29 November, 2023

Խրիմեան Հայրիկ. Սիամանթօ

Ռուսահայաստանի Նահատակներու Յիշատակին

Եւ արիւնոտ Արարատին կատարներուն ստորոտէն,
Անոր ըմբոստացողի մրրկոտ շունչը, այսօր նորէն կը հնչէ:

Եւ երէկ, ո՜վ դուն, տառապանքէ ու մաքառումէ աստւածացած սրբազան Ծերունի,
Քու հեռաւոր ու անձկալից վեհարանիդ պատշգամներէն,
Բազուկներովդ՝ թշնամիին վոհմակներուն վրայ սարսեցուցած,
Քու ընդվզումի բոցավառ եւ օրհնեալ ջահերէդ՝ այսօր,
Մեր ամէնուն պաշտամունքով եւ անձնւիրութեամբ առլցւած աչքերն
Նորէն քեզի կը դառնան, նորէն քեզի կուխտաւորւին...
Ոտքի կանգնէ՛ վեհափառ, ոտքի կանգնէ ո՜վ քաղցրօրէն Հայրիկ
Եւ յուսադրէ մեզ, քու աւետարանական խօսքերուդ զօրութեանը ծարաւը ունինք,
Նորէն մեզ փոթորկէ՛, նորէն մեզ գինովցո՛ւր, նորէն մեզ խրախուսէ՛,
Որովհետեւ այսչա՜փ մաքառումներէ իվեր, այսչափ արիւններէ իվեր
Զաւկըներուդ մտածումը, նայւածքները եւ հոգին,
Ըմբոստացումին ուխտւած ճանապարհին քարերուն վրայ,
Քու բացակայ քայլերուդ եւ ոսկիէ գաւազանիդ հնչիւնին սպասեցին...
Բայց դուն չեկար, Հայրիկ, չի ծռեցար, չի ծնրադրեցիր, ինչպէս երբեմն՝
Հայրենիքի անասելի սրածումներուն, քաղաքներու աւերումներուն,
Դաշտերու եւ աւաններու մոխրակոյտներուն եւ դիակի շեղջակոյտերուն առջեւ:
Չեկար եւ չի հոտոտեցիր եւ չի խենթաց
ար մեր արիւնին ծովացումներէն...

Չեկար ու չի շարժեցիր քու հարազատ զաւկըներուդ սուրերուն հետ՝
Քու նախկին եւ օրհնեալ եւ արդար սուրդ Վասպուրականի...
Չի քալեցիր Անոնց հետ, ի՜նչ հոգ, դէպի պարտութիւն կամ յաղթանակ,
Եւ չի կրցար կառուցանել ազատութեան այն ոստաններն անվկանդ,
Որ քու ձեռքերովդ միայն կերտւելու էր սահմանւած...
Մինչդեռ այն գաղափարը եւ կրակը որ զաւկըներուդ արիւնը օր մը հրահրեց
Քու նայուածքէդ էր բղխած եւ քու սիրոյ խօսքերէդ արշալուսուած...
Եւ միայն, կոտորումներու եւ քանդումի արհաւրալից օրերուն,
Սգաւոր տաճարիդ խորաններուն առջեւ յաղթւածի մը պէս ծնրադիր,
Քու հպարտ, քու հոյակապ, քու հարուստ, քու հանճարեղ ճակատդ պայծառ,
Անոնց խաչքարերուն դիմաց, ցաւիդ խորութենէն զգայախաբ,
Եւ Աստծուդ գթութեանը ի խնդիր, աւա՜ղ, ապարդիւնօրէն արիւնեցիր...
Բայց խորանները եւ գմբէթները իրենց քարէ խաւարը յաւերժացուցին,
Եւ լռութիւնը երկաթեղէն անձրեւի մը նման քու չքնաղ հասակիդ վրայ տեղաց...
Եւ զօրութեան ու յաղթանակի Աստւածը անշուշտ,
Քու պարտւածի արցունքներուդ վրայ դառնութեամբ մը ժպտեցաւ...

