Ասկերանի սարերուն վրայ, հերոսաբար ինկած է մեր նշանաւոր հայդուկներէն՝ «Տէլի Ղազար»ը:

Բոլոր անոնք, որ ծանօթ են վերջին երեսնամեայ պատմութեան, մեր ազատագրական պայքարին եւ հայդուկային արշաւանքներուն, լսած կ'ըլլան անշուշտ Ղազարի կեանքի եւ գործունէութեան մասին:

Գանձակեցի հերոսը իր ամբողջ կենսունակ երիտասարդութիւնը անցուցած է կռիւներու եւ մարտնչումենրու մէջ: Հանգիստ ու խաղաղ կեանքի գաղափարները խորթ են մնացած իրեն համար: Մի՛շտ պատնէշին ու արիւնի ճամբուն վրայ, մի՛շտ վտանգաւոր դիրքերու եւ կռուի առաջին շարքերուն մէջ.– ահա՛ անոր ապրած ու անցուցած կեանքը:

Դեռ պատանի, ըմբոստ ու անհանգիստ, յանդուգն ու ազատատենչ, Ղազարը կը նետուի յեղափոխական կեանքի մէջ, եւ քիչ ատենէն կը դառնայ Հ. Յ. Դաշնակցութեան գլխաւոր-պատասխանատու խմբապետներէն մէկը, վայելելով բոլոր ընկերներու սէրն ու համակրանքը:

1905 թուին Կովկասի մէջ ծայր տուած հայ-թրքական ընդհարումներուն, Ղազարը իր փառաւոր գործունէութիւնը կ'ունենայ եւ երեւան կուգայ յանդուգն ահաբեկիչի իր կարողութեամբ: Կովկասաբնակ թաթարները մինչեւ հիմա ալ սարսափ կը զգային այդ առնական կազմուածքով «խենթ»-էն:

1914-ին պայթեցաւ համաշխարհային պատերազմը, եւ Կովկասի մէջ կը կազմակերպուէին կամաւորական գուդներ. Տէլի Ղազար իր պատասխանատու դերն ունէր այնտեղ:

Երբ Ճէվտէթ պէյի բանակը վատութեամբ կը փախչէր Վասպուրականի սահմաններէն եւ երբ հայկական դրօշը կը ծածանէր Վանի բերդին վրայ, Ղազարն էր, որ առաջին անգամ Խէչօի հետ միասին կը մտնէր Վան, փախուստի մատնելով տաճկական բանակը մինչեւ Պիթլիզի դռները:

Կամաւորական Բ. գունդի վաշտապետներ.
Կանգնած ձախէն՝ Յովհաննէս Քուրանեան, Զեմլեակ, Դալի Ղազար (Միքայէլ Պատալքէխեան), Ռիժա Տիգրան. 
Նստած ձախէն՝ Օնէ (Յովհաննէս Մելքոնեան), Եապոն (Յակոբ Պարոնեան), Մարտիրոս Աբրահամեան
Նկարը՝ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարան-Հիմնադրամին

1918-ին՝ երբ ռուս զինուորները տարւած մեծամասնական հովերով՝ կը պարպէին Հայաստանի սահմանները ու կ'աճապարէին հայրենիք՝ դասակարգային պայքարներուն մասնակցելու, մենք մեր փոքրաթիւ ուժերով, միս-մինակ կը մնայինք թշնամիի ահագին ուժերուն դէմ՝ ճակատ ճակատի: Երզնկայէն յետոյ կ'ինայ եւ Էրզրումը: Թուրք բանակները քաջալերուած յաղթանակներէն, մոլեգնած թալանի, սպանութեան եւ բռնաբարութեան կիրքերով, շլացած Պաքուի եւ Երեւանի հարստութիւններէն, կատաղի յարձակումներու սկսած էին եւ կ'ուզէին խեղդել մնացած հայութիւնն ալ:

Ու ահա՝ կեանքի եւ մահուան վայրկեանին՝ հրապարակ կուգայ Ղազար՝ ղեկավար ընտրուած երկու հազարնոց բանակի:

Նոյն թուի Մարտ 2-ին, Ղազարի գունդը կ'անցնի Երեւանի գլխաւոր փողոցէն դէպի Սարիղամիշ:

Ազգային Խորհրդի դռան առջեւ, բանակը կանգ կ'առնէ: Դիկտադոր Արամ իր կրակոտ խօսքերով հայրենասիրութեան կայծ կը զարթեցնէ բոլորի սրտերէն ներս, որմէ ետք մեր սիրելի Ղազարը կըսէ միայն երկու խօսք.

