23 October, 2023

Ով, Ուր եւ Ինչպէս Թաղեց Սերոբ Աղբիւրի գլուխը

1899 թուականին Բաղէշի վիաճկին առաջնորդն էի. աշնան օր մը կուսակալութեան Իտարէի ժողովին ներկայ կը գտնուէի, կուսակալ եւ ժողովականք յուզումի արտասովոր նշաններ ցոյց կուտային. բովանդակ պաշտօնէութիւնը սպասումի վիճակ մը ունէր. հրապարակները, ճանապարհները եւ շրջակայ բլուրներն ու բացաստանները լեցուած էին թուրք եւ քիւրտ երկսեռ բազմութեամբ: 

Հայ մը չէր տեսնուեր մէջտեղ, ամէնքն ալ առ ահի քաշուած էին տուներնին, եւ ահա հիւսիսի կողմէն երեւցաւ զօրաց, հեծելազօրաց եւ քիւրտերու հսկայ թափօրը, որ Սասնոյ Կէլիէ Կիւզանի (Ընկուզաձոր) յաղթութենէն կը վերադառնար. հոն նահատակուած էր Ախլաթու Սոխորդ գիւղացի հռչակաւոր յեղափոխական Աղբիւր-Սերոբը իր ընկերներով եւ անոր Յակոբ անուն տասնեւհինգամեայ որդին: Հերոս Սերոբի գլուխը ձիաւոր սպայ մը ձողի մը վրայ բարձրացուցած՝ թափօրին առջեւէն կ'ընթանար յուշիկ. այս տխուր թափօրը եկաւ եւ լեցուեցաւ կառավարութեան ընդարձակ հրապարակը, նոյն միջոցին պատրաստ գտնուող զինուորական նուագածուաց խումբը բոլորակ մը ձեւացուց եւ Սերոբին գլուխը բարձր բռնած ձիաւոր սպան շրջանակին մէջ առաւ եւ սկսաւ տխուր եղանակներ զարնել. կուսակալը, ժողովականք եւ ամէնքս ալ պատուհաններէն կը դիտէինք տխուր հանդէսը, որ կէս ժամ տեւեց եւ վերջացաւ: Ժամը 11-ին կուսակալին հրաժեշտ տալով մեկնեցայ, ճամբուն երկու կողմը շարուած զօրաց մէջտեղէն, որ մինչեւ Կարմրակնայ առաջնորդանիստ եկեղեցին կ'երկարէր, իսկ զօրաց կարգերէն դուրս հազարաւոր թուրքեր եւ քիւրտեր կեցած էին:

Եկեղեցւոյ արտաքին դուռը գոց էր, եւ առջեւը կը սպասէին տասնեակներով գոմիսէր, փոլիս եւ ոստիկաններ, ներս մտայ եւ գաւիթին մէջ տեսայ Աւագերէցին ձեռքը փոքրիկ կողով մը, ուր նահատակին գլուխը զետեղուած էր. քանի մը թուրքեր կանգնած էին Ս. Եկեղեցւոյ դրան առջեւ եւ Աղբիւր-Սերոբի գլուխը կը փափաքէին տեսնել: Ներս առի հետաքրքիր թուրքերը, որոնք դիտեցին հերոսին պատուական գլուխն ու մեկնեցան: Իրիկուան ժամը 1-ին աւագերէց քահանան տուն ղրկեցի, արտաքին դրան վրայ հսկող կառավարական եւ զինուորական պաշտօնեաները արձակեցի եւ փակել տուի դուռը: Գիշերուան ժամը 3-ին բրիչ մը եւ հանգուցելոյն գլուխը առնելով՝ գացի Ս. եկեղեցւոյ արեւելեան գաւիթը, ուր կը հանգչէին արդէն այն 10-12 հերոս նահատակները, զորս յընթացս տարիներու թաղած էի քահանայից հետ, եւ անոնց հանգստարանէն երկու մեթր հեռու թթենիի մը ծառին տակ բրիչով փոս մը փորեցի: Ս. Երուսաղէմէն հետս տարած ունէի նւիրական առարկաներ, անոնցմէ մէկ նշխար բերանին վրայ զետեղեցի, ճակատին վրայ դրի ոսկեայ կարմիր խաչ մը, որուն ապակեայ ոսպնեակէն կը տեսնուէր Յիսուսի Յարութեան պատկերը, լուսոյ բարակ մոմ մըն ալ ակնակապիճներուն վրայ հաստատեցի եւ մթութեան մէջ թաղեցի նահատակին գլուխը միայնակ եւ անտես ի մարդկանէ: Թաղումէն առաջ եւ յետոյ Մաշտոցէն ո՛րքան աղօթք որ գոց գիտէի, կարդացի:

Պարզ եւ ջինջ երկինք մը կար, եւ գիշերը անլուսին էր, շողշողուն բիւրաւոր աստղերը կը պլպլային երկնակամարին վրայ եւ անքթիթ վկաներ էին թաղումին սարսռազդեցիկ արարողութեան եւ տխուր տեսարանին, որուն նմանը հազուադէպ է մարդկային ողբերգական կեանքին մէջ: Նոյն գիշերը անսուաղ եւ անքուն անցուցի: Ամիսներ յետոյ զօրաց հրամանատար Ալի փաշան հարիւրապետի մը միջոցավ ինձ յանձնեց նահատակ Սերոբին կինը Սօսէ անունով. սա քանի մը տեղերէ գնդակով եւ դաշոյնով վիրաւորուած ըլլալով՝ հրամանատարը պատուաւոր տուն մը դրած եւ կառավարութեան ծախքով դարմանել տուած էր զայն: Հրամանտաարը միշտ կը կրկնէր ինձ. «Այդ կինը դիւցազն մըն է, ի՛նչ օգնութիւն որ ընէք ատոր՝ կ'արժէ»: Սօսէն օր մը հանգուցեալոյն հողակոյտին մօտ տարի արտասուք յաչս համբուրեց գերեզմանը ծնկաչոք եւ լռութեամբ աղօթեց ընդ երկար:

Հոգելոյս Եղիշէ եպ. Չիլինկիրեան 1899-ին, Աղբիւր-Սերոբի նահատակութեան թուականին, Բաղէշի վիճակին առաջնորդն էր: Ստորեւ կուտանք հատուած մը իր «Յիշատակներ»էն, լոյս տեսած զատ հրատարակութեամբ, 1920-ին, Աղէքսադնրիա: «Հայրենիք»

«Ի՞նչ կը մտածէին Սօսէ Մայրիկի մասին»
Եղիշէ Եպս. Չիլինկիրեան
«Հայրենիք», Պոսթոն
54-րդ Տարի, Թիւ 12,455
Երեքշաբթի, Ապրիլ 7, 1953