02 May, 2023

ՅԱՅՏԱԳԻՐ Հ.Յ.Դ. ԺԱ. ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ

Ընկերնե՛ր եւ հայրենակիցնե՛ր.

Հ.Յ. Դաշնակցութեան 11րդ Ընդհանուր Ժողովը, որ տեւեց աւելի քան մէկ ու կէս ամիս, լարւած ուշադրութեամբ եւ ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ քննութեան առաւ բազմատեսակ ազգային-քաղաքական եւ զուտ կազմակերպական հարցեր եւ յանգեցաւ յուսալից հետեւանքներու: Մեր բոլոր մարմինները եւ ընկերները կը սպասեն ակընդէտ իրենց Գերագոյն Ժողովի որոշումներուն, ճշտելու համար իրենց վերաբերումը մեր կեանքի բազմապիսի հարցերու հանդէպ եւ գծելու առաջիկայ տարիներու գործունէութեան ուղին: Պատմութեան բերումով Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը դարձած է քաղաքական զօրաւոր ազդակ մը հայութեան կեանքին մէջ, ուստի անոր որոշումներուն կը սպասեն նաեւ հայ ժողովրդի լայն զանգւածները եւ մեզ ու մեր դատի հակառակորդ ուժերը: Հաւատարիմ մեր աւանդութեան՝ պիտի փորձենք համառօտ բայց մեկին՝ ուրւագծել Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործունէութեան ուղին առաջիկայ տարիներու համար:

Այն խորին համոզումով, որ ազգի ճակատագրի մէջ զօրաւոր ազդակ է բուն իսկ ազգի կամքը, Ընդհանուր Ժողովը ազգի հոգեբանական կացութիւնը առաջին պայմանը կը նկատէ քաղաքական ազդու գործունէութեան: Արդ՝ Ժողովը գոհունակութեամբ կարձանագրէ, որ անցնող չորս տարիներու ընթացքին բաւարար չափով լուծւած են տարագիր զանգւածներու տեղաւորման եւ օրապահիկի մտահոգիչ խնդիրները, որու հետեւանքով տարագրութիւնը ժամանակ գտած է անդրադառնալու իր քաղաքական կացութեան: Տարագիր կեանքի դառնութիւնները ընդհանուր առմամբ որոշած են գաղութահայ զանգւածներու քաղաքական ուղին եւ ձգտումներու նպատակը: Քաղաքական եռուն տրամադրութիւններ աւելի ցայտուն երեւան կու գան նորահաս որբերու խիտ շարքերու մէջ որ անվերապահ խանդավառութեամբ փարած են քաղաքական հատուցման եւ ազատ հայրենիքի գաղափարին: Քաղաքական տրամադրութեանց նոյն զօրացումը կը նկատւի նաեւ բուն իսկ Երկրի մէջ, ուր չնայած անլուր ճնշումներուն, որոնց ենթարկւած է հայ ժողովուրդը եւ հառակակ անօրինակ հալածանքներուն, որ կը հարւածեն գիտակից եւ ըմբոստ տարրը մեր հայրենիքի՝ – մէկ կողմէն ժողովրդի մէջ կը զօրանայ ժխտական վերաբերումը դէպի խորհրդային կարգերը, միւս կողմէն մեր աքսորական եւ բանտարկւած ընկերներու բաց ձգած դիրքերու մէջ կանցնին նորանոր խանդավառ շարքեր:

Ժողովրդական զանգւածներու տնտեսական ապաքինումը եւ քաղաքական զարթօնքը պայծառօրէն հանդէս եկան շրջաններու զեկուցումներու մէջ, եւ Ընդհանուր Ժողովը միաձայնութեամբ յանգեցաւ այն եզրակացութեան թէ վերջանալու մօտ պէտք է նկատել վերակազմութեան եւ ուժերու ամփոփման շրջանը եւ պէտք է ժամանակը հասած համարել աշխուժացնելու պայքարը արտաքին ճակատներու վրա:

