29 November, 2023

Պօղոս Փափազեան (Եղօ)

Տարիներէ ի վեր «Հայրենիք» մեր հին յեղափոխականներուն նուիրուած յուշեր ու գրութիւններ կուտայ: Ի զուր սպասեցի տեսնելու համար թէ մէկը պիտի անդրադառնա՞ր մեր Եղոյին: Մէկ անգամ, միայն մէ՛կ անգամ ան յիշուած է Ռուբէնի գրքին մէջ, ան ալ առանց ամբողջական անունին: Վերջերս ալ, «Հայրենիք» օրաթերթի մէջ հրատարակուող Մուրատի յուշերուն մէջ կը հանդիպինք Եղոյի անունին... Ու այդքան:

Որոշեցի կրցած չափովս ես կատարել այդ պարտքը. ես գրագէտ չեմ ու թերութիւններուս կարեւորութիւն մի տաք:

Ուրեմն ահա Եղօն:

Իր բուն անունը Պօղոս Փափազեան էր: Իր բոլոր ծանօթներն ու ընկերները Եղօ կամ Եղիշ կը կանչէին զինքը: Եթէ չեմ սխալիր ամուսնացած էր 1894ին. ու այդ դէպքէն ու ամուսնացած օրէն կը սկսի իր արկածալի կեանքի պատմութիւնը:

Զմառացի էր ու իր ապագայ կեանքի ընկեր՝ շատ սիրուն: Համաքաղաքացի թուրք մը, պետական պաշտօնեայ, ազդեցիկ ու լաւածանօթ, Եղոյի սիրուն ու ջահիլ կինը առեւանգելու ծրագիրներ կը մշակէ: Լուրը կը հասնի Եղոյին: Ան, տաքգլուխ երիտասարդ, ատրճանակ մը ձեռք անցնելով կ'երթայ ու տեղն ու տեղը կը սպաննէ թուրքը, յետոյ, փախստական ու հալածուած, կը յաջողի հասնիլ Պոլիս՝ ուր ժամանակի մը համար կը մնայ հացագործութեամբ զբաղող իր հայրենակիցներուն մօտ:

Տարի մը վերջ լուր կ'առնէ թէ իր կինը մանչ զաւակ մը ունեցած է: Տան ու զաւկի կարօտը կը քաշէ զինքը ծննդավայր: Գաղտնի կը վերադառնայ Զմառայ՝ ու գիշերով կը մտնէ գիւղ: Տունին շուրջ կը թափառի պահ մը, պատուհանէն ներս նայելով կը տեսնէ օրօրոցին վրայ հակած զաւկին կաթ տուող իր կինն ու մայրը՝ որ յատակին նստած, ինչ որ աշխատանք կը կատարէ: Կը յուզուի, աչքերը կը լեցուին. կը յառաջանայ դուռը թակելու, բայց «ձեռքը առաջ չ'երթար». արդեօք իր ներկայութիւնով զանոնք չի՞ ձգեր փորձանքի մէջ... Հեռուէն եկող աղմուկ մը եւ ոտնաձայներ պատճառ կ'ըլլան որ հեռանայ տունին շրջակայքէն ու պահուի: Կը բարձրանայ լեռ՝ ընելիքը որոշելու համար: Հոն կը հանդիպի երկու հայերու, որոնք անոր կը խօսին «հայութիւնը Թուրքիոյ ճիրաններէն ազատելու համար կազմուած» շարժման մասին: Կ'որոշէ վերադառնալ Պոլիս ու միանալ այդ շարժման, վրէժ լուծել Թուրքէն: Թուրքերու մայրաքաղաքին մէջ, իր հայրենակիցներուն օգնութեամբ կը յաջողի ծանօթանալ քանի մը դաշնակցականներու եւ անոնց միջոցաւ կը մտնէ կազմակերպութեան մէջ. կը լքէ գործ, զբաղում, հայրենակիցներ, ամէն-ամէն բան եւ կը նուիրուի կազմակերպութեան իրեն վստահած աշխատանքներուն:

Մատնիչ Մամբրէ վարդապետի տեռորը կը վստահուի իրեն: Եղօն շաբաթներով կ'անհետանայ հրապարակէն, երբ հայրենակիցները երբեմն հաց ցրուելու կ'երթան տուները, կը մտահոգուին: Օր մըն ալ թերթերը կը գրեն թէ ազգադաւ վարդապետին դիակը գտնուած է Սկիւտարի մէջ եւ սքեմին վրայ երկտող մը: «Հայ ազգի դաւաճան մատնիչին վերջաւորութիւնը ա՛յս է»: Երկար բարակ խուզարկութիւններ ու ձերբակալութիւններ տեղի կ'ունենան բայց Եղօն կը մնայ ազատ:

Վերջը Եղօն կը պատմէ թէ օրերով հետեւած էր դաւաճան վարդապետին եւ ուսումնասիրած անոր ապրելակերպը: Օր մըն ալ կը հետեւի անոր մինչեւ ոստիկանատան առջեւ՝ ուր, կէս ժամի մը չափ կը սպասէ մինչեւ վարդապետին դուրս գալը. բայց այդ օրը տեռորը գործադրելու յարմարութիւն չի ներկայանար: Ուրիշ օր մը, երբ մատնիչը իր բարեկամներուն տունէն դուրս կ'ելլէ գիշեր ատեն, դուրսը հսկող Եղօն իր աժդահարի հասակով կը ցցուի անոր առջեւ ու կ'ըսէ.