Տղե՛րք ջան, գնում ենք դէմ դնելու տաճկական խոշոր բանակին, որ ամբարտաւանօրէն յարձակւում է մեր սահմանների վրայ, կա՛մ կը յաղթենք կամ թշնամին մեր դիակների վրայէն պիտի անցնի Երեւան: Այս սարերի վրայ կա՛մ պիտի ծածանի հայկական դրօշ, եւ կամ պիտի դառնայ հայկական գերեզմանատուն:

Այս կարճ խօսքերէն ետք՝ Արամն ու Ղազարը կը գիրկընդխառնուին. Արամը յուզումէն կ'արտասուէ, ապա կը թնդայ «Ի Զէն Հայեր» եւ բանակը կը շարժի ուրախ ու խանդավառ տրամադրութեամբ:

Մէկ քանի օր յետոյ, Սարըղամիշի տակ, տեղի կ'ունենայն կատաղի ճակատամարտներ, թրքական գերակշիռ ուժերու հետ: Ղարաբաղցի առիւծը ինկած բանակին առջեւ՝ «ուռա՜» կը գոչէ: Թշնամին տեսնելով հայ զինուորին անխորտակելի կամքն ու յամառութիւնը, կորաքամակ կը փախչի, բազմաթիւ կորուստներ տալով:

Յաջորդ օրը կռիւը կը շարունակուի նոյն կատաղութեամբ եւ այսպէս՝ քանի մը օր: Կռուի տաք միջոցին կը վիրաւուի Ղազարը եւ անմիջապէս կը փոխադրուի Թիֆլիս:

Մէկ քանի ամիս հոն մնալէ եւ առողջանալէ ետք, նորէն կը տեսնենք զինք Հայաստանի մէջ, այս անգամ Պէյիւք Վէտիի եւ Կողբի կռիւներուն, որոնք իր փառքը աւելցուցին:

Ասկերանի կռիւները սակայն, խլեցին մեզմէ մեր աննման հերոսը:

Խէչօի, Քեռիի եւ Մուրատի մահերէն ետք, ահա մէկ ուրիշ մահ, նոյնքան դառն, նոյնքան անփոխարինելի:

Փառք մեր ինկած նահատակներուն:

Փա՜ռք յաղթանակին եւ բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպեցին Գրգուռի, Ռեւանդուզի, Պաքուի եւ Ասկերանի յաղթանակները եւ հիմք դրին հայ ժողովուրդի քաղաքական կեանքի ու անկախութեանը:

Ռ. Թէրլէմէզեան
«Ճակատամարտ», Կ. Պլիս
Հինգշաբթի, 3 Յունիս 1920
10-րդ Տարի, Թիւ 468 (2269)

...Յամառ կռիւը, ինչպէս կը պատմէ ականատես մը, կը շարունակուի, Հայերը դիմադրեն մինչեւ վերջին փաշփուշտը, թշնամիին ճնշումը կ'աւելնայ ու Ասկէրանի աննման պաշտպանները, նօսրացած շարքերով, կը սկսին նահանջել: Անոնց ղեկավարը ռումբերու եւ գնդակի տեղատարափին տակ ոտքի, շիփշիտակ, ճիւան աչքերը դէպի թշնամին՝ իր զինակից ընկերներուն կը հրամայէ չնահանջել եւ կռուիլ:

Անոնք ի պատասխան ցոյց կուտան իրենց պարապ հրացանն ու փամփշտակալները. կը կռւին ինչով որ հնարաւոր է, կը կռւին քարերով: Սակայն անօգուտ, շատերը կ'իյնան, մէկ մասը կը հեռանայ ու ամէնէն վերջը Ասկէրանի հպարտ սարերուն վրայ, կ'ինայ երիտասարդ ու շէկ առիւծի մը այնքան նման իրենց հրամանատարը, Գանձակեցի Ղազարը, ձեզ՝ ամէնո՛ւդ ծանօթ Տէլի-Ղազարը, որ օր մը գաղափարէն խենթ՝ ինքզինքը նետած էր այնտեղ մեռնելու իր հայրենիքին համար եւ կտակելու իր ցեղին արիւնոտ պատմութեան հայկական Չէրմօպիլէն, որուն առջեւ Սպարտան իրաւունք ունի նախանձելու Ղարապաղին...*

*հատուած
«Վեց Հարիւր Գիւղացիներ Դէմ Դիմաց Եօթը Հազարնոց Բանակին Հետ»
«Ճակատամարտ», Կ. Պոլիս
Կիրակի, 30 Մայիս 1920
10-րդ Տարի, Թիւ 465 (2286)