Այս պայքարի կարգախօսը պէտք է լինի. «Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան», որ արդէն Ընդհանուր Ժողովի խորին համոզումով հայոց հարցի ուրիշ ոեւէ լուծում անկարող է ապահովել հայութեան գոյութիւնը իբր ազգ եւ տալու անոր ազատ ստեղծագործութեան եւ բարգաւաճման հնարաւորութիւն: «Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի» գաղափարն է միայն, որ պայծառօրէն եւ լիապէս կարտայայտէ հայ ժողովրդի դարաւոր տենչանքը ազատ եւ ուրոյն գոյութեան. Ազատ Հայաստանն է միայն, որ կարող է՝ արդար հատուցում նկատւել մեր արիւնազանգ պայքարի եւ անօրինակ մարտիրոսագրութեան: Այդ պահանջը յենւած է աշխատաւոր մարդկութեան բարձր սկզբունքին՝ ազգերու ինքնորոշման մասին եւ հիմք ունի միջազգային դաշնագիր, որ ճանաչւած են տիրապետող ազգերու կողմէն: Այս մարդկային եւ արդար պահանջի տեսակէտէն պէտք է գնահատւին իրադարձութիւնները մեր եւ հարեւան ազգերու կեանքին մէջ եւ շահագրգիռ պետութեանց վերաբերումը մեր հարցին: Այդ պահանջը պէտք է կազմէ անկիւնաքարը բոլոր քաղաքական բանակցութեանց եւ պայմանագրութեանց: Այս պահանջի իրացման պէտք է դիմեն ազգային եւ կուսակցական գործունէութեան բոլոր շաւիղերը եւ անոր շուրջը պէտք է համախմբւին բովանդակ հայութեան քաղաքական ուժերը: Պէտք է ստեղծւի մէկ ճակատ հայութեան քաղաքական պայքարի, բովանդակ ազգը պէտք է ունենայ մէկ նպատակ – «Միացեալ եւ Անկախ Հայասստան», եւ պէտք է ցուցադրէ մէկ կամք՝ այդ նպատակին հասնելու համար:

Մեր պայքարի ճամբին առաջին ոյժը որուն կը հանդիպինք, Խորհրդային Ռուսաստանն է, մէկը մեծագույն պատասխանատուներէն Անկախ Հայաստանի խորտակման: Հանդուրժելով հայաբնակ գաւառներու անջատումը Հայաստանէն եւ անոնց կցումը հարեւան հանրապետութեանց՝ Խորհրդային Ռուսաստանը մինչեւ իսկ Կովկասի վարչական բաժանման մէջ կը շարունակէ ցարական Ռուսաստանի աւանդական քաղաքականութիւնը՝ գերազանցելով անոր բռնութեան միւս մարզերու մէջ: Վերջ տալով մամուլի եւ խօսքի ազատութեան՝ ան օտար մտածումն է, որ կը պարտադրէ Ռուսաստանի այլազան ազգերուն եւ իր արտառոց քաղաքականութեամբը տնտեսական մարզի մէջ՝ յետին չքաւորութեան կը հասցնէ երկիրն ու աշխատաւոր զանգւածները: Հայ ժողովրդի քաղաքական, տնտեսական եւ իմացական ազատագրութեան առաջին պայմանն է խորհրդային կարգերու վերացումը Ռուսաստանի մէջ: Ժողովը կը կարծէ, սակայն, որ այդ կարգերու խորտակումը պէտք է կատարւի բուն իսկ ռուս ժողովուրդի ճիգերով, իբր անխուսափելի հետեւանք տնտեսական ահաւոր սնանկութեան եւ այն պառակտումի, որ սկսւած է անցնող չորս տարիներու ընթացքին եւ գնալով կը խորանայ մեծամասնական կուսակցութեան մէջ: Արտաքին ամէն ճնշում միմիայն արգելք կարող է դառնալ այդ փրկարար քայքայումին, ուստի Ընդհանուր Ժողովը վճռապէս կը մերժէ ոեւէ աջակցութիւն դրսի օտար ուժերուն, որ կը ձգտին խորհրդային կարգերու բռնի վերացման: Միւս կողմէն նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի սահմանափակ կարողութիւնը եւ ուժերու ինքամփոփման գերագոյն պահանջը՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պէտք է ջանայ մասնակցութիւն չունենալ նաեւ Ռուսաստանի ներքին կռիւներուն մէջ: Ան կը շարունակէ մնալ գաղափարական հակառակորդ խորհրդային կարգերու, արթուն պահելու համար հայ զանգւածներու քաղաքական մտածումը:

Գալով Հայաստանին՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը դէմ լինելով այնտեղի խորհրդային կարգերուն, միաժամանակ դէմ է եւ այդ կարգերու բռնի վերացման փորձերուն: Լինելով Ռուսաստանի մէկ նահանգը եւ միեւնոյն ռուս համայնավար կուսակցութեան մէկ կալւածը՝ Հայաստանի քաղաքական կացութիւնը հիմնովին կարող է փոխւել միայն այդ կուսակցութեան քայքայման եւ Ռուսաստանի խորհրդային իշխանութեան խորտակման հետեւանքով: Գնահատելով ամէն ճշմարիտ շինարարութիւն, յորդորելով ուրիշներուն՝ օժանդակել եւ անձամբ աջակցելով Հայաստանի վերաշինութեան մեծ գործին՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ գաղափարական ընդդիմադիրի իր դերը կատարել Հայաստանի ապազգային կառավարութեան հանդէպ՝ խաբանելով անոր ապիկարութիւնը հայ ժողովրդի բախտի տնօրինութեան մէջ եւ յանցաւոր թուլամորթութիւնը աշխատաւոր հայութեան շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ Կովկասի խորհրդային «հանրապետութեանց» եւ Ռուսաստանի հանդէպ: Մեր գլխաւոր նպատակը պէտք է լինի Երկրի հայութեան ուշադրութիւնը դարձնել իր ինքնապաշտպանութեան եւ անոր յարակից խնդիրներու վրա: Մեր համոզումով ինքնապաշտպանութիւնը անհրաժեշտ կը դառնայ Ռուսաստանի ներքին յեղաշրջման ժամանակ, երբ ռուսական զօրքերը խուճապով հեռանան հիւսիս եւ հայ ժողովուրդը մենակ մնայ թիւրքական աւերիչ ուժերու եւ իր համակիրներու հանդէպ: Անմտութիւն կը լինէր յուսալ, որ այս հիմնական գործի կազմակերպութիւնը իր վրա կառնէ Հայաստանի ապազգային կառավարութիւնը. ան առաջինը կերթայ խուճապահար ռուս զօրքի հետ դէպի Ռուսաստան, ինչպէս եկած էր անոր սւինի պաշտպանութեամբ Հայաստանը վարելու: Այս մեծ գործը պէտք է նախաձեռնէ եւ գլուխ հանէ հա՛յ ժողովուրդը:

Մեր ազատագրական պայքարի ճամբին երկրորդ ոյժը, որուն կը հանդիպինք, Թիւրքիան է, որ բնաջնջած է հայութիւնն իր պատմական հայրենիքին մէջ եւ այն մոլար համոզումն ունի, թէ ատով մաքրած է իր հաշիւները պայքարող հայութեան հետ եւ առմիշտ թաղած է հայոց հարցը: Ընդհ. Ժողովը որոշած է զարկ տալ անոր դէմ մղւող պայքարին եւ յարաճուն գործօն դիմադրութեամբ ստիպել Թիւրքիային ճանաչելու հայ ժողովուրդի քաղաքական իրաւունքները Եփրատէն արեւելք ընկած հայկական հողերու վրա: Այս պայքարի յաջողութեան համար անհրաժեշտ է մէկ ճակատ ստեղծել հայութեան ծոցին մէջ եւ բնական դաշնակից նկատել այն բոլոր տարրերը, որ այս կամ այն ձեւով կը նպաստեն Թուրքիոյ տկարացման: Ընդհանուր Ժողովը յատկապէս կողջունէ քիւրդերու ըմբոստացումը Թիւրքիոյ դէմ, այդ շարժումը կը նկատէ նպաստաւոր հայ եւ քիւրդ դատի համար եւ գիտակից հայութեան ուշադրութիւնն ու համակրանքը կը հրաւիրէ այդ անհաւասար եւ հերոսական պայքարին վրա:

Անհաւասար պայքարի մէջ, որ պատմութեան հարկադրանքի տակ եւ յանուն ազատ եւ անկախ հայրենիքի կը վարէ Դաշնակցութիւնը սիրով, իբր մարտական կազմակերպութիւն, ան մինակ է հայութեան քաղաքական դիրքերուն վրա: Հայրենիքն ու ազատութիւնը, սակայն համազգային արժէքներ են, եւ բովանդակ ազգը պարտաւոր է աշխատելու անոնց իրացման համար. անհրաժեշտ է, որ աւելի լայն զանգւածներ իրենց բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը բերեն այս բախտորոշ պայքարին: Վերակազմութեան եւ ինքնամփոփումի համար բաւական եղան մեր կազմակերպութեան սեփական միջոցները. աւելի ազդու քաղաքական դեր խաղալու համար անհրաժեշտ են նիւթական աւելի լայն միջոցներ: Քաղաքական տհասութեան հետեւանքով հայութեան ունեւոր դասը գիտակցութիւնը չունի պատմական այն մեծ գործին, որ կը կատարէ Հ. Յ. Դաշանկցութիւնը՝ ձգտելով Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի իրացման, եւ որ, սակայն, պարտական է ունենալ. ան պարտական է բոլորւիլ Հ. Յ. Դաշնակցութեան շուրջը եւ զօրավիգ լինել հայ ժողովուրդի ազատարար պայքարին: Կուսակցական եւ հանրային բոլոր բեմերէն եւ մամուլի մէջ պէտք է լայնօրէն քարոզւի ազատասէր տարրերու գործակցութեան գաղափարը, մինչեւ որ դառնայ խորին համոզում եւ կենդանի գործ:

Մեր քաղաքական նպատակները այնքան աւելի յամառ ու ջերմապէս կը հետապնդւին, որքան հայ զանգւածները հաւատարիմ մնան մեր ազգային նկարագրին եւ դարաւոր արժէքներուն: Այս պատճառով մենք կը շարունակենք նեցուկը մնալ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատւիրակութեան, որ այսօր կը հանդիսանայ անկախ Հայաստանի աւանդապահ հաստատութիւնը եւ որուն վաղը վիճակւած է քաղաքական կարեւոր դեր խաղալ մեր կեանքի մէջ: Գալով ազգային-կրթական խնդիրներուն՝ Ընդհանուր Ժողովը կը հրահանգէ իր բոլոր մարմիններուն պահպանել եղած ազգային կազմակերպութիւնը, ստեղծել նոր ազգային կազմակերպութիւն այն վայրերու մէջ, ուր չկան: Միաժամանակ կը հրահանգէ բոլոր ընկերներուն մասնակցիլ եւ աջակցիլ այն բոլոր մշակութային ձեռնարկներուն, որոնց նպատակն է հայը հայ պահել գաղութներու մէջ: Այս ասպարէզին վրա մեր հիմնական ձգտումը պէտք է լինի ոչ այնքան անձամբ վարել գործերը, որքան արթնացնելով զանգւածներու ազգային գիտակցութիւնը եւ հանրային պարտականութեան զգացումը՝ ապահովելով լաւագոյն տարրերու մասնակցութիւնը ազգավարութեան գործին մէջ:

Թեւակոխելով գործունէութեան նոր շրջան՝ Ընդհանուր Ժողովը իր հիացումը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին, որ հակառակ բախտի ծանր հարւածներուն կը շարունակէ աննկուն հոգով հետամուտ լինել իր քաղաքական ազատութեան: Մեր սրտագին ողջույնը կուղղենք մեր անձնւէր ընկերներուն, որ յանուն Հայրենիքի ազատութեան կը տառապին աքսորի ճամբաներուն, բանտերուն եւ բեւեռամերձ ու Սիբերիական բռնավայրերու մէջ. հաւատարիմ Հ. Յ. Դաշնակցութեան սրբազան աւանդներուն՝ անոնք զոհեցին եւ կը շարունակեն զոհել ամէն ինչ հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար:

Ընկերնե՛ր եւ հայրենակիցնե՛ր.

