05 August, 2023

ԱՐԶՈՒՄԱՆ. Տիգրան Խաչիկեան

Կարմիր սպանդէն յետոյ ճերմակ կոտորածին մանգաղը կը հնձէ մեր լաւագոյն ընկերները: Անոնց շարքը արդէն շատ երկար եղած էր. մենք կը յուսայինք որ նոր սուգերը կը խնայուին մեզի, բայց սխալեր ենք, քանի որ զոհի մը առջեւ կը գտնուինք, տակաւին 32 տարեկան ծաղիկ հասակի մէջ, լի յոյսերով ու յոյզերով:

Այս զոհը մեր թանկագին մշտազուարթ ընկեր Արզումանն է, Պալքանի Արզումանը.– ինչպէս կը ճանչնան զինքը Պալքանի մեր ընկերները:
...

* * *

Հ. Յ. Դաշնակցութեան 1914ի Կարնոյ ընդհանուր ժողովէն յետոյ՝ հազիւ անցած էր արտասահման, երբ կուսակցութիւնը զինքը նշանակեց Պալքանի գործիչ:

Հոն հասնելէն քանի մը ամիս յետոյ՝ կը զգար որ Պոլսոյ մեր ընկերները հետզհետէ քաղաքականապէս կ'անդամալուծուէին՝ Իթթիհատի խորամանկ դաւադրութիւններուն պատճառաւ: Եւ երբ Պոլսոյ օրկանը «Ազատամարտ» դադրեցաւ հայ տառապանքի եւ զրկանքի արտայայտիչը ըլլալէ՝ ընկեր Տիգրան խորհեցաւ դարմանել այս պակասը: Պալքանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ ձեռնհաս ընկերներու աջակցութեամբ ան հիմնեց «Հայաստան» թերթը, որ իրապէս պատռեց Իթթիհատի կատարած զուլումներուն եւ կոտորածներուն վրայ ծածկուած քօղը եւ իրական կացութիւնը պարզեց քաղաքակիրթ աշխարհի առջեւ:

Իբրեւ ուղղամիտ հասարակական գործիչ՝ նախ քան հայկական տեղահանութիւնը եւ կոտորածները՝ թէեւ հակառակորդ մը Իթթիհատի որդեգրած քաղաքականութեան, այնուամենայնիւ կը պաշտպանէր այն սկզբունքը թէ Թուրքիոյ հայ ժողովուրդը պէտք է մնայ հաւատարիմ իր քաղաքացիական պարտականութիւններուն. սակայն երբ տեսնուեցաւ թէ Իթթիհատը՝ առանց նկատի ունենալու հայ ժողովուրդի ցոյց տուած հաւատարմութեան փաստերը, սկսած է բնաջնջման գործը, այդ օրէն Տիգրանը ինքզինք նուիրեց կամաւորներ ղրկելու գործին:

1915 Յունիսին Եգիպտոսէն անցաւ Սոֆիա՝ աջակցելու համար այնտեղի գործերուն. առաջին անգամ ըլլալով այնտեղ ծանօթացայ Տիգրանին. ոչ գիշերը քուն եւ ոչ ալ ցերեկը հանգիստ ունէր. ամբողջ կեանքը եղած էր շարժում, ջղային շարժում. կ'ապրէր հայ ժողովուրդի տառապանքը մինչեւ մրուրը: Խիզախ ու ըմբոստ՝ եթէ թոյլատրուէր պիտի մտնէր Թուրքիա անհատական վրիժառութեամբ եւ ցանկութեամբ իր թոյնը թափելու, մեռնելու, որպէս զի հայ ժողովուրդի մահուանէն յետոյ այլ եւս չապրէր:

Կովկասեան հայ շրջանակները, մանաւանդ Դաշնակցութեան վարիչները Թուրքիոյ Հայերուն իսկական կացութեան ծանօթացնելու համար, ղրկուեցաւ Կովկաս: Իր պարտքը կատարեց եւ ամիսէ մը վերադարձաւ:

Երրորդ անգամ ղրկուեցաւ ուրիշ պարտականութեան մը համար, որ նոյնպէս կատարեց, բայց մինչեւ իր վերադարձը, արդէն Պուլկարիան պատերազմ յայտարարած էր, եւ մենք հարկադրուած էինք անցնելու Ռումանիա, Պուքրէշ. Տիգրանը մնաց մեզ մօտ 20 օրի չափ:

Այդ միջոցին մեր յարաբերութիւնը կտրւած էր Պոլսոյ հետ. մեր ղրկած սուրհանդակը Ուոզւն Քէօփրու բռնւած եւ հազիւ օձիքը ազատելով վերադարձած էր Սօֆիա. չէինք գիտեր թէ ինչե՞ր տեղի կ'ունենային դժոխքին մէջ: Ամէն գնով կ'աշխատէինք կապ ու յարաբերութիւն ստեղծել Պոլսոյ հետ, սակայն Ռումանիայէն անհնար էր. կը մնար միայն Պուլկարիայէն ստեղծել այդ կապը. Տիգրան առաջինը եղաւ որ առաջարկեց ինքզինքը այդ գործին համար: Յաջորդ օրը ճանապարհ ինկաւ եւ գնաց Սօֆիա, ուր կային նաեւ ուրիշ գործեր, որոնք հարկաւ կապ չունէին Պուլկարիոյ մէջ:

Այնտեղ 15 օր մնալէ յետոյ ձերբակալուեցաւ գաղտնի ոստիկանութեան սրիկայ տեսչին կողմէն, որ՝ Իթթիհատէն կաշառուած լաքէ մըն էր: Մօտ երեք ամիս մնաց բանտարկուած եւ յարաբերութենէ զրկուած. քանի մը ամսուան բանտային շրջանը եփղած էր սարսափելի զրկանքի կեանք մը:

Երեք ամիսէն յետոյ ազատ արձակուեցաւ ապացուցանելով իր՝ ինք անմեղ էր, բայց զինուորական իշխանութիւնը կարգադրած էր որ Սօֆիայէն դուրս չելլէ, եւ օրական երկու անգամ ներկայանայ ոստիկանութեան:

Անկէ յետոյ մնաց Սօֆիա մինչեւ զինադադար. այդ միջոցին առաւելապէս ինքզինք նուիրած էր իր մասնագիտական զարգացումին:

Խոստմնալից ու բեղմնաւոր միտք մըն էր Տիգրանը, պատրաստ իր ամբողջ կարողութիւնը գործածելու Հայաստանի օգտին, եւ այն պահուն որ Տիգրանի նման ուժերու պէտք ունի Հայաստան, անգութ մահը մեզմէ կը խլէ զինքը:

Յարգա՜նք յիշատակիդ, ընկե՛ր, եւ հանգիստ ոսկորներուդ: Թէեւ մնացորդները փոքրաթիւ եւ անուժ, սակայն մեր ջիղերը պրկած՝ բարձր պիտի բռնենք գաղափարիդ դրօշակը, որ մերն է եւ կը պատկանի ամբոջ Հայութեան:

Յ. Ա.
«Տիգրան Խաչիկեան»
«Ճակատամարտ», Կ. Պոլիս
Նոր Շրջան, Թիւ 252 (2073)
Կիրակի, 7 Սեպտեմբեր 1919

Դպրոցական գրասեղաններու վրայ ճանչցանք զիրար: Տիգրանը մէկն էր անոնցմէ, որոնք Սանասարեանի մէջ զգացին տառապող ու հալաական Հայ ցեղին դժնդակ կեանքը, եւ ուխտեցին նուիրուիլ Անոր, իրենց կեանքը զոհելու պատրաստ:

Տիգանը մէկն եղաւ այն բազմաթիւ հոգիներէն, որոնք տաժանքի եւ չարչարանքի կեանքը նախընտրեցին հանգիստ ու անդորր կեանքէն:

Անիկա կրնար հազարաւորներու պէս, կազմել ընտանեկան խաղաղ բոյն մը ու ինքնիրմով բաւականանար, կրնար հիմնել անհատական ձեռնարկութիւններ, որոնց մէջ յաջողելու համար անհրաժեշտ ամէն պատրաստութիւն ունէր, սակայն ուզեց ու փափաքեցաւ նուիրւիլ հասարակական ու յեղափոխական գործիչի ապերախտ ասպարէզին, որովհետեւ կեանքին բաւականութիւնը հոն գտնելու առաքինութիւնը ունեցեր էր:

Այս ճամբուն հետեւողներուն միակ տկար կողմն է այս: Անոնք կը զգան, որ կը հատնին ու կը հիւծին գաղափարի յաղթանակի պայքարին համար, սակայն անոնց այդ տկարութիւնը, իրենց մեծութեան եւ հոգիի վեհութեան միակ գրաւականն ու ապացոյցն է եղած շարունակ:

Մեր ընկերը մէկն էր Բարձր Հայքի ծաղիկ երիտասրադներէն, որոնք երջանիկ օր մը համախմբուեցան Մեծ Դէմքերուն շուրջը, ու պատրաստուեցան այդ հոգիներուն շունչովն ու ազդեցութեան տակ: Ողբացեալ Եղիշէ Թօփճեանի եւ Ռոստոմի գաղափարական աշակերտներէն էր ու մէկը՝ 1909ին կազմուած  Կարինի Հայ Մտաւորականներու ընկերներէն, որոնք յեղափոխականի առաքինութեան կը միացնէին նաեւ հշմարիտ մարդու բոլոր արժանիքները: Մտաւորականներու ժողովին երիտասարդ ուժերէն մէկն է Տիգրանը, որ վիճաբանական դասախօսւութիւններուն քիչ մը լուրջ երեւոյթին կուտար զուարթութեան քնքուշ հով մը:

Ու բոլոր անոնք, որ իրեն հետ գէթ անգամ մը առիթ ունեցան խօսելու, ճանչցան իր մէջ լաւատեսութիւնն ու զուարթախոհութիւնը, ու սիրեցին զինքը, առանց ճանչցած ըլլալու իր ուրիշ արժանիքները:

Մարտ 31ի ծանօթ օրերուն, երբ Կարինի բովանդակ հայութիւնը դժնդակ պահեր կ'ապրէր, գիշերային երթեւեկութեան եւ լրատարի պաշտօնին ամէնէն փափուկ եւ պատասխանատու պաշտօնը իր վրայ առաւ մեր երիտասարդ ընկերը, եւ շատ անգամ նոյն իսկ ծպտումներով, կրցաւ իրեն վստահուած պաշտօնը յաջողութեամբ գլուխ հանել:

Մեր յեղափոխականները, ամէն բանէ առաջ, Դաստիարակներ եւ Ուսուցիչներ են եղած: Տիգրանը անցաւ նաեւ այդ հնոցէն, ուր մաշեցաւ իր կեանքին լաւագոյն բաժինը: Մանուկ սերունդի ուսուցչութիւնը զինք չէր գոհացներ: Անիկա մեկնեցաւ արտասահման, ու Ժընեվի մէջ հետեւեցաւ համալսարանական ուսման: Մեծ Մանուկին, ժողովուրդի դաստիարակչական գործին նուիրուելու առաքելութեամբ:

Ժընէվի մէջ, ուր կ'ապրէր մեր յեղափոխական ուսանող սերունդը, ինքզինքը տրամադրելի ըրաւ Եւրոպակայի Դաշնկց. Ուսանողներու Միութեան եւ անոնց հրատարակած «Ուսանող» ամսաթերթին, ուր հրատարակեց գիտական լաւագոյն ուսումնասիրուած էջեր:

Ընդհ. պատերազմին պուլկարահայութեան մէջ ունեցաւ իր գործօն դերը, դառնալով այնտեղի գաղութին աշխատող ու սրտցաւ գործաւորներէն մէկը:

Ամիսներ առաջ, երբ կը սեղմէի իր ձեռքը, իր դէմքին վրայ դրօշմուած ու խորացած կը գտնէի իր յաւիտենական ժպիտն ու զուարթութիւնը: Մի՛շտ նոյն Տիգրանն էր, միշտ մեր կատակաբանն ու լաւատես դպրոցակիցը, սակայն իր մտքին ճկունութիւնն ու դատողութիւնն աւելի հասունցած ու լրջացած: Հոգին կ'ալեկոծէր Ցեղին տառապանքին ալիքներէն, որոնք այնքան մօտ կը զգար իրեն:

Անիկա նորէն պատնէշին վրայ տեսանք. Հոս՝ բեմերուն վրայ, ընկերներու շրջանակին մէջ թէ հասարակութեան, իր վառվռուն խօսքերովը կենդանի տպաւորութիւն մը կը թողուր ունկնդիրներուն վրայ:

Օր մըն ալ յանկարծ լսեցինք որ Տիգրանը Կիլիկիա պիտի մեկնի կարեւոր աշխատանքներու համար:

Մեկնեցաւ, ու կարճ ժամանակ վերջ, աւելի կարեւոր գործով, վերադարձաւ Պոլիս, մեկնելու համար այս անգամ Երեւան:

Կիլիկիայէն վերադարձէն՝ ընկերները կրկին լսեցին զինքը բեմին վրայ, միշտ նոյնը, միշտ նոյն հեգնանքն ու արհամարհանքը կեանքին հանդէպ: Որովհետեւ եթէ սիրողներէն ըլլար, չի պիտի զինուորագրուէր գաղափարական հոսանքին, ուր կը դիմեն մեր լաւագոյն մտաւորականները, եւ որոնց վախճանը նոյնն է, յանուն զոհաբերութեան եւ անձնուրացութեան:

«Ճակատամարտ», Թիւ 251 (2072)

Եւ եթէ այսօր կսկիծով կ'ողբանք մեր սիրելի ընկերոջ ու գաղափարակիցին դառնագին կորուստը, կը մխիթարուինք այն հաւատքով, որ գաղափարական ճամբուն հետեւորդներու շարանը չի պիտի դադրի երկարելէ, մինչեւ այն օրը, երբ Հայաստանի բազմաարչար ժողովուրդը, արիւնաքամ մարտիրոսագրութենէ մը վերջ, իրեն փրկութեան, կրթութեան պայքարին համար ճշմարիտ զոհաբերուողներու հանգիստին համար պիտի կանգնէ յիշատակարան մը՝ յաւերժացնելու համար ո՛չ թէ հողեղէն մարդը, այլ գաղափարի ամենայաղթ ուժը եւ անոր արդիւնքը եղող մեծ գործը:

Այս համոզումով ու հաւատքով, հանգի՛ստ ոսկորներուդ, սիրելի Տիգրան:

Մկրտիչ Պարսամեան
«Տիգրան Խաչիկեան (Արզուման)»
«Ճակատամարտ», Կ. Պոլիս
Նոր Շրջան, Թիւ 252 (2073)
Կիրակի, 7 Սեպտեմբեր 1919