–Տօ՛ շուն խաղցնող, գիտե՞ս թէ ազգի մատնիչին վերջը ո՞ւր է...

Վարդապետը, ահաբեկ, ոտքը կ'իյնայ, «ես քեզ մեղայ, ալ չեմ ըներ, զիս մի սպաններ» կը պաղատի, բայց Եղոն անդրդուելի կը մնայ:

–Դժոխքէն հրաման ունիմ քեզ հոն ղրկելու կ'ըսէ. կը սպաննէ վարդապետը ու կանխօրօք պատրստուած թուղթը կ'ամրացնէ անոր սքեմին:

Իր հայրենակիցները միջոցը կը գտնեն այդ կարմրաթուշ, անմօրուս ու խոշոր տղան Թուրքիայէն դուրս հանելու: Հայաստանցի կնոջ հագուստ կը հագցնեն անոր, դէմքը չիթով կը ծածկեն ու կ'առաջնորդեն առաւօտեան կանուխ, ժամը ութին մեկնող ռուսական նաւ մը:

Եղօն կը հասնի Պաթում՝ ուր կրկին կը շրջապատուի իր հայրենակիցներով: Կը մտնէ տեղւոյն Հ. Յ. Դ. կազմակերպութեան մէջ եւ յանձն կ'առնէ երկու տեռորներու գործադրութիւնը:

Դիւրութեամբ եւ յաջողութեամբ կը մաքրէ ռուս ոստիկան մը. բայց հայատեաց թաթարի մը հաշիւը մաքրած պահուն կը ձերբակալուի, կը դատուի եւ կ'աքսորուի Սիպիր:

1905ի ռուս-ճաբոնական պատերազմին, երբ վերջինները կը գրաւեն Սախալինը եւ բոլոր բանտարկեալները ազատ կ'արձակեն, Եղօն մեծ դժուարութեամբ կը հասնի Թիֆլիս եւ անկէ ալ կ'անցնի Պուլկարիա:

1906ին, Հ. Յ. Դ.ը Ֆիլիպէ քաղաքէն 15 մղոն հեռաւորութեան վրայ, տեղ մը, զինուորական վարժարան մը բանալու արտօնութիւն կ'առնէ, ուր կը մարզուին երկիր անցնելու պատրաստուող յեղափոխականները:

Եղօն այս վարժարանը մնաց իբրեւ հացագործ ու խոհարար՝ մինչեւ 1908, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումը եւ, անմիջապէս անցաւ Պոլիս:

Ես, երիտասարդ, եւ տարուած ընկ. Զարդարեանի «Արտասահմանի մեր երիտասարդ ընկերները երկիր պէտք է երթան»ի խրատներէն, գործ, տուն ձգեցի եւ անցայ Պոլիս: Զարդարեան ինքն ալ Պոլիս եկաւ Ֆիլիպէէն եւ երկու շաբաթ վերջ Սկիւտարի մէջ «Րաֆֆի» ակումբին բացումը կատարեցինք մեծ շուքով: Խանդավառ օրեր էին: Ակումբը մտաւորական թէ հին կռուող ընկերներու ժամադրավայր ու կեդրոն դարձաւ: Միշտ հոն էին, հոն կը հանդիպէին Տրապիզոնցի Ազարիկ Ազարեանը, Պաթումէն եկած էր Վանեցի հսկայ Արամը, Պաքուէն՝ Սեւ Սաքօն: Առտու մըն ալ յանկարծ, չեմ յիշեր ուրկէ, ներս ինկաւ մեր Եղօն: Զիս տեսնելուն պէս առաջին խօսքն եղաւ «տօ, շուն խաղցնող, դո՛ւն ալ հոս ես»: Մնացինք անբաժան, մինչեւ իմ Պոլսէն հեռանալս:

Բայց նախ քան այդ, պատմեմ թէ Եղօն ի՞նչպէս գտաւ իր զաւակը:

«Րաֆֆի» ակումբին մէջ առանձնացած սենեակ մը ունէինք ուր, ուզողը աչքէ հեռու կը քաշուէր ու ընկերոջ մը հետ նարտ կը խաղար:

Օր մը, հազիւ 16 տարեկան պատանի մը ներս մտաւ. իր երեւոյթէն յայտնի էր, որ գաւառէն նոր էր եկած. հարցուցի իրեն թէ ո՞վ է, ի՞նչ կ'ուզէ, ո՞վ կը փնտռէ:

–Հայրս կը փնտռեմ, ըսաւ պզտիկ ձայնով մը:

–Հայրդ ո՞վ է, անունը ի՞նչ է:

–Զմառացի Պօղոս Փափազեան է անունը:

Լեզուս բռնուեցաւ, Եղոյի զաւակն էր.