Ոչ մէկ իրաւակարգ յաւերժական չէ, բայց մանաւանդ ոչ մէկ անիրաւ կարգ, որ բարոյական արդարացում չունի: Թիւրքիան չկարողացաւ մեռցնել հայոց հարցը, թէեւ հարիւր հազարներով հայ ջարդեց, եւ ոչ խորհրդային բռնապետութիւնը պէտք է կարողանայ վերջնապէս թաղել ազատ Հայաստանի գաղափարը, թէեւ հազարներով բանտերն ու աքսորավայրերը կը լեցնէ: Ներքին քայքայումը բաժինն է երկու յանցապարտ դաշնակիցներուն, եւ հեռու չէ ժամանակը, երբ անիրաւ կարգերը պիտի խորտակւին շառաչով երկու անիրաւ երկիրներու մէջ ալ: Անոնց քայքայումին զուգահեռ կը բարձրանայ հայ զանգւածներու նկուն տրամադրութիւնը եւ կաշխուժանայ պայքարը հին խրամատներու մէջ: Մեզ հետ է մարդկութեան առողջ բնազդը, իրաւունքն ու արդարութիւնը. մեր թշնամին բարոյական յենարան չունի իր անօրինակ բռնութեան համար: Սւինն ու կացինը, որոնց յենւած են անոնք, ինքնին դատապարտութիւն են անոնց համար: Ճշմարտապէս կիշխէ ան, որ կիշխէ ժողովուրդի սիրտերուն: Այդ սիրտերը մեզ հետ են նոյնիսկ մեր թշնամիի խոստովանութեամբ: Այդ սիրտերն անսպառ կորով եւ ոգեւորութիւն կը ներշնչեն բոլոր պայքարողներուն՝ բռնութեան դէմ խիզախելու աւելի վճռական եւ յանդուգն:

Մեր վերջին խօսքը մենք կուղղենք հայ նորահաս սերունդին: Անցնող սերունդը ազատութեան տենչով խանդավառ՝ կարողացաւ համախմբել բովանդակ հայութեան ուժերը եւ պատեհութիւնը օգտագործելով՝ պատմական փոշիներէն վերստեղծել ազատ Հայաստան: Ոչ թէ դարեր, այլ տարիներ առաջ կորսնցուցած ազատութիւն է, որ կը վիճակւի վերագրաւել եւ ստեղծել Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան: Պէ՛տք է գիտակցիլ այն բախտորոշ դերը, որ պատմութեան բերումով վիճակւած է ձեզ: Պէ՛տք է ներքուստ եւ վճռապէս զինւորագրւիլ Նոր Հայաստանին: Մարտական Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է, որ այդ յորդորն ու կոչը կուղղէ ձեզ: Անոր հիմունքները շաղախւած են հազարաւոր մարտիկներու արիւնով, որ ընկած են ազատութեան ճամբին: Բայց քանի դեռ չկայ Միացեալ եւ Ազատ Հայաստանը, նորահաս սերունդներու պատմական դերը չէ՛ վերջացած:

Հաւաքւեցէ՛ք, ուրեմն, Հայրենիքի դրօշին տակ, Հ. Յ. Դաշնակցութեան փորձառու ղեկավարութեամբ վերագրաւելու կորած ազատութիւնը:

Կեցցէ՛ տոկուն եւ հերոսական հայ ժողովուրդը:

Կեցցէ՛ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանը:

2 Մայիս, 1929
«Դրօշակ» - Ապրիլ-Մայիս 1929
Թիւ 4-5 (287-288)