23 June, 2023

Աղեքսանդր Պետրոսեան (Պետօ)

Եթէ մարտական հերոսի մը համբաւը չձգեց իր ետեւ Պետօն կամքով աննկուն կազմակերպչի մը, եւ վճիտ ու պատւական սրտի մը անջնջելի յիշատակը կը թողու զինքը ճանչցողներու մէջ:

Ով էր այդ մարդը, որ այսօր ամէնուն շրթունքին վրան է, Այգեստանի հովասուն օջախներէն մինչեւ Ալեքսանդրապօլ, մինչեւ Թիֆլիզի ժխորալից փողոցները:

Վարժապետ մըն էր Պետօն, ո՛չ անոնցմէ, որոնք բան մը կը սորվին բարեկեցութիւն ձեռք բերելու համար, որոնք ուսումը պատնէշ մը կը շինեն անջատւելու համար այն ժողովուրդէն որ, ծնաւ ու մեծցուց զինքը – ո՛չ, անոնցմէ չէր Պետօն...

Այդ համեստ վարժապետը, իր կոչումը կը գտնէր ո՛չ թէ խաւարէն փախչելուն մէջ, այլ իր ունեցած ճրագը այդ խաւարին մօտեցնելու, գէթ անոր մէկ մասը փարատելուն մէջ...

Բայց անոր կրակոտ ու նրբազգած հոգին ստեղծւած չէր գիրքերուն համար միայն անոր աչքին առջեւ անծայր թշւառութեան գիրք մը կը բացւէր, այդ գիրքը պէտք էր վերծանել, բանալ աչքը իր շրջապատողներուն, գիտակից ընել ժողովուրդը իր ուժերուն, եւ պատրաստել ան՝ կեանքի կռիւը մղելու արժանաւոր զէնքերով:

Եւ Պետօն որոշեց դպրոցը ձգել ու երլաթ մեծ մանուկին՝ ամբոխին մէջ իր դաստիարակչի դերը կատարելու: 1890ին արդէն յեղափոխական ասպարէզին վրայ էր ան: Սակայն այդ «ասպարէզը»՝ սովորական ըմբռնումով՝ գոհացում չտւաւ անոր բոլոր սրտին: Ապրիլ Ալեքսանդրապօլի Օսմանեան Հայաստան ըսւած դռոխքի սահմաններուն վրայ, լսել ամէն օր, ամէն ժամ սահմանէն անդին ապրող գիւղացիին ողբն ու աղաղակը, ականատես ըլլալ փախստական կիներու, որբերու եւ ծերերու սիրտ կտրտող, անծայր թշւառութեան – եւ նստիլ իր ապահով «ասպարէզին» վրայ՝ Պետի գործը չէր ատ:

Ու որոշեց այդ ասպարէզը երկիր տեղափոխել, Պետօն առաջինն էր ռուսահայ յեղափոխականներէն, որ մտաւ Օսմանեան Հայաստան ու մնաց հոն, մինչեւ իր մահը:

Պետօի ըրածը զոհողութիւն էր բառին բուն նշանակութեամբ – իր ետեւը կը ձգէր աղքատ ծնողներ, եւ երկիր կը մտնէր իր յոյսը դրած օժանդակութեան խոսոտումներու վրայ միայն...

Յուսահատողներէն չէր սակայն. տարի մը մնալէ ետք Պետօն կը վերադառնայ Կովկաս, Վասպուրականի պէտքերը բացատրելու եւ նոր օգնութիւն կազմակերպելու համար: Հոն կը յաջողի նոր ոգեւորութիւն առաջ բերել, բայց եղած օգնութիւնները անբաւական էին զգացւած պահանջները գոհացնելու:

«Պետօն տեսնում էր այդ ամէնը – կը գրէ անոր մտերիմներէն մէկը Ս. Զաւարեան – վրդովւում, հայհոյում մեզ բոլորիս, բայց էլի հաշտւում, եւ վերջը վերադառնում պատռտւած հագուստներով, խնայելով փոխնորդ շապիկ գնելն անգամ...»

«Չէ որ մի շապիկը քսան փամփուշտ արժէ, հաշւում էր նա, ափսոս չի զրկւիլ այդ պաշարից, որ գւոցէ մի հատ կեանք ազատէ...»

Իր «մարմնացեալ ոգեւորութեամբ», իր խօսակցութեան անկեղծութեամբ Պետօն շատ շուտ շահեցաւ համակրութիւն զինքը շրջապատողներուն մէջ, եւ առաջինը եղաւ նաեւ որ կրցաւ շահագրգռել Վանի իգական սեռը յեղափոխական գործին:

Անոր յեղափոխական աշակերտուհիներէն մէկը՝ «Վանուհի» խանդաղատանքով լի տողեր նւիրած է անոր յիշատակին եւ կ'արժէ հոս արտատպել ՀԱՅՐԵՆԻՔի ընթերցողներուն համար քանի մը հատւածներ, որոնք կրնան ծառայել Պետօի գործունէութիւնը բնորոշելու:

«Պարսկաստանէն անցնելով նա հասաւ Վան, գեղջուկի մը ցնցոտիներու մէջ փաթաթւած, երկար ու կեռ փայտ մը ձեռքին, տրեխներ ոտներին, կեղտոտ քօլօզ մը գլխին եւ մուրացիկի չանթա ուսերուն:

«Ոչ ոք կրցաւ զինք ճանաչել իբրեւ օտարականի մը եւ ոչ ոք կասկածեց անոր այդ խղճուկ արտաքինի վրայ, զի ուրիշ փորձեր եղած էին...

«Թէեւ անծանօթ մեր վայրերուն ու բարքերուն, շուտով այնքան վարժւեցաւ, որ վանեցիէ մը զանազանել չէր կարելի: Քանի մը օրւայ մէջ թաղերը, տուներն ու մարդիկ ճանաչեց հեռուէն, զիրենք դիտեց, զննեց ու հասկացաւ:

«Գեղջուկի մը տարազի մէջ փաթաթւած ըլլալով՝ գեղջուկի նման ալ ապրեցաւ: Նոյնն էր անոր համար, թէ ինչ կ'ուտէր կամ ո՛ւր կը պառկէր, բաւական էր բան մը ուտէր կեանքը պահպանել կարողանալու համար եւ վայր մը լինէր քնելու ու առիթէն օգտւելով իր մտքերը սերմանէր:

«Ժամանակ մը հարկադրուեցաւ իր այնքան սիրած ու փայփայած Վանը թողուլ եւ Բաղէշի կողմեր գնալ: Բայց բոլորովին խզել իր անձնական յարաբերութիւնը Վանէն, ատ չէր կարող, որու համար սկսաւ կտաւի առեւտուր Վանի ու Բաղէշի միջեւ եւ ինքն իբրեւ առեւտրական կուգար ու կ'երթար:

«Բայց նակտւեցաւ ու թողեց:

«Մի առ ժամանակ ծառայութեամբ եւ ջրբաժանութեամբ պարապեցաւ, միանգամայն չմոռանալով իր սիրած ու մեծ պաշտօնը:

«Այլ եւ սիրեմ յիշել, յիշել ու զարմանալ, հիանալ թէ ինչպէս իբրեւ գործաւոր, բահը ուսին, հրապարակներու վրայ, եկեղեցիներու դրանց առաջ կանգնած այլ աշխատաւորներու շարքին մէջ, կ'սպասէր մինչեւ վարձւելը, երբ շատ անգամ լռակեաց կը հետեւէր օրւայ նորութեանց, տեղացիներու մտաց արտայայտութեանց, դէմքերուն, կամ կեղծելով խօսել տեղական բարբառով՝ իր մտքերն կը սերմանէր խեղճ ու տգէտ աշխատաւորներուն մէջ՝ արմանք ու զարմանք պատճառելով նոցա:

«Այսպէս կը մանր երկար, երբեմն ժաեմր, մինչեւ օտար մը, շատ անգամ ծանօթներէն մինն գար զինքը վարձէր...

«Երկար չտեւեց սիրելի Պետօի գործունէութիւնը: Վրայ հասաւ 96-ի կոտորածը, երբ հիւանդ էր բայց իբրեւ հիւանդ չմնաց, անկողնուն չծառայեց: Չնայած բժիշկներու խորհրդին, արիաբար իր խումբով պատերազմի դաշտն իջաւ ու իր ներկայութեամբ եւ ոգեւորիչ խօսքերով եռանդ ու ոգի կը ներշնչէր կռւողներուն:»

Կը պատմեն թէ գնդակը ձիու վրայ գտաւ ան, երբ Գարահիսարի դիրքերուն վայ, կը խրախուսէր իրենները, անհաւասար կռիւը պատւով վերջացնելու...

Եւ պատւով ինկաւ Պետօն, պատերազմի դաշտին վրայ, իր սիրած ժողովրդին հետ իր պաշտելի գաղափարին համար, պատւով ինկաւ, ի պատիւ այն դատին, որուն զինւորագրւած է հայ սերունդին ամէնէն կորովի եւ ազնիւ մասը, քառորդ դարէ մը իվեր:

Ծո՜ւնր անոր գերեզմանին առջեւ...

«Հայրենիք», Պոսթոն
Ութերերորդ Տարի, Թիւ 29 (367)
Շաբաթ, Յուլիս 21, 1906