01 May, 2023

Խաչատուր Գէորգեան

Խաչատուրը ծնած էր 1872-ին Պուլանըխի Շէյխ-Եաղուպ գիւղը: Մատղաշ հասակին մէջ, դեռ 14 տարեկան, կը թողու իր հայրենի կիսաւեր օճախը եւ օտարութեան ցուպը ձեռքին կը մեկնի հեռու երկիրներ, պանդխտութեան մէջ արիւնքրտինքով ձեռք բերած խեղճուկրակ դրամով զուլումի երկրին մէջ ապրող իր սիրելիները ապրեցնելու համար: 1886-ին, Ռուսաստան գաղթող իր երկրացիներուն հետ կը գնայ Թիֆլիս, ուր մէկ տարի աշխատելով կ'օգնէր հայրենիքը եղող իր ծերունի հօրն ու մօրը:

Խէչօյի հայերը իր որդուն կարօտէն չկրնալով դիմանալ կը մեկնի Թիֆլիս եւ զաւակը հետ առնելով կը եբրէ տուն, գլուխը կը կապէ եւ հողին,– երկրագործութեան կը նւիրէ զայն: Աւելի խելահաս եւ աւելի աչքը բացւած, Խէպօն ականատես կ'ըլլայ հայ ժողովրդի տառապանքին եւ կըգայ անոր խորին դառնութիւնն ու հրէշութիւնը: Անոր մէջ ընդվզումի առնութիւնները կը զարթնին, իր զգացումները կը դիմեն յեղափոխութեան:

Յեղափոխական կազմակերպութիւններու գոյութեան եւ նպատակի մասին իր հետաքրքրութիւնը օրէօր կ'աճէր: 1893-ին թողելով արօր եւ լծկան եւ ընտանիք կանցնի Թիֆլիս, ուր, բռնաւորի ատելութեան բորբոքը սրտին մէջ, կը դիմէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան որ զինքը ընդունին նւիրւած գործիչներու շարքը: Այդ օրէն Խէչօն եռանդուն ու անխոնջ քարոզիչ եւ կազմակերպիչ մ'եղաւ իր երկրացիներուն եւ ընկերներուն մէջ եւ իր շուրջը կազմակերպական շարքերը ստւարացուց:

Համեստ այլ քաջասիրտ, Խաչատուրը ուր որ ոտք դնէր՝ յեղափոխական ընկերներու թիւը կ'աճէր: 1898 թ. անցաւ Փօթի, ուր ընկերները կը կազմակերպէր եւ անոնց կը սորվեցնէր զինավարժութիւն: Միշտ ոգեւոր, միշտ սրտանւէր յեղափոխութեան գաղափարին, Խէչօն կը փոխադրւի Բաթում, այնտեղ եւս կը փայլի յեղափոխականի պարտականութեան իբր արի զինւոր:

1905-ին, հայ-թաթարական կռիւներու միջոցին, Պաթումի Կեդր. Կօմիտէի որոշումով կ'ուղարկւի Շուշի-Ղարաբաղ, իր ընկերներով տեղական հայ ժողովրդի պաշտպանութեան գործին աջակցելու համար: Ազատութեան այդ զինւորը, որ իր վրայ կը միացնէր կարճութեան հետ նաեւ փորձռաութիւն, մեծ ծառայութիւն ըրաւ հայ ժողովրդին, այնպէս որ անոր տրւեցաւ խմբապետի պաշտօն: Թէ իր ընկերները եւ թէ ժողովուրդը հիացմունքով կը խօսէին Խաչատուրի պարկեշտ նկարագրի եւ անձնւէր քաջագործութիւններու մասին:

1907-ին Արեւել. Բիւրօյի կողմէ Խէչօ կ'ուղարկւի Պարսկաստան կազմակերպչական գործերով: Սալմաստի գաւառին մէջ կըզբաղի ինքնապաշտպան խումբերու կազմակերպութիւնով, երբ 1908 մայիսին տէռօրի դատապարտւած սրիկայի մը պատճառով դժբախտ պատահարի մը զոհ կերթայ:

Ամբողջ Սալմաստը, ամբողջ իր ընկերները ողբացին ազնիւ ու քաջ զինւորին անակնկալ ու երիտասարդ մահը:

Խէչօն մտադրած էր անցնել իր բնագաւառը Պուլանըխ, կազմակերպելու եւ մարտական խմբեր կազմելու համար: Զինւորական յեղափոխթիւնը յանձին Խէչօյի, կորսնցուց երախտաւոր ու քաջ զինւորներէն մէկը, որուն նմաններն այնքան կարօտ ունէր բազմաչարչար հայրենիքը:

«Դրօշակ» - Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1908
Թիւ 11-12 (198)