Եւ այսպէս ցեղիդ փրկարար ցաւը փոխանակ քեզ ընվդզումին մէջ աշտարակելու,
Քեզ աղօթելու, արտասւելու, պաղատելու խոնարհեցուց
Մինչդեռ արժան էր որ դուրս գայիր կռիւին մէջ ու կռիւին համար,
Քու Լուսաւորչի գաւազանդ ձեռքդ եւ մարգարտեայ հողաթափդ ոտքիդ,
Քու սքեմիդ ու սաղաւարտիդ ընկճող վեհութեամբն փառաւոր,
Եւ քու խօսքիդ կախարդանքէն, քու ձայնիդ որոտումէն, քու նայւածքիդ փայլակներէն,
Բովանդակ զաւկըներդ, ամբոխ առ ամբոխ եւ խելայեղաբար,
Պիտի խուժէին լեռնաւորւիլ քու լուսեղէն ձեռքերուդ եւ պատւանդանիդ տակ,
Եւ քու մէկ պատգամդ, քու օրհնութիւնդ, քու մէկ քայլդ պիտի բաւէր,
Իբրեւ մեր ամէնուն մտածումին վարդապետը՝ եւ մաքառումին վաղնջական ռահվիրան,
Որպէսզի կամքերը սուրերուն հետ վառէին, որպէսզի քայլերը յառաջանային,
Որպէսզի թշնամիները զարհուրէին, որպէսզի յաղթանակները մարմարւէին...

Բայց այսօր, բայց այսօր, դեռ ուրիշ անագորոյն թշնամիներ,
Եկան քու Ազգգիդ աստւածադիր եւ դարաւոր հիմնաքարերը կոտորելու,
Եւ դուն, օ՜ փառք քեզի, ցեղիդ սիրուն զոհւելու համար դէպի առաջ խոյանալէն,
Ըմբոստացար, եւ ցասումով ու բարկութեամբ անիծեցիր զանոնք՝
Դիմադրէ՛, ո՜վ տառապանքի ու մաքառումի անընկճելի ապառաժ,
Եւ սրբազան երդումը կարդացիր մինչեւ մահ կամովին եւ խրոխտաբար քայլելու...
Ահաւասիկ որ տաճարներուդ սրբավէմ գաւիթները թրջւեցան...
Քու դիւցազնական եւ մարտիրոս զաւկըներուդ արիւնովը հրաշէկ,
Ահաւասիկ որ սրտերը ուխտւեցան, որ ձեռքերը բարձրացան,
Ահաւասիկ որ ատելութիւնը կը քալէ սրբազան սիրոյն հետ թեւ թեւի...
Ոտքի կեցի՛ր, ոտքի կեցիր, ով գաղափարի եւ ազատութեան ջահակիր,
Որովհետեւ քեզի հետ ենք, Հայրիկ, քեզի հետ ենք մարգարէ, քեզի հետ ենք վեհափառ,
Տե՛ս քու ցիրուցան զաւկըներդ կործանումի ձայներէն ըմբոստացած,
Բոլորը մէկ դէպի նոր ու փրկարար Շաւարշանները կը քալեն:
Եւ Բզնունեանց Ծովը մրրիկով իր ալիքնեորւն, քու կերպարանքդ կաղերսէ,
Ոտքի կեցի՛ր մեզի հետ, ոտքի կեցիր տիրաբար, ո՜վ հերոսական Հայրիկ,
Եւ քու երբեմնի սուրդ եւ այսօրւան խաչդ նւիրական՝
Երկուքը մէկ, այերին մէջ ամբարձնելով, Աստծուդ նայւածքներուն գալարէ,
Եւ դառնութեամբ ու քաղցրութեամբ Անոր հարցուր որ ընտրէ...

Եւ գիտեմ որ, Հրեղէնը, արշալոյսին մէջէն պիտի գոռայ...

.   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .
.   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .

–«Արծի՛ւ, քու հինաւուրց Սուրդ այսօր նորէն մերկացուր»–

.   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .
.   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .   .

Եւ արիւնոտ Արարատին կատարներուն ստորոտէն,
Անոր ըմբոստացողի մրրկոտ շունչը յաւիտենապէս պիտի հնչէ...

«Հայորդիներ» շարքէն
ՍԻԱՄԱՆԹՕ
1904, Փարիզ

«Հայրենիք», Պոսթըն
Ե. Տարի, Թիւ 253
Շաբաթ, Մայիս 14, 1904