–Դուն հայրդ կը ճանչնա՞ս, հարցուցի վերջապէս:

–Չէ, ես մէկ տարեկան իսկ չկայի երբ հայրս ղուրպէթ է գացած: Ըսին ինծի թէ հայրս կրնամ հոս գտնել:

–Ո՞վ ըսաւ:

–Մեր հայրենակիցները...

8-10 հոգի մը կայինք իր շուրջ հաւաքուած, եւ, շփոթած, իրարու երես կը նայէինք:

–Կ'երեւի սխալ տեղ եմ եկած, երթամ, ըսաւ պատանին դէպի դուռը քայլելով:

–Կեցի՛ր, երիտասարդ, կեցիր, ըսի: Վազեցի սենեակը:

–Եղօ՛, ըսի, քանի մը վայրկեան դուրս եկուր, դուրսը մէկը քեզ կը փնտռէ:

–Ո՞ր շուն խաղցնողը, կը ճանչնա՞ս:

–Չէ՛, երիտասարդ մըն է, գրեթէ տղայ մը:

Եղօն դուրս ելաւ. տղան տեսաւ ու քարացաւ. գոյնը նետեց... յետոյ վազեց գրկեց իր հսկայ թեւերուն մէջ առաւ տղան ու սկսաւ լալ...

Ես Պոլիսը ձգեցի ու Ամերիկա եկայ: 1911 Մայիս մէկի առաւօտը, դեռ պառկած չէինք: Ամուսնացեր էի այդ օրը եւ ուշ մնացած քանի մը հարսնեւորներու հետ նախաճաշ կ'ընէինք, երբ դուռը զարնուեցաւ: Գացի, բացի դուռը ու մնացի քարացած. Եղօն դրան առջեւ ցցուած կը ժպտէր իր լայն ժպիտով:

–Տօ՛, շուն խաղցնող, առանց ինծի ինչպէ՞ս հարսնիք կ'ընես...

Ներս քաշեցի զինքը, ողջագուրուեցանք, կարօտնիս առինք: Ըսի որ եթէ քիչ մը առաջ գար, ընկերներ Ակնունին, Պարոյրն ու Կոսոյեանն ալ կը տեսնէր...

–Տօ՛ Ակնունի՞ն ալ հոս է...

Վերջապէս սիրտը բացաւ: Ըսաւ որ անիծուած Տաճկաստանի մէջ ալ ամէն բանի համը փախաւ, ինչպէս որ կ'երազէինք, անանկ չեղաւ: «Կէնէ էսքի համամ, էսքի թաս». Նորէն կեաւուռը կեաւուռ է ու թուրքը թուրք, տէր: Ես ալ առի Սարգիսը, տղաս, ու բերի հոս՝ որ մեզի պէս խամ քիւթիւք չմնայ...»:

Քանի մը օր հիւր մնալէ վերջ, գնաց Վըրճինիայի կողմերը եւ իրմէ ալ չլսեցի՝ մինչեւ 1914ի Մայիսը: Օր մը Եղօն բուսաւ մեր դրան առջեւ ու «բարեւ շուն խաղցնող» ըսաւ:

–Ո՞ւր էիր, ի՞նչ եղաւ, ո՞ւր կ'երթաս հարցուցի:

–Միհրա՛ն, ես կ'երթամ, կանչուած եմ, ըսաւ. կ'երեւի բաներ մը կը դառնայ, Աստուած վերջերնիս բարի ընէ...

Եղօն գնաց: Ու ահա իր անունին ու իր գործունէութեան կը հանդիպինք Մուրատի յուշերուն մէջ: Եթէ գերեզման ունեցաւ՝ թող հողը թեթեւ գայ վրան:

Եղօ իր կեանքի վերջին ամիսները անցուցած է Սեբաստացի Մուրատի հետ եւ անբաժան ընկերը եղած է ՀՅԴ պատմութեան մէջ յայտնի «Մուրատի ճամբորդութեան», որ տեւեց 1915 թուականի Մարտի 15-էն (հին տոմարով) մինչեւ Նոյեմբեր 16:
Եղոն կը նահատակուի Ռիզէի ծովափին մօտ, նաւուն վրայ, Նոյեմբեր 13ին (նոր տոմարով՝ 26-ին)

Միհրան Աւետիս
«Հայրենիք», Պոսթոն
58-րդ Տարի, Թիւ 13,547
Շաբաթ, Նոյեմբեր 10, 1956