20 October, 2023

Բաբշէնի Կռիւը (Նամակ Բաղէշէն)

Աղբիւրի եւ իր քաջարի խումբին գոյութիւնը կառավարական շրջանակներու բուռն մտատանջութեան նիւթն եղած է ժամանակէ մը իվեր:

Նոր կուսակալը Պօլսէն եկած ատեն յատուկ հրահանգ ստացած էր հնար եղածն ընել Աղբիւրը ողջ կամ մեռած ձեռք ձգելու համար:

Կառավարութիւնը զգուշացաւ սակայն իսկզբան աղմուկ հանելէ, եւրօպական ներկայացուցիչներու ուշը չհրաւիրելու համար այդ խումբ մը անձնւէրներուն վրայ, որոնք հայ յեղափոխութեան անսպառ կորովը կը մարմնացնէին ջարդակոծ հայրենիքին մէջ: Այդ նպատակով էր, որ հայերէ եւ թիւրքերէ կազմւած յանձնաժողով մը դեռ ամառս գիւղերը պտըտեցաւ գիւղացիներէն խոստում եւ ստորագրութիւն առնելու, որ հայ քաջերուն հիւրընկալութիւն չտրւի:

Օգուտ չըրաւ:

Կառավարութիւնը կարծեց աւելի յաջողութիւն ունենալ բացարձակ հալածելով այդ կտրիճները. եւ ահա սկսաւ ընդհարումներու շարք մը, որ աւելորդ անգամ մը երեւան բերաւ հայ յեղափոխականին բարոյական եւ ռազմական գերազանցութիւնը թւիրք վարձկաններու հանդէպ:

Ընդհարումներու այդ շարքին մէջ նշանաւոր պիտի մնայ հոկտեմբերի 20-ի (հ.ին տ.ոմարով) կռիւը:

Այդ օրը՝ Աղբիւրը եւ իր ընկերներէն 16 հոգի անցողաբար կը գտնւէին քաղաքէս կէս ժամու չափ հեռու գտնւող Բաբշէն գիւղը: Մատնութեան մը շնորհիւ – որրուն աղբիւրը տակաւին անյայտ կը մնայ – կառավարութիւնը լուր առնելով՝ իսկոյն ջոկատ մը զօրք կը խրկէ, որ առտուն կանուխ ժամը 4-ին (ըստ տաճկաց) կուգայ կը պաշարէ գիւղի չորս կողմն ու սարերը:

Աղբիւր՝ անցած-դարձածէն իրազեկ, դուրս կ'ելլէ ընկերներով իր պահւած տեղէն, կռւի յարմար դիրք մը գտնելու, երբ թշնամին կը նկատէ անոնք եւ կրակ կը բանայ:

Տղա՛յք, կը պոռայ Աղբիւր, կռւեցէ՛ք եւ դիմացի քարերը բարձրացէք:

Մեր քաջերը դիմադրելով թշնամիի կրակին, անվրդով կը յառաջանան գիւղին ահնդէպ գտնւող բլուրը: Այդ միջոցին թշնամի գնդակ մը մեր ընկերներէն մէկուն ոտքը կը վրիաւորէ թեթեւ կերպով:

Անգամ մը բլուրը հասնելէ ետք, մերոնք իսկոյն անջատ անջատ դիրքեր կը բռնեն քարերու ետեւ եւ հիմա իրենք են որ կըսկսին գնդակներու տարափը:

Ամբողջ երկու ժամ կը տեւէ կռիւը եւ թիւրք ջոկատը չի համարձակիր այլեւս գլուխ բարձրացնել իր նախապէս գրաւած դիրքերէն:

Հրամանատարը կատղած քաղաք կը վերադառնայ թնդանօթներ վերցնելու եւ մնացած զօրքն ալ բերելու կռւի դաշտը:

Ինչպէ՞ս եղաւ, կը հարցնէ կուսակալը, պիտի բռնէ՞ք, խորտակէ՞ք այս անգամ թէ ոչ:

Կա՛մ կը կոտորենք ամէնքն ալ, կամ ողջ կը բռնենք. Այս անգամ ձեռւընուս չեն ազատիր, կը պատասխանէ հրամանատարը:

Օգնութեան հրաւէրը հասած էր այդ միջոցին շրջակայքի քիւրդերուն, եւ ասոնք բազմաթիւ խմբակներով կուգային կը խռնւէին կռւին տեղը: Ետ չէր մնացեր քաղաքի խուժանն ալ. Սերոբ փաշայի – այդպէս կը կոչեն իրենք Աղբիւրը – ձերբակալման գործին մասնակից գտնւելու պատիւը շատերը դրդած էր ձեռքն ինկած զէնքը վերցնել ու Բաբշէն երթալ:

Բայց այդ օգեւորութիւնը շատ շուտ կըսկսի սմքիլ. Կռւի ասպարէզը դեռ չհասած, հեռաւոր տարածութեան վրայ, շւալով կը սուրային ֆէդայիներու գնդակները, փոշին կը բարձրանար ոտքերնուն մօտ, եւ մահը կը տարածէր իր թեւը խուժանի առաջին շարքերուն վրայ...

Շփոթն է կ'իյնայ խառնիճաղանճին մէջ. եւ ինչպէս ճնճղուկներու երամը ցանցրիւ կը փախչի ուրուրին առջեւ, այդպէս կը վազվզէին ողորմելիները մեր աներեւոյթ գնդակներու սլացքէն ահաբեկ...

Ընդարձակ տափարակին վրայ այդ խօլ վազվզուքը արագ ժպիտ մը կը սահեցնէ պահ մը ֆէդայիներուն կծկած շրթունքներուն վրայէն:

Ժամը 6 էր երբ թնդանօթներու առաջին որոտը կ'արձագանգէ շրջակայքը:

Կանօնաւոր զօրքը կատաղի կերպով կը կռւէր, եւ անխնայ կը կրակէր իր փամփուշտները, մինչդեռ քաղաքէն անդադար ռազմամթերք էր որ կը հասցնէին իրեն: Իսկ ֆէդայիները, առանց իրենց պաղարիւնը կորսնցնելու, արհամարհելով թնդանօթներու գոռումը, անվրէպ եւ անընդհատ կ'արձակէին մօսինները իրենց ուշը դարձնելով հրետաձիգներուն վրայ: Ամէն անգամ երբ թնդանօթները պարպւելէն ետք, անոնք կը մօտենային լեցնելու վերստին, կը շլէին մօսինները, կ'իյնար մէկը, եւ հտետաձիգները կը փախչէին, թնդանօթները թողած երեսի վրայ: Քանի մը անյաջող փորձերէ ետք, հազարապետը կը հրամայէ ջոկատին միահամուռ կրակել բոլոր հրացանները, կը բարձրանայ խլացուցիչ որոտ մը, եւ այդ միջոցին հրետաձիգները կ'աճապրեն կերպով մը լեցնել թնդանօթները: Ռումբերը կը սուրան, բայց կամ կ'անցնին ֆէդայիներու գլխուն վերէն, կամ կը զարնւին դիրքերու առջեւը, կը փշրեն ու կը փշրւին, կը դղրդեն գետինը, մազի չափ իսկ չվնասելով անոնց:

Ոգեւորութիւնն է որ կ'աճի ու կ'աճի այդ վրիպանքներէն, եւ մերինները նորէն կ'ուղղեն իրենց շեշտահար մօսինները հրետաձիգներուն վրայ. չորսը կ'իյնան դիտապաստ, եւ անոնցմէ մէկը իրենց պետը, որ մեծ յարգ կը վայելէր կառավարութեան քով:

Թիրւք հրամանատարը կը շւարի ու կը կատղի, տեսնելով թնդանօթներուն ալ անզօրութիւնը այդ ափ մը քաջերուն դէմ, եւ կը հրամայէ զօրքին ելլել դիրքերէն ու վրայ տալ: Զօրքը կը շարժի, բայց հազիւ քանի մը քայլ աօած, հայ գնդակներու տարափին տակ տերեւի պէս կը թափթփին նախայարձակները, եւ կը նահանջէ զօրքը, անիծելով հրամանատարը, եւ սրտին մէջ ուխտելով «ջան-ֆէդայիին» վրայ չերթալ ուրիշ անգամ:

Կռիւը նորէն կը շարունակւի հեռաւորութեան վրայ, եւ այդ գոռում-գոչումին, գնդակներու շլոցին մէջ երբեմն երբեմն կը լսւի Աղբիւրին խրախուսական խօսքերը: Մերինները առիւծ կտրած կը կռւին, կ'երգեն ու կը կռւին, եւ խանդավառութիւնը կը հասնի տակաւ իր ծայր աստիճանին, մինչդեօ իրենց դիմացը թշնամի դիակներ գետին կը գլորւին իրարու ետեւէ...

Ժամը 10-ին մօտերը թշնամի գնդակ մը գլխէն կը զարնէ մեր ընկերներէն բուլանըղցի Սարգիսը. քաջը անծպտուն կը կքի եւ կ'աւանդէ իր հոգին: Քովի ընկերը լուր կուտայ Աղբիւրին

Սարգիս չի գիտեմ քնաւ, ի՞նչ եղաւ:

Բան չկայ, ան թող քնէ, դուք կռւեցէք, կը պատասխանէ Աղբիւր:

Կռիւն անդուլ կատաղով կը տեւէ մինչեւ իրիկւան մութը, բայց թշնամին իր բոլոր ճիգերուն հակառակ անզօր կը գտնւի մեր դիրքերուն մօտենալ:

Ալ ժամանակն է հեռանալու, բայց չորս կողմէն պաշարւած են մերինները. թշնամին իր ներկայութիւնը կը մատնէ վայրենի աղաղակներով, իր զոհ տւած այնչա՜փ դիակներու տեսքէն մոլեգին:

Աղբիւր կը հաւաքէ իր ընկերները եւ բոլորը միասին անշշուկ կ'իջնեն դիրքերու մէկ կողմէն, որ եթէ պատահին թիւրքերուն՝ զարնեն ու անցնին: Վայրէջքը կը կատարւի շատ յաջող կերպով: Եւ ֆէդայիներն արդէն բաւական հեռացած էին, երբ թշնամին կը շարունակէր տակաւին գնդակներ արձակել ամայացած դիրքերուն վրայ...

Մեր խումբէն մէկ հոգի կը նահատակւի, բուլանըղցի Սարգիսը, 2 ընկեր ալ թեթեւ կերպով կը վիրաւորւին:

Թշնամիին կորուստը 30-էն աւելի կը հաշւեն:

Կռւին օրը քաղաքին ամբոխը կը յարձակւի հայոց խանութներուն վրայ կողոպտելու նպատակով. հայերը կը դիմադրեն. երկու հոգի սպաննւած եւ 30 ալ վիրաւորւած են: Կառավարութիւնը կը փութայ սակայն խառնակութիւններուն առաջն առնել իսկոյն:

* * *

Բաբշէնի դէպքէն ետք տեղիս թիւրք ժողովուրդը ահ ու սարսափի մէջ է. ֆէդայիի ազդած սոսկումը իր գագաթնակէտին հասած է, այնպէս որ մութը պատելէն ետք, ալ տնէն ելլել չկայ հիմա. Գիշերներն ալ քուներնին վրդովւած է. կը վախնան որ Սերոբ փաշան յանկարծ քղաքի վրան չյարձակի:

Կառավարութիւնը զգուշութեան համար կրկնապատկել տւած է գիշերապահներու խումբերը:

Բաբշէնի դէպքը մեծ տպաւորութիւն թողած է նաեւ մեր անտաբերներուն վրայ. ոգեւորութեան շունչ մը սկսած է փչել հիմա. ալ հիմա պարծանքով ու յարգանքով կը յիշեն հայ ֆէդայիին անունը, որ նոր յոյս ու հաւատ բերաւ իրենց մարած սիրտերուն մէջ:

Փա՜ռք ու պատիւ ուրեմն ազատութեան այդ զինւորներուն:

«Դրօշակ» - 31 Յունուար 1899
Թիւ 1 (92)