18 February, 2024

Ընդվզումի Տարեդարձը

Երէկ, տարեդարձն էր այն բուն շարժման, որ շղթաազերծ ալիքի մը պէս պոռթկաց Հայաստանի մէջ, թօթափելու համար բռնակալ, բարբարոս վարչաձեւ մը:

1921 Փետրւար 18ին, շրջաններէն սկսելով մայրաքաղաքին մէջ իր սաստկագոյն աստիճանին կը հասնէր իրապէս ժողովրդային յեղափոխութիւն մը: Հայաստանի գիւղացիներն ու աշխատաւորները թերեւս այնքան խոր զգացած պէին ազատութեան արժէքը, որքան այդ օրերուն: Եկւորները ահաբեկ փախան, իսկ ժողովուրդը իր սեփական ձեռքերով բացաւ բանտերու դուռները, փրկելու համար անոնք որ տակաւին չէին կրած տապարի եւ դաշոյնի հարուածները:

Մէկ տարուան ընացքին, մենք շատ պատմութիւններ լսեցինք այս դէպքի մասին: Հրատարակեցինք ականատեսի վկայութիւններ ալ: Հարցուփորձ ըրնիք չէզոք, հակառակորդ, մինչեւ անգամ ներկայ կառավարութեան կուսակից եւ բարեկամ շրջաններու մէջ: Եւ այսօր, աւելի քան երբեք ամուր կը մնայ մեր եզրակացութիւնը.– Փետրուարեան ապստամբութիւնը ոչինչ ունէր սարքովի, արհեստական: Այն՝ ինքնաբեր, անխուսափելի պոռթկումն էր ժողովուրդի մը, որ առտու մը գլխուն վերեւ տեսար նոր վարիչներ, աւետաբեր խոստումներով, բայց, մեղրալուսինը չանցած, սկսաւ լեղի փսխել, եւ չորս հովերէն օգնութիւն աղաղակել: Անցեալ տարի Մարտ 16ին – յեղափոխութենէն մէկ ամիս յետոյ – այս նիւթին նուիրուած խմբագրականի մը մէջ, կը գրէինք.

–«Դառնալով բուն յեղաշրջման, աւելորդ կը նկտաենք մանրամասնել անոր շարժառիթները: Անձկամիտներ ի զուր պիտի թարթափին, անոր մէջ փնտռելու համար նորէն իշխանութեան հասնելու ձգտում: Ոչ մէկ ուժ կրնայ, իր սեփական փառքին համար, շարժման մէջ դնել յուսակտուր ժողովուրդ մը: Մեր ընդդիմադիր թերթերը շատ աւելի ընդարձակ տեղեկութիւններ եւ ականատեսի պատմութիւններ հրատարակեցին կարմիրներու բերած «օրհնութեանց» մասին, որոնք կարգ մը պարագաներու մէջ կը գերազանցեն արեւելեան բարբարոսութիւնները: Վկայ՝ մօտ 1500 հայ սպաներու հրէշային աքսորը: Երկիրը փրկելու խոստումներով Երեւան թափած Պոլշշեւիկները երկու ամսուան ընթացքին աւելի շատ աւերք եւ կազմալուծում յառաջ բերին, քան հին-թրքական վարչութիւն մը»:

Ինչպէս ըսինք, իրականին մէջ պատկերը աւելի հրէշային էր, եւ անկէ յետոյ, ամէնէն մոլեռանդներն անգամ բան չհերքեցին, այլ ջանացին բացատրել: Այսպէս էր որ, անպաշտպան բանտարկեալներու խողխողումը կը ներկայացնէին իբրեւ հետեւանք... փախուստի փորձի մը: Գիտենք որ մեր հարեւաններն ալ ունին նման պատմութիւններ, երբ հարցը դժոխային խժդժութիւններու մասին է:

Ճիշտ է. ձախողեցաւ ապստամբութիւնը: Եւ արդէն ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ, քանի որ հայկական զօրքը իր դէմը ունէր ռուսական ԺԱ. զօրաբանակը, իր թնդանօթներով եւ գնդացիրներով:: Անոր աջակցութեամբ Երեւանի վերագրաւումէն յետոյ, այլ եւս անյոյս էր կռիւը, որ քայլ առ քայլ շարունակուեցաւ մինչեւ Զանգեզուր, տարերային թափով մը: Պատմութիւնը անշուշտ իր խօսքը ունի այդ մասին: Բայց ապստամբութիւնը յառաջ բերաւ գոնէ մէկ բարիք.– սթափեցնել Մոսկուայի ղրկած մարզպանները, որոնց յառաջապահները պարզապէս ընկերային-քաղաքական մարզանքի կամ հաշուեյարդարի դաշտ մը նկատեր էին Հայկական Հանրապետութիւնը: Մոսկուա ղրկեց նոր վարիչներ, որոնք աւելի զգաստ քաղաքականութիւն մը հետեւիլ կը փորձեն: Կատարուած բարբարոսութիւններն ու աւերումները շշմեցուցած էին բոլորը: Սովն ու քայքայումը աշխատանք եւ լրջութիւն կը պահանջէին: Միասնիկեան չէր կրնար երթալ այն ճամբէն ուր գլխիվայր տապալեցաւ Կասեան: Մանաւանդ որ, Լէնին ինք անձնապէս խրատական մը ուղղած էր նոր վարչութեան: Կեդրոնին նկատումներն ու նահանջները ազդեցին նաեւ Երեւանի վրայ: Մենք այնքան միամիտ չենք, հաւատալու համար թէ նորերուն աշխարհահայեացքը հինէն տարբեր է: Բայց ուշագրաւ է՝ գործունէութեան տարբերութիւնը: Եւ Հայաստանի ժողովուրդը այս իրողութիւնը կը պարտի այն դասին, զոր տուին, ինքը՝ իր արիւնով, իսկ կեանքը՝ իր անողոք պահանջներով:

Այսպէ՛ս է վարիչներու ճակատագիրը: Անոնք որ կը փորձեն ստրկացնել, կեղեքել ժողովուդները, դատապարտուած են, ուշ-կանուխ, գլորելու գահավէժն ի վար: Վա՛յ անոնց, որ ուշ կ'արթննան, կամ իրենք զիրենք ամենազօր կը կարծեն, կռնակ տուած թնդանօթներու եւ գնդացիրներու: Համաժողովրդական ցասումն ու փոթորիկը աւելի զօրաւոր են, քան աշխարհի բոլոր սպառազինութիւնները: Եւ Փետրուար 18ը հաստատեց թէ, հայ ժողովուրդը բացառութիւն չի կազմեր այս տեսակէտով: ԸՆդհակառակն. թերեւս հայ ժողովուրդը աւելի անողոք է, նոյնիսկ իր հարազատ բռնակալներուն հանդէպ, որովհետեւ իր պատմութիւնը ինքնին անվերջ պայքար մըն է հալածանքի եւ բռնութեան ճամբուն վրայ:

Ընդվզում լուծի դէմ: Ահա, մէկ բառով, իմաստը երէկուան տարելիցին:

Մեր Խօսքը
«Ճակատամարտ», Կ. Պոլիս
ԺԲ. Տարի, Թիւ 2815
Կիրակի, 19 Փետրուար 1922