Ժպիտը դէմքին վերադարձաւ Հայաստանէն:
Զբօսաշրջիկներու խումբի մը հետ գացած էր Հայրնիք, ինչպէս ոեւէ Հայ: Բայց ինք ոեւէ Հայ էր: «Պարլամենտի անդամ եւ Դաշնակցական կառավարութեան մինիստր» ինչպէս պիտի գրուէր Երեւան լոյս տեսած գրքի մը մէջ, իբրեւ ծանօթութիւն:
Նման հանգամանքով ցարդ ոչ ոք գացած էր Հայաստան: Իր մեղմ ձայնով ու սրամիտ ժպիտով կը պատմէր այն զրոյցը, զոր ունեցած էր, Արմենիա պանդոկի մէջ, մամուլի երիտասարդ թղթակիցի մը հետ:
–«Ինչո՞ւ Հայաստան եկած էք»:
Եւ Արշամ Խոնդկարեան
կը պատասխանէր.
–«Եկած եմ բոլշեւիկեան կարգերը տապալելու եւ կապիտալիստական կարգեր հաստատելու»:
–«Ա՜խր, կատակում է՞ք, ընկեր Խոնդկարեան»:
–«Բա՜հ, ի՞նչ էք ուզում որ ասեմ, երիտասարդ, եկել եմ իմ հայրենիքս տեսնելու: Հոս եմ ծնուել, հոս եմ սովորել, սա իմ հայրենիքն էր՝ երբ դուք դեռ ծնուած չէիք»:
Արշամ Խոնդկարեան գացած էր պարզապէս իր հայրենիքը տեսնելու:
Տեսաւ ու վերադարձաւ, թէ աւելի ուիրախ, թէ աւելի տխուր: Աւելի ուրախխ՝ քանզի, իր կեանքի վերջալոյսին, հրաշք մը կը նկատէր իր այցելութիւնը: Տեսնել հայրենիք եւ հարազատներ: Աւելի տխուր՝ վասնզի աւելի խոր զգացած էր թէ ի՛նչ կը նշանակէր ապրիլ հայրենիքէն հեռու:
Սերունդ մը սպառեցաւ
հայրենիքէն հեռու, հեւ ի հեւ աշխատանքով ու տքնութեամբ, սերունդ մը որ չի կրնար փոխարինուիլ:
Ասիկա հաստատում մըն է, որ ոչինչով կը նսեմացնէ երիտասարդներու արժէքն ու հայրենասիրութիւնը,
բայց Սփիւռքի հայ երիտասարդութիւնը չի կրնար Հայութիւնը ապրիլ ու գալ՝ ինչպէս Խոնդկարեաններու
սերունդը:
Արշամ Խոնդկարեան, մինչեւ վերջին վայրկեանը, ցոյց տուաւ հազուագիւտ գիտակցութիւն մը, թէեւ շնչասպառ՝ նոյն քննական ոգիով մօտեցաւ հարցերուն, ու շարունակեց հետեւիլ հայ կեանքին: Կը շարունակէր իր դիտողութիւնները: Սխալներ չէին վրիպեր իր սուր տեսողութենէն: Չէր հասկցած թէ ինչպէս կարելի է նոյն օրը ուրախ եւ տխուր տօներ կազմակերպել: Ուրեմն, կ'ըսէր, մեր վերջին հանդիպումին, «Էջմիածնայ մէջ պիտի ուրախանան որ կաթողիկոսին տասնամեակն է, ապա դուրս պիտի գան եւ Ապրիլեան յուշարձանի բացում պիտի կատարեն: Սա կարելի՞ է: Յետոյ պիտի գնան բաժակ պարպելու Կաթողիկոսի գահակալութեան տասնամեակի առթիւ»:
Չափեցէք հեգնանքը:
Այսպէս մինչեւ վերջին պահը ոչ մէկ բան վրիպեցաւ իր դիտողութենէն: Սկզբունքի մարդ էր եւ ոչ մէկ բան կրնար զինքը համոզել՝ եթէ որոշած էր չհամոզուիլ: Մտաւորական բառը այնքան աժանցած է հայ կեանքին մէջ, որ մրադ այլեւս կը վարանի գործածել զայն իսկական մտաւորականի մը համար: Եւ սակայն իսկական մտաւորականն էր Արշաշ Խոնդկարեան:
Չափազանց բծախնդիր, դիւրին գրող չէր: Վասնզի որեւէ հարցի մասին գրելէ առաջ կը վերլուծէր անոր բոլոր երեւոյթները, կը խորացնէր անոր տարողութիւնը, ապա միայն գրի կ'առնէր իր տեսակէտը: Իր բոլոր յօդուածները ցոոյց կու տան թէ ի՛նչ աշխատանք թափած էր՝ զանոնք գրելու համար, ջանտեսելով ոչ մէկ մանրամասնութիւն:
Կ'աշխատակցէր «Յառաջ»ի, զոր կը յարգէր անշեղ գիծին եւ տեսակէտներուն համրա, բայց ամէնէն ծանր դիտողութիւնները կը վերապահէր նաեւ «Յառաջ»ին՝ եթէ համաձայն չըլլար անոր հրատարակած մէկ գրութեան հետ:
***
Փոս մը եւս կը բացուի այսօր իր մահով եւ պարապը կը մեծնայ հայ կեանիք մէջ, իր եւ իր ընկերներու յաւիտենական բացակայութեամբ: