12 September, 2023

Ժանգոտած Երկաթը Մաուզէրի Կը Փոխուի

Քանի մը ամիսներ առաջ՝ երիտասարդ ընկեր մը, Սուէտիայէն «Յուսաբեր»ին գրած թղթակցութեան մը մէջ յիշած էր, որ Պլութ-Պապուկն ալ մեռած է խոր ծերութեան մէջ:

Այսօր, Սուէտիոյ հերոսամարտի 20-ամեակի առթիւ, երբ կը մտածեմ լերան վրայ մեր ապրած կեանքն ու մղած կռիւներու վրայ, կը վերյիշեմ թէ ինչպէս, ասկէ 20 տարի առաջ, 70-ը անցած այս հերոս ծերունին, կանգնած Մուսա լերան գագաթին, Տամլաճգի կեդրոնատեղիին մէջ, կապոյտ կտաւէ շալվարով ու երկար, մինչեւ ծունկերը հասնող կարմիր ճիզմէներով եւ ամբողջ ամիս մը ածելի չտեսած ճերմակ մօրուքով, կը պատմէր որ թուրք զինուորի մը ձեռքէն խլած է մաուզէր հրացանը:

Մուսա լերան վրայ մեր մղած աւելի քան 40 օրերու կռիւներու ընթացքին, յիշատակութեան արժանի շատ մը հերոսութիւններ տեղի ունեցան, ինչպէս՝ հայ կիներու իրենց ամուսիններու կողքին զէնքը ձեռքերնին կռուիլը, հայ աղջիկներու կարկուտի պէս տեղացող թշնամի գնդակներու մէջէն դիրքէ դիրք վազելը ու իրենց կռուող եղբայրներուն հաց, թան եւ ջուր տալը, «Սուէտիոյ առիւծ» Դաշնակցական Յակոբ Գարակէօզեանի (Ըլլէօյնը կամ Վէրֆէլի Չավուշ – Նուրհանը) հերոսական դիմադրութիւնն ու նահատակուիլը, 30-ը անց մարտիկի մը դիմադրութիւնը աւելի քան 50 զինուորներու, ուրիշ մարտիկի մը թշնամի երեք թնդանօթաձիգները իրարու ետեւ տապալելը, եւայլն... Այս ամէնուն մէջ սակայն, զիս ամենէն շատ տպաւորած է Պլութ-Պապուկին թուրք զինուորի մը ձեռքէն մաուզէր հրացան յափշտակելը:

38-րդ օրն էր, որ Մուսա լերան վրայ էինք: Թշնամի երկու յարձակողականները ետ մղած էինք, տալով չնչին զոհեր եւ թշնամիին պատճառելով քանի մը հարիւր զոհեր եւ նոյնքան ալ վիրաւորներ:

Պարտութեան ամօթը րիենց ճակատէն սրբելու յոյսով, Էնվէր-Թալէաթական գարշելի ջոկատները, աւելի լաւ կազմակերպուած ու նորանոր ուժերով եւ թնդանօթ-գնդացիրներով, երեք ճակատի վրայ սկսան նոր ուժեղ յարձակողականի մը, ամէն գնով մեզ բնաջնջելու մտադրութեամբ:

Երկու օր ու գիշեր, երեք ճակատի վրայ կարկուտի պէս գնդակ տեղացնելով, թշնամիին բանակը բաւական յառաջացած էր: Երրորդ օրն էր, թշնամին Տամլաճըգի (Մուսա լերան գագաթը) շրջակայքը հասած էր: Այնքան մօտեցած էր ժողովուրդի բնակավայրին, որ թորւք զինուորները հայ երեխաներու լացն ու ճիչը կը լսէին: Փրկութեան յոյս չկար, մեր լաւագոյն կռուողներէն մօտ 15-ը արդէն հերոսաբար ինկած էին. ունէինք 10 չափ վիրաւորներ, որոնք մնալով առանց բժշկական խնամքի, չափազանց կը տանջուէին. նահանջի տեղ չէր մնացած, կամ պէտք էր հակայարձակումով մը ետ մղել թշնամիին տասնապատիկ աւելի զօրաւոր բանակը, եւ կամ թէ նահանջելով դէպի ծովեզերք երթալ եւ յանձնուիլ Միջերկրականի ալիքներուն:

Գիտնալով հանդերձ մեր ուժերու անբաւարարոթիւնը, հայ մարտիկները կ'որոշեն ուժեղ հակայարձակումի մը դիմել, աշխատելով ամէն գնով թշնամին լեռնէն վար քշել: Երեքշաբթի օր մըն էր: Արեւմարին հազիւ քանի մը ժամ կար, երբ մեր յարձակումը սկսաւ. մեծ ու պզտիկ, կին թէ էրիկ-մարդ, զէնքով կամ առանց զէնքի սկսան քալել թշնամիին վրայ որ նախ ուժեղ դիմադրութիւնով մը ուզեց կեցնել հայկական յառաջխաղացքը եւ սակայն այդ անկարելի եղաւ իրեն: Թրքական բանակը ամբողջութեամբ չբնաջնջելու համար խուճապի մատնուելով, նապաստակներու պէս սկսաւ փախչիլ, ձգելով մեր ձեռքը ահագին աւար, զէնքեր, հազարաւոր փամփուշտ, ջորիներ եւ այլն:

Այս անհաւասար եւ կատաղի ճակատամարտին մասնակցած էր նաեւ 70-ը անց Պլութ-Պապուկը, իր հին ժանգոտած չագմաղլու հրացանով, որը երիտասարդութեան, վայրի անասուններ որսալու համար գնած էր, եւ սակայն այդ օր վայրի մարդոց համար գործածեց:

«Յարձակումի երկրորդն օրն էր, սկսաւ պատմել 70 ամեայ Մուսա տաղցին, ամէն մարդ կը խօսէր թէ, փրկութեան յոյս չկայ եւ պէտք է ծով թափիլ ու մեռնիլ վայրենի թուրքին չյանձնուելու համար: Երեսուն օրեր լերան վրայ էինք եւ ես բնաւ կռուի ճակատ չէի մեկնած: Իմ տարեկիցներուս հետ պատնէշներու շնիութեամբ եւ նորոգութեամբ կը զբաղէինք, թշնամիին դիմադրութիւնը թողնելով աւելի երիտասարդներուն: Այդ օրը սակայն որոշեցի անպայման ճակատ երթալ եւ մեռնելէ առաջ գոնէ քանի մը թուրք սպաննել: Ձեռքս առի հին ժանգոտած չագմախլուս, լաւ մը մաքրեցի եւ կնոջս ըսի որ ճաշը պատրաստէ, ուտեմ եւ մեկնիմ: Պառաւը մէյմը երեսիս մէյմը ձեռքիս հին չագմախլուին նայեցաւ եւ խնդալով ու բարկացած ըսաւ.– «Նստիր տեղդ, խռֆած, այդ տարիքիդ եւ այս երկաթի կտորով ո՞ւր կ'երթաս. Թշնամին մաուզէր եւ թնդանօթ ունի. ան քեզ ողջ ողջ կը բռնէ ու չլսուած չարչարանքներ տալով՝ վերջ կու տայ կեանքիդ»:

«Ես մտածեցի որ, եթէ մեր երիտասարդները չկրցան կասեցնել թշնամիին յառաջխաղացքը, բոլորս միասին ծով կը թափինք ու խեղդամահ կ'ըլլանք, բայց անձնատուր չենք ըլլար վայրենի թուրքին: Ես որոշած ըլլալով այդ օրը անպայման կռիւի ճակատ երթալ, ոչ մէկ խրատ մտիկ ընելով՝ ըսի.– Կնիկ, Աստուած թը կ'ուզի զաս ժընկըրուծ իրկէօթ մավզէրի կը փիխի» (Կնիկ, Աստուած եթէ ուզէ այսժանգոտած երկաթը՝ չագմախլուն, մաուզէրի կը փոխէ): Ճաշս լմնցնելով, չագմախլուն ձեռքս առի, եւ զէնքերու ձայներուն ողղութեամբ սկսայ քալել:

«Տասը վայրկեան յետոյ կռիւի վայրն էի. զէնքերու ու թնդանօթներու պայթիւնէն ականջներ կը խլանային: Բաւական մօտեցած էի թշնամի դիրքերուն եւ թշնամի զինուորներու խօսակցութիւնը կը լսէի, բայց ոչ մէկ զինուոր չէի տեսներ: Երբ հարցուցի մեր տղայոց թէ ուր են զինուորները, կ'ուզեմ ես ալ հատ մը զարնել, երկու կողմէս պոռացին՝ «Պլութ-Պապուկ, նստիր ժայռի մը դիմաց՝ չէնը կը զարնուիս»: Գնդակները կարկուտի պէս կը տեղային վրաս, թափելով ծառերու տերեւները:

Նստայ քառորդ ժամուան մը չափ մօտս եղող երկյարկանի շէնքի մը մեծութեամբ ժայռի մը դիմաց եւ մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ կողմէն նայեցայ եւ սակայն ոչ մէկ զինուոր չկրցայ տեսնել որ կրակեմ: Որոշեցի աւելի առաջ երթալ ու լաւ շունչ մը առնելով ուժերս հաւաքեցի եւ չագմախլուն ձեռքս ամուր մը բռնած, ցուցամատս բլդակին դրած, կրակելու պատրաստ, ոտքի ելայ ու դէպի դիմացի ժայռը վազել սկսայ:

Չգիտեմ ինչպէս պատահեցաւ, բաց դաշտին մէջ զինուորի մը հետ երես երեսի եկանք: Երկուքս ալ պահ մը շուարած իրար նայելէ յետոյ, ձեռքիս «երկաթի կտորը» գետին ձգեցի ու զինուորին ձեռքը եղող փայլուն մաուզէրին փարեցայ: Քանի մը վայրկեան փոխադարձաբար իրար հայհոյելէ եւ իրար քաշքշելէ յետոյ, մէկ մըն ալ ամբողջ ուժովս զինուորի ձեռքէն զէնքը քաշեցի: Խեղճը վախէն, կեանքը փրկելու համար ձգեց զէնքը եւ կորսուեցաւ խիտ անտառներու մէջ:

Մեր տղաքը հալածեցին փաոխստի դիմող թշնամին՝ մինչեւ որ մութին պատճառով անկարելի եղաւ աւելի առաջ երթալ: Առտուն երբ լոյսը բացուեցաւ, ոչ մէկ զինուոր երեւցաւ. Մուսա լեռը մաքրուած էր թշնամիէն. գիշերով գաղտագողի փախեր էին: Ետ դարձայ եւ գտնելով պառաւս ըսի իրեն. «Տիսուր, Աստուած չուց գան ժընկըրուծ երկէօթ մավզէրի  փիխից» (Տեսար թէ Աստուած ինչպէս ժանգոտած երկաթը մաուզէրի փոխեց) եւ ցոյց տուի իրեն ձեռքս գտնուած այս նոր գերմանական մաուզէրը»...

Այդպէս վերջացուց իր խօսքը 70 ամեայ Մուսա տաղեցին: 20 տարի առաջ կանգնած Տամլաճըգի բարձունքին, հոն ուր բարձրացած է Մուսա լերան յուշարձանը եւ ուր այսօր, 20-րդ տարեդարձին հազարաւոր սուէտահայերը հաւաքուած, ֆրանսական ու հայկական զոյգ Եռագոյններու հովանիին տակ, կը տօնեն իրենց հերոսական կռիւներուն ու փրկութեան 20-ամեակը:

Յարգանք բոլոր անոնց, որոնց հերոսական դիմադրութեան շնորհիւ ազատուեցաւ սուէտահայը, եւ ունեցանք ազգին պատիւ բերող Մուսա Լերան 40-օրերը:

Ս. Փանոսեան
«Հայրենիք», Պոսթոն
37-րդ Տարի, Թիւ 7108
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 1935