26 June, 2023

Վահան Փաստրմաճեան (Քափիթէն)

Վահան Փաստրմաճեան (Քափիթէն) – Այս անունը կուտային Փլաս տէ Ֆէթի շրջանի ընկերներն ու բարեկամները:

Պ. Վահան իր զինուորական ասպարէզին մէջ, իբրեւ հարիւրապետ թէ հայ եւ թէ տաճիկ զինուորներու եւ զինուորականներու խոր յարգանքի եւ հիացմունքի արժանացած է շնորհիւ իր ազնիւ ու համեստ բնաւորութեան:

Այնքան շատ դրուագներ ունէր այդ կեանքէն եւ այնքան հետաքրքրական դարձնելու գաղտնիքը ունէր, որ մէկ պատմութիւնը կրնայինք մի քանի անգամ հաճոյքով լսել:

Դեռ աչքիս ռաջեւն է ինքը, Յունիս 5ին՝ Սանասարեանի հոգեհանգիստին օրը, երբ մի քանի Կարնեցի բարեկամներու խմբակ մը հաւաքուելով Յարութիւնը ճաշարանը (Փաս տէ Ֆէթ) անցուցինք շատ հաճելի եւ անմոառանլի օր մը: Զինքը սեղանապետ ընտրելով վայելեցինք իր կատակներով համեմուած պատմութիւնները: Այնքան ուրախ էր որ կարծես մի քանի տարով երիտասարդացեր էր: Իր վերջին ուրախութիւնը, Կարնեցիներուն բառով՝ վերջին քէյֆն էր որ ըրաւ:

Թաղման օրը, 28 Յունիսին հոծ բազմութիւն մը լեցուցած էր եկեղեցին: Իր սիրած Ռոստոմ խումբին ընկերները բոլորած էին դագաղը:

Այսօր բոլոր հայրենակիցները եւ ընկերները կ'ողբան իր կորուստը:

Հողը թող թեթեւ գայ վրադ, սիրելի Վահան եղբայր:

Ա. Խաչիկեան
«Յառաջ», Փարիզ
Շաբաթ, 9 Յուլիս 1960
Նոր Շրջան, 16րդ Տարի, Թիւ 464

Անհետացող Դէմքեր. Վահան Փաստրմաճեան

Ինչպէս գրեց «Յառաջ», Յունիս 24ին յանկարծամահ եղած էր ընկեր Վահան Փաստրմաճեան, իր բնակարանին մէջ:

Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 28 Յունիս, Երեքշաբթի առաւօտ Փարիզի Հայոց եկեղեցիին մէջ: Ներկայ էին մեծ թիւով ընկերներ, հայրենակիցներ ու բարեկամներ, հայ եւ ֆրանսացի:

Արարողութենէն վերջ դամբանական խօսեցաւ ընկեր Հրանտ Սամուէլ, «յանուն իր գաղափարի ընկերներուն», համառօտ գիծերու մէջ պատկերացնելով ողբացեալին կեանքը:

Ըսաւ թէ ընկեր Վահան ծնած էր Կարնոյ՝ արեւմտեան Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ, որու լեռներէն 1890ին «ձայն մը հնպած» էր, յեղափոխութեան շեփորը, որ արձագանգած էր ազատատենչ ու հայրենակարօտ բոլոր Հայերու հոգինեորւն մէջ: Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը Փոքր Ասիոյ խաւարակուռ անապատին մէջ ովասիս մըն էր, լոյսի վառարան մը, հայկական մշակոյթի տնկարան մը, ուսկից շրջանաւարտ հարիւրաւոր մտաւորականներ իբրեւ ուսուցիչ, գրագէտ ու հանրային գործիչ կարեւոր դեր կատարած են հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ:

Փաստրմաճեան գերդաստանը սերունդներէ ի վեր ծանօթ էր Բարձր Հայքի մէջ իբրեւ նահապետական ընտանիք մը, որ քանիցս իր հայրենասիրութեան ապացոյցն էր տուած: Վահանի մեծ եղբայրը Գարեգին Փաստրմաճեան (Արմէն Գարօ) 90ական թուականներուն Եւրոպայի մէջ իր ուսումը կէս ձգելով ոնուիրուած էր հայ յեղափոխութեան սուրբ գործին:

Վահան Փաստրմաճեան Սանասարեան վարժարանի ընթացքը կ'աւարտէր այնպիսի պահու մը, որ ճակատագրական պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդին համար: 1908ի Օսմ. Սահմանադրութիւնը յոյսի ու երազի նոր հեռանկարներ կը բանար: Ազգովին կը կարծէինք թէ վերջապէս ծագած է արշալոյսը, հնչած է ազատութեան զանգը:

Երիտասարդ վահան խանդավառութեան այդ օրերուն որոշեց նուիրուիլ զինուորական ասպարէզին: Մտաւ Պոլսոյ զինուորական վարժարանը (Հարպիյէ), զոր աւարտեց յաջողութեամբ՝ սպայի աստիճանով: Շուտով պայթեցաւ համաշխարհային առաջին պատերազմը եւ երիտասարդ սպան ղրկուեցաւ ճակատ: Սակայն սիրտը կ'արիւնէր, երբ կը տեսնէր որ ցեղին դահիճը կ'ուզէր բնաջնջել Հայութիւնը: Մահը աչք առնելով, յաջողեցաւ անցնիլ սահմանը, ուր միացաւ հայ կամաւորական գունդերուն եւ իր զինուորական հմտութիւնը ի սպաս դրաւ յօգուտ իր ժողովուրդին՝ կռուելով թրքական բանակին դէմ:

Մեծ աջակցութիւն բերաւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան ամրապնդումին՝ ճգնաժամային վայրկեաններուն: Իր կեանքի լաւագոյն շրջանը կազմեցին այն տարիները, երբ անիկա առիթ ունեցաւ ծառայելու անկախ Հայաստանի բանակին մէջ:

Խորհրդայնացումէն վերջ շատերուն պէս ինք ալ իբրեւ գաղթական եկաւ այս երկիրը, կրկին հայրենիք դառնալու յոյսով:

Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը ուսնաողներ կը պահէր Ֆրանսայի բարձրագոյն վարժարաններուն մէջ, պատրաստելու համար մասնագէտներ, որոնք Հայաստան պիտի երթային երբ բացուէին դուռները: Վահան Փաստրմաճեան, գնդապետ Տիգրան Բաղտասարեան, Արամ Յարութիւնեան, Կարապետ Խուպիկեան եւ ուրիշներ – բոլորն ալ այժմ հանգուցեալ – ղրկուեցան Ֆրանսայի զինուորական վարժարանները՝ կատարելագործելու համար իրենց ուսումը: Վահան քանի մը տարի ուսաւ Կրընոպլի մէջ: Դուռները չբացուեցան: Ինք ու ընկերները մնացին Ֆրանսա: Կեանքի դաժան պայմանները, չոր հաց մը ճարելու պարտադրանքը մղեցին զիրենք ընտրելու նոր ասպարէզներ, որոնք ոչ մէկ կապ ունէին իրենց մասնագիտութեան հետ:

Համակերպած իր ճակատագրին՝ ողբացեալ ընկերը ապրեցաւ լռիկ, մնջիկ կեանք մը մինչեւ իր վերջին շունչը: Վերջին ծայր համեստ, փառք չփնտռեց երբեք: Պարկեշտ էր, անշահախնդիր եւ ընկերասէր:

Մինչեւ վերջ մնաց հաւատաւոր դաշնակցկաան: Պահեստի ուժն էր Դաշնակցութեան: 1932ի տագնապի օրերուն՝ իր անձնազոհ կուսակցական հոգին ըմբոստացաւ: Դարձաւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ միասնականութիւնը վերահաստատելու ճիգերուն իր ալ բարերար աջակցութիւնը բերաւ:

Վերջացնելով, ընկեր Հրանտ.Սամուէլ ըսաւ թէ Վահան Փաստրմաճեան աչքերը կը փակէ հեռու հայրենիքէն, որուն նուիրած էր իր կեանքը: Ու աւելցուց թէ ընկերներն ու բարեկամները անթառամ պիտի պահեն իր յիշատակը:

Ընդ առաջ երթալով ողբացեալ ընկերոջ ընտանիքի բաղձանքին, ընկեր Հրանտ Սամուէլ քանի մը խօսք ալ ըսաւ Ֆրանսերէն լեզուով օտար սգակիրներուն համար:

«Յառաջ», Փարիզ
Շաբաթ, 2 Յուլիս 1960
Նոր Շրջան, 16րդ Տարի, Թիւ 4640